ՅԻՍՈՒՍ
ԱՆՕԳՆԱԿԱՆ
ԹՈՂԵԱԼ
Եւ
դու
զմայրդ
կը
թողուս,
Յիսո՛ւս,
որ
քո
սիրովդ
սիրտն
ի
խարոյկ
կը
տոչորի,
մեծաձայն
կաղաղակես
առ
հայրդ.
«Աստուած
իմ,
Աստուած
իմ,
ընդէ՞ր
թողեր
զիս»։
Ի՞նչ
կը
խօսիս,
ինքնազօր
Տէր,
իբրեւ
անօգնական
մա՞րդ
կը
պաղատիս.
Աստուած
ես,
Աստուածորդի
ես,
զԱստուած
քեզ
օգնակա՞ն
կը
կանչես։
Ընթրեաց
երեկուն
կասէիր,
«Ես
չեմ
միայն,
զի
Հայր
ընդիս
է».
եւ
այժմ
զքեզ
թողո՞ւց։
Մարդ
կը
վարանի
եւ
կը
գայթակղի
երբ
խաչիդ
ճառը
մտքով
եւ
եթ
ըմբռնել
ուզէ։
Ի՞նչ
է
այս
քո
խորին
խորհուրդ,
որ
մեծութեան
եւ
նուաստութեան
մէջ,
զօրութեան
եւ
տկարութեան
մէջ
կը
տարուբերիս։
Մերթ
մինչեւ
Սինային
գլուխ
բարձրանալով`
իբրեւ
մրրկալից
ամպ
կայծակունս
կը
փայլատակես.
եւ
խարազան
ձեռքդ
առնելով
տաճարին
գողերը
կը
հարուածես.
մերթ
եւս
այնչափ
կը
խոնարհիս,
այնչափ
կը
նուաստանաս,
մինչեւ
մարդոյն
մեծամիտ
ոգին
այլ
եւս
չի
հաւատար,
թէ
Աստուած
կը
խոնարհի
մինչեւ
մահապարտից
կառափնատեղ։
Ո՛վ
ես
դու,
որ
ելեր
ես
բարձր
վիմին
վերայ,
հոգւոյդ
աչքով
կը
նայիս
դէպ
ի
խաչին
տեսարան։
Ի՞նչ
կը
տեսնաս,
Ամբակում,
ի
Բեթլեհէմի
մսուր,
եզին
եւ
իշոյն
մէջ
յայտնեալ
Բանն`
այժմ
կերեւի
քեզ
երկու
չարագործ
աւազակաց
մէջ
մահապարտից
փայտէն
մերկ
կախուած,
փառաւորեալն
Աստուած
մատնեալ
ի
խաչ
եւ
յանարգութիւն,
ո՜վ,
կը
հիանաս
եւ
կաղաղակես.
«Տէր,
զլուր
քո
լուայ
եւ
երկրեայ,
նայեցայ
ի
գործս
քո
եւ
զարհուրեցայ։»
Դու
հազար
տարի
յառաջ
խաչին
ստուերագիծ
միայն
տեսնալով
կը
զարհուրի՞ս,
Մարգարէ,
մարդացեալ
Աստուածորդւոյն
հիանալի
մեծագործութիւնը
այդ
չէ
միայն,
դեռ
խաչէն
իջնալով
ի
գերեզման
պիտի
երթայ։
Դու
եւս
շատ
մի
կենար
ի
վիմիդ,
շուտ
իջիր
ի
վայր,
թո՛ղ
խաչին
տեսարանը,
գնա՜
ճաշդ
տար
ի
Բաբիլոն.
քան
զայդ
աւելի
մի
ջանար
խորհրդազգաց
լինել,
զի
ճառ
խաչին
եւ
խորհուրդը`
մեր
գիտութենէն
ծածկեալ
է։
Արեւն
ի
միջօրէի
կէտը
հասաւ,
ո՛վ
դու
լոյսդ
եւ
արեւդ
փառաց,
ասա
քո
վերջին
բան.
«Ամենայն
ինչ
կատարեալ
է»,
եւ
աւանդէ
հոգիդ.
եւ
ահաւասիկ
արեգակն
խաւարեցաւ,
խոր
գիշերով
պատեց
բովանդակ
աշխարհը,
ապիրատ
Սաղիմ
իւր
երեսը
դարձուց,
որ
չտեսնայ
խաչին
վերայ
իւր
Արարիչը`
ի
մահ
դատապարտեալ։
Խաչեալդ
իմ
Տէր,
մինչողջ
էիր
դու,
զարմանազան
սքանչելեօքդ
Իսրայէլի
աշխարհը
լցիր
եւ
արդ
ի
մահուդ
եւս
սքանչելի՞ս
կը
գործես։
Դեռ
ի
գերեզման
չգնացիր,
հազարաւոր
ամաց
մեռեալները
գերեզմաններէն
յարութիւն
կառնեն։
Տաճարին
վարագոյր
վերուստ
ի
վայր
կը
ցելու,
Հոգին
ի
տաճարէն
կ»երթայ,
Ահարոնեան
քահանայութիւնը
կը
դադրի,
մեծ
Քահանայապետիդ
խաչին
վերայ
միանգամ
մատուցեալ
զոհ
կը
մշտնջենաւորէ.
եւ
զայս
ամէն
գործելով
ցոյց
կուտաս
ուրեմն,
թէ
ի
մահուդ`
կենդանի
Աստուած
ես
եւ
քո
մահ`
մեռելոց
համար
անմահութիւն
է։
Զվէմդ
անարգեցին
շինողք,
սորա
համար
ահա
Սիօնի
լեռան
ապառաժ
վէմերը
մեծ
ճայթումով
կը
պատառին.
անպարտ
մահուդ
համար
քարերն
անգամ
չհանդուրժելով
աղաղակեցին.
խուլ
եւ
համր
Յակովբայ
որդիները
համրեցան
ու
չլսեցին։
Կեղծաւոր
ու
նախանձաւոր
դպիրք
եւ
փարիսեցիք,
որ
հին
Տաճարին
իբրեւ
շինողք
կը
համարուէին
եւ
որ
Մովսիսի
յաթոռ
կը
բազմէին,
նոքա
զքեզ
անարգելով
անարգեցին.
երբէք
չիմացան
խելակորոյս
ոգիները,
թէ
դու
ես
միակ
հին
ու
նոր
Սիօնին
ընտրելագոյն
եւ
միացուցիչ
վէմն
անկեան։
Սաբեկայ
խաչի
ծառէն
կախուած,
ո՛վ
ճշմարիտ
զոհ,
քանի՞
անուշահոտ
է
ծուխդ
որ
կը
ծաւալի
եւ
կը
ծառանայ
դէպ
երկինքը.
աշխարհ
բովանդակ
զոհիդ
փրկութեան
հոտով
լցաւ։
Եւ
ահա
քո
Հայց
Աստուած
Երկինքէն
իջեր
է
Գողգոթային
գլուխը,
հրեշտակները
ու
մարդիկ
խաչիդ
սանդուղէն
ելեւէջ
կառնեն,
հաշտութեան
նշան
ուխտին
կամար
կապեր
է
մէկ
ծայրն
յԱստուած,
միւսն
ի
մարդիկ,
երկինք
եւ
երկիրը
ի
հաշտութիւն
կը
կապէ։
Եւ
այսպէս
կը
լրանայ
եւ
կաւարտի,
Տէ՛ր,
փրկաւէտ
զոհիդ
մեծահրաշ
խորհուրդ։