Յիսուսի վերջին շաբաթ եւ Խաչի ճառ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
ՆԻՒԹԱՊԱՇՏՔ ՆԱԽԱԽՆԱՄՈՒԹԵԱՆ ԴԷՄ
      
       Լու՛ր երկին եւ ունկնդի՛ր, երկիր. Մարգարէին պէս ես էլ բողոք կը բառնամ, ըզձեզ ի հանդէս կը կոչեմ. տեսէք ու զարմացէք. մարդիկ Աստուծոյ դէմ մարտ կը մղեն, մարդիկ երկնից դէմ նետ կ»արձակեն. այս մեր հողագնդի գաճաճներ, գերեզմանի որդերը, գլուխ ամբարձեալ կ»ապստամբին եւ կ»ապեախտին բարերար Արարչին դէմ, եւ չեն ամաչեր, երբ եզն իւր ստացիչը կը ճանչնայ եւ էշը իւր տիրոջ մսուր։
       Ամենակալ հզօր Աստուած, դու կը հայիս ու կը տեսնա՞ս. ո՛վ են այդ ապիրատ անզգամներ, որ զքեզ եւ քո նախախնամութիւնը կ»ուրանան եւ կը խօսին եւ կը գրեն այսպէս. թէ «Այս աշխարհին վերայ քո արեւ չի ծագիր, քո անձրեւ չի ցօղեր, քո աչքը չի հսկեր եւ ոչ ոք այցելու ոտքը կը շրջի. մարդիկ առանց քեզ կ»ապրին. առանց երեսիդ` լոյս կը տեսնան, առանց անձրեւիդ` հաց կ»ուտեն, եւ առանց քո զօրութեան կ՚իշխեն. թագաւորները գահերուն վերայ կը բարձրանան եւ առանց քո ակնարկութեան կը յաղթեն կամ կ»ընկճին. չկայ գերագոյն աթոռ մի, որ կը վարէ զաշխարհ, այլ ամենայն ինչ բնութեան ինքնավար օրինաց դիպուած է. երջանկութիւն, թշուառութիւն, իշխանութիւն, զօրութիւն, յաղթութիւն, պարտութիւն, կեանքն եւ մահ։»
       Այսպէս է, բարձրեալ Տէր, ուրեմն, դու չե՞ս որ զբնութիւն եւ զօրէնս ի միասին կը վարես. միթէ առանց քո ձեռին բնութիւն իւր օրէնքով ինքնին կը վարէ։ Մեք կը տեսնամք, որ աշխարհիս կարգ եւ օրէնք առանց մարդոց չեն վարիր. եւ եթէ կայ մարդ, կան թագաւորք, կան իշխանք, կան օրէնսգիրք, որ այս փոքրիկ աշխարհագունդ կը կառավարեն, դու չե՞ս ու չկա՞ս ամենիշխան Տէր, որ տիեզերքին արարիչ եւ օրէնսդիրն ես. եւ զայն կը վարես քո անհուն իմաստութեամբդ։ Մարդիկ զքեզ չեն տեսնար, եւ կը կարծեն թէ դու չկաս, եւ միթէ իրաւունք ունի՞ ոտքիս տակի մրջիւն երբ չի տեսնար զիս, նա կարծէ թէ ես չկամ որ կը կոխեմ ու ճմլեմ զինքն։ Մարդի՛կ, ես կը ճանաչեմ զձեզ, դուք չքոտի մրջիւն չէք. դուք հանճար ունիք, ձեր կոչումն բարձր է, բայց ի՞նչ էք դուք անհուն անսահման էութեան առաջ. դուք թողլով հաւատքը` աչքով տեսնիլ կ»ուզէք զայն։
       Տէր, քո պետական աթոռը երկինքն է, ուր առաջի կայ դարանակալ իմաստութիւնդ. Սողոմոն քեզ համար ասաց թէ, Թագաւորք քեզմով կը թագաւորեն, եւ դու ես միայն ահաւոր Աստուած, որ կը քաղես զոգիս բռնաւորաց, եւ քո փառաց վրէժխնդիր ես. զայն ոչ Աղեքսանդրին կուտաս, ոչ Կեսարին եւ ոչ Բաբիլօնի հպարտին. որ արքայական տանեաց վերայ ճեմելով ոգին կը բարձրանար ու կը խօսէր` «Ես կանգնեցի Բաբիլօն, ես աշխարհին տէրն եմ։»
       Դու զայս տեսար ու լսեցիր, Տէ՛ր, եւ որչա՞փ շուտ եւ արագ վճռեցիր բարձրամտին դատաստանը, երկնից բարձրութենէն նայեցար նետահարեցիր Բաբիլոնիտի հպարտացող գոռոզը. հզօր գաւազանէն, արքայական գահէն եւ ի պատուոյ մարդոյն գրկելով` հրամայեցիր որ երթայ արջառներուն հետ խոտ ճարակէ, մինչեւ ճանչնայ բարձրելոյն իշխանութիւնը. թէ դու ես միայն միահեծան Տէր, որ աշխարհիս գահերը ոտքիդ տակ դրած ես եւ երբ երկնից դէմ եղջիւր ածեն` դու զայն ոտնահարելով յանդունդս կը գլորես։
       Տէր, թող խօսին քեզ համար` թէ դու չես, որ ամբարտաւանից հատուցումն կը վճարես քո արդար կշռով. եթէ դուչես, հապա ո՛վ էր այն, որ քո օծեալ Կիւրոսին աջ ձեռք բռնելով` առաջնորդեց տարաւ մինչեւ ի Բաբիլոն. ուր ջախջախել տուաւ այն արբշիռ բռնաւորին գլուխը, որ յանդգներ էր քո սուրբ տաճարին սպասները պղծել, եւ քո արդարութեան թաթը յանկարծ երեւելով դահլիճի պատին երեսն` երեք բառով միայն չափեց ու կնքեց անարժան թագակրին կեանքը, տեսաւ զայն եւ զարհուրեցաւ. իբրեւ հաւ մի սուրն ի վիզ թրթփաց ոտքիդ տակ ու մեռաւ սեղանակապուտ ամբարիշտն։
       Դու չէի՞ր դարձեալ, որ նոյն Բաբելօնին վերայ արծուապէս իջար բռնեցիր զաշխարհասասան Աղէքսանդր, անդէն հանիր քաղեցիր նորա բռնաւոր շունչ եւ ոգին. որ Յունաստանէն մինչեւ ի Պարսս, ի Հնդիկ, ի Բաբիլօն աշխարհի պետութիւնները խորտակեց փշրեց երկաթի ժանիքներով. որուն ոտքը լայնածիր աշխարհս չափելէն յետոյ, եթէ չը մնար այլ եւս տեղի իւր արշաւանաց` թերեւս ժպրհէր մտաբերել մինչեւ երկինք արշաւել եւ որպէս զհին հպարտն այն ամպերուն վերայ դնել իւր աթոռը։
       Թողունք հին աշխարհակալաց հաշիւը եւ հատուցումն. դու չէի՞ր, որ նոյն իսկ մեր օրերը Ֆրանսիայի վերջի դիւցազնին յաղթական արշաւանաց քայլը յետս ընդդէմ մղելով տարիր փակեցիր սուրբ Հեղինէ անձուկ կղզւոյն մէջ. ուր նա եւս մեր յաղթող Արտաշիսին պէս հառաչեց. «Աւա՜ղ փառացս անցաւորի». եւ այն անպարտելի աննկուն ոգին լքաւ ու ճանչցաւ զինքն թէ յիրաւի՛ Ֆրանսայի բախտն էր երբեմն, պատերազմի փառք, այլ իբրեւ սոսկական զինուոր անմխիթար մեռաւ իւր միայնութեան մէջ։
       Վաթերլոյի դաշտին եւ սուրբ Հեղինէ կղզւոյն մէջ կալանաւոր Առիւին դատաստանը վճարելէն յետոյ` դարձար ի Սէտան տեսնալ նաւե փոքր կորիւնին դատաստանը։ Եւ ո՛վ էր այն, վերջի Նաբոլէոն, որ սուրն ի պարանոց ձգելով` ինքնին գնաց խոնարհեցաւ Գերմանիոյ յաղթականին առաջ. եւ դու արդար Աստուած, այսպէս չափեցիր ուխտադրուժ կայսեր հռչակեալ պանծացեալ քաղաքականութիւն, աշխարհ տեսաւ այս եւ զարմացաւ, թէ քո դատաստանին կշիռը արդարաչափ է։
       Աստուած ամենատես, մարդիկ այնպէս կը կարծեն թէ` աշխարհիս բան քեզմէ անտես է, եւ դու երկնից բարձրութենէն միայն իբրեւ զբօսանս կը հայիս երկրիս վերայ, պատերազմի դաշտաց վերայ. քեզ ոչ ինչ փոյթ չէ թէ մարդկութեան ծաղկահասակ նորատունկ ազնիւ սերունդ, անագորոյն հրազինաց բերան անխնայ կը մաշին, մարդիկ բանաւոր քո պատկերակից` ամսո՜ս իբրեւ անպիտան խոտ միահամուռ կը հնձուին, զորս դու մի մի կ»ստեղծես, շունչ եւ կեանք կը բաշխես. եւ քո բարեխնամ կամքն է, որ մարդիկ, ողջ մնան, մարդիկ բարգաւաճին, ո՜հ, մարդիկ զիրեար կ»սպառեն սրակոտոր մահով։
       Իսկ դուք ո՛վ էք, որ այս ամեն, Աստուծոյ արդարութեան չափերը` դիպուած կը համարիք, եւ տիեզերաց, գոյութեան համայն հրաշալիքները` բնութեան կը վերածէք. ես չգիտեմ թէ ձեր այդ պաշտած բնութեան անունը ի՞նչ է, դուք զայն գերագոյն էակ եւ ճարտարապե՞տ կը ճանչնաք, արարուածն Արարչին տեղը դնելով. եւ պատճառն ի՞նչ է, զի դուք արարուած բնութիւնը կը տեսնաք, որ ձեր ոտքի տակն է ու կը շօշափէք զայն, իսկ Արարիչը չէք տեսնա, արդեօք վասն ա՞յն կ»երկբայիք. եւ այս իսկ զարմանալի է, երբ դուք կը հաւատաք թէ եգիպտոսի չորս հազար տարուան հնութեան բուրգերը մարդոց ձեռք բարձրացուցեր են, ընդէ՞ր ապա կը դժուարիք հաւատալ թէ Մասիսի եւ Հիմալայի լերանց բարձրութիւն յօրինող բնութեան ճարտարապետն է եւ մեք նորա անունն` Աստուած կը կոչեմք։
       Ինչո՞ւ կը զարհուրիք եւ խոյս կ»ուտաք այս ահաւոր անունէն, որուն յիմար հեթանոսք յուսալով փրկուեցան եւ դուք կարծեցեալ իմաստունք, դեռ կը դեգերիք երկմտութեան մէջ. դուք Սուրբ գիրքը Հրէից ազգին հնարած առասպել կը համարիք, եւ նորա Աստուածապաշտ հաւատացեալները նախապաշարուած տգէտ կը կոչէք եւ միթէ ձեր այդ դատաստանը` հին եւ նոր պաշարուած մտօք չէ՞։ Բայց թողէք որ շօշափեմ ձեր ոգին, ձեր միտքը ու նպատակը։
       35 կէլի - Հայրիկ քտս՞բբգւնեպ կընց. ։թգաց
       Տէր, դու կը տեսնաս եւ ես ականջովս լսեցի այսպիսի մարդոց անուղղայ դատաստանը, որք կը խօսին եւ կը գրեն. թէ քանի որ մարդիկ զԱստուած կը կոչեն, քանի՛ որ մարդիկ զայն հոգւով կը պաշտեն, քանի որ կրօնք, հաւատք կայ, քանի որ մարդիկ կրօնից պաշտօնեաներուն կ»անսան, քանի որ հանդերձեալ անմահութեան յուսով կը խայտան, աշխարհիս ընկերահաշտական խաղաղութիւն եւ շինութիւն անհնարին է։
       Ասացէ՛ք ուրեմն ի՞նչպէս պէտք է լինի, աշխարհ եւ մարդիկ անտերունջ անաստուա՞ծ մնան, բարձուի՞ն իսպառ այդ յաւիտենական գաղափարները եւ աստուծոյ տիրող անունն` աշխարհէն. բարձուի՞ն կրօնք հաւատք մարդոց խղճէն ու սրտէն, բարձուի՞ն յոյս եւ ակնկալութիւն երկնից արքայութեան փարքէն. եւ մարդոց յոյս մինչեւ ի գերեզման տանել եւ անմահութիւն մեռուցանել մարդոյն հետ թաղե՞լ։
       Ահա ձեր միտք եւ խորհուրդը այս է, դուք այնպէս կը կարծէք, թէ երբ հաւատքը կործանի, աշխարհ կը շինուի եւ յայնժամ միայն երջանկութիւն կը թագաւորէ։
       Ես գիտեմ, եւ դուք եւս գիտէք, ձեր այս խորհուրդ սիրտ եւ նպատակ նոր չէ. շատ հին է, կը ճանաչեմ զձեզ, դուք այն երկրաքարշ մարդոց վերջին որդիներն էք, որոց նկարագիրն ճշգրտապէս կը հանէ մեծն Սողոմոն. դուք եւս ձեր անհաւատ հարց նման կը քարոզէք ու կ»ասէք. «Արդ եկա՛յք վայելեսցուք ի բարութիւնս որ կան, եւ վարեսցուք արարածովքս զբազմեալք իբրեւ ի մանկութեան, պէս պէս գինեօք եւ անոյշ իւղովք լցցուք, բոլորիւք վարդից պսակեսցուք մինչեւ թառամեալ իցեն... զի անցք ստուերի են կեանք մեր եւ չիք խափան ի վախճանի մարդոց եւ այլն։»
       Ահաւասիկ այս է, ձեր թիւր խորհուրդ եւ ապաշնորհ բան, արարածոց բարութիւնները վայելել ցյագ եւ Արարիչը չճանչնալ, գինին խմել առանց գոհութեան եւ այգւոյ տէր եւ մատռուակն արհամարհել, անոյշ ծաղկէիւղովք օծնիլ եւ ծաղկանց զարդարիչը չփառաւորել. մարդոյն յոյս եւ բաժին միայն աշխարհիս վայելք դնել եւ չհաւատալ թէ գո՛յ անմահութիւն, գոյ այլ եւս բաժին մարդոյ յերկինս, մարդն անեղծ է. զի Աստուած զայն յանեղծութիւն հաստատեաց, մարդն Աստուծոյ պատկերակից է, պէտք է իւր սկզբնատպին պէս անմահ մնայ, դուք մի աշխատիք չքացնել զայն եւ մարդոց հոգեկան կեանքը` անասնոց հաւասարիլ։
       Ուրեմն թողէք, որ նոյն Սողոմոնին պէս պարսաւանս դնեմ ձեր սիրտ, ընդունայն է ձեր վայելից յոյս, անարգ կաւ է ձեր կեանք, երբ անաստուած եւ առանց նախախնամութեան կ»ապրիք. եւ դուք իսկ էք երկնից Հօր այն չար ու ապաշնորհ զաւակներն, որոց վերայ նա իւր անհուն սիրվ կ»ածէ իւր անձրեւ եւ կը ծագէ իր համատարած արեւը։
       Դաւիթ կը խրատէ, որ ձեզ չը նախանձեմ, զի դւք խոտի նման պիտի ցամքիք վաղվաղակի, այդպէս ձեր թերահաւատութեամբ ապրեցէք ու մեռէք, ձեր յոյս, ձեր կեանքը թող միայն գերեզմանին մէջ դադարի. անդր մի՛ անցանէք, ձեզ համար կեանք չիկայ, ձեր կարճատեւ հաւատք մինչեւ ի հողն է. եւ դուք պէտք է ծածկուիք գերեզմանական ստուերին տակ, լոյս եւ անմահութիւն չտեսնաք. ձեր գայթակղութիւն կը մտնայ աշխարհիս վերայ, եւ դուք իշոյ երկայնաքարովմի կը խորասուզուիք յանդունդս։ Այլ, դու ո՛վ մարդասէր Հծեան յոտ րասուզուիք յանդունդս. այն իսկ է միայն ձեր բաժին ու վիճակ։
       Այլ դու, ո՛վ մարդասէր Հոգի Աստուած, դու հանճար եւ գիտութիւն տուիր մարդոյն, որ մարդիկ զքեզ գտնեն. մարդիկ ի խնդրելն զքեզ` կը կորուսանեն. եւ դու ու՞ր կը ծածկուիս, ամենուրեք զօրութիւն, երկնից աստեղատան եւ տիեզերքին մէջ չե՞ս. զի տիեզերք քո մէջն է։ Այո՛, անհուն ես, անպարունակ ես. նիւթն զքեզ կարող չէ բովանդակել, եւ տիեզերք քո անբաւութեան մէջ միայն մի նշանախեց կէտ մի է եւ դու մի շնչով կարող ես տապալել զայն. ինչպէս մի շնչով յոշնչէ ի գոյ ածեր։
       Եւ դու, ո՛վ երկնից Ամենահայեաց աչք, դու կը տեսնաս եւ կը դիտես մոլորամիտ մարդոց անել ճանապարհ, որ կը տքնին չարաչար զքեզ աշխարհի գիտութեան մէջ գտնել, առ ոչինչ համարելով քո լոյս, քո յայտնութիւն, քո շնորհ։ Տէր ոգեսէր, խնայէ քո վաստակեալ ծառաներուն, քո վճիտ սուրբ լոյսը` ճառագայթէ նոցա փակեալ աչքերուն, ինչպէս կը պաղատէր Դաւիթ. որ միայն հաւատով զքեզ գտնեն եւ անհաւատութեամբ չը ննջեն ի մահ։