Բագինին վրայ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Fiction  

ՀԱՅՐԵՆԻՔԻ ՈԳԻՆ

Ե՞րբ պիտի գաս. ե՞րբ մեր գետնին ոյծքերէն,
Իբր յարութիւնն հողին խըմած շողերուն,
Պիտի պոռթկան շունչիդ բոցերն երկնապող.
Կամ մեր երկրին արիւն կաթող ո՞ր աստղէն`
Դու պիտ’ իջնես հրդեհել
Զէնքի տըրմուղ ժողովուրդդ`
Որուն սըրտէն դարերն յաւէտ խըմեր են
Թորգոմական արիւնն եւ ո՛ղը պարպեր,
Որուն համար մեր պապերուն ոսկրոտին`
Հովտէ հովիտ սըփըռուած`
Բաժին են լոկ գայլերու:
Ո՜վ անդրանիկ Աստուածուհի, Իսկուհի`
Հայ ջըրերուն, կըրակներուն եւ կաւին,
Տե՛ս, քու երկիրդ` որ մեր սերմին մայր ըրիր`
Այլազգներու խըժդըժանքին մատնըւած,
Այսօր, աւա՜ղ, սուգ ու արիւն կը բըխէ.
Իր կործանած քաղաքներուն վրայ լըռիկ
Կը նըստի կռո՛ւնկն ողորմուկ.
Հողն` հերկըւած միայն սողովն օձերուն`
Իր աղտաղտուկ խաւերուն մէջ կը պահէ
Պաղլեղ, եւ իր սեւ տափերուն վրայ` ոքոզ.
Կը մընան մեր այգեստանները` առանց
Շերտափակի, եւ կարասները` առանց
Հայրենական գինիին.
Եւ մեր խոյերն ըսպիտակ`
Չըգըտնելով խոտնոցներուն մէջ առուոյտ`
Նօթութենէ մոլեգնած`
Մըսուրներուն դէմ կը ջարդեն եղջիւրնին:
Իսկ որդիներըդ թըշուառ
Կամ հեռացած հօրենական երկըրէն
Կը խառնակին ազգերու խորդ արիւնով,
Կամ նոյն երկրին ծոցին մէջ
Կը մեռնին լուծն ուսերնուն,
Ապրողներուն թողլով մաս
Մերկացում<ն> ողջ հայութենէն, խորդացումն`
Որով կ’ըլլան իրարու դէմ թըշնամի
Եւ թըշնամւոյն դէմ` ծառայ:
Ո՛չ մեր դաշտերն ու տաճարներ քարուքանդ
Զիրենք կըրնան զայրագնել,
Ո՛չ օտարին ծաղրանքն եւ ո՛չ անարգանք
Կ’արթընցընեն իրենց հոգւոյն մէջ ընթարմ
Հըպարտութիւնն հայկական:
Կը ծառայեն եւ կ’ողբան
Եւ ողբալով ըստըրկութիւնն աւելի՛
Իրենց դէմքին կը յօրինեն վայելուչ…
Եկո՜ւր, եկո՜ւր Ժամանակն ա՛յս է. Եկո՜ւր…
Ահա ցեղէդ մաս մ’ազնիւ`
Գաղափարի, գուպարի մէջ հալումաշ`
Ճամբուդ վըրայ կը սըփռէ
Իր արիւնին հետ նոր վարդեր, կակաչներ…
Եկո՜ւր, եկո՜ւր. Եւ Մասիսի կատարէն
Դիւցազներու, վըկաներու հոգիներ,
Իբր աստղերու սերմընցան,
Տեղա՛ բոլոր իգութեան մէջ մեր երկրին,
Մեր սըրտերուն խորունկ խորքերը հոսէ
Արիւնդ անբիծ, զոր շիթ առ շիթ ժողվեցիր
Վարդաններու ռազմայարդար հետքերէն,
Եւ ըրէ մեր օրրաններն
Արշակներու վերածընող շիրիմներ.
Ամէն հայու լանջքին տակ
Իր մէկ հին պապն արթընցուր.
Եւ նուիրական, յաւէրժական զանգուածով
Զանոնք խառնէ եւ խըմորէ եւ ձուլէ
Եւ ըստինքովդ ապրեցուր:
Այնպէ՛ս որ` քու մայրենի
Ճաճանչաւուխտ թեւ թռիչներուդ տակ ամփոփ
Տաքնա՛յ մեր հողն, եւ բլուրներուն վրայ խայտան
Գարուններն հին, Նաւասարդները` լեցուն
Մարտիկներու վահաններուն կոփիւնով.
Մեր արծիւներն եւ ուրուրները` թողած
Ճախճախուտները նըւաստ`
Կայծակներու թառերուն վրայ կըռընչեն.
Էգ առիւծներն ու էգ վագրերը բոլոր`
Մայրագորով լիզումով`
Ըլլան կայտառ հայկակներու կաթընտու.
Մեր ամպրոպները (լեցուն
Ըստուերներովն երգիչներուն գողթական)
Սըրտին մէջ հայ քերթողին
Փոխուին երգի ու չափուին
Կայծակներու շեշտերով.
Բանուորն հեստի՛, հեստի՛ գեղջուկն ու` այգուն`
Երբ իր քայլերն ուղղուին դաշտերն աւերուած,
Արշալոյսէն արիւնի հոտը առնէ
Եւ արիւնի՛ ծարաւի.
Շունչիդ զեփիւռն ու ճառագայթն աչքերուդ,
Նըման գարնան մեր տան շեմերը պըճնող,
Թող ճամբորդեն հիւղէ հիւղ,
Բնակարանէ բնակարան.
Կանգնի՛ն այրերն ու մայրեր,
Ծերը կանգնի՛, կանգնի՛ տղան.
Ու ամէն ոք Ազգին սիրով լոկ արբշիռ,
Ազգին ոգւով հաղորդուած
Ա՛յնպէս վառի, ապըստամբի, բորբոքի,
Որ Թորգոմայ Տունն ըզգայ
Թէ իր օճախը մարած`
Այսօր հրաբուխ է դարձեր: