Անդրանիկ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Fiction  

ԱՆԴՐԱՆԻԿ ՄԻՆՉԵՒ ՎԱՆԻ ԴՈՒՌՆԵՐԸ

Նոյեմբերի կէսն անցած ենք։

Առաւօտ մը, տունէն դուրս ելայ, աւե՛լի լուր մը փնտռելու, քան թէ՝ քաղաքը գործի երթալու համար։ Առջի օրը, Էրզրումէն ստացեր էի նամակ մը, որ մէկէ աւելի մտահոգիչ լուրեր բերած էր ինծի։ Կ՚երթայի ես փնտռելու բան մը, որ այդ լուրերուն տպաւորութիւնը ինծի մոռցնել տալու ծառայէր։

Նամակը՝ բարեկամէ մը հասած՝ ինծի տեղեկացնելով Փաստրմաճեան Սեդրակ էֆէնտիի՝ իթթիհատական տէրօրիսթներու ձեռամբ սպանութեան լուրը, ինծի կը յանձնարարէր զգուշութեան միջոցներ ձեռք առնել իմ անձին պահպանութեան մասին։

Սեդրակ էֆ. Փաստրմաճեան՝ Օսմ[անեան] Պանքայի Էրզրումի ճիւղին տնօրէնն է, անոր հետ մենք բարեկամներ էինք եւ մեր բարեկամութիւնը մեզի կուգար մեր հայրերէն, բայց, անոր մահուան ցաւը չէր զիս մտապաշարող պատճառներուն գլխաւորը, ո՛չ ալ խորհրդատու բարեկամիս՝ իմ անձի մասին մատնանշած սպառնալիքը, այլ Սեդրակ էֆէնտիի վրայ վրայ կատարուած տէրրօրին դրդապատճառը։ Այդ տէրրօրը   կը գրէր ինծի բարեկամս   կատարած է Իթթիհատի Էրզրումի մասնաճիւղը, Կովկասէն՝ կուսակցական Էմիսէրներու  կողմէն հասած այն լուրին վրայ, թէ Գարեգին Փաստրմաճեան, Սեդրակ էֆէնտիի եղբայրը, անդամ Օսմ. բարլամէնթին, գաղտնօրէն Երեւան հասած է հայ կամաւորական խումբերու կազմութեան գործով։

Գիշերը, յորդ անձրեւ մը սրբած է փողոցներու սովորական փոշին. իսկ հիմայ, աշնանային տաք արեւի մը ճառագայթները, փողոցին ուռենիներուն եւ հագնիներուն տերեւաթափ ճիւղերուն ընդմէջէն՝ համարձակ թափերով, անյագօրէն ծծելու եկած են անձրեւին ցօղերը։ Անձրեւէն ուռած հողը՝ հիմայ, կ՚արձակէ թեթեւ շոգի մը, որ քեզի կը բերէ իր՝ հոգին հաճելի հոտը։

Հոգիս տխուր, կռնակս արեւին տուած՝ կը քալէի ես՝ ծառերէն ինկած՝ անձրեւին ցօղովը լուացուած եւ արեւին ցոլքերովը շողուն ոսկի տերեւներուն վրայէն. երբ, հեռուէն նշմարեցի յանկարծ Օննիկ էֆէնտին, որ ֆէսը ծուռ, դէպ իմ կողմը կուգար։

Օննիկ էֆէնտին՝ Սարըպէյեան Օննիկն է, անգլիական հիւպատոսարանին թարգմանը։

Վանի մէջ հետաքրքիր դէմք մըն է Օննիկ էֆէնտին, իսկական տիպար մը։

Օննիկ էֆէնտին, այս պահուս, այս փողոցին մէջ, ինձ համար է որ կը գտնուի եւ ինծի կարեւոր լուր մը տալու   ըսի ես ինքնիրենս։

Օննիկ էֆէնտին քանի մօտեցաւ, այնքան յայտնի եղաւ, անոր երեսին վրայ, բնորոշ ժպիտ մը, որ չէր ժխտեր իմ միտքով անցածը։

Օննիկ էֆէնտիի հետ՝  տարիներու մտերմութեան կապով մը՝ կապուած ենք մենք։

Ո՜վ ունեցեր է մտերմութիւնը, իր իսկական նշանակութեամբը, մտերմութիւնը՝ իր անձնուիրութեան հասնող զոհողութեան ոգիովը, ան միայն կրնայ գիտնալ, թէ ի՜նչ արեւ է մտերմութիւնը՝ տխրութեան մութին համար։

Հապա՜ եթէ մտերիմը՝ խանդավառ մէկն է, լաւատես, անհոգ, ընկերական, այնքա՜ն որքան որ կ՚ուզէք։

Հապա՜ եթէ այս յատկութիւններուն վրայ աւելցնէք նրբամտութիւն, պատրաստամտութիւն եւ հազուադէպ զուարթամտութիւնը, զոր ունէր Օննիկ էֆէնտին։

Երջանիկ մարդ մըն էր Օննիկ էֆէնտին, ոչ անոնցմէ, որոնց երջանկութիւնը կախուած է կնոջ մը քմայքէն, ո՛չ ալ անոնցմէ, որոնց երջանկութիւնը կը քալէ բաղդին անիւին հետ. այլ անոնցմէ, որոնց՝ Աստուած՝ մարմիններուն եւ հոգիներուն մէջ դրած է երջանկութիւնը՝ զանոնք ստեղծած օրը։

Օննիկ էֆէնտիի՝ այդ րոպէի երջանիկ ժպիտին առջեւէն իմ տխրութիւնը փախաւ, ինչպէս խաւարը ճրագի մը առջեւէն։

Բայց դեռ շրջանակենք այս հազուադէպ դէմքը, որուն՝ տակաւին պիտի հանդիպինք, մեր այս պատմութեան ընթացքին։

Որպէս ասպարէզի մարդ, Օննիկ էֆէնտին՝ իր պաշտօնակից Թառկուլեանի ճիշտ հակատիպն էր. դրամի մասին, ան՝ կարծես թէ գաղափար ունեցած չըլլար։ Ան՝ ամսագլուխին միայն դրամի երեսը կը տեսնար, վասնզի ամսականը առնելու պէս, ան՝ բաժնելու կը տանէր զայն պարտատէրերուն վրայ։

Անգամ մը դուրս՝ հօր տունէն, ուր կ՚ապրէր ան, Օննիկ էֆէնտին կամ սրճարանն է, կամ կառքին մէջ եւ կամ խաղի սեղանին շուրջը, անոր պահանջատէրերը՝ սրճարանատէրեր էին սովորաբար՝ ծխավաճառներ եւ կամ կառապաններ։ Այս վերջիններուն լաւագոյն յաճախորդն էր ան, ու՝ եթէ պատահէր որ իջած կառքին նուազ ծանօթ մէկ կառապանը՝ քրէտի ընել չուզէր իրեն, ան սովոր էր ծանօթէն փոխ առնելու եւ անծանօթին տալու։

Այս թերութիւններուն փոխարէն, սակայն, Օննիկ էֆէնտի ունի առաւեութիւններ՝ որոնք անփոխարինելի դարձուցած էին զինք իր վարած պաշտօնին մէջ։

Օննիկ էֆ. ուտող խմողի, խաղացողի համբաւին ներքեւ ոչ միայն կը ծածկէր իր պաշտօնին պահանջած յատկութիւնները, այլ նաեւ, ի հարկին, իր պաշտօնին ի սպաս կը դնէր այդ համբաւը։ Ան՝ անմիջապէս կը ճանչնար հանդիպած անձը եւ րոպէապէս կը նոյնանար անոր հետ։ Իր թարգմանի բերումովը, ան՝ իր պաշտօնակիցներուն պէս, լուրի ետեւէն չէր պտտեր, լուրերն էին որ՝ իր ընկերակցութեան հաճոյքը փնտռողներուն հետ, անոր ետեւէն կը պտըտէին։

Վանի մէջ, ընկերակցութիւնը ամենէն աւելի փնտռուած անձն է Օննիկ էֆ., իր ճանչցած մարդկանց համար, որքան ալ թարմ եղած ըլլայ այդ ծանօթութիւնը, ան ճշմարիտ գօբէն մը կը դառնայ անմիջապէս։ Ու, եթէ աւելցնենք նաեւ, որ այդ ծանօթներուն մէջ կը գտնուէին ե՛ւ վաճառականը, ե՛ւ յեղափոխականը, ե՛ւ պաշտօնեան, ե՛ւ զինուորականը, առանց մոռնալու քիչ մըն ալ պշրող կիները, դիւրին կ՚ըլլայ երեւակայել թէ ո՜ր աստիճան լայն էր անոր յարաբերութեան շրջանակը։

Օննիկ էֆ. պտըլիկ երիտասարդ մըն է, բարեկազմ եւ համակրելի, ոչ այնքան վայելչադէմ, երկար եւ ծուռ քիթ մը, արագիլի կտուցի մը նմանող, կարծես երկուքի կը բաժնէր անոր ձուաձեւ պզտիկ դէմքը։ Բայց ժպիտ մը, ու ահա կարծես թէ կը դիմափոխուէր ան։ Ժպիտը՝ անոր պճըլտացող թուխ աչքերուն մէջ կը դնէր հոսանուտ մը որ դիմացինը զինաթափ կ՚ընէր։ Նկատողութիւն մը եղա՞ւ անոր եւ կամ յանդիմանութիւն մը, ան, որպէս պատասխան, իր անուշ ժպիտն ունէր։ Խոստովանութի՞ւն է այդ ժպիտը, ներողութեան խնդրա՞նք թէ ոչ չքմեղանք, յայտնի չէ եւ այդ անյայտութեան մէջ, նկատողութիւն եղեր թէ յանդիմանութիւն կը հալին կ՚երթան անմիջապէս։

Անգամ մը, ան հիւպատոսարանին տարեկան վարձքը կը ստանայ հիւպատոսէն, բնակարանին տիրոջը տալու համար, բայց, բնակարանին տէրը չտեսած՝ կը հանդիպի խաղընկերի մը, անոր հետ խաղի կ՚երթայ եւ րոքէրի սեղանին վրայ կը թողու հիւպատոսարանին վարձքը։

Վարձքը կը մնայ անվճար, այնքան ատեն, մինչեւ որ, օր մը, հիւպատոսը՝ տանուտէրէն՝ զայն պահանջող նամակ մը կը ստանայ։

Հիւպատոսը կրակ կտրած՝ կը կանչէ Օննիկը։

Վարձքը... ։

Օննիկ կը ժպտի։

Եթէ 48 ժամուայ ընթացքին ընկալագիրը չբերէք... ։

Թարգմանը նոր ժպիտ մը կ՚ունենայ եւ ասդին անդին կ՚իյնայ։

Երբ կարեւորը մասը ճարելով՝ մնացեալին համար Օննիկ ինծի եկաւ, 48 ժամ անցած էր արդէն։

Պէտք էր՝ պայմանաժամին լրանալէն առաջ եկած ըլլայիք   կը դիտեմ ես։

Կարեւորութիւն չունի   պատասխանեց ան   իր սովորական ժպիտովը, առաջին անգամ չէ որ մեր միջեւ կը պատահին ասանկ բաներ։

Բայց, ժպիտէն առա՞ջ թէ վերջ, Օննիկ էֆ. ին կար անոր անփոխարինելիութիւնը շեշտող անոր էնֆօրմասիօնը։ Եթէ, միւս թարգմաններուն բերած լուրերուն կէսը՝ վերջէն հերքուելու համար էր որ կը հասնէին իրենց հիւպատոսներուն, Օննիկ էֆէնտիի բերածները՝ հազուադիպօրէն կարելի կ՚ըլլար հերքել։

Իրհիւպատոսներու գանգատներուն գլխաւորն այն էր, թէ՝ պէտք ունեցած պահերուն, երբեմն, անգտանելի կը դառնայ իրենց թարգմանը։

Անգամ մը, երբ այդ հիւպատոսներէն մէկը, այս գանգատն ընելով ֆրանսական հիւպատոս Պ. Գալվիէյի՝ կը գովէ անոր թարգմանին, Թառկուլեանի լրջութիւնը, հիւպատոսը կ՚առաջարկէ փոխանակել իրենց թարգմանները, եւ, այնպիսի  լրջութեամբ մը, որ անգլիական հիւպատոսը կը փութայ թողուլ գանգատը եւ անցնիլ թարգմանին առաւելութիւններուն։

Իրեններուն համար ալ, կը պատահէր երբեմն, որ Օննիկ անգտանելի դառնար 2-3 օրով, որ ատեն անոր փնտռտուքին կ՚ելնէին իր եղբայրները իր ծանօթներուն քով եւ, որպէս այդպիսիներէն մէկը, ինծի ալ հարցնելու կուգային երբեմն։

Այդ հարցումն ինծի ընելու եկաւ օր մը, անոր եղբայրներէն մէկը, մեծ գաղթէն վերջ, երբ անոնք ալ, մենք ալ Երեւան կը գտնուէինք։

Երկու օր է որ չերեւնար Օննիկ   ըսաւ  ան։

Անոր հետ միասին ոստիկանատուն գացինք լուր տալու եւ փնտռտուքներ ընել տալու համար։

Ոստիկանապետը խոստացաւ, բայց բան մըն ալ չըրաւ։ Այդ օրերուն, Երեւանի մէջ օրը յիսուն Թրքահայ կը մեռնէր։ Ոստիկանապետին հո՞գն էր մէկը։

Յաջորդ օրը, Երեւանցի ծանօթ անձնաւորութեան մը, Արտօշ աղայի հետ նորէն ոստիկանատունը գացինք, անհետացողին հանգամանքը պարզեցինք եւ խնդրանքը կրկնեցինք։ Ոստիկանապետը՝ այս անգամ, ոստիկաններ եւ ոստիկան շուներ հանեց, եւ, քաղաքին շրջապատն տակնուվրայ ընել տուաւ։

ՄԻւս առաւօտը, գտնուած էր Օննիկ, անոր դիակը, Նորքի ձորերուն մէջ, գնդակ մը՝ գլխուն, դաշոյնի հարուածներ՝ սիրտին մէջ։

Երեւանի չարագործները լսած էին թէ պէժէնցերու (գաղթական) մէջ, մէջքերնուն վրայ քէմէր, եւ, քէմէրներուն մէջ ոսկի ունեցողներ շատ կան։

Գիտնալ հարկաւոր էր, սակայն, թէ ո՞րն է այդպիսին։

Ան՝ անշուշտ, որ շռայլօրէն կը ծախսէ։

Այսպէս խոնարհած էին չարագործները։

Օննիկ էֆ, շատ կը ծախսէր, ամէն օր կառք կը նստէր ան։

Երկու կառապաններ, մէկը Թուրք, միւսը Հայ, գիշեր մը, երբ գաղթական հարուստը… անոնց կառքը կը նստի, փոխանակ անոր՝ իրենց ուզած տեղը կը տանին զայն, Նորքի ձորերը, եւ հոն կը սպաննեն։

Խեղճ Օննիկ…

Ան՝ դրամը բնաւ չսիրեց, զայն պահել երբեք չգիտցաւ, եւ, սակայն, դրամատէրի մը պէս, դրամատէրի մը փոխարէն մեռաւ։

Ոճրագործները, քէմէրի փոխարէն՝ գրպան մը կը գտնան Օննիկի մէջքին վրայ, գեղին ոսկիներուն փոխարէն ալ, ճերմակ ապասի մը միայն, քսան կոպէկ, ճնշտ կառքին վարձքը։

Թողունք սակայն ցաւալի վախճանը այս հետաքրքրական տիպարին եւ դառնանք անոր յատկութիւններուն։

Եթէ ըսեմ թէ՝ Օննիկի այդ յատկութիւնները այդ առաւօտեան իմ հոգեկան վիճակին համար, բան մը չէին, իր՝ ինծի բերելու եկած լուրին քով, կրնա՞ք երեւակայել լուրը։

Չէք կրնար։

Չէի կրնար ես ալ։

Ան՝ ինծի մօտեցաւ թէ ոչ.

Գիտէ՞ք ինչ կայ։

Ի՞նչ կայ։

Անդրանիկ՝ իր խումբովը, Մալլա Հասան հասեր է արդէն։

Մալլա Հասան՝ Վանի արեւելեան կողմը, Պարսկաստանի ճամբուն վրայ, գիւղ մըն է։

Լուրը այն աստիճան բաղդաւոր էր, որ անկարելի  էր, որ ան ետեւէն չբերէր հակազդեցութիւն մը, թերահաւատութեան զգացում մը։

Չկրցի չարտայայտել նման զգացում մը։ Այդ արտայայտութեան վրայ Օննիկ էֆէնտիի աչքերը պճըլտաց։

Լուրը գիտէ՞ք թէ որ տեղէն է, որ կը բերեմ։

Ո՞րտեղէն։

Հիւսէյին պէյէն։

Հիւսէյին պէյի անունը այն եղաւ իմ ականջին համար, ինչ որ Քրիստոսի կողքին վէրքին խորը չէր եղած Թովմաս առաքեալին ձեռքերուն համար։

Գնդապետ Հիւսէյին պէյը՝ Վանի զօրաբաժնի հրամանատարն էր, Հայերու թաղը բնակող եւ անոնց շատ մօտիկ Ալպանացի մը, իսկ Օննիկ էֆէնտիի համար իսկական գոբէն մը։

Անկարելի էր չհաւատալ։

Օննիկ էֆէնտին չէր գիտեր, բայց, ես  գիտէի եւ փութացի անոր ըսել, որ Մալլա Հասան եօթը ժամով միայն հեռու է Վանէն։

Օննիկ էֆէնտիի ուրախութեան  մէկը երկուք եղաւ։

Ծօ՜, վաղը, ան՝ հոս կ՚ըլլայ ուրեմն   ըսաւ ան, ձեռքերը շփելով։

Մենք՝ միասին, մեր ճամբան շարունակեցինք դէպի Խաչ Փողոցը, իրարու խոստանալով բան մը չըսել ոչ ոքի։ Անդրանիկ ճամբան էր դեռ, ան շատ աւելի հեռու էր Վանէն, քան գաւաթը շրթունքէն։ Իրարու չափ գիտէինք թէ Թուրքիոյ մէջ կ՚ապրէինք մենք։

Խաչ Փողոցը հայ եւ թուրք թաղամասերու սահմանագլուխն է. ան՝ քաղաքին կառաժն է, իսկ անոր սրճարանները եւ կից ծառազարդ դարաստանները՝ մէկ մէկ սպասման վայրեր, կառք սպասողներուն համար։ Այգեստանցին այնտեղէն է որ կառք կ՚առնէ քաղաքը երթալու համար։

Երբ, հայեւթուրք յարաբերութիւնները ձգտած են, Խաչ Փողոցը՝ ուրկէ անցնիլ պարտաւոր է շուկան գացողը, կը դառնայ տեսակ մը թումբ, որ՝ իր կարգին կը դառնայ նոր Ռիւպիքօն մը՝ որուն առջեւ կանգ կ՚առնէ Այգեստանցին եւ, ինքն իրեն հարց կուտայ Կեսարի պէս,

Անցնի՞լ։

Մէկը կ՚անցնի, ուրիշ մը կը տատանի եւ կը մնայ։ Մնացողները մէկ մէկ աղիւս կը դառնան թումբին համար, որ՝ երթալով կը լայննայ։

Իր այս հանգամանքին բերումովը, ուրեմն, Խաչ Փողոցը՝ հայեւթուրք յարաբերութեան բազկերակն է, օրուան քաղաքականութեան տեսակ մը ջերմաչափ, զոր՝ քաղաք չիջնողներն ա՛լ, երբեմն, աչքէ անցնելու կուգան եւ նոր խաւ մը կ՚ըլլան թումբին համար, որ՝ այսպէս, հետզհետէ անանցանելի կը դառնայ։

Խաչ Փողոցը փոքրիկ շուկայ մըն է նաեւ։ Նման օրերը, ան կը դառնայ այդ հրապարակի խանութպաններուն համար, տօնի օր, շուկան ալ տեսակ մը տօնավաճառ։ Այս հանգամանքին համար է, որ քիչ մը չարամիտներ, երբ շշուկ մը կը լսեն, սովոր են հարցնելու՝

Խաչ Փողանցիներու ստեղծածը չըլլա՞յ։

Երբ մենք հասանք Խաչ Փողոցը, թումբը կազմուած  էր արդէն եւ անանցանելի դարձած։

Կը սկսինք ընել սովորական հարցումները.

Ի՞նչ կայ, ի՞նչ է եղածը։

Այս հարցումները կ՚ընէինք, որքան գիտցածնիս  ծածկելու, նոյնքան եւ առաւելապէս զայն հաստատուած տեսնելու մտքովը։

Ամէն տեսակի լուրեր, որոնց եւ ո՛չ մէկը, սակայն, հեռուէն թէ մօտէն, կը շօշափէր Անդրանիկի անունը եւ կամ ռուսական բանակին արշաւանքը։

Մեզ համար պարզ եղաւ այլեւս, որ լուրը չէր որ շինած էր թումբը, այլ Խաչ Փողոցի պահականոցին մէջ տիրող եւ, առհասարակ, Թուրքերու դէմքերուն վրայ նշմարուող խուճապը։

Օննիկի հետ գացինք նստելու Վուվունիկեանի դեղարանը, որուն բարձրադիր ընդունարանը՝ նման օրերուն, տեսակ մը ժամադրավայր կը դառնար Խաչ Փողոց Խռնուող բազմութեան ընտրանիին համար. իսկ՝ ընդունարանին դուրս ցցուած պատշգամը՝ իր երեք կողմի պատուհաններովը՝ տեսակ մը դիտարան։ Դեղարանին տէրը, Վուվունիկեան՝ ըսես, քիչ մը յեղափոխականներուն մօտ՝ քիչ մըն ալ բժիշկներուն, ինքզինքը կը համարէր քաղաքին ամենէն տեղեակ անձը, եւ, գեղերուն չափ, եթէ ոչ աւելի, կը սիրէր ծախել լուրեր, որոնց՝ ան սովոր էր հագեցնելու, առհասարակ, խորհրդաւոր քօղ մը։ Ան՝ սակայն, երբ քովը ելանք, մեզի չկրցաւ տալ լուր մը, եւ, բաւականացաւ ընելով պատկերացում մը, որ քիչ մը կը նմանէր Տօքթ. Րէֆիգ պէյի՝ Բագրեւանդեան Սրբազանի մասին ունեցած ախտաճանաչութեանը։

Բան մը կայ   ըսաւ ան՝ դէմքին վրայ բերելով խորհրդաւորութիւն մը, զոր չէր կրցած լուրին վրայ դնել։

Քիչ վերջ, սակայն, աճապարանօք վեր ելաւ Օնիկի պաշտօնակից Թառկուլեան  էֆէնտին, նոյնքան աճապարանօք բարեւեց ներկաները, չմոռնալով անոնց քով փնտռել իր գիտցած լուրին հաստատութիւնը, յետոյ գնաց Վուվունիկեանի ականջին բաներ մը փսփսաց եւ մեկնեցաւ փութով։

Խորհրդաւորութիւն մը, այս անգամ ծանր տեսակէն, եկաւ անմիջապէս սաւառնելու Վուվունիկեանի դէմքին վրայ, ինչ որ չուշացաւ, միաժամանակ՝ ծաղկեցնելու, Օննիկի դէմքին վրայ, մոռցուած ժպիտ մը։

Մեզի անծանօթ չէր, ո՛չ Օննիկին, ո՛չ ալ ինծի, որ առկուլան, տոկոսի դրած մաս մը դրամ կ՚ունենար Վուվունիկեանի քով։ Օննիկի ժպիտին  իմաստն այն էր թէ՝ վաշխառու թարգմանը իմացած էր լուրը եւ զայն ծախելու եկած էր իր պարտապանին։

Ի՜նչ պիտի ըլլար լուրին գինը։

Օ՜, չէ՞ որ առնելիքները, նման օրերուն, քիչ մը կը սկսին երերալ։ Իր հաճոյակատարութեամբը, Թառկուլեան, առաջնորդուած իր հոգեբանութենէն, եկած էր փոքրիկ յենարան մը դնելու, ի սպառ երերալու սպառնալիքին ներքեւ գտնուող իր առնելիքին։ Անոր աճապարանօք մեկնումն եւս ուրիշ իմաստ չունէր եթէ ոչ, նոյն մտահոգութեամբ՝ վազել գտնել իր միւս պարտապանները։

Լուրի մասին, Վուվունիկեան իսկական հակատիպարն է Թառկուլեանի, շռայլ մըն է ան, եթէ ոչ մսխող մը։ Դեղարանին մէջ, այդ րոպէին, կասկածելի անձնաւորութեան մը ներկայութիւնն էր որ զայն արգիլեց լուրը անմիջապէս պայթեցնելէ։

Վուվունիկեանն ալ, Օննիկի հետ հաւասարապէս կը ճանչնայինք, զայն լաւ ճանչնալնուս համար, մեզի դժուար չէր անոր դէմքին վրայ կարդալ այդ արգելքէն անոր եկած դժգոհութիւնը։ Կասկածելի անձին մեկնումին սպասելով՝ դեղագործը՝ անհամբերութենէն, նման տղաբերքի ցաւերուն մատնուած կիներուն, երբեմն ոտքի կ՚ելնէ եւ անոնց տանջանքին արտայայտութիւնը դէմքին, սենեակին շրջանն կ՚ընէր, չմոռնալով պատշգամի արեւելեան պատուհանէն՝ դուրսը ակնարկ մը ձգելու, ակնարկ՝ որուն վրայ Օննիկ հազիւ կը զսպէր ժպիտ մը, որ իր զսպուած վիճակին մէջ իսկ խօսուն՝ կ՚ըսէր,

Անդրանիկի ճամբան է որ կ լրտեսէ։

Տեսնելով որ կասկածելի անձը մեկնելիք չունի, Վուվունիկեան՝ անհամբերութենէն, լուրի ետեւէն ղրկանծ ծառան՝ որուն ուշանալը՝ դժբաղդաբար, նոր անհամբերութիւն մը բերաւ անոր եւ պատճառ եղաւ որպէսզի ան, այս անգամ, տղային յանձնէ նոյն պաշտօնը։ Տղան ալ ուշացաւ, բայց, վերադարձին, ան՝ բերնին ունէր լուրի կանանչ ոստ մը։ Ան՝ առած լուրը՝ առանց հօրը խողովակէն անցնելու, սանդուխին գլուխէն պոռաց՝

Կ՚ըսեն թէ՝ Անդրանիկ՝ կամաւորական խումբովը, ռուս բանակին հետ Արճակ հասեր է։

Արճակ՝ Մալլա Հասանէն երեք ժամ դէպ ի Վան կը գտնուի։ Տարբերութիւնը այնքան ալ շատ չէր «կ՚ըսեն»ով ընդհանրացած լուրի մը համար։

Ընդունարանին հիւրերը՝ զսպանակէ կը լարուածի պէս ոտքի ելան։ Ամենէն հանդարտները մենք եղանք անոնց մէջ, Օննիկ էֆէնտին եւ ես։ Ներկաներէն որը շամբանեա հարցուց դեղավաճառին, որը պօրտօ։ Դեղագործը, ոչ մէկն ունէր ոչ միւս։ Ան ըսաւ թէ՝ լիքէօռ ունէր միայն, զոր, սակայն, այն ատեն միայն պիտի կրնար բանալ, երբ լուրը ունենար իր ստուգումը։

Լիքէօռին հոտը՝ Օննիկին մոռցնել տուաւ իր խոստումը։ Ան ըսաւ թէ ինքն ալ լսած էր լուրը ու անոր՝ լուրին տուած հաստատումին վրայ, լիքէօռին գաւաթները սկսան շրջան ընել ընդունարանին մէջ։ Իսկ երբ, քաղաքամէջէն վերադարձող երկու կիներ, որոնք առտուն կանուխ Սուրբ Նշան եկեղեցին ուխտի գացեր էին, լուր բերին թէ՝ ճամբուն վրայ հանդիպեր էին դէպ ի Աւանուց նաւահանգիստը մեկնող բազմաթիւ թուրք ընտանիքներու, գաւաթները սկսան պար բռնել։

Յաջորդ օրը, ահաւոր համեմատութիւններու հասաւ Աւանուց նաւահանգիստէն Պիթլիզ մեկնող թուրք կիներու, երեխաներու եւ ծերերու թիւը։ Հայ նաւավարները՝ կեանքերնուն մէջ, առաջին անգամն էր որ այդքան շահաւոր, մանաւանդ հաճելի՝ գործ մը կ՚ընէին։ Անոնք այն աստիճան դիւրութիւն եւ հաճոյակատարութիւն դրած էին իրենց վիճակած դերին մէջ, որ կուսակալ Ճէվտէթ պէյը զգածուած՝ քովը կանչած էր նաւահանգիստին պետը, անոր շնորհակալութիւն յայտնած էր եւ քսան ոսկի յանձնած՝ նաւավարներուն բաշխուելու համար։

Կիներնին եւ երեխաներնին Պիթլիս զրկելով չբաւականացան Թուրքերը, անոնցմէ շատերը սկսան իրենց համար տեղեր ապահովել իրենց հայ դրացիներուն եւ կամ բարեկամներուն տուներուն մէջ, այնպէս, ինչպէս կ՚ընէին Հայերը, իրենց գէշ օրերուն, հիւպատոսական եւ կամ միսիօնարական շրջանակներու մէջ։ Գտնուեցան ոմանք ալ, որոնք իրենց կարեւորը իրեղէնները հայ բարեկամներու տուները փոխադրեցին։

Թուրքը՝ ո՛չ զինուորական ոյժ ունէր Վանի շրջանին մէջ, ո՛չ ալ դիմադրութեան ո եւ է տրամադրութիւն։ Ընդհակառակն՝ ան՝ զինուորական պահեստները Աւանուց նաւահանգիստը փոխադրեց եւ պաշտօնատուներու թղթածրարները կապել տալով, նահանջելու պատրաստ վիճակ մը առաւ։

Հայերու համար երազ մըն էր որ տեղի կ՚ունենար, երազ մը, զոր՝ ցորենին եւ գինիին առատութեան ոչ մէկ տարին բերած ունէր Վանեցի Հայուն համար։ Իսկ, հայ զինուորցուներուն ու անոնց ընտանիքներու համար, որպէս լրումն ցորենոյ, պտղոյ, գինւոյ եւ ձիթոյ առատութեան, երազներուն երազն էր որ կը պատահէր։

Յաջորդ օրը լուր ելաւ թէ՝ Անդրանիկ՝ կէսօրին, իր մուտքը պիտի գործէր Վան։ Տխուր օդ մը կ՚ընէր այդ օրը. երկինքի բոլոր ամպերը՝ կարծես Այգեստանի վրայ հաւաքուած ըլլային. բայց, հակառակ օդին, Հայերը՝ մանաւանդ զինուորցուները տօնական զգեստներուն մէջ, գլխաւոր հրապարակը կը չափէին, տեսնելու համար այդ մուտքը։ Զինուորցուներէն շատերը կը կրէին նոր կտրուած հագուստներ՝ որոնք՝ աւելի համազգեստի կը նմանէին քան թէ պարզ զգեստի։ Այդպիսիներէն կազմուած խումբի մը հանդիպեցանք քանի մը բարեկամներու հետ, որոնց մէջ կը գտնուէր Օննիկ։ Խումբին մէջէն մէկը՝ հեգնելու ելաւ ոմանց կողմէն զինուորցուներուն տրուած յանձնուելու խորհուրդը։ Այդ «ոմանց» մէջ կը գտնուէինք ե՛ւ ես, ե՛ւ Օննիկ էֆէնտին։ Զինուորցուն՝ հեգնանքով չբաւականացաւ, ան՝ յարձակողական դիրք մը առաւ եւ գործածեց բառ մը որ բառարաններու մէջ չի գտնուիր առհասարակ։ Օննիկ էֆէնտին չժպտեցաւ։ Իրիկուան կողմ՝ երբ Անդրանիկը սպասելէ յուսահատ տուներնիս կը վերադառնայինք, Օննիկ ինծի դարձաւ եւ ըսաւ խօսք մը, որ ամբողջ գիշերը ինծի մտածել տուաւ։

Ես շատ կը վախնամ   ըսաւ ան   որ Վօրօնցով Տաշքով՝ Անդրանիկ ղրկած է մինչեւ Վանի դուռները, որպէսզի այսպէս դատել տայ հայ զինուորցուին։

Առտուն, պատրուակ մը ստեղծեցի  եւ կուսակալին գացի, Օննիկի ներշնչած այս չար կասկածը վանելու միտքովը՝ անոր դէմքէն կամ խօսքէն փաստ մը մուրալու համար։ Ճիշտ հակառակն էր որ գտայ։ Ճէվտէթ պէյ  չափազանց հանդարտ էր այդ օրը, նաեւ չափազանց սիրալիր։ Ան կ՚արձակէր հրամաններ, որոնք շատ հեռու էին նահանջ կամ խուճապ բնորոշելէ։ Կասկածը՝ օձի նման սիրտս մտաւ։ Ես գացի գտնելու Օննիկ էֆէնտին եւ անկէ խնդրելու, որպէսզի այդ իրիկուն զինուորական հրամանատար Հիւսէյին պէյի քով օղի խմելու երթայ, յետոյ իմ քովս գայ  ընթրելու։

Իրիկուն, երկար ատեն, ես սպասելի Օննիկ էֆէնտին. անհամբերութենէս՝ քսան անգամ փողոցը ելայ ես, անոր ոտնաձայնը լրտեսելու համար։ Գիշերը՝ իմ մտածումներուն չափ մութ՝ այն տպաւորութիւնը կը թողուր թէ՝ լուսնալիք չունի այլեւս։ Կէս գիշերին մօտ՝ վերջապէս, իմ ականջին հասաւ ոտնաձայն մը, որ այս անգամ չխաբեց զիս, ոտնաձայնէն յայտնի կ՚ընէր որ հաստատուն քայլերէ չէր որ ան ինծի կուգար, գինով՝ Օննիկ էֆէնտին կ՚երերար։ Ան հազիւ կը  քալէր, նաեւ հազիւ կը խօսէր։ Ան հազիւ կրցաւ ինծի յայտնել զօրաբաժնի հրամանատարին տեղեկութիւնները թէ Անդրանիկ՝ ռուսական բանակին հետ նահանջեր է եւ վերադարձեր Խոյ։