Անդրանիկ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԱՆԴՐԱՆԻԿ ԴԷՊԻ ԷՐԶՐՈՒՄ

«Ձայնը հնչեց Էրզրումի լեռներէն»։

Ատենին, մեզի այնքա՜ն խանդավառութիւն բերող յեղափոխաշունչ այս առաջին երգը, իրականութեան ներկային քովը, հիմայ, մեզի կը թուի ըլլալ հեռաւոր երազ մը։

Իրականութիւնը։

Էրզրումը, հիմայ, Թուրքերուն ձեռքը չէ, այլ Հայերուն. որոնք՝ Դաշնակիցներու պաշտպանութեան յանձնառութիւնն իրենց ձեռքին մէջ, եւ ռուսական զինամթերքին պահեստները՝ իրենց ձեռքին տակ, ահա բանակ կազմած, Անդրանիկի հրամանատարութեան ներքեւ, զայն պաշտպանելու կ՚երթան։

Որպիսի՜ խանդավառ իրականութիւն։

Մամիկոնեանի տեսակէտը՝ այս խանդավառութեան պատկերին առջեւէն անցած էր այնպէս, ինչպէս մոմեայ մը՝ հին Եգիպտացիներու  խրախճանքներէն մէկուն մէջէն, եւ կամ, ինչպէս արեւը խաւարող լուսինը՝ անոր առջեւէն։ Մեր լաւատեսութեան արեւը սկըսած էր փայլիլ նորէն։ Ան այնքան փայլուն էր, այդ առաւօտը, երբ, դէպ ի Էրզրում ճամբու դնելու գացինք Անդրանիկը, որքան այդ առաւօտեան արեւը։

Հինգ հոգի էինք մենք, Ազգային Խորհուրդէն՝ Ահարոնեան եւ Սամսոն Յարութիւնեան, Ապահովութեան Խորհուրդէն Վ. Փափազեան եւ ես, ու Պարոյր Լեւոնեան, որ՝ որպէս կապ՝ ազգային մարմիններու եւս ռուս զինուորական իշխանութեանց  միջեւ, ամենայն  ինչ էր, զօրաբաժնին պէտքերուն հայթայթումի գործին մէջ։

Թիֆլիսի երկաթուղիի կայարանը՝ զինուորական  փոխադրութեանց համար ունի մասնաւոր բաժին մը, կիցը՝ ընդարձակ մարզադաշտով մը։ Հոն, երբ մենք հասանք, կարգ բռնած էր, արեւածագէն առաջ, ծրքահայ նորագիրներու գունդ մը, Անդրանիկի հետ դէպ ի Էրզրում մեկնելու պատրաստ վիճակի մէջ։

Զինուորները եւ ենթասպաները՝ աչքերնին դէպ ի մարզարանին մուտքս, կը մատնեն անզուսպ անհամբերութիւն մը։ Ու ահա կը հնչէ փողը։ Անդրանիկի ժամանումին փողն է ան. եւ զինուորները ու ենթասպաները, սպային հրամանին վրայ, իրենց նոր տեսած մարզանքին եւ կրթութեան բոլոր եռանդովը բարեւ բռնելու կ՚ելնեն իրենց հրամանատարին ի պատիւ։

Ապահովութեան Խորհուրդին յայտարարած զօրակոչը՝ ո՛չ օրէնքի պարտադրութիւն ունէր իր ետեւը ո՛չ ալ ո եւ է պատիժ անոր առջեւը։ Ամենայն ինչ անոր գործադրելիութեանը՝ ազգին սէրն էր եւ անոր ազատութեան ոգին։ Բայց այդ ոգին շատ անբաւական պիտի մնար, եթէ ամբոխը՝ զայն մարմնացած չտեսնար  Անդրանիկի պատկերին մէջ։ Այդ պատկերն էր ահա, որ՝ Արեւելքի աստղին նման՝ Կովկասի լեռներուն ե՛ւ ասդիէն ե՛ւ անդիէն, եւ, Սեւ ու Կասպից ծովերուն այս ու այն ափերէն՝ քաշած էր այդ կողմերը ցրուած թըրքահայութիւնը եւ զայն առաջնորդած Թիֆլիս։

Այդ պատկերն է ահա, իրենց ոգին մարմնացնող  եւ իրենց երեւակայութեան առասպելացուցած պատկերը, որ՝ այդ հանդիսական րոպէին, այդքան հանդիսականօրէն, կ՚անցնէր թրքահայ զինուորներու աչքերուն առջեւէն։

Երիտասարդի մը պէս աշխոյժ եւ կայտառ, Անդրանիկ՝ գլուխը բարձր, յօնքերը պռստուն, զինուորական բարեւով եւ քայլերով՝  անցաւ գունդին շարքերուն մէկ ծայրէն միւսը։

Տեսարանը յուզիչ էր։

Մեր նայուածքները սկսան զիրար փնտռել. ջղային սարսուռ մը՝ ելեկտրական հոսանքի մը պէս, անցած էր բոլորիս երակներէն. Լեւոնեան Պարոյր՝ մեր մէջ ամենքէն յուզականը՝ ձեռքին թաշկինակը աչքերուն տարաւ։ Երեւակայելի էր յուզումը անոնց, որոնք՝ իրենց բարեւելու եկած անձին հմայքովը, իրենց տունն ու տեղը, իրենց գործն ու ընտանիքը թողած՝ Պաքույէն, Պայթումէն, Սօխումէն, Սօչիէն վազած եկած էին։ Ինչո՞ւ համար, իրենց արիւնը թափելու այդ անձին մարմնացուցած դարաւոր իտէալին, ազգին ազատութեան համար։

Ան կ՚երթա՞յ, մենք ալ կ՚երթանք   ըսած էին անոնք ամէնքը։

Ան՝ Անդրանիկն էր։

Կարգը, հիմայ , այդ զգացումները թարգմանող  ճառերունն է։ Ճառերուն մէկէ՛ն թէ միւսէն, Անդրանիկ նիւթեր ունի քաղած։ Երբ կարգը իրեն եկաւ, ան՝ երբեմն քաղց, երբեմն գաղջ, ակնարկութիւններ ունեցաւ անոնց մասին. բայց, երբ պէտք ունեցաւ յիշատակելու Մամիկոնեանի անունը, Անդրանիկ տժգունեցաւ քիչ մը եւ ձայնը բարձրացուց։

Ո՞ւր է այդ պարոնը   ուղղուեցաւ ան դէպ ի մեզ—   որուն՝ որպէս զինուորական նախարարի, այսօր, իսկական տեղն էր այստեղը։ Ան՝ անձնապէս, կրնար տարակարծիք գտնուիլ ձեզ հետ, բայց, մեծամասնութեան որոշումէն վերջ, չէ՞ որ ան պարտաւոր  էր յարգել այդ որոշումը եւ, ձեզմէ առաջ, այստեղ գտնուիլ։

Ահարոնեան՝ իրաւաբան պաշտօնակցին փաստաբանն եղաւ։

Անդրանի՛կ, հիւանդ է ան, այսօր   ըսաւ Ահարոնեան։

Զայրոյթի շող մը ցոլաց Անդրանիկի աչքերուն մէջ։ Ձայնը այս անգամ բարձր, բայց քիչ մը դողդոջուն, ան շարունակեց.

Պօղոս Նուպար չէր հեռագրած թէ՝ եթէ Մամիկոնեան Սօլօլակ (Թիֆլիսի ազնուապետական մէկ թաղը) նստած՝ հրամաններ արձակէ, Դաշնակիցները պիտի ճանչնան Հայաստանի անկախութիւնը։ Անկախութիւնը իր գինն ունի, եւ, այդ գինը փափուկ անկողիններու տաքութիւնը չէ   ըսաւ Անդրանիկ, յայտնելու համար իր թերահաւատութիւնը։

Գնացքին մեկնումը ծանուցանող զանգակին ձայնն էր եւ անոր հետեւող զինուորական փողը, որ կտրեցին  ազգային հերոսին խօսքը։ Գոռաց սպային հրամանը, եւ զինուորները գացին գրաւելու իրենց տեղերը՝ երկաթուղիի վակօններուն մէջ։

Անդրանիկ՝ բարկութեան թոյնը թափած էր։ Անոր հոգին՝ խռովայոյզ՝ ինչպէս ամպրոպ մը, այժմ, հանդարտ ծովի մը պէս խաղաղ է. անոր ճակտին կնճիռները՝ յօնքերուն պռստոցին հետ փախած են, հիմայ, այդ հոգեկան խաղաղութեան առջեւէն, ինչպէս վազող ամպ մը՝ արեւուն առջեւէն։ Վայրկեան մը առաջ, առիւծի պէս սպառնալից՝ ան գառնուկի մը պէս հեզ է հիմայ ու կը ժպտի իր այնքա՜ն անուշ ժպիտովը, որ ճիշդ է, որ հոգիին խաղաղութենէն է որ կը բողբոջի, բայց ինքն է, այդ ժպիտը, որ իր կարգին, կ՚ոռոգէ այդ խաղաղութիւնը։

Այդ ժպիտն էր որ մենք շարունակեցինք տեսնալ՝ վակոնին պատուհանովը շրջանակուած, մինչեւ որ գնացքին հետ՝ անոր աճող հեռաւորութիւնը զայն, տակաւ, խլեցին մեր աչքերէն։