Յիսուսի վերջին շաբաթ եւ Խաչի ճառ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
ՅԻՍՈՒՍ Ի ԲԵԹԵԼԱՅ ՍԱՐ
       Զոհիդ ժամ հասաւ. եւ դու հասար Բեթելայ սարին գլուխ, Յիսուս, խաչդ ի գետին դիր, ո՛վ դու խաչի մշակ, արեւակէզ ճակատիդ քիրտն սրբէ, զաչերդ ի վեր ա՛ռ տե՛ս ահա կուգայ անառակ որդին, մարդկութեան թշուառ զաւակ. վերհազար տարի է երկրիս վերայ կը թափառի, եւ այժմ իսպառ չքաւորեալ անօթի քաղցած կը վերադառնայ հայրենի տունը. զքեզ Գողգոթային գլուխը գտաւ, եւ դու երկինքէն մինչեւ Բեթլէհէմի մսուր եւ անտի մինչեւ այսր` զայն կորոնէիր եւ ահա գտեր։ Գիրկս արկ, համբուրէ, զի դու երկնից Հօր գորովոյն բազուկներն ես. զքեզ երկնքէն մինչեւ յերկիր պարզեց որ զրկես անառակ որդին, յուսիդ վերայ բառնաս մոլորեալ ոչխարը։ Տե՛ս, Տէր, կորսուած դրամն եւս ոտքիդ տակն է, ժանգօտած եղծուած բոլորովին. կը ճանաչե՞ս արդեօք, ա՞յդ է քո տիրական պատկերն ու կնիքը։
       Տէր, դու այս անգին գիւտերուդ համար զի՞նչ գին կը վճարես. արդէն գիտես Հօրդ կամք, դու նորա ի յաւիտենից պահեալ պարարկ եզն ես. նա կը հրամայէ որ անառակ որդւոյն դարձին համար զենուն զքեզ, խնճոյից սեղան կազմուի, հրեշտակներ ու մարդիկ առհասարակ հրաւիրուին, երկինք եւ երկիր զիրեար գրկախառնեն, հաշտութեան աղեղն Գողգոթայի գլխէն ձգէ դէպ երկինք, եւ հասնի Աստուածպետական աթոռին առաջ, խռոված Հայրն հաշտուի աշխարհին հետ։
       Փրկութեան աւուր երրորդ ժամն եհաս. տարածիր, Յիսուս, պարզէ ամենազօր բազուկներդքառաթեւ սեղանին վերայ, թոյլ տուր, որ զենուն զքեզ, լուռումունջ կաց, բերանդ մի բանար, դու անխօս որոջ մի ես քո կարիչներուն առաջ. ճիշդ այնպէս կաց ինչպէս գուշակեց Եսային։
       Զմռսեալ գինի կուտան քեզ, չգիտեմ քեզ կը կարեկցի՞ն, որպէս զի թմրիս եւ սաստկագոյն ցաւ չզգաս. թէ վասն այն կարբուցանեն քեզ, որ անագան մեռնիս, ընդ երկար ողջ մնաս խաչին վերայ. թշնամիներդ վա՜շ վա՜շ կարդան քո դէմդ եւ զքեզ աւելի եւս զկծեցուցանեն։ Այսպէս վարեցան ընդ քեզ կատաղի ոխերիմներդ, չգիտնալով թէ դու մարդոյն սիրով արբեալ` կամաւդ անզգայեալ ես։
       Առէ՛ք սուր, կարեցէք, ո՛վ սպանդարանի արեան ու մահուան պաշտօնեայներ. զոհն հեզ է, իւր վիզը կամակար կը ձգէ. բեւեռները հարէք, դժոխադէմ դահիճք, խաչակիր նահատակն իւր թեւերը կը տարածէ. պինդ հեղուսէք զԱստուածն ի փայտ. իւր խաչով հանդերձ վերացուցէք ու կանգնեցուցէք Բեթելայ սարին գագաթ, թող աշխարհ եւ երկինք տեսնայ։
       Ո՛վ դուք, Մովսիսի անհաւան եւ ստահակ որդիները, տեսէ՛ք, ահաւասիկ կեանք ձեր կախեցաւ զփայտէն։ Դա անապատին մէջ բարձրացած պղնձէ օձ չէ, որ միայն Իսրայէլի օձահար որդիները բուժէ. այլ բոլոր բովանդակ հեթանոսները մահաշունչ վիշապին խայթուածէն պիտի բժշկէ, եւ առ այս նշան կուտայ մարգարէն. «Եւ բժշկութիւն ի թեւս նորա»։
       Դուք արդ` յանդիման կեցած կը նայիք նորա վէրքերուն եւ խոցերուն, ո՛վ ազգ չար եւ դառնացող. որ երբէք քո սիրտ եւ հաւատարմութիւն չուղղեցիր առ Աստուած, եւ միշտ նորա սուրբ մարգարէները սրահան եւ սղոցով գրաւեցիր։ Եւ արդ նոյն իսկ մարգարէից Տէր եւ Աստուծոյ Միածին որդին կը խաչես, եւ չես ամաչեր։ Յիսուս ձեր չար ու խորամանկ միտքը բացատրեց ճիշդ իւր առակով. դուք վասն այն արտաքոյ այգւոյն հանելով կը քարկոծէք Հօր սեփհական ժառանգը, որ բոլորովին գրաւէք Յակովբայ տունը եւ այգին, ժառանգութեան տէր լինիք, արդիւնքն ուտէք եւ բուն այգետէրը հանէք իւր արդար ժառանգութենէն։
       Ահա բարձրացար, Տէ՛ր, եւ դուկասէիր թէ երբ բարձրանամ ես, զաշխարհ բոլոր առ իս կը ձգեմ։ Ւկ զարմանամ, Տէ՛ր, այդ անլուր, անհնար հրաշքիդ. չգիտեմ ինչպէ՞ս պիտի ձգես. թեւերդ կապուած են, ոտներդ բեւեռուած եւ սակաւիկ մի եւս դու կը մեռնիս եւ կը մնաս անշարժ, եւ մարդիկ զքեզ ի գերեզման կը տանին, կարծելով թէ դու եւս մեր աշխարհի մեռեալներէն ես։ Եւ միթէ հնա՞ր է խաչէդ եւ գերեզմանէդ զաշխարհ առ քեզ ձգել։
       Այլ գիտեմ եւ կը հասկնամ, Յիսուս, քո միտք պարզ է եւ խոր, քո ամենահաս, ամենազօր ձեռքդ նոյն իսկ մահուդ մէջ կենդանի եւ զօրաւոր է. եւ դու զմարդիկ առ քեզ սրոյ բռնութեամբ չես ձգեր ինչպէս աշխարհիս տիրապետ աշխարհակալները. այլ անհուն կը ձգես, խաչիդ անձնանուէր զոհովդ կը ձգես, անպարտ արիւնովդ կը ձգես. քաղցր լծովդ կը ձգես. անսահման ներողամտութեամբ կը ձգես։ Աւետարանիդ ազատ քարոզութեամբ կը ձգես. այս աշխարհէն` կենդանի հաւատացեալները կը ձգես, ի գերեզման կ՚իջնաս` հողէն մեռեալները կը ձգես. ի ներքին բանտն երթալով` կապեալ հոգիները կը ձգես. կռամոլութեան տաճարներէն` մոլորեալ հեթանոսները կը ձգես. եւ կը բերես կարծես եկեղեցւոյդ նորագաւիթը, զամէն մի հօտ կազմելով քաջ հովուիդ գաւազանին տակը կը ժողովես։
       Այսպէս, ո՛վ Տէր, աշխարհի հաւատացելոց միայն քո սէր կը յայտնես, իսկ սանդարամետական իշխանին` քո բուռն եւ ահաւոր զօրութիւնը։ Կը վերանաս, կը բարձրանաս, ո՛վ սրաթռիչ բազէ, ինչպէս ամպէն կը խօսէիր առ քո նահատակն Յովբ։
       Այո՛, Տէր, բազէն քո հրամանով կը վերանայ, իսկ դու Հօրդ հրամանով կը վերանաս ի խաչ, թեւերդ ի թռիչ կը տարածես, զաչերդ յանդունդս կը սեւեռես, խաչի բարձրադիտակ գագաթէն որսական բազէի նման շեշտակի սաւառնե՜լ կուզես ի սանդարամետ, որպէս զի որսերդ կորզես ու որսաս սատան բռնաւորին ճիրանէն եւ վեր բերես կրկին ի դրախտն. ուր մարդն որս եղեւ խաբուսիկ բանսարկուին եւ մահն այս աշխարհը մտաւ։
       Ցօղէ, ո՛վ կենաց աղբիւր, ցօղէ սուրբ արիւնդ, թող ի խաչէդ իջնան թափին մեր նախահօր գագաթան վերայ, զոր մահուն ոստիկան, ո՜հ, ոտնահարելով գլորեց գերեզմանին գուբը. մարդն անմահ էր, լոյս էր, Աստուծոյ անեղծ ձեռագործն էր. աւա՞ղ անմահն մահացաւ, ու եղծաւ տիրական պատկերն։
       Ո՛վ յառաջատես Իմաստոթիւն, թող թերահաւատները դիպուած կարծեն. այլ ես կը հաւատամ, որ դու` քո յաղթական խաչը` մեղուցեալ նախամարդոյն գագաթան վերայ կանգնեցիր, որպէս զի արեանդ կենսատու ցօղով` մեր հանգուցեալնախահօր կեանք տաս, նոր վերաստեղծես հողէն, եւ ամբողջ ադամային հաւատացեալ սեունդը կրկին ի կենդանութիւն արարչագործես։
       Տէր, դու երբեմն մինչեւ կենաց բան կ»աւետարանէիր։ Յակովբայ ջրհորին գլուխ նստար ինչպէս վաստակեալ ու ծարաւած ուղեւոր մի։ Մամարացի կնոջէն ջուր կը խնդրէիր. եւ այժըմ ի խաչէդ անագորոյն դահիճներէն ջու՞ր կը խնդրես։ Չըգիտեմ, յիրաւի ծարաւի ես, թէ սիրտդ ի սիրոյ կը տոչորի, կ»ասես թէ ծարաւի եմ, միթէ Ովկիանոսը կը բաւէ՞ քո ծարաւ եւ սրտիդ հուրը չիջուցանել։
       Միայն կը ծարաւիս խաչեալդ իմ Յիսուս, քաղցեալ չե՞ս եւ հաց չե՞ս ուզեր. եւ ի՞նչ պէտք են այլ եւս քեզ համար ապերախտ ժողովուրդին հաց եւ ջուր. պահ մի ժուժկալէ եւ կը մեռնիս, կանցնի քո ծարաւ։ Բա՜բէ, ո՛վ կը հաւատայ. միթէ դու այն կենդանի ջրոյ ակն չե՞ս. որ բղխեցար Երուսաղէմի մէջ եւ կաղաղակէիր. «Որ ծարաւին իցէ եկեսցէ առ իս»։
       Տէր, դու չե՞ս եւ չէի՞ր այն հրաշաբուղխ հոգեւոր վէմն, որ մշտահոս անհատ կը վազէիր Իսրայէլեան բանակին ետեւէն եւ կ»արբուցանէիր տրտնջող թերահաւատ ժողովուրդը։ Արդ կը ցամաքի՞ս, հոգիդ աւանդէ, թող հեթանոս հարիւրապետը տիգաւ խոցէ վիմիդ կողը. տես ինչպէ՞ս կենդանի կողէդ կենսացնցուղ աղբիւր կը բղխի, ջուր եւ արիւն ի միասին։ Անհաւան ազգ տեսաւ ու չը հաւատաց, այլ ես հարիւրապետին հետը կը հաւատամ եւ կը դաւանիմ թէ, «Ինքէն է, Տէր, աղբիւր կենաց եւ լուսով երեսաց քոց տեսանեմք զլոյս։»
       Յիսուս, որդի Կուսին, մահուան ժամդ կը մօտենայ. պահ մի զաչքերդ` առ Մայր քո դարձուր, որ խաչիդ պատուանդանին տակ ուշագնաց անկեալ` ծնողական գորովով կաղէկիզի։ Սէր` որ քան զմահ հզօրագոյն է, զքեզ եւ զմայրդ նոյնավիշտ կը տանջէ. Սիմէոնին սուրը` Կուսին ի սիրտ կը մխի. եւ քո վտակահոս կողը` Ղունկիանոսին գեղարդ։ Քո անտար ցաւերդ առօրեայ են, մահով կսպառին, եւ դու կը ննջես ի հանգիստ. այլ սգալի մօրդ տակաւ տակաւ կառաւելուն։
       Եւ կարի՜ յոյժ. երբ անմահդ մահացեալ տեսնայ երբ իբրեւ մեռեալ զքեզ պատանէ եւ միամօր որդիդ դնէ ՚ի գերեզմանի. երբ Գաբրիէլին աւետիս յուշ ածէ եւ անվախճան թագիդ ու աթոռիդ տեղը` փուշ պսակ, եւ մահապարտից խաչը տեսնայ։ Այո՛, պիտի մորմոքի, զի մա՜յր է. այլ եւս չկայ աշխարհիս վերայ բնաւ սփոփանք մի մայրական սրտին մինչեւ տեսնայ քո փառաւոր յարութիւն։
       Տէր, որ տիեզերաց խնամակալ Աստուած ես, յանձնարարէ եւ տուր քո հրաժեշտ, ո՛վ այսուհետեւ պիտի խնամէ քո անորդի մայրիկդ։ Հայրադիրդ Յովսէփ վաղ մեռաւ, մերձաւոր մտերիմներդ ու բարեկամներդ հեռացան քեզմէ ու չկան ի միջի. միայն քո սիրելի աշակերտ Յովհաննէս կայ, այն որ զքեզ ողջագուրեց եւ ասաց. «Տէր, ո՛վ է, որ մատնելոց է զքեզ»։
       Եւ դու ծնողասէր եւ հնազանդ Որդեակ, ի հոգեհանիդ ժամուն երկու բան միայն կը բարբառիս. «Ով կին, ահա՛ որդի քո. եւ թէ` Ահա մայր քո»։ Եւ ցոյց կուտաս այսու, մարդասէր եւ ամենախնամ Տէր, թէ խաչիդ փրկագործութեան ծանրավիշտ հոգերւդ մէջ` դու ամէն բան կը մոռնաս բաց ի խաչէդ, եւ սորա ցամար քեզ հետեւող խմբին աշխարհուրաց անձնաւորութիւնը կը քարոզէր. «Որ սիրէ զհայր կամ զմայր առաւել քան զիս, չէ ինձ արժանի»։ Այլ քա՛ւ թէ կարծեմ, որ դու Աւետարանիդ այս վճռով որդիական սիրոյ պարտիքը կուրանաս, հակառակ բնական եւ Հօրդ օրինաց, որ կը պատուիրէ զհայր եւ զմայր պատուել։