Բանաստեղծութիւններ, հատոր Բ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՄՐՏԵՆԻԻ ՃԻՒՂԻՆ ՎՐԱՅ

Ա.

Անորոշն էր Որ կը թօշնէր

մրտենիի ճիւղին վրայ

Անգոյ բառ էր Կը թափառէր

յարդի բարակ շիւղին վրայ

Նո՞յն օրհասն էր Որ կը հասնէր

վախճաններու շուրջպարին

Զերդ անյապաղ Շշուկը պաղ

վերջին հեւքը պայքարին

Անորոշն էր Որ կը թօշնէր

մրտենիի ճիւղին վրայ

Բ.

Հաւանաբար խաբկանքն էր

որ կը կանգնէր

մրտենիի ճիւղին վրայ

Երբ շիթ մը ցօղ զերդ  նուէր  կը յայտնաէր

յարդի բարակ շիւղին վրայ

Նոյն բարեմիտ Պուտտա՞ն էր որ կը տանէր

սկիզբներու շուրջպարին

Միշտ լուռ սակայն միշտ խօսուն քառասուն

արձաններու անտառին

Հաւանաբար խաբկանքն էր

որ կը կանգնէր

մրտենիի ճիւղին վրայ

Գ.

Մեր վաղուան

ճառագայթներն այսօրաընէ կը խաղան

մրտենիի ճիւղին վրայ

Անհամբեր

Լինելութիւն մը աւետիս է թափեր

յարդի բարակ շիւղին վրայ

Մինչդեռ  նո՞յն

Սեւ ղեկն է որ կ՚առաջնորդէ ամէն գոյն

գիրկը կիսատ շուրջպարին

Երբ դանդաղ

Իր օրհասը կ՚ողբայ ամէն շամանդաղ

վերջին շպարն անտառին

Մեր վաղուան

ճառագայթներն այսօրուընէ կը խաղան

մրտենիի ճիւղին վրայ

Դ.

Ի՞նչ կ՚ըլլայ Նարի՞նջ կ՚ըլլայ

մրտենիի  ճիւղին վրայ

Նարինջի Ջո՞ւր կը թափի

յարդի բարակ  շիւղին  վրայ

Քաղը նոյն Մանգաղը նոյն

վերջը  կու գայ շուրջպարին

Դարէ դար  Եւ  անդադար

կը փոխուի դէմքն անտառին

Կեանք կ՚ըլլայ 
Զարմանք կ՚ըլլայ

մրտենիի ճիւղին վրայ