Յիսուսի վերջին շաբաթ եւ Խաչի ճառ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
ՅԱՂԹԱՆԱԿ ՃՇՄԱՐՏՈՒԹԵԱՆ
      
       Ո՛վ յաւիտենական ճշմարտութիւն, Զօրաբաբէլ քո ճշմարիտ վկան է, որ համարձակեցաւ բարձրաբարբառ քարոզել ինքնակալ Դարեհին աւագաժողով ատենին մէջ. վկայեց քեզ համար թէ` յամենայնի յաղթող ես. եւ ստացաւ իւր մրցանակն։
       Ո՛վ ճշմարտութիւն, ասաց Զէրաբաբէլ. դու ամէն բանէն զօրաւոր ես, բովանդակ երկիր քեզ կ»ապաւինի. երկինք եւ երկիր միանգամայն կ»օրհնեն զճշմարտութիւն, մարդկային ամէն գործքեր քո առաջ են, թէ արդար թէ ապիրատ. դու անխառն լոյս եւ արդարութիւն ես, անիրաւութիւնը բնաւ քեզ հետ մասնակցութիւն չունի։
       Ո՛վ միակ ճշմարտութիւն, դու միայն ես արդար եւ սուրբ. մարդկան որդիքները սուտ եւ անիրաւ են, նոցա ճանապարհ ճշմարտութենէն խոտորած է, նոքա իրենց անիրաւութեան մէջ պիտի կորնչի. իսկ դու կաս ու կը մնաս յաւիտեան, քո իշխանութիւն մշտնջենաւոր է, քո դէմ ապստամբող եւ հպարտացող գոռոզ հոգիները զամէնն եւս ի հող կը դնես եւ քո հզօր յաղթանակ կը կանգնես նոցա գերեզմաններուն վերայ։
       Ո՛վ անըմբռնելի ճշմարտութիւն, աշխարհիս իմաստութիւն զքեզ ըմբռնել կ»ուզէ եւ դու կը փախչիս. նա կը վազէ քու ետեւէդ եւ դու սրավար կը հեռանաս, նա երբ մտքով կը վերանայ` դու առաւել եւս կը բարձրանաս. եւ մերթ եւս այնչափ կը թագչիս եւ կը ծածկուիս պանծացող իմաստնոց տեսութենէն, մինչեւ կուրանան եւ կը մտաբերեն տարակուսելով` թէ դու չը կաս։ Նոքա կը հաւատան թէ աշխարհիս պալատներու մէջ թագաւորներ կան եւ կը գահակալեն. իսկ քո տիեզերք թափուր է, ոչ գահ ունի, ոչ թագաւոր, ոչ կառավար։
       Ո՛վ անյայտ եւ յայտնեալ ճշմարտութիւն, քո ծառան, Մովսէս, Քորէբ լեռան գլուխ հրավառ մորենւոյն մէջ տեսաւ. Բեթլէհէմի հովիւները զքեզ մորին մէջ տեսան, տեղ մի իբրեւ հուր եւ լոյս կը բոցավառէիր. տեղ մի իբրեւ նորածին մանուկ խանձարուրին մէջ զքեզ փաթթեց քո մայր, լոյս էիր եւ թանձրացար. որպէս զի մարդիկ տեսնան ու շօշափեն զքեզ, եւ ո՛վ կարաց նախ շօշափել զքեզ, միայն կոշտ հովիւներուն ձեռք. եւ ո՞ւմ յայտնեցար դու նախ, դարձեալ պարզամիտ գեղջուկներուն։
       Սորա համար ահա, դու ո՛վ յայտնեալ ճշմարտութիւն, շնորհակալութիւն կը մատուցանէիր երկնից. «Հայր, գոհանամ զքէն, զի ծածկեցիր զայս յիմաստնոց եւ ի գիտնոց եւ յայտնեցեր տղայոց։ Այո՛, Հայր, այսպէ՜ս հաճոյ եղեւ առաջի քո։»
       Ո՜վ անպարտ ճշմարտութիւն, իբրեւ պարտաւոր գնացիր կացիր, Պիղատոսին առաջ, կոյր եւ ապուշ դատաւորն գիտես թէ ճշմարտութեան անունը երբէք լսած չէր, կը հարցանէր եւ իմանալ կ»ուզէր քեզմէ թէ ի՞նչ է ճշմարտութիւն։ Չգիտեմ, ո՛վ հեզամռունչ ճշմարտութիւն, թէ ի՞նչ խորհրդով թագուցիր զքեզ եւ չը ճառեցիր քո ճշմարտութենէն. դու` որ Աւետարանաւդ կը բարձրախօսէիր, «Թէ ոչ կարէ քաղաք թագչիլ, որ ի վերայ լերինն կայցէ»։ Եւ դու լոյսդ աշխարհի, զքեզ մարմնոյդ գրուանին տակ գրիր, որ Պիղատոս չի տեսնա՞յ։
       Ո՛վ ճշմարտութիւն, դատաստանի համար եկիր այս աշխարհ, բայց աշխարհի դատաւորն զքեզ խաչել տուաւ. հզօր Արդարութիւն Հօր որ ընդ քեզ եւ քո աթոռակիցն էր, նա թոյլ տուաւ որ դատապարտուիս. որպէս զի քո իրաւունքը գերեզմանէն ի լոյս բերելով` քո յաղթանակն առաւել եւս փառաւոր կացուցանէ աշխարհին առաջ։
       Ո՛վ ահաւոր ճշմարտութիւն, արդարութեան սուրը մէջքդ կապած շարունակ կը շրջիս անշխարհիս վերայ դատաստաններ կը տեսնաս. դու ճիշդ նոյն չափով կը չափես զմարդիկ, ինչպէս նոքա իրենց եղբայրներ կը չափեն. զի քո օրինագիրքն Աւետարանն է, եւ դու կանխաւ վճռագրեր ես թէ` «Որով չափով չափէք` չափեսցի ձեզ»։
       Այլ ո՞վ կարէ չափել քո չափն ու կշիռը, դու մերթ ապիրատներն արագապէս կը չափես, մերթ եւս երկայնամտելով յապաշխարութիւն կը կոչես. մերթ զրկեալներուն իրաւունքը կը պաշտպանես եւ զրկիչներուն պատուհաս կուտաս, մերթ եւս այնչափ կը թողուս եւ կը մոռնաս, որ քո ծառաները մինչեւ ի գերեզման զրկուին. եւ ո՛վ կը հաւատայ քեզ թէ` անդր քան զգերեզմանն դու դարձեալ դատաստան ունիս եւ կը հատուցանես արդարոյն վարձք, եւ ամբարիշտին` պատիժը։
       Ո՛վ ճշմարտութիւն, քո աչք ամենատես է, քո լոյս արեւու լուսէն եօթնապատիկ պայծառ է. աշխարհիս խաւարագործ մարդիկ քո լոյս չեն սիրեր, միշտ մթան մէջ գործել կ»ուզեն եւ դու զամէն ի լոյս կը հանես. եթէ անիրաւ դատաւորները դուռը քո դէմ փակեն` հրապարակին մէջ կը բողոքես. կը ներշնչես յանկարծ մանուկ Դանիէլի ոգւոյն, որ ի մահ դատապարտուած անմեղ Շուշանին փաստաբան կանգնի եւ զանպարտ ոգին ազատէ չարածեր մատնիչներէն։
       Ո՛վ ազատաբար ճշմարտութիւն, դու Դանիէլի պաշտած միակ Աստուածն ես. նա քեզմով սպառազինեցաւ եւ մերկապարանոց խայտառակեց Բաբիլոնի քուրմերուն գաղտնածածուկ հնարքները, քո զօրութեամբ պայթեցուց ահագին վիշապն։ Քո հաւատարիմ ծառային դէմ քանիցս անգամ ոխացան օձապաշտ Բաբելացիք եւ բռնադատեցին թագաւորը, որ քո ճշմարտութեան Զինուորը առիւծուց գուբը ձգեն. եւ դու անդէն սաստեցիր քաղցած ու կատղած առիւծներուն. որ փոխանակ փողոտելու` ընտանեբար քննելով քո ծառային ոտքը լիզեն։
       Ով ճշմարտութիւն, քանի հզօր պաշտպան ես քո արդար ծառայներուն, որ զքեզ ճշմարտութեամբ կը պաշտեն։ Դու մերթ քո կտրիճ ըմբիշները ստութեան դէմ ի հանդէս կը հանես, ինչպէս հանիր քո արի նահատակն Յովբ. թոյլ տուիր որ նախանձոտ սատան չարաչար հարուածներով խոշտանգէ քո առաքինի ծառան եւ Օստերին թագաւորը իւր գահէն հանելով` ի փողոց աղբիւսին վերայ դնէ, ուր դու ամպերուն վերայ աթոռդ դնելով հանդիսատես կը լինէիր. թէ ի՞նչպէս քո վիրալից նահատակն կը մրցէր, մի կողմէն փորձիչ բանսարկուին դէմ, եւ միւս կողմէն չարեաց մխիթարիչ բարեկամներուն դէմ. որք զարդար հոգին մեղապարտ կը կարծէին եւ դու ամպէն ի վերուստ որոտալով, իրաւունքը` ծառային տուիր եւ հրամայեցիր, որ դատիչ բարեկամները իրենց մեղքը` նորա միջնորդութեամբ եւ զոհով քաւեն։
       Այսպէս տեսար դու քո արդար ծառային դատաստանը. որով տարաւ նա իւր յաղթանակը եւ ամօթահար կորացաւ նախանձոտ ախոյեանին սեւադրոշմ ճակատ։
       Ո՛վ ճշմարտութիւն, քանի անաչառ ես, զի դու քո ընտրեալ սիրելիներդ անգամ խստութեամբ կը դատիս։ Ինչպէ՞ս արդար եւ ուղիղ տեսար քո օծեալ Դաւիթին եւ Ուրիա Քետացւոյն դատաստանն. ապստամբ որդին յարուցիր նորա դէմ եւ թոյլ տուիր որ արքայական տանեաց վերայ կատարուի այն սոսկալի եղեռն, զոր քո արդարութիւնը հաւասար չափեց հօր եւ որդւոյն մէջ. թոյլ տուիր որ Աբիսողոմ հալածէ իւր հայրը, Դաւիթ փախչի, Սեմէին անիծէ, բայց եւ անդէն թողիր Դաւիթը` դարձար ապիրատ դատաստանը տեսնալ. վարելով զհայրահալածիչն տարիր հասուցիր խիտ անտառին մէջ. ուր ոսկեթել վարսերէն կախելով թողիր այնպէս, որ օդին մէջ երերայ, այն որ իւր հօր Դաւթի աթոռը նստիլ կը մտաբերէր։
       Սոյն օրինակ դատեցիր եւ չարախորհուրդն Աքիթոբէլ, որ չոգաւ եւ իւրովի խեղդեց զինքն չուանով, երբ իւր ամէն խորհուրդները վրիպելով ի դերեւ ելան. որպէս զի քո առաջ չպարծենայ խորհրդականն ի խորհուրդս իւր։
       Ո՛վ ամենիշխան ճշմարտութիւն, դու ամենուրեք կը տիրես, ո՛վ կը ժպրհի փախչիլ քո երեսէն։ Դաւիթ վարանելով կը գոչէր, թէ երկինքն ելնեմ` դու անդ ես, թէ ի դժոխս իջնամ` անդ աւելի մօտ ես։ Անդադար կը շրջիս ընդ ծով ընդ ցամաք, եւ ուր հասնիս կը դնես քո դատական աթոռը։ Թէ աշխարհիս պալատները զքեզ հալածեն, թէ բռնաւորներ քո դէմ նոր սուր հանեն, թէ դատաւորներ քո ձայն չի լսեն, կ»երթաս զքեզ ընդունոց քո ծառաներուն տունը կ»օթեւանիս եւ քո հանգիստը կը գտնես։ Սորա համար Խաչդ եւ Աւետարանդ գրկելով` անհանգիստ կը շրջէիր Սաղիմայ երկրին մէջ եւ կը գանգատէիր թէ. Աղուէսներ եւ թռչուններ դադար ունին եւ դու` գլուխ դնելու տեղ չունիս։
       Ո՛վ հալածեալ ճշմարտութիւն, ստոյգ եւ ճշմարիտ է քո բան, մեր աշխարհ` սուտ եւ խաբեբայ աղուէսներով լի է. ամենուրեք որջացած են, դարանմուտ կը լինին` քո հաւեր եւ միամիտ աղաւնիներդ խեղդելու համար։ Վասն այն իսկ քո ծառան Դաւիթ, որ զարջ եւ զառիւծ կը պատառէր, տեսաւ օր մի` որ կեղծաւոր աղուէսներ զինքը շրջապատեր են` պաղատեցաւ առ քեզ. «Ապրեցո՛ զիս, Տէր, զի նուաղեաց սուրբ. նուաղեցան ճշմարտութիւնք յորդւոց ի մարդկանէ». եւ թէ` «Ի նանիր խօսեցաւ այր ընդ ընկերի իւրում. շրթամբք նենգաւորօք... »։
       Ո՛վ անկեղծ եւ անպատրուակ ճշմարտութիւն, աշխարհիս կեղծաւորներ, դպրաց ու փարիսեցւոց մնացորդ ժանտապտուղ զաւակներ, որք առ երեւոյթ արտաքուստ որպէս բռեալ գերեզման ցոյց կուտան. թէ իրենք ճշմարտութեան պաշտօնեայ են, ճշմարտութեանդ անունով կը պարծին, ճշմարտութեանդ անունով եկեղեցւոյ վերայ կը տիրապետեն, հովիւ կը կոչեն զիրենք եւ քո միամիտ գառները կը յափշտակեն. դու ճանչցար զիրենք եւ շօշափեցիր նոցա ոգին` տեսար, որ ի ներքուստ լի էին յափշտակութեամբ եւ նենգութեամբ։
       Արդեօք սոքա՞ են այն անիրաւութեան մշակներն, որոց դէմ քո փառաց արքայութեան դուռը կը փակես, եւ ի ներքուստ պատասխան կուտաս, ի բա՛ց կացէք, ի բա՛ց, ո՛վ անիրաւութեան մշակներ, ես զձեզ չեմ ճանաչեր։ Եւ նոքա կ»ապշին անդէն քո այս դատաստանին վերայ, յուշ կը բերեն քեզ, իբրեւ թէ դու կը մոռանամ նոցա առաքելութեան ու մեծամեծ գործոց վարձատուրութիւնը. եւ ակնկալեալ արքայութենէդ զրկելով` վարձահատ կ»առնես զիրենք։
       Քանի՞ անամօթ են կեղծաւորներ, ո՛վ ճշմարտութիւն, երկրիս մէջ կեղծաւորելով` երկնից մէջ եւս կեղծաւորել կ»ուզեն քո անաչառ աթոռին առաջ. ուստի բողոք բառնալով կ»ասեն. «Տէ՛ր, դու զմեզ չե՞ս ճանաչեր, որ քո առաջ կերանք ու խմեցինք, քո անունով մարգարէացանք, քո անունով դեւեր հանինք. քո անունով առաքեալ եղանք. Աւետարանդ քարոզեցինք, քո անունով քո հաւատացեալ հօտին հովիւ եղանք, ոչխարներդ ու գառներդ արածեցինք, եւ քո անունով այլ բազմապատիկ հրաշքներ գործեցինք աշխարհին վերայ. ժողովուրդն զմեզ հայր կոչեց, սուրբ կոչեց, եւ քո հոգին ձեռնադրելով զմեզ` պաշտօնեայ կոչեց, վարդապետ կոչեց, քահանայ կոչեց, սարկաւագ կոչեց. եւ դու իսկ` լոյս եւ ա՛ղ անուանեցիր. ո՜հ. այժմիկ պիտի դատապարտուինք քո արդար դատաստանին առաջ եւ ի դերե՞ւ պիտի երթան մեր խաչակրութեան այնչափ անձնանուիրութեան զոհերը»։
       Ո՛վ իրաւադատ ճշմարտութիւն, երբ դու անիրաւ եւ կեղծաւոր մշակներուն դտաստանն այսպէս կը տեսնաս եւ քո դուռը կը փակես նոցա դէմը, անշուշտ հաւատարիմ մշակներուդ, ազնիւ ծառաներուդ վարձքը` բիւրապատիկ կը վճարես. նոքա` որ զքեզ սիրեցին եւ քո բանը պահեցին. նոքա, որ ամէն բան թողին եւ զքեզ պաշտպանեցին. նոքա, որ քո շնորհաց տաղանդներն` բազմապատիկ շահելով աճեցուցին. նոքա, որ սնափառութիւնը ոտնահարելով` Աւետարանիդ հեզութեան դասերը օրինակով ուսուցին. նոքա` որ ուղիղ հասկցան քո գերագոյն պատուէրը` թէ «Դուք ամենքին հաւասար եղբայր էք». եւ երբէք չմտաբերեցին խաղաղ ու միամիտ որդիներդ վրդովել, մի հօտիդ ու փարախիդ գառները իրարմէ բաժանել, հերետիկոս, հերձուածող եւ չարափառ կոչեով։ Եւ դու սիրոյ, խաղաղութեան եւ միութեան ճշմարիտ Վարդապետ Յիսուս, քանի՞ ցասմամբ ու խստութեամբ պիտի դատես այն տիրապետող վարձկան հովիւները, որ քո հօտը` բաժին բաժին երկպառակեցին։
       Ո՛վ ճշմարտութիւն, թող մարդիկ եւ ստութեան պաշտօնեաներն այնպէս կարծեն թէ զքեզ կը հալածեն, եւ կամ քո ծառաները կը չարչարեն. որոց պատուէր տուիր, որ չարին դէմը չհակառակին. եթէ մի քաղաքէն հալածեն` ի միւս քաղաք փախչին. եւ միթէ աշխարհ զքեզ յաւիտեան պիտի վանէ՞, դու, ո՛վ խաչեալ ճշմարտութիւն, ո՞չ ապաքէն խրախոյս տուիր խաչիդ դրօշակին տակ զինուրող ծառաներուդ. «Քաջալերացարուք, զի ես յաղթեցի աշխարհի», ի՞նչ յաղթութիւն եւ ի՞նչ է քո փախուստ, չգիտեմ։
       Ո՛վ անընկճելի ճշմարտութիւն, գիտեմք եւ կը խոստովանիմք. դու անյաղթ կը թուիս թէ նկուն կը լինիս եւ աշխարհ քեզ հետ կը խաղայ. ինչպէս խաղաց քո մարտիրոսներուն հետ. սրով ու հրով գրաւեց նոցա կեանքը. աշխարհ իւր անզգամներով այնպէս համարեց թէ` առ յիմարութեան մեռան ու կորեան. սակայն երկնից մէջ նոցա յոյսը լի է անմահութեամբ, եւ երկրիս վերայ նոցա յիշատակ օրհնեալ եւ փառաւորեա է։ Եւ ո՞ գործեց այս մեծ հրաշք, դու միայն, ո՛վ յաղթական ճշմարտութիւն։
       Ո՛վ արդար եւ ազատ ճշմարտութիւն, գիտե։ս, խելակորոյս մարդիկ մեռուցանելն յաղթութիւն կը համարին, բռնանալ տիրապետել` բաղդի տուրք կը համարին. մարդոյն ազատ պարանոցը ստրկութեան լծով կորացուցանել` իրաւունք կը համարին. զաղքատն ու զանաւագ կռփահարել` զօրութիւն կը համարին. բազմաց վերայ բարձրանալ պերճանալ` թագաւորութիւն կը համարին. միով բանիւ միշտ գուն գործելով ճշմարտութիւնդ նուաճել` փառք եւ յաղթութիւն կը համարին։
       Այլ դու, ո՛վ անմահ ճշմարտութիւն, քո հաշիւդ այսպէս չէ. ով որ ճշմարտութեանդ համար մեռնի` դու զայն Աստուծոյ պաշտօն կը համարիս. ով որ աշխարհիս ստրկութեան լուծը կը կրէ` դու զայն Աւետարանովդ ազատորդի կը համարիս. ով որ կը կոփուի կը ճռփուի հարստահարիչներուն ձեռքէն. դու զայն ազատ ու երջանիկ կը համարիս. հոգւով աղքատներ, սգաւորները, հալածեալներն առ հասարակ կ»երանես. ոչինչ փոյթ չէ քեզ թէ աշխարհ` այս քո պաշուիդ վերայ կը խնդայ, երբ դու` հակառակ մարդոյն կրից ու ցանկութեան, մարդոց երանութիւնը` զրկման, թշուառութեան եւ մահուան մէջ կը դնես։
       Ահաւասիկ այս է, ո՛վ անքննին ճշմարտութիւն. որ աշխարհ զքեզ կ»ատէ, քո միտք եւ քո լեզուն չի հասկնար։ Այլ զքեզ սիրող եւ պաշտող ծառաներն շատ են, թող աշխարհ իւր թերահաւատներով` փիլիսոփան իւր գրչով` բնագէտն իւր փորձով տքնի ու ճգնի գրչով չքացուցանել քո զօրութիւն. քո զինուորեալ ծառայներդ մինչեւ ցմահ կը մրցին, եւ քո Աւետարանդ բաւական է այն ամէն յամառ փիլիսոփայից կարծիքները նուաճել ու ցրել. մանաւանդ այն վերջին պահուն, մինչ կը ցնդի նոցա գլխոյն ուղեղը, գրող մատուըները կը չորնան, աստղագէտ աչկունք դէպի հող կը յառին, կորովի մտաց լոյսը` մահուան ստուերին տակ կը նսեմանայ. եւ դու յայնժամ կուգաս ու կը քաղես նորա ոգին, կը փշրի հողակերտ անօթն. փիլիսոփան հող կը դառնայ, դու լոյս կը մնաս. փիլիսոփան կը մեռնի, իսկ դու անմահ եւ անմահութիւն ես, փիլիսոփայն ափ մի հողին մէջջ յաւիտեան կը լռէ, կը դադարի եւ կը խոնարհի իւր հպարտի գիտութենէն. այլ դու կենդանի եւ յաւիտենական իմաստութիւն ես. քո գիտութիւն անչափ անսահման ովկիանոս է եւ երբէք չես սպառիր։
       Այլ եւս բաւ է։ Աւարտեմ քո յաղթական ճառը, ո՛վ յաւիտենական ճշմարտութիւն, ես որ Աւետարանիդ ճշմարտութեան մի հէք պաշտօնեան եմ` կը պաղատիմ քեզ, քո սիրով եւ լուսով զինուորէ հոգիս, ես մանուկ էի դեռ` ճշմարտութեանդ յուսացայ. եւ արդ նոյն յուսով ճշմարտութեանդ կ»ապաւինիմ. եւ երբ ճշմարտութիւնդ ինձ օգնական կանչեմ. «Յոյց ինձ ճանապարհ, յոր եւ գնացից. զի առ քեզ տէր համբարձի զանձն իմ»։ Ցոյց ինձ նաեւ որ քո ճշմարտութեան ճանապարհն ընտրեմ եւ քո իրաւունքը յաւիտեան չմոռնամ։