Յիսուսի վերջին շաբաթ եւ Խաչի ճառ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
ՅԻՍՈՒՍԻ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՅԱՂԹԱՆԱԿ ԽԱՉԻՆ
       Հրեշտակ դու, որ Բեթլէհէմի մորէն Աստուածորդւոյն ծննդեան աւետիս տուիր, եւ արդ Յովսեփայ պարտիզի գերեզմանէն աւետիս տուր բոլոր աշխարհին. ՔՐԻՍՏՈՍ ՅԱՐԵԱ՜Ւ Ի ՄԵՌԵԼՈՑ։
       Հետ հրեշտակին դուք եւս տատրակ եւ սոխակ, որ Սողոմոնի փակեալ պարտիզին ծառաստանեայց վերայ կը ճխայք ու ճռուողէք` երգեցէք նորա սիրաբարբառ երգը. «Արի՜ եկ, գեղեցի՜կ իմ, աղաւնի՜ իմ, կատարեա՜լ իմ, քանզի ձմեռն է անց, անձրեւք անցին եւ գնացեալ մեկնեցան»։ Այո՛, անցաւ չարչարանաց ձմեռը, եկաւ հասաւ գարուն, թզենին ընձիւղեց բողբոջը, այգիները ծակեհոտը բուրեցին. զի ՔՐԻՍՏՈՍ ՅԱՐԵԱ՜Ւ Ի ՄԵՌԵԼՈՑ։
       Որչա՞փ հրաշալի ցորենահատ մի ես, ով կենդանի հաց Յիսուս. դեռ երեկ էր, որ Քո Հայր մշակ խաչիդ ակօսով վարեց Գողգոթային գլուխ եւ զքեզ ցանեց Յովսեփայ քարակոփ արտին մէջ, ուր ոչ ջուր կար, ոչ հող, ոչ նիւթ։ Ջուր քոկողի կրկնակի աղբիւրն էր, նիւթ եւ պարարտ սերմն քո չարչարուած մարմին։ Եւ դու ո՞րպէս վաղվաղակի բուսար բազմաճիւղ հասկերով, վեց հազար տարուան փտած մեռելոց հատիկները հետ քեզ բուսուցիր։
       Մարդիկ թերահաւատ են, ո՛վ մեծագործ Տէր, միայն կը հաւատան թէ ցորենի հատիկները կը բուսնին. բայց մեռելոց մարմիններ չեն բուսնիր։ Եւ ինչու՞, չգիտեմ, անշունչ մարմինը կը բուսնի եւ շնչաւորը չի բուսնիր։
       Այլ քո ճշմարիտ հաւատացեալներն այնպէս կը հաւատան ինչպէս կը քարոզէ Սուրբն Պօղոս, «Սերմանի մարմին շնչաւոր եւ յառնէ մարմին հոգեւոր։»
       Յիշէ՛, Յի՛սուս, ընթրեաց իրիկունը, կը գոչէիր առ Հայրըդ. «Հա՛յր, փառաւորեա՛ զորդի քո. զի եւ որդի քո փառաւորեսցէ զքեզ»։ Հնազանդ Մանուկ Հօր, դու քան զՀայրդ կանխեցիր, եւ խաչիդ յաղթանակով նախ դու փառաւորեցիր զՀայրդ. եւ ահաւասիկ Հայրդ առաւել եւս փառաւորեց զքեզ։ Պահ մի զորդակդ մատնեց մահուան ձեռք, այլ չթողուց քո անձն ի դժոխս. որ դու եւս մեղապարտ մարդոյն պէս ապականութիւն տեսնաս. զի դու սուրբ, անարատ եւ անմեղ էիր։ Հոգիդ աւանդած ժամուն, աշխարհի իշխանն եկաւ խուզարկեց զքեզ եւ ոչինչ գտաւ։ Եւ ո՛վ կարող եղաւ յանդիմանել զքեզ վասն մեղաց։
       Սորա համար մեռելոց աշխարհին մէջ դու միայն ազատ ես. մահուան բուռն զօրութիւն ընկճեցաւ քո հզօր արդարութեան առաջ։ Դու մտար ՚ի գերեզման եւ ելար, գերեզման` անմահութիւն դարձաւ, հողին կեանք տուիր, ստուերն ի լոյս փոխեցաւ, գերեզմանի ապականիչ որդերը մեռան եւ քո պողպատէ ոտքը ջախջախեց դժոխքին խայթոցը. եւ դու մահուան սրտին վերայ կոխելով կը կանչես ուժգին. «Ո՞ւր է մահ, զօրութիւն քո, եւ ո՞ւր, դժոխք, խայթոց քո»։
       Դաւիթ, զքնարդ ա՛ռ, լարերը` ներդաշնակ պնդէ, նուագէ քո տասնաղի երգը. դու ցնծա՛, ես էլ հետ քեզ կը ցնծամ. «Որպէս այն որ գտանէ աւար բազում։» Մեր հզօր աւարառուն գերողէն իւր աւարները դարձուց, իւր յաղթական կամարը` գերեզմանին դուռն է. եւ ահա դուրս կուգայ անտի, հսկայապէս կ»ընթանայ. ուստի հնչէ՛ յաղթողական փողդ. «Զի յարեաւ Աստուած եւ ցրուեցան ամենայն թշնամիք նորա։»
       Հող կերէք, դպիրք եւ փարիսեցիք, օձի եւ իժերու ժանտ ծնունդներ, ձեր կերակուրն այն է։ Դուք կապեցիք զարդարն, որ ձեզ դժպհի կը թուէր, որ ձեր գործոց հակառակ կը լինէր, ձեր կեղծաւորութիւնը կը յանդիմանէր, եւ դուք փորձ փորձեցիք զարդարն սպաննել եւ նորա յիշատակը երկրէն բառնալ. տեսնալ այնուհետեւ թէ արդեօք երկնից այցելութիւնը պիտի պաշտպանէ՞ զայն. որովհետեւ կը զայրանայիք երբ ոգին անարատ` զԱստուած իրեն Հայր կը կոչէր. եւ այնպէս կը կարէիք դուք թէ` հեզ եւ խոնարհ ոգին կը հպարտանայ, ինչպէս դուք անձնապանծ փարիսեցիքդ։
       Փորձեցիք, տեսաք աւասիկ, եւ դարձեալ անհաւատ մնացիք, չարութիւնը զձեզ կուրացոյց։ Անգիտութեա՞մբ արդեօք զփառաց Տէրն ի խաչ հանիք, խաչէն ի գերեզման դրիք, ձեր մատնութեան մատին մատանով կնքեցիք։ Երկնից Հօր այցելութիւնն իւր Արդարոյն դատը պաշտպանեց, եւ չթողուց, որ Սուրբն` ապականութիւնը տեսնայ. դուք երէկ թաղեցիք Նազովրեցին Յիսուս, եւ այսօր Աստուած` յաւիտենից կենդանի կոչեց եւ հանեց մահու զգերեզմանէն։ Յուդայի առիւծն արթնցաւ, եւ դուք նորա մռնչիւնէն ո՞ւր պիտի փախչիք։
       Գերեզմանէն լոյս տեսնալով` շլացութեամբ կ»ամօթահարիք դուք, մտածելով թէ մի գուցէ յետինն չար լինի քան զառաջինն։ Ուստի բազում արծաթ գաղտ կը խթէր զօրականներուն ձեռք, եւ խրատ կուտաք որ սուտ կարկատելով համբաւ հանեն թէ. «Աշակերտք նորա եկեալ ի գիշերի գողացան զնա, մինչ մեք ի քուն էաք»։
       Այդ անճարակ Գալիլացի ձկնորսնե՞ր գողացան, որ ձեր ահէն ամէնք փախեր մտեր էին Գեթսեմանի ձիթաստանեայց ծառերուն, ձորերուն, ծերպերուն մէջ եւ ղօղեր էին ինչպէս երկչոտ նապաստակը, որ անգութ որսականներէն հալածուելով կ»երթայ բարձր լերանց քարերուն կ»ապաստանի։ Եւ դուք, չարահնար մատնիչներ, Վարդապետը խաչեցիք` այժմ խեղճ աշակերտները զրպարտե՞լ կ»ուզէք եւ չէ՞ք ամաչէր։
       Յարուցեալ Տէր, մտերիմներդ անձկութեամբ եւ կարօտով քեզ կը մնան. կը յիշեն ինչ որ ընթրեաց իրիկուն խօսեցար, «Փոքր մի, եւ ոչ եւս տեսանիցէք զիս, եւ ապա սակաւիկ մի եւ տեսանիցէք զիս»։ Ցոյց տուր ուրեմն, քո սակաւիկն միայն քառասուն օր. ցոյց տուր, որ սգաւորներդ մխիթարուին. ցոյց տուր, որ աչքով իսկ տեսնան քո ճշմարտապէս յարութիւնը. ցոյց տուր, որ սրտապնդին եւ հաւատան քեզ. եւ դու գիտես, սրտագէտ Տէր, թէ որչա՞փ կը տատանի նոցա միտքը։
       Կէս գիշեր էր, Տէր, գերեզմանէն ելար, չգիտեմ թէ` ո՞ւր կը շրջիս, արդեօք աւարնե՞րդ կը տեղաւորես, չէ քո ցիրուցան եղած փոքրիկ հոտը կ»որոնես։ Մերթ պարտիզին մէջ Մագդաղենացւոյն կ»երեւիս, եւ չես թողուր որ անձկաւէտ կինը ոտքդ համբուրէ։ Մերթ ի Գալիլիա կ»երթաս ժամագրեալ տեղին, ուր եղբայրներդ զքեզ տեսնալով` ուրախութեամբ եւ յուսով կը լեցուին։ Այլ երկբայեցան քու վրադ, մինչ տեսին փառաւորեալ մարմնոյդ կերպարանք, որ լոյս կ»արտափայլէր. այնպէս կարծեցին թէ` դու չես նմանիր այն հեզ եւ խոնարհ Յիսուսին, որ ղենջակ սփածանելով` անցեալ իրիկունը նստար եւ նոցա ոտքը լուացիր։ Իսկ Պետրոս, Յովհաննէս եւ Յակոբոս, որ ճառագայթող լոյսդ առ հաւատչեայ տեսեր էին Թափօրին գլուխը` նոքա չերկուացան. այլ իտացին թէ դու նոյն հրաշափայլող լոյսն ես. հաւատացին քեզ ու հաստատեցին երկմիտ եղբայրները։
       Մինչ դու քանիցս անգամ երեւցար աշակերտներուդ, տակաւին թերահաւատն Թովմաս զՔեզ չէր տեսեր. եղբայրներէն անջատուած` ո՛վ գիտէ թէ ո՞ւր կը դեգերէր առանձին։ Չգիտեմ Հրէից երկիւ՞ղէն էր, թէ զՔեզ գտնելու համար. եւ միթէ կ»երկնչէ՞ր, որ խրախոյս կը կարդար լքեալ ընկերներուն. Օ՛ն եկայք, որ մեք եւս մեր Վարդապետին հետը մեռնինք։
       Մի նուագ` երբ նա եւս խմբին հետը փակուած էին ամէնքը առանձին տան մի մէջ, մտախոհ կը լինէին եւ կը պատմէին իրարու քո նորասքանչ յարութիւնը. դու յանկարծ փակուած դռնէն ներս մտար ու կացիր նոցա մէջ։ Հրաշքիդ կը հաւատամ, Տէր, դու որ կնքեալ գերեզմանէն եւ մահուան ստուերին ճնշող ծանրութենէն դուրս ելար, եւ որ լեռները կը հարթես, միթէ կարո՞ղ էր տան պատն եւ դուռն քո թափանցիկ լուսախառն մարմնոյդ դէմ դնել։ Առ որ բնախօսն կը վարանի եւ կ»ուզէ քո մեծամեծ հրաշքները բնական օրէնքով լուծել, մինչ դու ՚ի վեր քան զբնականն կը գործես. եւ կը սրտմտին մարդիկ թէ` ինչո՞ւ իրենց պէս չես գործեր։
       Անուշ է աղուական ձայնովդ կանչեցիր։ Թովմա՛ս, բե՛ր ձեռքիդ մատունքները, մխէ իմ խոցեալ կողը, տես աչքովդ ոտքիս ու ձեռքիս ծակոտուած բեւեռատեղերը, ու լաւ շօշափէ բոլոր վէրքերս եւ հաւատա, թէ ես ձեր խաշեալ վարդապետն եմ։ Պարծեցար, Թովմաս, որ ինձ հետը մեռնէիր, չմեռար եւ գոնէ մինչեւ ի խաշ գայիր, ես միայն ինքնին մեռայ, ինքնին գնացի ի մահու տապան, ինքնին իջայ ներքին բանտըն, ինքնին գրաւեցի աւարներս, ինքնի ելայ գերեզմանէս եւ արդ կ»երեւիմ ձեզ, իսկապէս նոյն վարդապետն եմ, որ երեք տարի ամբողջ ձեզ հետ շրջելով` Կենաց բանը աւետարանեցի. կը հաւատա՞ս, Թովմաս, թէ ես նոյնն եմ. սոսկ աննիւթ օդի մի չեմ, զի ոգին ոսկր եւ թանձր մարմին չունի։
       Այժմիկ կը հաւատամ, տէր, զՔեզ ձեռքովս շօշափեցի եւ քանի՞ նոր եւ թարմ են դեռ կարմրանիշ վէրքերդ, գիտես թէ նոր խաշուած` արիւն կը հոսեն։ Մատներս կարմիր ներկեցաւ, վա՜շ, թող այս յիշատակ ձեռքիս վերայ մնայ, Տէր, քանի տեսնամ, յիշեմ թերահաւատութիւնս, աներկբայ հաւատամ Քեզ, երթամ մինչեւ ի Հնդիկ, քարոզեմ քո Աւետարան, պատմեմ քո սքանչելի գործերը, քո խաչ, քո մահ, քո փրկութիւն եւ փառաւորեալ յարութիւնդ։
       Մինչ թերահաւատ Թովմաս տեսնալով եւ վէրքերդ մատնամւխ շօշափելով քեզ հաւատաց, Տէր, դու առաւել երանի՜ տուիր այն ամեն հաւատացեալ որդիներուդ, որք առանց զՔեզ տեսնալու լսելով միայն Աւետարանիդ ձայնին կը հաւատան։
       Տակաւին Քեզ չհաւատացողներ կան, Յիսուս, որ քո մարդեղութեան եւ չաչարանաց վէրքերդ իրենց գիտութեան մատերով շօշափել եւ խորապէս զննել կ»ուզեն. կը տարակուսին ու կ»ասեն թէ` ինչպէ՞ս կարելի է հաւատալ, որ Աստուածորդի մի` մահկանացուի ձեռքէն վէրք ընդունի. եթէ ինքն անմահ է, լոյս է, անըմբռնելի է։
       Այո՛, Տէր, դու թերահաւատէն միայն կը փախչիս, ճըշմարիտ հաւատացեալը` զքեզ շուտ կ»ըմբռնէ. եւ մենք կը հատամք քեզ ինչպէս Եսային կը քարոզէ. «Թէ նա վիրաւորեցաւ վասն մեղաց մերոց եւ պատժեցաւ վասն մերոյ անօրէնութեանց, խրատ խաղաղութեան մերոյ ի նմա եւ նորա վիրօքն բժշկեցաք»։
       Չգիտեմ, Տէր, Պետրո՞սն եւս Թովմասին նման մերթ կը թերահաւատէր. եւ դեռ ուրացութենէն բժշկուած չէ՞ր արդեօք. երէկ տեսաւ քո նորահրաշ յարութիւնը, մոռացաւ առաքելութեան պաշտօնը` գնաց ձուկ որսալ, կարծեց թէ առանց քեզ ձկներն իրեն կը հնազանդին. զողջոյն գիշեր տքնեցաւ եւ ոչինչ կալաւ։ Եւ դու յանկարծ Տիերերական ծովուն եզերքը իջար, Պետրոսին եւ որսակիցներուն ուռկանը մեծամեծ ձկներով լցուցիր։ Իբր յանգէտս կը հարցնէիր, մանկունք, ունի՞ք ինչ ուտելու։ Քո որսական մանուկները ծովէն ելան, տեսան աւազափին վերայ հրաշավառ կրակը եւ ձկները վրան խորոված պատրաստ։
       Նստար ու ճաշեցիր մանուկներու հետը, եւ խիստ ախորժանօք կերար այս վերջին ճաշը, որ յարուցեալ փեսայիդ հարսանեաց ճաշն էր. ձկնասէր մանուկները լուռ ու պատկառանօքկերան քեզ հետ այս ճաշն, եւ հաւատացին թէ դու Տէրն ես, որ ընթրեաց երեկուն հետ իրենց Զատկական Գառն կերար։
       Յետ ճաշին` մտերմաբար կը հարցնէիր դու. Պե՛տրէ, կը սիրե՞ս զիս, եւ նա կը պատասխանէր թէ` կը սիրեմ. եւ մինչ դու երեք անգամ կրկնեցիր սիրաբան հարցումներդ, Պետրոսին դժուար եկաւ. Տէ՛ր, ասաց. դու ամեն գիտես ու սրտագետ ես։ Այո՛, առաւել կը սիրեմ զքեզ։ Ուրեմն, Պետրէ, կրկնեցիր նոյն բան, Արածէ` իմ հաւատացեալ գառները։
       Ո՛վ սքանչելի սէր եւ սիրոյ բժիշկ. Պետրոսի երեք ուրացութեանց վէրքը` սիրոյդ ամենագեղ քաղցր սպեղանիով բժշկեցիր, եւ որ ուրացութեամբ զրկուած էր Առաքելական պաշտօնէն, սէրը` երաշխաւոր առիր, եւ ներելովդ` կրկին յանձնեցիր նմա Աւետարանին տնտեսութեան պաշտօնը։ Այլ Պետրոսի պանծացող գահակալները, այնպէս կարծեցին թէ` դու միայն Պետրոսի ձեռքը անսահման իշխանութեան գաւազան մի տուիր, որ նա ի Հռոմ նստի իբրեւ աշխարհակալ մի, տիրապետէ քո ազատ հօտին, եւ իւր հաւասար եղբայրները ճնշէ ու զրկէ։ Քա՛ւ թէ դու այնպէս կամեցար, քաւ թէ Պետրոսն այնպէս հասկցաւ եւ կամ իւր առաքելութեան պաշտօնին մէջ այնպէս վարուցեաւ։ Այս տիրապետութեան հոգին աշխարհինն է, եւ քո հեզ հոգին չէ, Յիսուս։