ՅԻՇԱՏԱԿ
ԵՂԲՕՐՈՐԴՒՈՅՆ
ԱՌ
ՀՕՐԵՂԲԱՅՐ
ԻՒՐ
ԽԱՉԱՏՈՒՐ
ԽՐԻՄԵԱՆ
ՈՐ
Ի
ՏԷՐ
ՆՆՋԵՐ
Է
ԽԱՉԻ
ՃԱՌ
քո
յիշատակին
կը
նուիրեմ,
ո՛վ
հանգուցեալ
Հոգի,
զի
պարտական
եմ
ես
քեզ.
յիսուն
տարի
կը
լինի
որ
մեր
աշխարհէն`
յաւիտենական
աշխարհ
գնացեր
ես.
այլ
քո
անուն
եւ
յիշատակ
մանուկ
Մկրտչի
հոգւոյն
ու
սրտին
մէջ
անեղծ
պահեր
եմ։
Չեմ
մոռնար,
այլ
կը
յիշեմ
մանկութեանս
գարնան
քաղցր
օրերը,
երբ
միմիայն
մանուկ
Մկրտիչ
քո
սիրոյ
ծաղիկն
էր։
Սորա
համար
ես
մոռցած
էի
ծնողք
եւ
բոլոր
Խրիմեան
գերդաստանի
մերձաւորներ.
զի
դու
էիր
ինձ
համար,
հայր,
մայր,
դաստիարակ,
վարժապետ,
խնամածու
եւ
այլն։
Ամուրի
կեանք
ընտրեցիր
ու
սիրեցիր.
որպէս
զի
քո
սիրեցեալ
Եղբօրորդին
որդեգրես
քեզ։
Դու
մեռար,
դեռ
ողջ
էին
ծնողքս
եւ
երիցագոյն
եղբայրս.
բայց
ես
յայնժամ
զգացի
թէ`
սիրոյ
եւ
դաստիարակութեան
գրկէն
սրբացած
եմ։
Ոչինչ
մեծ
ժառանգութիւն
աշխարհիս
հարստութենէն
չթողիր
քո
հոգեհատոր
մանուկ
Մկրտչին.
ոչ
ոսկի,
ոչ
արծաթ.
այլ
մի
Աստուածաշունչ
եւ
մեր
Սուրբ
նախնեաց
մի
քանի
մատեաններ.
զորս
յաճախ
կարդալ
տալով`
ընտանի
լեզուով
կը
բացատրէիր
ինձ։
Այլ
քան
զամէն
աւելի
գործնական
օրինակովդ
Աւետարանի
գթասիրութեան
հոգին
թողիր
ինձ
ժառանգութիւն։
Երանի՜
թէ
տիրապէս
ժառանգէի
զայն.
բարեգորով
մի
սիրտ
ունէիր
եւ
անխտրապէս
կը
գթայիր
ամէն
տառապեալ
թշուառին
վերայ։
Երբ
աղքատ
դուռը
դփէր,
կը
կանչէիր,
Մկրտի՛չ,
հաց
տուր,
եւ
երբ
մերկ
լինէր
աղաչաւոր
թշուառ
հրաման
կ»անէիր
որ
մի
քանի
կանգուն
կտաւ
տամ։
Արթուն
աչքով
կը
հսկէիր,
եւ
ոչ
փոքրիկ
պակասութեանս
կը
ներէիր
դու։
Կը
յիշեմ
որ
մի
օր
ժամու
պատկեի
առջեւէն
մի
փոքրիկ
մոմ
առնելով
բերի
տունը,
հարցուցիր
եւ
ես
առանց
ժխտելու
խոստովանեցայ,
հետեւեալ
օր
զիս
տարիր
եկեղեցին
եւ
նոյն
մոմ
խաչի
պատկերի
առաջ
վառել
տուիր,
եւ
քաղցրութեամբ
խրատեցիր
որ
այլ
եւս
սեղանակապուտ
չըլինիմ։
Ծանր
հիւանդացայ
մի
նուագ,
քառասուն
օր
ամբողջ
գըլխուս
վերայ
կեցար,
ամէն
ճար
եւ
դարման
կը
հայթայթէիր,
եւ
մերթ
եւս
կ»երթայիր
եկեղեցին,
լալով
կը
պաղատէիր
Աստուծոյ
որ
ապրի
մանուկ
Մկրտիչ։
Ապրեցայ
քո
հաւատով,
եւ
դեռ
կ»ապրիմ
Աստուծոյ
նախախնամութեամբ,
վաթսուն
եւ
վեցերրորդ
տարին
լրացուցի։
Եւ
դու
եւս,
եթէ
ճիշդ
կը
յիշեմ,
այնչափ
տարի
ապրեցար
ու
մեռար։
Ես
քո
խօսուն
գառնուկն
էի.
բայց
դու
մի
անխօսուն
գառնուկ
եւս
ունէիր,
զոր
ամբողջ
եօթն
տարի
պահեցիր.
ուր
երթայիր
քո
ետեւէն
կուգար,
երբէք
չէր
բաժանուեր։
Ո՜հ,
մահուանդ
օր
այդ
գառնուկ
մորթեցին
եւ
հոգւոյդ
համար
ճաշ
տուին
աղքատներուն։
Այժմ
մանուկ
Մկրտիչ
ծերացած
ՀԱՅՐԻԿ
եղեր
է,
ես
էլ
պիտի
գամ
հասնիմ
քեզ.
սակայն
դու
հոգւովդ
մօտ
ես
կենաց
աղբիւրին,
աղօթէ
որդեգրիդ
համար,
դեռ
անվճար
պարտք
ունիմ
առ
Աւետարան,
առ
Ազգն
եւ
Եկեղեցին,
պարտքերս
վըճարեմ
եւ
ապա
մեռնիմ։