Բանաստեղծութիւններ, հատոր Բ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՄԻԱՎԱՆԿ  ՏԱՍՆԱԲԱՆԵԱՅ

ԲԱՌ

Պէտք է գորովով մօտենալ բառին

Որպէսզի տոկայ ամուր ծառ դառնայ ծառանայ քարին դէմ

երբ զինք քարկոծեն

- Չմնայ մինակ

Բառեր գան իր  շուրջ  - առաջ կամ ետեւ -

Շարուին զետեղուին

բծախնդրօրէն ՝

Պէտք չէ խնամքը գլանալ բառէն

ԲԱՆ

Պէտք է խնամքով մօտենալ բանին

Ան կար սկիզբէն կար ամենազօր

-  Աստուած էր  նոյնիսկ  -

Հիմա կը սպասէ մէկու մը որ զինք ստեղծէ նորէն

-  Հիմա կը սպասէ իր բանաստեղծին -

Պէտք չէ մեր սիրտը խնայել բանէն

ԳԻՐՔ

Պէտք է սրտաբաց մօտենալ գիրքին

-   Գիրք որ կ՚ամփոփէ ինչ որ մենք էինք
ինչ որ եղանք մենք -

Մինչդեռ ինչ որ մենք պիտի ըլլանք դեռ

կը մնայ անտիպ

 

-   Պէտք չէ կիսաւարտ հեռանալ գիրքէն

ՏՈՒՆ

Պէտք է աւարտուն մօտենալ տունին

 

Տունն է ուր կ՚երթանք ու կ՚ապաստանինք

Հոս հոն թափառելէ վերջ անդաստական -

 

Միշտ տունն է  ուրկէ  կը ցանկանք փախչիլ

Որ ազատ ապրինք մենք աստանդական

 

Պէտք չէ շատ կանուխ բաժնուիլ տունէն

ՀՈՂ

Պէտք է շատ կանուխ մօտենալ հողին

Այն ցեխին որմէ մարդը կը  շինուի

Այն կաւէն որմէ մարդը կը կերտեն

 

-   Մարդ կայ որ ցեխ է - կը մնայ միշտ ցեխ -

-   Մարդ կայ ցոլքն ունի անխարդախ կալին

Նայած թէ ինչ շունչ փչուեր է իրեն -

 

Պէտք չէ քէն ընել - հեռանալ հողէն -

 

ՍԱՂՄ

Պէտք է ամէն քէն մոռնալ եւ այդպէս

մօտենալ սաղմին

-  Սկիզբը ամէն արկածախնդրութեան -

 

Չի գիտակցիր ինչ անգիր օրէնքով

եւ ինչու համար

կ’աճի - կը շատնայ -

Կ’աճի որ օր մ’ալ ինքն սկիզբն ըլլայ

նոր նոր սաղմերու -

 

Պէտք չէ սակարկել ներզօր սաղմին հետ

ԿԻՐՔ

Պէտք է անսակարկ մօտենալ կիրքին

 

Միշտ ան է որ մեզ պիտի խթանէ

որպէսզի հասնինք

ուր պէտք է հասնիլ

-  հոն ուր երազը մեզ կ՚առաջնորդէ -

-  Եթէ երազ ունինք -

 

Պէտք չէ աներազ բաժնուիլ կիրքէն -

ԼՈՅՍ

Պէտք է երազով մօտենալ լոյսին

Որպէսզի գիտնանք

ուր ենք - ուր կ՚երթանք -

 

Լոյսերը վառել պէտք է քանի որ

Որպէսզի տեսնենք թէ ուր ենք հասեր

-   Ու նորէն պէտք է քալել դէպի լոյս

քալել անսայթաք

քալել անխարխափ -

 

Պէտք չէ կէս ճամբան զրկուիլ լոյսէն

ՄԻՒՍ

Պէտք է սրտաբաց որոնել ճամբան

որ միւսին կը տանի

 

Միւսը որուն հետ

Օրը տեւական տօն մը կը դառնայ

-  եւ որան համար

Դուն ալ այն միւսն ես որուն կը սպասէ

 

Հեղ մը որ գտար

գոնէ երազ մը միատեղ չապրած

Ինչու եւ ինչպէս բաժնուիլ միւսէն

ՁԱՅՆ

Պէտք է լաւ դատել

Ինչպէս եւ ինչու մօտենալ ձայնին

 

Ձայնել բարձրաձայն

Ձեռքբերումը մեր ազատ գոյութեան

Ու չարտօնել որ

Օտարոտի եղծ ու կեղծ ձայներով

Օրօրուինք ու մենք քնանանք ի սպառ

Պէտք է մշտարթուն տոգորուիլ ձայնէն -

ՎԵՐՋԱԲԱՆ

Պէտք է մշտարթուն մօտենալ վերջին

Թէպէտ միշտ պատրաստ

Բայց միշտ պնդել թէ կանուխ տակաւին

Թէ չէ մաշած մաշկը որ կը պաշտպանէ

Փճացումին դէմ

Թէ անժամանակ

Կորուստն է պղտոր սահմանէն անդին

 

Եւ հաւատալ թէ զօրեղ ենք այնքան

Որ ինքնապաստան

Կրնանք խուսափիլ ահաւոր վերջէն

 

Փորձառու ագռաւ մը կ՚ազդարարէ 
Պէտք չէ խուսափիլ ահաւոր վերջէն