Անդրանիկ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԱՆԴՐԱՆԻԿ ԴՈՒՐՍԸ

Աւելի աղէկ է, որ դուրսը մարդ մնամ, քան թէ ձեր մէջ Աստուած   Ակնունիին ըսած էր Անդրանիկ՝ Վիեննայի կուսակցական համագումարին մէջ։

Անդրանիկ իր խօսքը պահեց։

Անդրանիկ՝ դուրսը մնաց մարդ, մարդ՝ որ ոչ միայն գործել գիտէ, այլեւ, երբ հարկ է, լռել. պահել լռութիւն, երբ գիտէ թէ ան գործէն լաւ է։ Ան պահեց լռութիւն մը, որ գիտէր ինքզինքը մտիկ ընել տալ։

Լռութիւն՝ մարդու մը համար, որ՝ ամբողջ տասներկու տարիներ՝ կեանքերու ամենէն կենսունակն է ապրած, որուն անունը՝ տարիներով, մէկ մի Հայու շրթունքներուն վրայ է ապրած։ Լռութիւն, ամբողջվեց տարի. ասիկա՝ Անդրանիկի կեանքին գաղտնիքն է, անոր հերոսի պատմութեան գաղտնի մէկ էջը։

Անդրանիկ ըլլալ հարկաւոր էր, կարենալու համար, այսպէս, հեռանալ ասպարէզէն եւ կամովին մեկուսանալ։ Այո՛, Անդրանիկ ըլլալ հարկաւոր էր, անոր պէս ստոյիկեան մը, կարենալու համար, այսպէս, երթալ ապրիլ, ամբողջ վեց տարի, Վառնայի քով գիւղ մը, Գալաթա եւ մոռացութեան վիհին մէջ ձգել իր հերոսի անցեալը. հասարակ գիւղ մը, այո՛, որուն անունը՝ Պուլկարահայերէն ի զատ ոչ մէկ Հայ կը ճանչնար, իմանալու համար թէ ո՜ւր կը գտնուէր Սասունի հերոսըեւ կամ թէ ի՜նչ կ՚ընէր ան։

Ի՜նչ կ՚ընէր Անդրանիկ Վառնայի մէջ։

Հոն, այդ մեկուսացած գիւղին մէջ, իր յիշատակներուն հետ առանձնացած՝ Անդրանաիկ՝ իր օրերը կ՚անցընէր բնութեանը հետ։ Ջղային մարդ՝ ան խնդուն էր, երբ բնութիւնըկը խնդար։ Արեւոտ օրը, ցուրտ ընէր թէ տանք, ան բնութեան գիրկն էր, կամ մարզի մը կանանչին վրայ, կամ ծառի մը շուքին ներքեւ, կամ նաւակի մը մէջ եւ կամ առուակի մը եզերքը, դաշտին ծաղիկներուն, երկինքին թռչուններուն եւ ծովին ձուկերուն հետ։ Ընդհակառակն, ան տխուր է, երբ բնութիւնը ինքն ալ տխուր է. սիրտը գոց՝ ան սենեակէն դուրս չելլեր այն ատեն. ան հոն փակուած կը մնայ իր սիկարէթի տուփին եւ սաթէ համրիչին հետ եւ կը սպասէ, որ՝ բացուող օդը՝ բանալու գայ իր սիրտին հետ իր սենեակին դուռը. որպէս բացառութիւն, 2-3 շաբաթ, անգամ մը, շաբաթ իրիկուն մը, ան՝ նաւակ մը կ՚առնէր, որուն ղեկը ինքը սովոր էր վարելու, եւ, Վառնա «Լոյս Զուարթ»ը մտիկ ընելու կ՚երթան։ Այդ գիշերը ան կ՚անցընէր բարեկամի մը տունը եւ, յաջորդ առաւօտ, նորէն եկեղեցի կ՚երթար պահու մը, ուր երգուած չըլլային ո՛չ «Աշխարհ ամենայն»ը ո՛չ «Առաւօտ լուսոյ»ն, ո՛չ ալ «Նորաստեղծեալ բանն յանէից»ը. պատարագէն աւելի, այս շարականներուն էր որ կ՚երթար անոր նախընտրութիւնը. բայց, իրիկուն ըլլար թէ առաւօտ. «Օրհնեալք եղերու՛ք»ը չլսած եւ կամ պատարագիչին ձեռքն ու աւետարանը չհամբուրած՝ ան չէր մեկներ եկեղեցիէն։

Ծագեցաւ Պալքանեան պատերազմը։ Պուլկարիոյ  մէջ, պուլկարահպատակ Հայերը՝ պուլկար բանակին մէջն էին, ինչպէս թրքահպատակները թրքական բանակին։ Բայց, Պուլկարիոյ, մասնաւորապէս, Վառնայի մէջ կ՚ապրէին 95ի եւ 96ի Համիտի հալածանքներէն եւ ջարդերէն փախած Հայեր, Համիտի հալածանքէն վերջ եւ անոր փոխարէն, Պուլկարիոյ ասպնջականութիւնը վայելած Հայեր, որոնց մէջ տարերօրէն կը յղանայ կամաւորական գունդ մը կազմելու գաղափարը։ Անդրանիկէն ի զատ, որո՞ւն կրնային դիմել այդպիսիները, առաջարկելու համար գունդին առաջնորդութիւնը։

Անդրանիկ պէ՞տք էր ընդունէր այդ առաջարկը։ Ասիկա կէտ մըն է, որուն վրայ հարկ է կանգ առնել քիչ մը։

Անդրանիկը, ինքը, մէկը եղած է Պուլկարիոյ ասպընջականութիւնը վայելող Համիտի հալածականներէն։ Անոր աչքին առջեւ կուգան, ֆիլմի մը պէս, իրեն դիմող գաղթականներուն թշուառութեան տեսարաններէն վերջ, դրուագներ՝ Սասունի մէջ իր մղած կռիւներէն, որոնց մէջ ան՝ վերջ ի վերջոյ, գլուխ ծռած է Թուրքին, որովհետեւ իրեն պակսած էին զէնք ու զինամթերք։ Ու, հիմայ, ան իր առջեւ բաց կը գտնայ պետական պահեստի մը դուռները։

Պալքանեան պատերազմը Արեւելեան յաւիտենական հարցն էր որ սեղանին վրայ կը բերէր։ Թուրքիոյ ձեռքերը կը թուէին ըլլալ նորէն երկաթի մէջ եւ երկաթը Եւրոպայի ձեռքին մէջ։ Քանի՜ հեղ, դեռ անկէ վերջ մեր քաղաքագէտները այդպէս տեսնել կարծեցին եւ այդպէս դատեցին։ Անդրանիկը չէր, որ անոնցմէառաջ, նոր փորձերէն առաջ, պիտի ճանչնար հին փորձեալը եւ պիտի տեսնար հեռուն։ Անդրանիկը՝ որ աշխարհը ճանչցած էր միայն Մուշի եւ Սասունի մէջ մղած իր կռիւներովը։ Եթէ, այդ կռիւներէն դուրս, Անդրանիկ կապ մը ունեցեր էր արտաքին աշխարհին հետ, այդ կապը եղած էր կուսակցական մամուլը, որուն նմոյշները, երբ մանաւա՛նդ անոնք կուգային այնքա՜ն առատօրէն, ա՛յն օրերուն, երբ ինքը հոգի կուտար զէնքի եւ փամփուշտի համար, ան սովոր էր մէկ կողմը չշպրտել եւ որոնց պարունակութիւնը, սակայն, այսպէս թէ այնպէս, աջէն թէ ձախէն, իրեն կը հասնէին եւ տեղ կը բռնէին անոր մէջ։ Այս պայմաններուն մէջ, ինչպէ՞ս կ՚ուզէք ուրեմն, որ Անդրանիկ խեղդէր իր սիրտին մէջ իր հակաթուրք զգացումները եւ եւրոպական պաշտպանութեան հեռանկարներուն ընդմէջէն, որոնց վրայ, դեռ մինչեւ հիմայ, հաւատք ունեցողներ ունինք մեր մէջ, հեռատեսէր անդրադարձումը, որ իրեն բերուած առաջարկին ընդունելութիւնը պիտի ունենար յետագայ դէպքերուն վրայ եւ մերժէր իրեն եղած դիմումը։

Անդրանիկ՝ հակառակ՝ իր նախկին ընկերներէն իրեն հասած խորհուրդներուն, չմերժեց դիմումը։ Թուրքը, սակայն, չհաւատաց բնաւ թէ Դաշնակցութիւնը Անդրանիկի ձեռնարկին ետեւը չէր գտնուեր եւ, անոր՝ աւելի ճիշտը, հայ ժողովուրդի հաշւոյն անցուց ձեռնարկը։ Ան՝ գուցէ, մոռնար զայն, եթէ Պալքանեան պատերազմէն վերջ, համաշխարհային պատերազմին, Դաշնակցութիւնը՝ իր նոր սխալովը չշեշտէր Անդրանիկին հին սխալը։ Ան միացուց այդ սխալներուն հինն ու նորը եւ հաշուի դրաւ զանոնք։

Անդրանիկ՝ ուրեմն, պուլկարահայ կամաւորական խումբին գլուխը, հոն է, ուր պուլկար սպայակոյտը պէտք ունեցեր է անոր, այսօր խուզարկու խումբերու, վաղը յետսապահներու մէջ, օր մը՝ եզերապահ, ուրիշ օր մը, յառաջապահ։ Չէ՞ որ այլեւս, չեն պակսիր անոր՝ ո՛չ զէնք, ո՛չ ալ փամփուշտ, մասնաւոր թռիչքով մը, որ անոր կը բերէին իր հին ոգորումներու՝ ուրախ թէ տխուր, յաղթանաըի թէ պարտութեան յիշատակները, ամէն մարզերու մէջ յաւիտենական անխոցելին է ան։ Ան՝ իր յաջողութիւններովը՝ իրարու ետեւէն, կը խլէ մասնաւոր եւ պատուաբեր նօթեր՝ հայ կամաւորական գունդին եւ զայն կազմող հայ գաղութին համար եւ շքանշաններ եւ մետայլներ իր կուրծքին համար։