Բագինին վրայ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Fiction  

ԿԱՐՕՏԻ ՆԱՄԱԿ

Կը գըրէ մայրս. «Ո՛վ իմ որդեակըս պանդուխտ,
Դեռ մինչեւ ե՞րբ պիտ’ անծանօթ լուսնի տակ
Օրերդ անցնին, դեռ մինչեւ ե՞րբ հէգ գըլուխդ
Ես չըսեղմեմ լանջքիս տաք:
Հերի՛ք օտար սանդուղներէ ելլեն վեր
Ոտքերդ` որ օր մ’ափերուս մէջ տաքցուցի.
Հերի՛ք ալ սիրտդ` ուր իմ ծիծերս եմ պարպեր`
Դատարկ սըրտէս դուրս հիւծի:
Ջահրակին տակ թեւերս աշխատ յոգներ են.
Կ’հիւսեմ պատանքս ա՛լ ծամերովս ըսպիտակ.
Ա՜խ, քեզ տեսնեն անգամ մ’աչքերս ու փակեն
Թող հոգիս ա՛լ իրենց տակ:
Դըրանս առջեւ կը նըստիմ միշտ տըխրալիր
Լուր կ’ուզեմ վրադ ամէն կռունկէ` որ կ’անցնի.
Այն ճիւղն ուռի` զոր քու ձեռքով տընկեցիր,
Վըրաս կընէ հովանի:
Իրիկունները զո՛ւր դարձիդ կը սպասեմ,
Կու գան կ’անցնին գիւղին քաջերը համակ.
Մշակը կ’անցնի, կ’անցնի կովարծը վըսեմ.
Կը մնամ լուսնին հետ մինա՜կ:
Աւերակ տան մէջ անտերունջ եմ թողուած,
Մերթ շիրիմիս, միշտ օճախիս ծարաւի.
Կրայի մը պէս` որուն աղիքն իր կոտրած
Պատեանին դեռ կը կըցուի:
Եկո՜ւր, որդեա՛կ, հայրենի տունըդ շէնցուր.
Դուռն են կոտրեր, մառաններն ո՛ղջ դատարկեր.
Կը մըտնեն ներս լուսամուտէն ջարդուփշուր
Գարնան ամբողջ ծիծառներ:
Այն բազմաթիւ հօտէն, գոմին մէջ, եղո՜ւկ,
Մընացեր է խոյ մը միայն քաջարի`
Որուն մայրն օր մ’ - յիշէ՛ որդեակ - դեռ գառնուկ
Կերաւ ափիդ մէջ գարի:
Թեփով բըրընձի եւ առուոյտով պատուական
Սընունդ կու տամ արդ անոր պերճ դըմակին.
Տօսախ սանտրով կը սանտրեմ բուրդն աղուական.
Ան զոհ մըն է թնկագին:
Դարձիդ` պըճնած վարդերով գլուխն իր համակ`
Պիտի մորթեմ կեանքիդ համար ծաղկատի.
Իր արեան մէջ պիտի լըւամ, քա՛ղցր որդեակ,
Ոտքերդ յոգնած պանդուխտի»: