ՀԱՆԴԷՍ
ԱՇԽԱՐՀԱՄԱՐՏ
ԱՇԽԱՐՀ
ՅԻՍՈՒՍԻՆ
ԴԷՄ
ԵՐԿՆԻՑ
Հօր
մանուկ
Յիսուս,
աշխարհ
այն
օրէն
քո
դէմ
մարտ
հրատարակեց,
երբ
քո
պայծառ
աստղ
յարեւելս
փայլեցաւ.
դու
Իսրայէլի
տան
արքայ
ծնար,
Հերովդէս
լսեց
ոխացաւ։
Բեթլէհէմի
նորածին
մանուկները
քո.
զինուորներն
էին
նոքա
կաթն
ի
բերան
մարց
գրկերու
մէջ
կռուեցան
բռնաւորին
սրոյն
դէմ.
չգիտեմ
ինչպէ՞ս
ժուժեցիր,
ո՛վ
դու
Սինայի
ահաւոր
եւ
գթած
Աստուած,
ուր
կը
պատուիրէիր
չզենուլ
զդառն
ի
կաթն
մօր։
Այո՛,
իրաւունք
էր,
թող
քեզ
համար
զոհուէին
մատաղերամ
գառները,
եւ
ի՞նչ
տրիտուր
էր
այս`
Աստուծոյ
անմեղ
գառինդ,
որ
հանդերձեալ
էիր,
աշխարհի
մեղք
բառնալ։
Ես
չգիտեմ,
դու
ո՛վ
անյայտ
յոյս,
մարմնոյն
թանձրութեան
մէջ
ծածկուած,
երեսուն
տարի
ամբողջ
Նազարէթի
հայրենեաց
մէջ
իբրեւ
հիւսան
որդի
կարծուելով`
կ»աճէիր
ու
կը
զարգանայիր,
գեղացի
մանուկներու
հետ
կը
խաղայիր.
արդեօք
նոքա
եւ
իրենց
հայրերուն
պէս
քեզ
հետ
կռուեցա՞ն։
Ո՛չ,
դու
աննենգ
մանուկները`
քո
մանկութենէն
ճանչցար
ու
միշտ
սիրեցիր
զիրենք.
պարզամիտ
մանուկները
դէմ
դատ
ու
բողոք
չբարձին.
եւ
ոչ
քո
խաչի
մատնութեան
օրը`
մատնտու
եղան։
Այլ
քո
դէմը`
տաճարի
վարդապետները
նախանձելով
կը
վիճէին
մինչեւ
դու
տասներկու
տարուան
պատանի
էիր,
անուս,
անդպրոց,
անվարժապետ
կը
յաղթահարէիր
օրինաց
վարդապետները։
Որ
սիրահար
էիր
մարդոյն
փրկութեան,
Յիսուս
Տէր,
արդեօք
ծա՞նր
թէ
թեթե՛ւ
անցաւ
երեսուն
տարուան
կենացդ
շրջան
եւ
այն
ինչ
կ»աւարտէր,
դու
Գալիլեայի
բարձունքնէն
կը
դիտէիր,
եւ
երբ
տեսար
քո
յառաջընթաց
ծառան
Յովհաննէս
յանապատէն
Յորդանան
կ՚իջնար`
ետեւէն
հասար.
քեզ
կ»սպասէր
Յորդանանու
յորձանաց
մէջ
բունեալ
հին
վիշապն,
որ
ֆշալով
զքզ
կլանել
կ»ուզէր.
դու
խոնարհ
ոտիւքդ
ջախջախեցիր
նորա
գլուխը
եւ
Յորդանանը
գրաւելով`
տիրեցիր
Ովկիանոսին։
Հին
սատան
թշնամին
փորձութեան
լեռան
գլուխ
զքեզ
գտաւ,
տեսաւ
թէ
ի
պահոց
ուժաթափ
եղեր
ես,
ասաց,
թէ
կարեմ
յաղթել`
կարծելով
թէ
դրախտի
տկար
Ադամն
ես։
Անդ
սուտ
խօսելով
խաբեց
թէ
Աստուած
կը
լինիք,
աստ
կը
խոստանար
աշխարհ
իւր
փառքով
զքեզ
շնորհ
տալ,
միայն
թէ
խոնարհիս
նորա
հպարտութեան
առաջ
երկիրպագանել։
Դու
անդէն
սաստեցիր
անբարտաւան
ոգւոյն,
որ
յետս
երթայ
կորնչի.
ուր
յառաջ
քան
զԳողգոթայի
խաչն`
առաջին
յաղթանակը`
փորձութեան
լեռան
վերայ
կանգնեցիր։
Հզօր
մարտադիր
Յիսուս,
Բեթլեհէմի
մօրէն,
Յորդանանու
եզերքէն,
փորձութեան
լեռնէն
աշխարհի
իշխան
իւր
ճակատամարտն`
քո
դէմն
սկսեց
Սատան։
Հերովդէս,
իշխանք
Հրէից
դպիրք,
փարիսեցիք,
օրինաց
վարդապետք,
քահանայապետք.
այս
ամէն
համախումբ
բանակ
կազմեցին,
դու
միայնակ
էիր.
երեք
տարի
շարունակ
կռուելով
հալածելով`
վարեցին
տարին
հասուցին
զքեզ
մինչեւ
Բեթելին
գլուխ.
ուր
քո
կեանքը
բարձին
անարգանաց
խաչով,
մահուան
գերեզմանին
մէջ
դրին,
ծանր
քարով
ծածկեցին
զլոյսդ
անծածկոյթ.
որպէս
զի
քո
ճշմարտութիւնը
քարին
տակը
ճնշեն։
Այլ
դու
իբրեւ
հզօր
երեք
օրէն
յետոյ
թափեցիր
մահուանդ
գինին
ու
բաժակը.
տեսաւ
զքեզ
Մահն
ու
սարսափեցաւ
եւ
թաւալեցաւ
ոտքիդ
տակ։
Յիսուս
փրկիչ
աշխարհի,
դու
լոյս
յաշխարհ
եկիր.
աշխարհ
եւ
խաւար
քո
դէմ
պատերազմ
ելաւ.
դու
կեանք
բերիր,
աշխարհ
մահ
գրկեց
ու
զինեցաւ
քո
դէմ.
դու
սուրբ
հոգի
շնչեցիր,
մարդիկ
մարմին
դարձան
ու
նուաճեցին
իշխանական
ոգին.
դու
Աւետարան
եւ
ազատութիւն
քարոզեցիր,
աշխարհ
եւ
իւր
բռնակալները
սխացան
քո
դէմ
եւ
դեռ
կը
սխան.
դու
սէր,
ընկերասիրութիւն
ուսուցիր,
աշխարհ
իւր
զրկիչներով
քո
աղքատ
որդիները
կը
հարստահարէ.
դու
երկնից
արքայութիւն
խոստացար,
աշխարհ
իւր
որդիները
կը
համոզէ.
թէ
ձեր
արքայութիւն,
ձեր
կեանք,
ձեր
վայելք
եւ
երջանկութիւնն
ես
եմ.
այս
աշխարհէն
զատ
ձեզ
համար
ուրիշ
աշխարհ
մի
չկայ։
Տէր,
դու
երկնքէն
իջար,
քո
մեծ
խորհուրդ
եւ
Հօր
կամքն
այն
էր,
որ
մարդիկ
երկինք
տանիս,
քո
Աւետարան
հրաւէր
կը
կարդայ
իւր
մտերիմ
որդիներուն.
թէ
«Դուք
այս
աշխարհէն
չէք»։
Իսկ
աշխարհասէր
ոգիները,
քեզ
չեն
հաւատար.
կարծելով
թէ`
քան
զայս
այլ
գերագոյն
աշխարհ
մի
չունիս,
եւ
քո
բան
այպանելով
կ»արհամարհեն
եւ
կը
խօսիս
այսպէս.
«Ո՛չ,
մեք
այս
աշխարհէն
ենք,
ու
մեր
կեանքը
աշխարհն
է.
երկնից
արքայութիւն,
հոգւոյ
անմահութիւն,
յաւերժական
փառք,
մեզ
համար
զառանցանք
է.
մենք
շնչաւոր
հող
ենք
ինչպէս
ամէն
կենդանիք.
պէտք
է
մեռնինք
ինչպէս
կը
մեռնին
անասունք.
մեր
վերջին
դադար
հողն
է.
մարդ
երկրէն
ելած
է,
յերկիր
պիտի
դառնայ
անդրէն.
զի
այս
է
միայն
մարդոյն
վախճանը
եւ
ուրիշ
ոչինչ.
թող
որչափ
կ»ուզէ
աղաղակէ
Պօղոս
թէ`
«Մեր
քաղաքականութիւն
յերկինս
է»։
Այո՛,
ձեր
ընդունայն
յոյս
ու
հաւատք
է,
թող
այնպէս
լինի
ձեզ
հետ
թէ
այդ
իսկ
է
երկրաքաշ
մարդոց
վախճանը.
դուք
աշխարհը
կը
սիրէք,
աշխահ
զձեզ
կը
սիրէ.
մեք
գիտենք
ի
սկզբանէ
անտի,
որ
աշխարհը
հաւատացեալները
կը
մերժէ
եւ
զձեզ
կը
գրկէ։
Գնացէք
ի
հող,
ձեր
կեանք,
ձեր
յոյս
մինչեւ
հոն
է.
դուք
ոչ
երկինք
եւ
ոչ
Աստուծոյ
ընտրեալներուն
հետ
բաժին
ունիք.
ձեր
վերջի
բաժին
հողն
ու
գերեզմանն
է.
ուր
միայն
պէտք
է
կարդացուին
ձեր
անուանք,
երկնից
ու
կենաց
դպրութեան
մէջ`
ձեր
յիշատակ
ջնջուած
է։
Տէր
իմ,
դու
երանի
տուիր,
որ
մարդիկ
չգայթակղին,
տեսնալով
աշխարհի
մէջ
քո
անօրինակ
կեանք։
Դու
գիտես
իսկ,
թէ
աշխարհի
զինակալաց
պէս
մեռցնելով
չյաղթեցիր,
այլ
մեռնելով.
քո
զէնքն
էր`
անարգանաց
խաչ,
արիւն
ու
մահ.
սորա
համար
իսկ
չհաւատալով
կը
խօսին.
«Եթէ
Յիսուս
ճշմարիտ
Աստուած
էր.
ուրեմն
նա
հզօր
էր
եւ
անմահ,
ո՛վ
կարող
է
հաւատալ`
թէ
հզօրն
այսչափ
նկուն
կը
դառնայ.
երկինքէն
մինչեւ
ի
գետին
կը
խոնարհի.
տիեզերաց
սանձ
կրող
զօրութիւնն,
խաչի
ծանրութեան
տակ
կ»հեծէ,
եւ
կամ
ապաշնորհ
մարդոյն
համար
կը
մեռնի՞
արարիչ
Աստուած։»
Վա՜շ
ձեր
ամօթահար
իմաստութեան,
յայտ
իսկ
է
ահա,
որ
Խաչի
ճառի
անհաս
խորհրդոյն
վերայ
դուք
կորուսեալքդ`
կը
յիմարանայք
եւ
յիմարները`
կ՚իմաստնանան
հաւատով.
դուք
խաչին
ճառը
ծաղր
եւ
անարգութիւն
կը
համարիք.
Պօղոս
զայն
Աստուծոյ
իմաստութիւն
եւ
զօրութիւն
կը
կոչէ
եւ
ինքն
եւս
Խաչի
ճառին
համար
հիանալով
կ»աղաղակէ.
«Ով
խորք
մեծութեան
Աստուծոյ,
որպէ՜սզի
անքննելի
են
գործք
նորա»։
Դաւիթն
եւս
թերեւս
ձեզ
համար
խօսեցաւ,
թէ
«Այր
անզգամ
զայս
ոչ
ծանիցէ
եւ
անմիտն
զայս
ոչ
առնու
ի
միտ»։
Իջէ՛ք
ձեր
հպարտութենէն
ո՛վ
դուք
աշխարհիս
մեծամիտներ,
ձեր
գիտութեան
մէջ
անմիտ
խորհուրդ
մի՛
լինիր.
տարէ՛ք
ձեր
հանճար,
ձեր
փիլիսոփայութիւնը
գրէք
խաչին
տակ
ու
հաւատացէք
թէ
Աստուծոյ
մեծ
խորհուրդը
հեռի
է
ձեր
թիւր
եւ
անձուկ
խորհուրդէն
ինչպէս
երկինք
երկրէն.
գիտցէ՛ք
Աստուած`
մարդոյն
խելքով
ու
խորհրդով
չի
գործեր,
եւ
դուք
ո՞ւր
էիք
մինչ
նա
երկրիս
հիմունք
կը
դնէր.
դուք
զայն
ձեզ
խորհրդակի՞ց
կը
կարծէք,
դուք
նոր
Պղատոններ,
զԱստուած
ձեր
գիտութեանց
ճեմարանին
կաճառո՞րդ
կը
համարիք։
Ես
գիտութիւն
չեմ
մերժեր.
եւ
կը
մերժեմ
երբ
մարդիկ
առանց
Աստուծոյ,
առանց
եարկիւղի
իմաստասիրել
կ»ուզեն,
ուկը
պարծին
յանձինս։
Ո՞վ
են
այդ
պանծացող
գիտունք,
խորին
փիլիսոփայք.
որ
Կաթուղիկէ
եկեղեցւոյ
գմբէթին
բարձրութիւն,
Մկրտարան
աւազանին
խորհուրդ
եւ
խորութիւն,
նոր
Սիօնի
տիեզերական
տաճարին
լայնութիւն
եւ
երկայնութիւն`
չգիտեն
ու
չկամին
չափել,
կաթիլ
մի
ջրով
դուզնաքեայ
գիտութեան,
մոլորեալք
զմոլորակս
կը
հետազօտեն.
երանի՜
թէ
միայն
զԱստուած
գտնէին
տեսնելով
նորա
մատանց
հրաշարուեստ
գործքերը։
Առէք
միանգամ
դուք
հաւատոյ
կարկին
ձեր
ձեռք
գնացէք
յԵրուսաղէմ,
կացէք
Սիօնի
լեռան
վերայ.
դուք
համայն
աշխարհագունդ
չափեցիք,
ծովն
ու
ցամաք
չափեցիք.
չափեցէքնաեւ
մարդացեալ
Աստուածորդւոյն
սիրոյն
եւ
խոնարհութեան
Բեթլեհէմի
այրին
մսուրը.
չափեցէք
անտի
մինչեւ
Գողգոթայի
գլուխ.
պարզ
եւ
ուղիղ
մտօք
չափեցէք
եւ
կը
գտնէք
յայնժամ
խաչի
ճառին
եւ
Յիսուսի
փրկութեան
անսահման
ասպարէզը.
որ
այն
ինքն
է
Ճանապարհ,
Ճշմարտութիւն
եւ
Կեանք։
Ես
չգիտեմ,
թէ
Յիսուսէն,
խաչէն
եւ
ճառէն`
ինչո՞ւ
համար
կը
խուսափիք.
միթէ
կը
կարծէ՞ք
թէ
խաչին
ճառը`
չարչարանք
եւ
թշուառութիւնը
բերաւ
այս
աշխարհը։
Ո՛չ,
ո՛չ,
մի՜
զրպարտէք,
Մովսէս
իւր
օրէնքով,
Յիսուս
իւր
Աւետարանով
թշուառութիւնը
չբերին
աշխարհ.
այլ
նոքա
կեանք
եւ
երջանկութիւն
բերին։
Յիշեցէք
դուք,
ապուշ
մի՛
լինիք.
չիշեցէ՞ք,
մի՛
մոռնայք
ձեր
նախնի
կռամոլութեան
վիճակը։
Դուք
ի՞նչ
էիք
հազար
ութ
հարիւր
տարի
առաջ,
կարդացէք
ձեր
հեթանոսական
պատմութիւնը
եւ
ամաչեցէք.
համեմատեցէք
անցեալ
կեանք
այժմոյս
հետը,
եւ
պիտի
տեսնաք
թ
քրիստոնէութիւն
եւ
Խաչին
ճառը
միայն
այս
աշխարհ
յեղաշրջեց
ի
լաւագոյն
կեանս։
Ապա
թէ
ոչ`
Հնդիկք
եւ
Չինացիք
քան
զձեզ
երջանիկ
են,
եւ
դուք
այսօր
թշուառ
կը
համարիք
զիրենք։
Անհաւան,
ապերախտ
մի
լինիք,
դուք
այսօր
ի
շնորհս
խաչին
երջանկութիւն
կը
վայելէք
եւ
Յակովբայ
ապաշնորհ
որդւոց
պէս
գիանալով`
կ»անգուշ՞ք
սիրելի
Խաչեալը.
դուք
տակաւին
կամակորելով
կը
թերահաւատիք
եւ
գիտութեամբ
կը
մեղանչէք,
ու
ճանչնալ
չէք
ուզեր
Աւետարանին
եւ
խաչին
մեծագործութիւնը։
Աւետարան,
սէր
եւ
հոգի
շնչեց,
մեռած
աշխարհ
կենդանացաւ.
Աւետարան,
ազատութիւն
աւետեց,
բըռնակալաց
բազուկներ
թուլցան,
ստրկացած
ոգիները`
գերութեան
շղթան
թօթափեցին։
Ո՛վ
ասաց
ձեզ
թէ
թշուառութիւն
բերաւ
աշխարհ.
թշուառութիւնը`
Խաչի
ծառի
պտուղ
չէ,
երկնիք
արգասիք
չէ.
զի
երկինք
բարութեան
անձրեւ
եւ
արեւ
կը
ծագէ.
թշուառութիւն`
չար
մարդոց
սրտին
արգասիքն
է.
ինչպէս
բարին`
բարի
մարդոց
սրտին.
ասաց
Քրիստոս։
Լռեցէք,
այլ
եւս
մի՛
խօսիք,
խաչին
խորհուրդը
անհաս
է,
մտքով
մի՛
շօշափէք,
խաչն`
թշուառացեալ
մարդկութեան
երջանկութիւն
բերաւ,
խաչն
եւ
Տէր`
աշխարհի
յաղթեցին,
դուք
ի՞նչ
կ»ընէք,
դեռ
տաժանելով
կ»աշխատիք,
խաչին
ճառը
ձեր
գիտութեանց
սրահներուն
մէ՞ջ
սորվիլ
կ»ուզէք։
Ո՛չ,
խաչին
ճառին
անշուք
ճեմարանը`
այդ
հոյակապ
շէնքեր,
թանգարաններ
չեն,
այլ
Պաղեստինու
դաշտ,
Սիօնի
վերնատուն,
Գողգոթայի
բարձրագագաթ,
Աստուծոյ
քաղաք,
Եկեղեցին,
տանիքներու
վերայ,
աշխարհի
հրապարակն
է։
Դասախօս
վարժապետները
Պղատոն,
Արիստոտէլ
չեն,
հապա
Յիսուս
է.
եւ
նորա
պաշտօնեայք`
հոգեխօս
Առաքեալներն
են,
որոց
բարբառ
եւ
խօսք
հասաւ
մինչեւ
Ովկիանու
ծայր։
Խաչին
բարձրախօս
ճառը
լսեց
բովանդակ
աշխարհ,
դուք
ձեր
յամառութեամբ
կը
համրանայք
եւ
խու՞լ
կը
լինիք.
խաչին
զօրութեան
գաւազանը
մարդոց
ամեհի
սիրտերը
անբռնադատ
նուաճեց.
դուք
դեռ
չէ՛ք
հաւատար,
չէ՛ք
զարմանար։
Յիսուս`
աշխարհակալ
բռնաւորաց
պէս
երկաթի
ջախջախիչ
զէնքով
չտիրեց
եւ
չճնշեց
ազատ
ժողովուրդը։
Նա
յետ
խաչին
եւ
մահուան`
առաւել
եւս
մեծագործեց,
մինչդեռ
հին
Աղէքսանդր
եւ
նոյն
Նաբօլէօն
մեռնելէն
յետոյ
իրենց
ամէն
խորհուրդ
եւ
յաղթական
զէնքերը
հետ
իրենց
ի
գերեզման
տարին։
Այլ
Յիսուս
մեռաւ
եւ
յարեաւ.
կարճեցէք
ձեր
ձեռք,
նորա
գերեզման
մի՛
կրկտէք.
Յիսուս
կենդանի
է
եւ
կը
գործէ։
Նա
երեք
տարի
իւր
յայտնութեան
մէջ
գործեց,
գերեզմանէն
գործեց
եւ
երկնքէն
Հօր
աջ
կողմ
նստած
դեռ
կը
գործէ.
միայն
քանի
մի
անզէն
անթոշակ
գինուորներով
աշխարհի
կայսրութիւնները
խոնարհեցոյց.
խուժադուժ
ազգ
եւ
աղինք
Աւետարանի
քաղցր
լծոյն
տակ
դրին
իրենց
բեռնաւորուած
պարանոց.
Աթէնքի
բարձունքէն
յերկիր
կործանեցան
Արամազդայ
եւ
Աթենասայ
տաճարները.
անդ
էր
Պօղոս
սերմնաքաղ
մշակ,
որ
խլեց
քանդեց
կռամոլութեան
խոր
արմատը,
հիմնեց
եկեղեցին
ու
բարձրացուց
Աստուծոյ
սուրբ
քաղաքը։
Դուք
ի՞նչ
կը
կամիք,
վերականգնե՞լ
կ»ուզէք
անդրէն
հին
ամբարշտութեան
տաճարներ
եւ
եկեղեցին
յատակե՞լ։
Ի
բաց
կացէք,
ձեռն
մի՛
մխէք,
ի
զուր
մի՛
ձգտիք.
եկեղեցւոյ
հիմն
երկինքն
է,
անվանելի
վէմն
Յիսուս
է.
խիստ
է,
մի՛
զարնուիք.
վէմն
զձեզ
ջախջախելով
կը
փշրէ
ինչպէս
փշրեց
Ներոն,
Յուլիանոս
եւ
եկեղեցւոյ
բոլոր
ոխերիմ
հալածիչները։
Ես
գիտեմ
ձեր
հալածանքը
այլօրինակ
է.
դուք
եկեղեցւոյ
գառները
սրով
չէք
մորթեր,
գրչով
կը
խողխողէք.
դուք
Աստուծոյ
արքայութեան
փոքրիկ
մանուկներուն
գայթակղութիւն
կուտաք
եւ
զանոնք
յիմար
կ»անուանէք։
Պարծեցէք
ձեր
յիմարութեան
վրայ,
ո՛վ
աղաւնանման
միամիտ
հաւատացեալներ,
պարծեցէք
դուք,
մի՛
վշտանայք,
թող
զձեզ
կատակէ
ու
ծաղրէ
գիտութեան
կաճառն։
Դուք
միայն
ուշ
դիք
հոգեճառ
խրատուն,
թէ`
«Ամենայն
պարզամիտ
անձն
օրհնեալ
է
ի
տեառնէ»։
Պարծեցէ՛ք,
դուք
հաւատով
իմաստուն
էք,
դուք
իսկ
հոգւով
աղքատներն
էք,
ձեր
հարստութեան
ժառանգութիւն
եւ
ձեր
քաղաքականութիւնը
երկինքն
է։
Սուրբ
Պօղոս
կ»երաշխաւորէ
ձեր
վարձուց
եւ
անճառ
փառաց
հատուցման
համար։
Ակնկալեցէք
փրկչին,
պահեցէք
հաւատք,
հայեցէք
ի
վեր,
Յիսուս,
զօրագլուխն
հաւատոյ`
ձեզ
խրախոյս
կը
կարդայ,
զօրացէք
եւ
յաղթեցէք
աշխարհի,
նա
խոստացեր
է
տալ
ձեզ
թագուցեալ
մանանայէն,
նոր
արքայութիւն,
նոր
կեանք,
նոր
գինի,
նոր
խրախճան
եւ
անճառ
խնդութիւն։
Տէ՛ր,
անոխակալ,
քո
սիրտ
մարդոց
սիրտ
չէ,
դու
երբ
ապաշնորհ
ծառաներն
էլ
սիրես,
ո՛վ
դատախազ
կը
լինի
քեզ
ամենիշխան
ատենիդ
առաջ։
Տէր,
դու
մարդասէր
ես,
ստահակ
եւ
ստամբակ
որդիներն
եւս
քոյդ
են,
եկեղեցին
կ»աղօթէ
միշտ
առ
քեզ.
շնորհ
տուր
նոցա,
որ
քո
սէր,
քո
մարդեղութիւն,
քո
խոնարհութեան
ճանապարհ,
քո
Խաչի
ճառի
մեծ
խորհուրդը,
քո
լուսով
ճանչնան,
ընդունին
եւ
հաւատան
քեզ,
Տէր։