Յիսուսի վերջին շաբաթ եւ Խաչի ճառ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
ՅՈՐԴՈՐ ԱՌ ԻՄ ՊԱՇՏՕՆԱԿԻՑ ԵՂԲԱՐՍ ԵՒ ԽԱՉԱԿԻՐ ՈՒԽՏՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ
      
       ՅԻՍՈՒՍԻ ԽԱՉԻՆ ՃԱՌԸ Ձեզ համար գրեցի եւ Ձեզ կը նուիրեմ, ո՛վ Խաչին զինուորներ, Աւետարանի պաշտօնեաներ, կենաց բան քարոզողներ եւ Քրիստոսի հօտին հովիւներ. դուք եթէ սիրով կը գրկէք Յիսուսի խաչը եւ ախորժանօք կ»ընթեռնուք իմ Խաչին ճառը. օ՛ն ուրեմն, հոգւով հետ ինձ եկէք, երթանք ելնենք Սիօնի վերնատուն. ուր Աւետարանին ուսուցիչ երկնից Վարդապետն կը խոնարհի մինչեւ աշակերտաց ոտքը, կենդանի եւ գործնական օրինակ կ»աւանդէ մեզ եւ կ»ասէ. «Օրինակ մի ետու ձեզ. զի եւ դուք զնոյն առնիջիք»։
       Ո՜հ, քանի՞ մեղապարտ եմք այս օրինակին առաջ երբ կը բարձրամտիմք, երբ փառասիրութեան ախտով կ»ախտանամք. թողումք Յիսուսին չափ խոնարհիլ եւ ընկերին ոտքը լուանալ` մեք զմեր ընկեր կ»ոտնահարեմք եւ կը ջանամք տիրելով ստրկացուցանել Աւետարանի ազատ պաշտօնեաները։
       Մտիկ արէք, ո՛վ դուք, սէր քարոզող վարդապետներ, Սէրն, զսէր կ»աւանդէ, երկնախօս վարժապետ սիրոյ դասեր կ»ուսուցանէ. եւ քանի՞ խնամով կը կրկնէ. «Այս է պատուէրն իմ զի սիեսջիք զմիմեանս»։
       Աւա՜ղ մեզ, ուշամոռաց եղանք. հազա ութ հարիւր տարի է այս դասերն Աւետարանը մեզ կ»աւանդէ. եւ մեք կը կարդամք ժողովուրդին. տակաւին ոչ մեք սորվեցանք` ոչ ժողովուրդ հասկցաւ. սիրոյ դասը թողինք` յատելութիւն կրթեցինք զմեզ, սիրոյ կտակը տուինք` բանսարկուին նախանձն առինք, սէրը կորուսինք` եւ գրգռիչ թշնամութիւնը գտանք։ Այլ եւս ի մէնջ ո՛վ կը համարձակի սէր քարոզել ժողովուրդին. երբ սիրոյ ճառախօս վարդապետներս` սիրել չը դիտեմք, հետ միմեանց ատելութեամբ կը վարիմք. եւ ի՞նչ մնաց, որ Խաչն ու Աւետարանը մեր գրկէն թողումք, եւ սուր առնելով` միմեանց կողը մխեմք։
       Միտ դրէք, Յիսուս խաղաղութիւն կուտայ, որ արդէն երանի տուած էր խաղաղարար ոգիներուն. մեք եւս եկեղեցւոյ բեմէն, պատարագի սեղանէն այդ խաղաղութիւնն յաճախ կուտամք ժողովուրդին` աջով եւ խաչով տեառնագրելով հանդերձ։ Այլ ի՞նչ է ապա, որ մեր խաղաղութեան ողջոյն` խռովութիւն կը դառնայ։ Դորա պատճառն ո՛վ չգիտեր. զի խաղաղութեան պաշտօնեաներն իրարու դէմ խռոված են. միթէ կարելի՞ է, որ խռովեալ ոգիները` խռովելոց խաղաղարար լինին։ Եւ մեք ինչու՞ համար կը խռովիմք, այդ եւս ինքնին յայտնի է. կը խռովիմք փառասիրութեան համար, պաշտօնասիրութեան համար. կը խռովիմք Մովսիսի աթոռ նստելու եւ նախաթոռ լինելու համար։ Աւետարանի եւ եկեղեցւոյ խոնարհ ոգին չճանչնալով` այնպէս կը կարծեմք, որ մեք եւս այս աշխարհիս թագն ու գաւազան ունիմք. պաշտօն եւ պաշտիլ կը պահանջեմք, չը յիշելով մեր հեզ վարդապետին խօսքը. «Որդի մարդոյ եկն ոչ պաշտօն առնուլ. այլ պաշտել եւ տալ զանձն փոխանակ բազմաց։»
       Երանի՜ թէ մեք միայն զմեզ խռովէինք եւ ժողովուրդն անխռով մնար. ո՛չ` մեք կը խռովիմք եւ շատ անգամ եւս անարգ միջոցներն ի գործ դնելով կը խռովեցուանեմք. եւ մերթ եւս քանի՞ ամօթ մեզ, երբ ժողովուրդը` խաղաղաբար կը լինի մեր մէջ, Աւետարանը մեր ձեռքէն առնելով` մեր պաշտօնն ի դերեւ կը հանէ։
       Հապա, պաշտօնակից եղբարք իմ, սիրեմք, որ խաղաղ մնամք. առնումք մեք նախ Քրիստոսի սէրն ու խաղաղութիւն, եւ ապա ժողովուրդին տամք։
       Սիօնի վերնատունէն իջնամք Գեթսեմանի ձորը. տեսէք Աստուածորդւոյն տագնապին ժամ. տեսէք թէ ի՞նչպէս քիրտն ի յարիւն կ»աղօթէ. ամենայօժար ոգւով կ»ընդունի մահուան դառնաի բաժակն, եւ կը խմէ զայն մեղապարտ մարդոյն փրկութեան համար։ Եւ մեք, որ Յիսուսի հետեւող խաչակիրներ եմք` արդեօք այս բաժակէն մեզ բաժին չի կա՞յ։ Այո՛ ամէն խաչակիր պաշտօնեայ իւր բաժին ունի. մեք եւս գէթ մի մի կաթիլ խմեմք մեր ժողովուրդին փրկութեան համար։
       Ելէք աստի, երթանք հետ Քրիստոսինի դատաւորաց ատեանը, տեսէք քանի՜ հեզ է մեր վարդապետ. դատաւորներ կ»որրոտան, կայծակներ կը թափեն. նա անխռով կեցած է. զասն զի անմեղն միշտ անխռով է. ժպիրհ ծառան ապտակ մի կը հանէ ահաւոր եւ լոյս երեսին. ընդ որ Մովսէս ծառան միայն քարի ծերպէն կը դիտէր։ Հեղութիւն չի ցասնոյր, այլ մեղմով կը պատասխանէ. «Եթէ չար ինչ խօսեցայ` վկայէ վսան չարին. իսկ մեք ոչ եթէ ապակ, այլ միայն մի սոսկ բան լսելով անհնարին կը ցասմունք եւ կը կայրանամք. եւ մերթ եւս պատուախնդիր լինելով` մեր ոսոխը կը վարեմք յատենէ յատեան, որոյ օրինագիրքն Աւետարան չէ։
       Ո՛վ խաչակիր զինուորք, առէք իւրաքանչիւր Ձեր խաչերը հետ Քրիստոսին երթանք ի Գողգոթա։ Ո՜հ, մեր խաչերը շատ թեթեւ են և մեք յետս կը կասիմք։ Յիսուս գնաց հասաւ Բեթելայ սարին գլուխ եւ մեք կէս ճամբուն վերայ մնացինք։ Սիմոն Կիւրենացւոյն պէս միայն պահ մի կրեցինք խաչը մեր ուխտին օրը, եւ դարձեալ զամէն խաչերը դրինք Յիսուսին յուս, եւ մեք յետս դարձանք գնացինք աշխարհին մաճ բռնել. թողինք միանգամայն հետ խաչին` նաեւ կենաց բան եւ Աւետարանը։
       Առէք ձեր խաչեր, մի՛ փախչիք, առէք, ո՛վ խաչաբարձ ուխտ, եթէ կը պարծիմք որ մեք Քրիստոսի զինուորեալ եկեղեցւոյն յառաջամարտ ու նահատակ զինուորներն եմք. առէք բարձրացուցէք խաչին դրօշ` երթամք ժողովուրդին յառաջ։ Ես գիտեմ տրտունջ ունիմք եւ յառաջ կը բերէք Պօղոսին բան. «Ո՜ ոք զինուորիցի իւրով թոշակաւ»։ Այլ մեր զօրագլուխ Յիսուսի զինուորեցաւ. իւր թոշակը` միայն Աւետարանն էր եւ Տիբերական ծովուն ձրիատուր ձկներն։ Պօղոս եւս նոյն օրինակ զինուորեցաւ. նա արուեստիւ վրանակար էր, եւ պարծենալով կ»ասէր ես ձեռարուեստովս պաշտեցի իմ առաքելակից ընկերս։ Թէ ամօթ է վրան կարել. ուրեմն թուղթ գրենք, գիրք շինենք, ուսման պարպինք եւ մեր թոշակով զինուորիմք։
       Յիսուս խաչով ելաւ Գողգոթային գլուխ. մեք առանց խաչի ու վշտի երթամք ինչպէս դասալիք աշակերտներն, երթանք գոնէ միայն աչքով հանդիսատես լինիմք. զի մեր փրկութեան գոհարան է հոն։ Տեսէք որչա՞փ անմռունչ է, ինչպէս որոջն իւր կտրչին առաջ. իւր փրկող բազուկները` փայտին վերայ ինքնայօժար կը տարածէ, եւ կ»ասէ, Բարձրացուցէք զիս, որ զաշխարհ բովանդակ առ իս ձգեմ։
       Այսպէս ահա ի մարդ կերպարանեալ Սէրն Աստուծոյ` իւր անհուն եւ մեծ սիրով զանձն իր հաւատացեալ բարեկամներուն վրայ կը դնէ, եւ կը մեռնի խաչին վերայ եւ ի մեղս մեռելոց` կեանք կուտայ։
       Յիսուս իւր խաչով եւ սիրով հեռացեալ մարդիկ առ ինքն կը ժողվէ եւ մեք առանց սիրոյ եւ խաչի կը ցրուեմք զայն. եւ մեզ համա՞ր խօսեցաւ նա կանխաւ. թէ «Որ ոչ ժողովէ ընդ իս` ցրուէ»։ Ո՛վ կարող է առանց խաչի եւ սիրոյ Յիսուսի հետ ժողովել. զի նորա ժողովելու հեծանոցն խաչն էր միայն. ինչպէս ասաց եւ վկայեց իւր Մկրտիչն։
       Արդ եթէ այնպէս կը հաւատամք ինչպէս կը բարձրախօսէ Պօղոս, թէ Խաչին ճառը` կորուսեալ անհաւատից համար յիմարութիւն է. այլ մեզ համար որ հաւատով փրկուած եմք` Աստուծոյ զօրութիւնն է։
       Զօրանամք ուրեմն խաչի ճառի զօրութեամբ եւ զօրացուցանեմք տկարամիտներն. որոց դէմ այժմ ի կռիւ ելած են աշխարհ, մամոնայն եւ նիւթապաշտ փիլիսոփայութիւն։ Մեք Պօղոսին պէս մեր խաչով պարծինք, որով աշխարհ մեզ համար ի խաչ ելած է եւ մեք աշխարհին, եւ երանի՜ թէ տիրապէս այսպէս լինէր եւ կարենայիք պարծել։
       Խաչակրաց խմբէն բանիս դէմ առ ձեզ կը դարձնեմ եւ կ»աւարտեմ յորդորս, ո՛վ հւատացեալ ժողովուրդ, դուք որ խաչին կը հաւատայք եւ աշխարհի խաչակրութեան մէջ կը տառապիմք, այնպէս մի կարծէք թէ խաչին պարտիքը` միայն կըղերական դասուն բեռն է. եւ ժողովուրդն ազատ է։ Ո՛չ, ո՛չ, խաչն` Քրիստոնեայ անուն կրողաց ու զինուորաց առ հասարակ անխուսափելի եւ նուիրական պարտքն է։ Դուք եւս ձեր խաչերն ունիք, զոր աշխարհիս բռնութիւնն միշտ կը պատրաստէ ձեզ համար. եւ դուք կարող չեք ձեր թիկանց վերայէն խաչին բեռն իսպառ թօթափել, զի Քրիստոս ասաց. «Յաշխարհի աստ նեղութիւն ունիցիք»։ Թէպէտ աշխարհիս քաղաքակըրթութիւն զօրհանապազ կը տքնի եւ կը ճգնի խաչն բառնալ ձեր թիկունքէն, որուն տակ կը հեծէք աղիողորմ։
       Սակայն ո՛վ կը հաւատայ, որ վերցուին բռնութիւններ եւ խաչն աշխարհէս բարձուի, ժողովուրդն ազատ ու երջանիկ ապրի. հաւասարութիւն տիրէ, աղքատին խրճիթն` հարուստին ապարանից բարձրութեան հետ հաւասարի, փողոցի աղքատ Ղազարոս` բեհեզ ու ծիրանի հագնի եւ մեծատան սեղանակից նստի։
       Չեմք ժխտեր սակայն եթէ ճշմարիտ քաղաքակրթութիւնն Աւետարանի ընկերսիրութեան եւ սկզբանց վերայ յառաջ կը վարէ իւր մեծամեծ ձեռնարկութիւնները. ժողովուրդին խաչն միայն կը թեթեւնայ, բայց ոչ իսպառ կը բարձուի։
       Առէք ուրեմն, ո՛վ ժողովուրդ Հայոց, առէք ձեր խաչեր, կարդացէք Խաչին ճառը, սիրով ու հաւատով տարէք ձեր ծանրակիր խաչեր, խաչով ելէք Գողգոթային գլուխ, խաչով մտէք ի գերեզման, խաչով ելէք յերկինս առ Յիսուս որ կը կոչէ առ ինքն իւր ամէն կտրիճ խաչակիրներն. «Եկա՛յք առ իս ամենայն աշխատեալք եւ բեռնաւորք, եւ ես հանգուցից զձեզ։»