ՄԱՄՈՆԱՆ
ԱՍՏՈՒԾՈՅ
ԴԷՄ
Աստուածորդի
Յիսուս,
քո
տիրախօս
վճիռն
է
այս,
որով
կ»սպառնաս
դու
քեզ
հաւատացող
հպատակներուն.
«Ոչ
կարէք
Աստուծոյ
ծառայել
եւ
մամոնայի»։
Յիրաւունս
քո
արդար
ես,
Տէր,
քանի
որ
աշխարհիս
տիրողները
թէեւ
անիրաւ
լինին,
այդ
ծառայութեան
հաւատարմութիւն
կը
պահանջեն
իրենց
հպատակներէն.
եւ
ոչ
ոք
կարող
է
երկու
դրօշակի
տալ
միանգամայն
զինուորիլ.
եւ
եթէ
նենգէ
նա`
պարտաւոր
կը
մնայ
քաղաքային
օրինաց
եւ
դատաստանի
առաջ։
Բայց
ինչպէ՞ս
վարի
խեղճ
վարանած
մարդ,
որ
պաշարուած
կը
մնայ
երկու
սպառնացող
սուրերուն
մէջ,
եթէ
թողուզմամոնան,
մոռնայ
զաշխարհ,
երկնից
հպատակի,
զԱստուած
պաշտէ,
անգութ
աշխարհ,
անկարեկից
մարդիկ
զինքըն
սովատանջ
կը
չարչարեն,
իսկ
եթէ
կորանալով
գրկէ
աշխարհ,
պաշտէ
զմամոնան,
մոռնայ
քո
սէր,
քո
փրկութիւն,
քո
խաչին
մահ,
քոր
արեան
ուխտին
յիշատակը
եւ
քո
անհուն
բարերութեանց
շնորհքը,
դու
զայն
կը
գրկես
հանդերձեալ
արքայութենէդ.
եւ
կը
դատապարտես
իբրեւ
ապստամբ
եւ
ապաշնորհ
ծառայ։
Սակայն
՛վ
Տէր,
մարդիկ
պէտք
է
որ
քո
խօսք
ուղղութեամբ
հասկնան.
դու
չես
բռնադատեր,
որ
նոքա
աշխարհիս
վերայ
անաշխատ
կեանք
վարեն.
անվաստակ,
անհաց,
անհանդերձ,
անտուն
հրեշտակաց
պէս
անկերակուր
ապրին
եւ
կամ
անասնաբար
կենցաղավարին
ընկերական
ու
բանաւոր
մարդիկ։
Ո՛չ,
դու
այս
աշխարհը
իբրեւ
ագարակ
մարդոց
տուիր,
որ
մշակեն
ու
արդիւնաբերելով
վայելեն
քո
բարիքը
եւ
օրհնեն
քո
բարերար
անունը։
Մարդիկ
աշխարհիս
մշակ
եւ
անտեսն
են.
ուստի
կ»ուսուցանես
որ
քո
հաւատացեալք
հաւատարմութեամբ
ծառայեն
քեզ,
արդարապէս
անտեսնեն,
ինչ
որ
Աստուծոյն
կը
պատկանի`
Աստուծոյ
տան.
ինչ
որ
կայսերն`
կայսերին,
եւ
ինչ
որ
իրենց
այս
կեանքին
պարէնն
էր,
զայն
եւս
վճարեն
արդար
չափով,
առանց
յափշտակելոյ
յաւիտենական
թոշակէն։
Ահաւասիկ,
Տէր,
մարդիկ
այս
չափին
մէջ
կ»անիրաւին.
մարդիկ
ապշութեամբ
կը
մոռնան
հոգեկան
ու
մշտնջենաւոր
բարւոյն
շահը.
զաշխարհ
ամէն
շահելով`
զանձն
բովանդակ
կը
տուժեն.
մամոնան`
մամոնային
տալէն
յետոյ,
սիրտ
եւ
ազնիւ
ոգին
երկնից
ցանկութենէն
հանելով,
կը
թողուն
որ
բոլորովին
առ
այն
հակամիտի.
եւ
անիրաւ
մամոնան
բռնանալով
կը
նուաճէ
կրօն,
հաւատք
եւ
մարդոյն
առ
քեզ
եղած
պարտիքները`
իւր
բաժին
առնելէն
զկնի,
որ
բաժին
եւս
կը
յափշտակէ։
Եւ
գիտե՞ս,
Տէր,
թէ
մարդիկ
ինչու
համար
երկիւղ
չունին
քո
ահաւոր
տէրութենէն,
եւ
կը
զլանան
քո
արդար
բաժին
քեզ
տալու.
այս
յայտնի
է,
զի
հզօր
տէրութիւնը`
հայրական
սէր
է.
աշխարհի
իշխանութիւնը
ոստիկանութեան
սրով
իւր
բաժինն
կ»առնէ.
իսկ
դու
ո՞րչափ
երկայնամիտ
եւ
ազատ
ես,
ոչ
ոստիկան
ունիս,
ոչ
սուր,
եւ
ոչ
բանտ.
քո
ոստիկան
մարդոյն
սրտի
խիղճն
է.
քո
ազատ
օրինագիրքը`
Աւետարանն
է.
քո
բանտ
եւ
շղթայն`
եկեղեցւոյ
գաւթին
ազատավայրն
է.
ո՜վ,
ո՜րչափ
ընդարձակ
է,
լի
եւ
զեղուն
են
իւր
մէջ
քաղցրութիւն,
գթութիւն
եւ
անչափ
ներողութիւն։
Բայց,
Տէր,
դու
ի՞նչ
կը
խնդրես
քո
հպատակ
ծառաներէն.
քո
խնդրած
տուրք
կամ
հարկ`
աշխարհին
պահանջած
ոսկի
արծաթն
չէ,
ստրկական
կեանք
չէ,
այլ
ազատ
կամաց
գիտակցութիւնը.
զոր
քո
Հօր
ձեռք
դէպ
առ
քեռ
կը
ձգէ
եւ
քո
լոյս
կառաջնորդէ.
եւ
ո՞ւր,
Տէր,
ճանաչել
զքեզ,
հաւատալ
քեզ,
յամենայն
սրտէ
սիրել
զքեզ,
սիրել
զընկերն
իբրեւ
զանձն,
պահել
Աւետարանիդ
սուրբ
աւանդ,
պահել
այն
ամէնը,
ինչ
որ
դու
պատուիրեցիր.
եւ
ակնկալել
քո
հանդերձեալ
փառաց։
Ահաւասիկ,
Տէր,
այսչափ
են
միայն
քո
քաղցր
լուծեր
եւ
փոքրոգի
բեռներ.
աւա՜ղ,
խստապարանոց
մարդիկ,
գէր
ցուլերուն
պէս
գոռոզ
եղջիւրներով
զայն
թօթափել
կուզեն,
եւ
կամովին
կը
կրեն
աշխարհին
ու
մամոնային
տաժանակիր
լուծն,
որ
կը
ջախջախէ
իրենց
պարանոց,
եւ
որուն
տակ
ստրկացած
կը
հեծեն
զօրհանապազ
եւ
չեն
զգար։
Մարդիկ`
մամոնային
ագահութեամբ
կը
ծծեն
զարիւն
իբրեւ
անյագ
տզրուկ,
բնաւ
ոչ
շատ
է,
կ»ասեն,
եւ
ոչ
գոհ
կը
լինին,
թէեւ
բովանդակ
երկրին
հող
ոսկի
դառնայ.
բայց
նոքա
պիտի
յագենան
միայն
գերեզմանի
հողով։
Տէր,
դու
պատուէր
տուիր
եւ
քո
Աւետարանի
ձեռագրով
երաշխաւորեցիր
որ
քեզ
հաւատացող
արքայութեան
որդիներդ,
աշխարհայոյս
հեթանոսաց
պէս
բազմահող
չը
լինին
զեղխ
ու
անառակ
կեանք
վարելու
համար.
այլ
հաւատան
սրտով
քո
նախախնամող
Հօր,
որ
թռչնոց
կերակուրն
անգամ
չի
մոռնար.
որք
ոչ
վարուցան
ունին
եւ
ոչ
վաստակ,
եւ
կ»ապրի
բնութեան
սեղանէն`
որ
լի
է
ամենունակ
պարգեւներով։
Բայց
մարդիկ,
թերահաւատ
մարդիկ
որք
առ
ոչինչ
կը
համարին
վերնախնամ
Հօր
տեսչութիւնը,
անստոյգ
ապագային
զբաղանօք.
եւ
երբ
անդն
ու
անդաստանը
բազմապատկեն,
վաստակը
ու
շահավաճութիւնք
յաջողին,
կը
խորհին
յանժամ
շտեմարան
ընդարձակել,
գանձատուն
պատրաստել,
հաւատալով
թէ
մարդոյն
կեանք
եւ
վայելքն`
ընչից
մթերքներէն
է։
Այլ
քո
սրտմտութեան
շանթ
որչա՞փ
արագ
է
այս
թերահաւատներու
համար,
գիշերամէջ
պահուն,
հոգեպահանջ
հրեշտակ
մի
կը
համառօտէ
քո
դատաստանը
եւ
իբրեւ
փոշի
կը
ցրուէ
թերահաւատին
մթերած
գանձը։
Ո՛չ,
ո՛չ,
մի՛
խաբիք,
մարդիկ,
տեսէք
աշխարհին
կեանքը
ու
դատեցէք,
մարդոց
ուղիղ
կեանք`
գանձ
չէ,
ընչից
մթերք
չէ,
մեծութիւն
չէ,
անկապուտ
փառք
չէ.
թէ
այդպէս
լինէր,
հարկ
էր
որ
մեծագանձ
մարդիկ
դեռ
եւս
ապրէին։
Սակայն
ու՞ր
է
Սողոմոն,
ու՞ր
է
Կրեսոս,
եւ
ու՞ր
են
աշխարհակալ
հարստութիւնք.
որք
առաւօտուն
յաշխարհ
եկին,
միջօրէին
պահ
մի
փայլեցան,
իրիկուն
գերեզման
մտին։
Հապա
ստոյգ
կեանք,
ստոյգ
մեծութիւն
եւ
ստոյգ
յաւերժական
փառք`
Յիսուսն
է.
«Ես
եմ,
ասէ,
ճշմարտութիւն
եւ
կեանք.
եւ
թէ
բանն,
զոր
խօսեցայ
ընդ
ձեզ`
հոգի
է
եւ
կեանք։»
Այդպէս
է,
ո՛վ
Տէր,
երանի՜
թէ
մարդիկ
հաւատային
քեզ.
երանի՜
թէ
ընկեր
զընկեր
չը
գրկէր
մամոնային
համար,
հզօրը`
զանաւագն
չը
կոփէր
մամոնային
համար,
մին
յղփացեալ
առատ
սեղանին
վերայ,
միւսն
աւուր
պարէնի
կարօտ
չմնար
մամոնային
համար,
աշխարհ
աշխարհի
դէմ
չիկռուէր
մամոնային
համար,
բռնութիւնը
չտիրէր,
ստրկութիւն
չլինէր
մամոնային
համար,
Եւ
Յուդան
զքեզ
չմատնէր
երեսուն
արծաթին
համար։
Երանի՜
թէ
մարդ`
ագահութիւնն
հանէր
իւր
սրտէն.
շռայլութիւնն
մեռնէր,
զեղխութիւնն
պալատականաց
կեանքէն
բարձուէր,
տեսնայիր
դու
յայնժամ
թէ
ի՞նչպէս
չքաւոր
ժողովուրդն
եւս
լիութեամբ
եւ
գոհութեամբ
պիտի
ապրէր։
Մամոնա՜յ,
մամոնա՜յ.
դու
զմարդիկ
ի
քիրտ
ի
վաստակ
տանջելով
կը
տանջես,
դու
մարդոյ
ոսկերաց
ցեցն
ես
եւ
զհոգին`
հոգածութեան
մէջ
խարտելով
մը
մաշես.
կապրի
նման
ծանրանալով`
հաւատք,
եւ
կրօն
կ»ընկճես
քո
ծանրաբեռնութեան
տակ,
մարդիկ
տարակուսեալ
են.
քե՞զ
ծառայելով
ծունըր
դնեն
թէ
Աստուծոյ
դու
միթէ
այս
աշխարհին
Աստուած`
իշխան
եւ
թագաւո՞րն
ես.
երկրաւոր
արքայութիւն,
մարդոց
կեանք
եւ
երջանկութի՞ւնն
ես.
ո՜հ,
հէք
մարդիկ,
արդեօք
այսպէ՜ս
հաւատալով
քեզ
կը
հպատակին։
Բայց
դու
երբեմն
ո՞րչափ
ոչնչացար
մարդոց
աչքին
առաջ,
խաչին
ոտքը
զքեզ
փշրեց
ու
մոխիր
դարձուց.
խաչի
թըւականէն
եւ
Գողգոթայի`
գլխէն
զինուորեալ`
աշխարհուրաց
մարդիկ
մրցեցան
քո
դէմ.
բիւրաւոր
հազարաւոր
մարդիկ
մերժեցին
քո
փառք,
քո
անցաւոր
վայելքը.
վազեցին
գունդագունդ
դէպ
ի
մահ.
սոսկաց
սուր
դահճին
երբ
կը
տեսնար
որ
Յիսուսի
քաջ
հովուին
ոչխարները
կամովին
ի
սպանդ
կը
վարին,
կը
մորթուին,
կը
քերթուին,
աշխարհ
կը
ծախեն,
կեանք
կուտան,
երկինք
կ»առնեն,
մամոնան
ամաչելով
հրապարակէն
ետ
կը
դառնար.
խաչի
մերկամարմին
զինուորները`
զենուելով
կը
յաղթանակեն։
Այլ
աւա՜ղ,
Ով
Տէր,
մեք
յետին
ժամանակիս
մէջ
քոխաչին
դասալիք
ու
վատասրտեալ
զինուորներն
ենք.
խաչէն
փախանք`
մաոնան
գրկեցինք,
քո
սէր
թողինք,
աշխարհը
սիրեցինք,
եւ
ասացինք
թէ,
այս
է
մեր
կեանք,
մեր
արքայութիւն
եւ
հանդերձեալ
փառք
եւ
կ»ապրինք
այնպէս`
ինչպէս
կ»ապրէին
մարդիկ
քո
յայտնութենէն
յառաջ։
Եթէ
այսպէս,
ուրեմն
ի՞նչ
զանազանութիւն
կայ
անհաւատին
եւ
քո
հաւատացեալ
ծառային
մէջ,
յորոց
միոյն
կորուստ
կ»սպառնաս
եւ
սակաւ
գան,
իսկ
միւսին
բազում
գան
ու
հարուած,
որ
հաւատաց
քեզ,
ուսաւ
եւ
իմացաւ
քո
կամք
ու
պատուիրանք։
Արդար
ես
Տէր,
քո
այս
դատաստանը
ճշմարիտ
է.
մարդ
չի
համարձակիր
քեզ
դէմ
դատախազ
կանգնել,
երբ
քո
իրաւունքը
վարձ
ու
հատուցումն
ուղիղ
կը
կշռէ։
Ո՞չ
ապաքէն
բիւր
անգամ
պատժապարտ
են
այն
հեղգ
ու
ապիրատ
ծառաները`
որ
քո
սէր,
քո
խաչի
յիշատակ,
քո
անկշիռ
բարերարութիւնը`
մամոնային
հետը
կը
փոխանակեն,
լոյս
կը
թողուն`
եւ
հող
կը
պաշտեն.
որոց
կրօնքն
է
ագահութիւն,
զրկանք,
յափշտակութիւն,
մեծութիւն
եւ
գանձ,
եւ
այլ
ամէն
անկայուն
վայելք,
որք
հող
են,
ու
հող
պէտք
է
լինին
բոլոր
աշխարհասիրաց
յոյս։
Այլ
դուք,
ո՛վ
Աւետարանի
հոգւով
աղքատները,
խնդացէ՛ք,
Յիսուսի
երանին
ձեզ
համար
է,
ձեր
յոյսը
անմահութեամբ
լի
է.
թող
աշխարհ
եւ
մամոնան
ձեր
թշուառութեան
վերայ
խնդան
ու
սրամտին`
երբ
դուք
ծունր
չէք
դներ
սատան
Մամոնային,
թէեւ
խոստանայ
զաշխարհ
իւրայնովք
պարգեւ
տալ,
մերժեցէ՛ք,
մի
հաւատաք
այդ
ստախօսութեան
հօր,
դուք
այս
աշխարհէն
պիտի
գնայք,
ձեր
սեպհական
հայրենիքը
հանդերձեալն
է։
Զօրացէ՛ք,
ոտնահարեցէ՛ք
աշխարհի
մեծութեան
գանձը,
զոր
թէ
շուտ
թէ
անագան
միշտ
աշխարհ
կը
կղոպտէ։
Դուք
Քրիստոսի
ընտրած
փոքրիկ
հօտն
էք,
յիշեցէք
ձեր
քաջ
հովուին
յորդորը,
որ
կտակ
աւանդեց
ձեզ.
ձեր
գանձը
երկինք
դնել,
ուր
աշխարհիս
գողերուն
եւ
հարստահարիչ
զրկողաց
ձեռք
չի
հասնիր։
Դուք
յերկրի
վերայ,
յերկինս
ապրեցէք,
մի
վարանիք,
թէ
հնար
չէ
հողէ
մարմնով
այնչափ
վերանալ։
Հոգին,
սիրտ
ու
հաւատքը
բարձրաթռիչ
են,
այնու
վերաթեւեցէք
եւ
հաւատացէք
յԱստուած.
զի
օր
մի
աշխարհին
եւ
Մամոնային
պատերազմը
կը
վերջանայ,
յաղթանակը
ձերն
է։