ՄԷԳԵՐ
Ա.
Բոլոր
պարագաները
մոռնալ
ու
խուսափիլ
ամէն
եզրակացութենէ
Արտոյտը
ասոր
համար
կ՚երգէ
Ան
կը
ծալլէ
կը
ծրարէ
իմաստները
բոլոր
ու
կը
թաղէ
թզենիի
մը
ոտքին
Արտոյտը
կ՚երգէ
մեզ
ազատագրելու
համար
Բարի
լոյս
-
արտոյտ
Գիշերը
մեր
ետին
թողուցինք
Բ.
Նաւաստիներէն
ամէնէն
առաջ
ո՞վ
նշմարեց
անթացուպերը
ձուկին
որ
կուզ
էր
Պէտք
չէ
հաւատալ
ալիքներուն
Ողորկ
են
անոնք
ու
մեր
ցանկաթիւնները
կը
գլորին
անոնց
գագաթն
ի
վար
Առէք
ձեգի
փրփուր
եւ
ձուկ
եւ
անթացուպ
եթէ
կ՚ուզէք
հեռանալ
դէպի
լռութիւն
Նաւաստիները
երգել
չեն
գիտեր
Գ.
ՆԱՒԱՀԱՆԳԻՍՏ
Հովը
երկնամերձ
փարոս
մը
կը
փնտռէ
սուլելու
համար
դէպի
ծովածոց
Փրփուր
էինք
խմած
հազիւ
կէս
գաւաթ
Երբ
տեսանք
թէ
նաւահանգիստը
մօտ
է
Քարափին
անպաշտօն
պարաններ
իւղոտ
ու
դէզ
դէզ
իտալերէն
երգ
մը
կ՚երգէին
որովհետեւ
գիշեր
կ՚ըլլար
ու
Մեծ
Արջը
կը
պարէր
կայմերուն
հետ
Երկինքէն
խոշոր
վանդակ
մըն
Էր
կախուած
մէջը
նաւաստիներ
ոչ
ոք
-
ոչ
մէկ
բան
երջանիկ
էր
այնքան
որքան
շոգեմակոյկը
որ
դեռ
անուն
չունէր
Դ.
Անրջածաղիկներ
իրենց
ցօղունները
պիտի
մխրճեն
տակաւին
չերգուած
սիրերգներու
մէջ
Զեփիւռը
պիտի
վերյիշէ
ամեն
շշուկ
ճիւղ
մը
զարմացկոտ
-
Նորաբողբոջ
ծիրանի
ծառէն
-
պիտի
խարխափէ
օդն
ի
վեր
եւ
անոր
փոքրիկ
այլասիրութեան
վրայ
անծանօթ
միջատ
մը
պիտի
ոստոստէ
Ցնցուղը
պիտի
շարունակէ
գարուն
սրսկել
Ե.
Բացառիկ
գարուն
մը
պիտի
գայ
նուէր
եւ
անբախտ
երգ
մը
զոր
ինձմէ
զատ
ոչ
ոք
գիտէ
պիտի
կորսոփ
օդին
մէջ
Պիտի
նայիս
ձառերուն
որոնք
օր
մըն
ալ
վարդագոյն
ծաղիկներ
կը
բանան
ու
պիտի
ափսոսաս
թէ
տարիներն
անցան
առանց
պարտէզի
տան
մը
մէջ
Ծովը
պիտի
մնայ
հեռուն
ու
կարօտի
աղը
պիտի
նստի
աչքերուդ
Պիտի
չնայիս
ինծի
-
Երկու
անծանօթ
թռչուն
պիտի
խրտչին
մեր
ոտնաձայնէն
Զ.
Հասկերը
երբեք
պիտի
չանդրադառնան
թէ
որքան
տխուր
են
մայրամուտերը
առանց
վաղորդայնի
Հին
վայելքի
մը
պէս
պիտի
ոդջունենք
գիշերները
Եւ
ամպի
ծուէններ
պիտի
փրթին
մեր
աչքերէն
Մեր
օտարութեան
պատշգամներէն
ներս
անգոյ
բնանկարներ
պիտի
տեսնենք
Հասկերը
երբեք
պիտի
չանդրադառնան
թէ
որքան
կարօտ
ենք
իրենց
մայրամուտէն
վերջ
Է.
ԿՈՅՐ
Կոյր
սպասեակ
մը
ափսէին
մէջ
նստած
կը
յօրանջէ
Գիշեր
է
-
ու
լորամարգիներ
իրենց
թախիծը
կը
պատմեն
չինական
չղջիկներուն
-
Երկինքը
տաղտուկ
կը
հոտի
-
Բան
մը
կը
պակսի
-
մեխա՞կն
է
որ
քիչ
առաջ
թօշնեցաւ
կնոջ
մը
մատներուն
մէջ
Թէ
ոչ
դաշնակն
է
-
կափարիչը
գոց
-
ստեղները
քուն
Ոչ
-
մենք
ենք
մեծագոյն
բացական
Ը.
Ամառը
վերջացաւ
-
ու
մենք
վերադարձանք
պարապ
պայուսակներով
-
Կարգը
մունետիկներունն
էր
-
բայց
անոնք
չգիջանեցան
գովերգել
գերիշխանութիւնը
թախիծին
Մինչդեռ
վճարուած
էին
կանխիկ
Վճարած
էինք
թափառական
երգեր
գոր
ցայսօր
ոչ
ոք
կրցաւ
կրկնել
Հանդիպեցանք
ամբոխներու
Անոնք
կը
կրէին
նշանատախտակներ
որոնց
վրայ
գրուած
էր
պատգամը
նոյն
-
Կեցցէ
ձմեռը
-
Թ.
ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ
Անոնք
որ
մահուան
ծիրաններէն
կերան
Տեսան
թէ
իրենց
ճիրանները
անզօր
են
մարտնչելու
կեանքին
դէմ
Նախընտրեցին
չըլլալ
Եւ
երբ
կը
սպասէին
ձմրան
-
ձիւնէն
ձիւնամրրիկէն
առաջ
-
ձիւնծաղիկներ
բացին
ճերմակ
իրենց
սիրածներուն
ծոցին
մէջ
Նոյն
տեղն
էր
միշտ
արագիլը
որ
ներողամիտ
աչքերով
կը
հետեւէր
թափօրին
-
մաքրակրօնները
կը
քալէին
ամէնէն
առջեւէն
Ետեւէն
կու
գային
նետարձակները
անոնք
կը
հարցնէին
իրարու
թէ
ար
է
բեւեռը
յաւիտենականութեան
ուրկէ
պէւոք
է
անցնիլ
ձերբակալելու
համար
կեանքը
օդին
մէջ
ժ.
Այնպէս
ինչպէս
երգերու
մէջ
Օրքինոսները
երբ
մեծնան
ոչ
մէկ
հիասթափութիւն
մեզ
կ՚անջատէ
փրփուրէն
ծովահայեաց
պարիսպները
պահ
մը
կը
թօթափեն
իրենց
ծուլութիւնը
որուն
վրայ
դարեր
կը
թառին
կը
նային
հեռուն
-
աւելի
հեռուն
-
ուր
հաւանաբար
ովկիանոս
մը
կը
սկսի
Հոն
սէրը
-
տակաւին
սաղմ
-
օդը
պիտի
լեցնէ
իր
երփներանգ
ժանեակներով
եւ
թէ
ուշ
կամ
կանուխ
պիտի
երիտասարդանանք
ԺԱ.
ժամ
գլուխ
կկուն
մեզի
ըսելիքներ
կ՚ունենայ
խցիկին
մէջ
իր
ժամական
մտորումներուն
մասին
կը
յանգի
սա
եզրակացութեան
թէ
փապուղին
որուն
բերանը
հասեր
ենք
կը
կարծենք
քիչ
մը
եւս
պիտի
երկարի
եւ
թէ
տակաւին
պիտի
չգիտնանք
թէ
ելքին
որ
սուրբերը
պիտի
քարկոծեն
մեզ
Կ՚ըսուի
թէ
կկուն
ատենօք
հրեշտակ
մըն
էր
մեքենայ
դառնալէ
առաջ
ԺԲ.
Մարդ
մը
իր
կեանքին
մշուշները
կը
թղթատէ
կաթիլ
մը
կ՚իյնայ
սեղանին
վրայ
մինչդեռ
երկինքը
պայծառ
է
եւ
արագիլները
չեն
գաղթած
տակաւին
Նորէն
ալ
թաղարները
պարապ
կը
մսին
Հեղ
մը
որ
մահուան
արեւը
բարձրանայ
Կը
փարատի
մշուշն
ու
կեանքն
անոր
հետ
ԺԳ.
Նախ
նկարները
պիտի
պաշտօնեային
պատմեն
իրենց
սկզբնական
մեղքին
մասին
Յետոյ
թէ
երբ
տժգուներ
են
այդքան
տժգուներ
-
փոխանակ
ճնճղուկ
ըլլալու
եւ
թռչտելու
եթերին
մէջ
-
Պաշտօնեան
պիտի
տոմարը
թղթատէ
ու
պիտի
մռլւոայ
հարսանեկան
երգ
մը
Նկարները
ճերմակ
պիտի
հագնին
ու
պիտի
քնանան
այդպէս
ճեփ
ճերմակ
նորէն
ԺԴ.
ճանչնա՞լ
-
ի՞նչու
հիմա
ճանչնալ
վէրքը
հին
որ
ոստէ
ոստ
կը
թեւածէ
շուարուն
-
տերեւաթափ
ոստէ
ոստ
-
Ո՞րն
է
-
ա՞յն
որ
բազմաբարբառ
կը
խօսի
բարկ
հովան
հետ
կամ
կը
սուլէ
գաղտնի
ծերպէն
բերանաբաց
դէպի
վերջ
-
թէ
ան
որուն
համար
բերքեր
կ՚եռեւեփին
կայծկլտուն
Իրենց
տմոյն
փայլատակումը
փոխ
տուած
սկիզբներու
երկունքին
եւ
կամ
ան
որ
օտարի
պադ
նայուածքով
կը
հեռանայ
ինքն
իրմէ
-
պատրանաթափ
ինքն
իրմով
-
Ինչո՞ւ
հիմա
-
երբ
ոչ
մէկ
շունչ
կը
տաքցնէ
այլամերժ
մսած
ձեռքերն
անցեալի
ԺԵ.
Կասկածը
իր
ծաւալին
քառապատիկը
անդորր
կը
տեղափոխէ
ինչպէս
կամ
ինչ
կարելի
է
պատասխանել
երբ
թերաճ
գաճաճը
հարց
տայ
թէ
արդեօք
իմա՞ստն
է
վախճանը
ամէն
գոյացութեան
որովհետեւ
հարցումը
բազմապատիկ
աւելի
կծու
է
պատասխանէն
ԺԶ.
Օր
կայ
բառերը
գետին
ջուրրն
նման
կը
սահին
կ՚երթան
կոկորդիլոսին
մորթին
վրայէն
ու
կոկորդիլոսը
չի
կրնար
բացատրել
թէ
ինչու
արտօնուած
չէ
խենթութիւններ
ընելու
Սա
մորթը
որմէ
կարելի
չէ
խուսափիլ
-
փոխես
-
օգուտ
չունի
-
ու
բառերը
միշտ
-
այսօր
կամ
ուրիշ
օր
-
կը
սահին
բարեմիտ
ու
կ՚երթան
անհիւրընկալ
ծովը
ձանձրոյթի
ԺԷ.
Ամէն
ինչ
երկու
պտուղով
կը
սկսի
եւ
մրտենիով
մը
որ
ծաղիկ
չի
բանար
-
ճիւղերուն
միջերկրականեան
բազէներ
կ’երգեն
շաղակրատ
Դեռ
նորածին
ենք
շատ
մեկնելու
համար
վայրէջքը
ջուրին
Երբէն
ի
վեր
մահուան
սերկեւիլը
խարսխեր
է
մեր
մէջ
-
ԺԸ.
Բոլորովին
պարապ
չեն
փապուղիները
-
Երփներանգ
ծիծեռնակներ
կը
կտցահարեն
պատերը
անոնց
-
-
եւ
իրենց
առանձնութեան
-
Հեռուն
օդակայան
մը
կը
սպասէ
Պատրաստ
անյայտանալու
ակնթարթի
մը
մէջ
Ով
որ
ծիծեռնակը
օդանաւ
կը
կարծէ
պիտի
երբեք
չխաբուի
կեանքին
մէջ
ԺԹ.
Քանի
որ
ծառը
ծառ
չէր
ոչ
ալ
ծառաստանը
ծառաստան
Տօնը
տեւեց
մինչեւ
արեւամուտ
ու
մենք
ճամբայ
ինկանք
դէպի
տարբեր
անդեր
Պիտի
արեւներ
ուզէք
նուիրել
մեզի
եւ
տերեւները
ծառեր
պիտի
փնտռեն
թառելու
համար
Յանկարծ
ձայն
մը
-
այսօր
այսքան
-
ցրուեցէք
մինչեւ
գալ
ամառ
Ի.
Եթէ
մատները
չըլլային
այնքան
նիհար
ու
թափանցէին
խոտերու
մտերմութեան
թերեւս
կարենայինք
յղփանալ
երջանկութեամբ
մը
անծանօթ
ու
թափթփէինք
մեր
տերեւները
վերջին
ձմրան
մը
համար
որ
չ՚երթար
Մատները
խոտ
են
երբեմն
ու
խոտերը
միշտ
երկչոտ
մատներն
են
հողին
ԻԱ.
ԾՈՎԱՓԻՆ
Միջօրէն
կ’երկարի
դէպի
շփոթ
հասցէներ
Տեղ
մը
ճենողկուզակ
մը
կայ
հաւանաբար
որ
կը
մագլցի
անվերջ
ել
անվերջ
կը
հեռանայ
իր
արմատէն
Հոն
ծովը
ալեկոծ
է
եւ
ամէն
ալիք
զղջում
մը
կ՚ենթադրէ
Վերջին
անգամ
մըն
ալ
կ՚անդրադառնայ
ալիքը
թէ
իբրեւ
ալիք
չկայ
վերադարձ
դէպի
ծով
Եւ
թէ
փրփուրները
շինուած
են
սքօղելու
համար
նահանջը
անխուսափելի
Տարակոյսը
կը
սպրդի
ձեր
մորթերէն
ներս
ու
կը
խորհիք
թէ
ինչու
աշնան
բարեւները
պաղ
են
Այլեւս
աչքէ
հեռու
երազ
մըն
է
կապոյտ
նաւաստին
երկընտրանքի
ծովուն
մէջ
կորսուած
ու
մահերգութիւնը
զուր
կանչն
է
անգոյ
փրկութեան
լաստին
Ապառաժը
կը
շարունակէ
տարբաղադրել
ալիքները
մէկ
մէկ
ԻԲ.
Նուագարան
մէզերու
-
Մերժում
ահեղ
բայց
ապաւէն
աննախընթւսց
կայծերու
-
-
ժանտ
կառափնատ
իմաստի
սակայն
օրրան
իմաստութեան
նորահրաշ
-
-
Անծեղ
մը
կը
գովերգէ
այս
լուրթ
ուղին
փախուստի
հաւանական
բերկրանքով
մը
կանխայայտ
ինքզինք
նորէն
վերագտած
ըլլալու
ու
կը
կրծէ
աչքէ
հեռու
ախորժակով
մ՚անսահման
վերջաբանն
այս
որ
ատենօք
գերդ
նախաբան
պէտք
է
գրուած
ըլլար
ամէն
մէկ
տաղի