Յիսուսի վերջին շաբաթ եւ Խաչի ճառ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
ՅԻՍՈՒՍ Ի ՆԵՐՔԻՆ ԲԱՆՏՆ ՍԱՆԴԱՐԱՄԵՏԻՆ
       Ո՛վ դու արեւդ անստուեր, որ մեր աշխարհին` կենաց լոյսն էիր, գնացիր մտեր մեռելոց աշխարհը։ Չգիտեմ, ո՛վ բացաւ քո դէմդ այն յաւիտենական աղխեալ դուռն, որ երկաթի սողնակով եւ նիգերով ամրացեալ էր։
       Այլ քո զօրութեան ո՞ ընդդէմ դառնայցէ ինչպէս կը խօսի Յովբ, զի դու դարձար ի բարկութենէ եւ իքէն սարսեցան կէտք, որք ի ներքոյ երկնից։
       Դանիէլի տեսլեան փոքրիկ ու հրաշալի վէմ Յիսուս, Բէթլէհէմի լեռնէն հատար, երեք տարի Սաղիմայ աշխարհին մէջ գլորելով գլորելով հասար մինչեւ գերեզմանին վիհը։ Եւ արդ գերեզմանէն կը գլորիս մինչեւ Սանդարամետին աշխարհ, մինչեւ ի ներքին արգելական բանան, մինչեւ գերեալ հոգիներուն երկաթէ զնդան. եւ մինչեւ անդ հասար դու` մեծացար լեռնացար, ինչպէս հիւսիս ձիւնակոյտ, ուժգնակի թափով զարկիր քանդեցիր հին երիքովի դռները ու պարիսպները։ Խաւարին իշխանը սարսափեցաւ թէ ո՛վ է այս ահաւոր գունդը, որ վեց հազար տարուան շինածս, յաւիտենական ամրութիւններս քանդեց, աւերակ դարձուց։
       Գեդեհոնի գարեղէն փոքրիկ նկանակն ես. Տէր, դու զայն, գիտեմ մարդեղութեամբդ կազմեցիր բանդ ի մարմին փոխելով ու չարչարուելով ելար Գողգոթային գլուխ. եւ ահաւասիկ անտի աշխարհադղորդ շարժմամբ հոլովելով կը յարձակիս Մատիանացւոց բանակին վերայ. ՍՈՒՐ ՏԵԱՌՆ ԵՒ ԳԵԴԵՀՈՆԻ, գոչելով` կը զարնես եւ բովանդակ խաւարագունդըն Մատիամու կը փշրին կը ջախջախին զօրաւոր նկանակիդ առաջ։
       Ինչպէս առակով ցոյց տուիր, Յիսուս, արդ գնացիր մըտար հզօրին տունը, արդ կապէ նախ այդ ապստամբ հզօրն. խաչիդ կռանով փշրէ դժոխոց դարբնին կուռ շղթաները, թող արձակուին ի լոյս գան, մահուան ծանր ստուերին տակ փակուած կալանաւոր հոգիները։
       Ի լոյս ելէք ի լոյս, յազատութիւն ելէք, ո՛վ յաւիտենական կոճղով ոտնակապեալ գերիներ. ձեր Փրկիչն եւ գերեդարձ հասաւ եւ դուք կը ճանաչէ՞ք զինքն։ Նշան կուտամ ձեզ, սրունքներ դեռ կարմիր են, խաչի հնձանը նոր կոխեց եւ եկաւ, մի կողին վերայ վիրաբաց նշան ունի, ձեռքեր եւ ոտքերը համակ ծակոտուած են բեւեռներէն. իւր յաղթական դրօշակը` խաչանշան փայտին վերայ պարզած յարիւն թաթաւեր է։ Սորա համար Մկրտիչն ասաց` թէ Աստուծոյ դառն է, այժմիկ քաղցած առիւծ դարձեր է եւ կը մռնչէ որսերը գըտնալու, Հօր բարկութեան կայծակն է, որ երկնքէն շեշտակի մինչեւ ի ներքին դժոխս կ՚իջնայ, որ պիտի զարնէ սատան թշնամւոյն գոռոզ գագաթէն եւ զայն տոչորէ եւ այրէ անշէջ կրակով։
       Հուր էիր, Տէր, այլ Յովհանու պէս մտար մեծ կիտին փորը` Դանիէլի ճարտարած խմորէ գունդն էիր, զոր քո Հայր ձգեց Բաբիլօնի մեծ վիշապին բերանը. տեսցուք, թէ կարո՞ղ է զԱստուածդ կլանել, ինչպէս մեղապարտ Ադամ։
       Կէս գիշեր է, Տէր իմ, հերիք է որ Լոյսդ խաւար աշխարհին մէջ մնայ, շու՛տ արա աւարներդ ժողովէ, եւ պինդ կապէ մահուան բռնաւոր ոստիկան, որ այլ եւս մեր աշխարհը չաւարէ։ Եւ դու շտապաւ դուրս ել ի սանդարամետէն, արի՛ դարձեալ Յովսեփայ պարտէզը եւ քո գերեզմանդ եւս կենագործէ, խաչին վերայ մեռած ու թաղուած մարմինդ ա՛ռ, զոր քո հայր անապական պահեց եւ չի կրցաւ դժոխածին որդը կրծել զայն իր երկաթի ժանիքներով։
       Արդ հագի՛ր վերստին անտխեղծ մարմնոյդ հանդերձ, որ նոր փեսայութեանդ գեղեցիկ պատմուճանն է. ահաւասիկ լուսափայլ հրեշտակը` շիրմիդ կափարիչ վէմը ի բաց գլորեր է, նստեր է վրան. պահապան զինուորները զարհուրագին փռուեր են գետինը ։ Վերջին փառաւորութեանդ ժամ հասաւ, Յիսուս, դու հնացեալ մարդոյն վերանորոգիչ ճարտարապետն ես, շինէ դարձեալ քակուած մարմնոյդ կեդրոնի տաճարը. երեք տիւ եւ երեք գիշերն անցաւ եւ լրացաւ քո պայմանին օրը։