ՀԱՅ
ԲԺԻՇԿԸ
Բարեկամիս`
տոքթ.
Ռ.
Պազարճեանին
Իրա՞ւ.
գիտե՞ս
ըսպաննել
Մահը,
խեղդել
Ոսկըրներու,
ջըղերու
մէջ,
զետեղել
Գլուխդ
հէգերուն
խոթ
կուրծքին.
Յանդուգն
գործ`
ուր
կայ
վըտանգն
ահարկու
Խաբուած
սիրոյ
ըմբոստութեան
դիպելու,
Կամ
հիւծախտի
մը
յորձքին:
Գիտե՞ս
համրել
բաբախումները
սըրտին,
Կեանքին
քայլերն`
որոնց
ներքեւ
կը
թափին
Մեռած
կրակներն
այտերէ:
Հին
սուրբի
պէս
դու
բարի
ես
եւ
կարո՞ղ.
Զերդ
մանգաղուած
կակաչներու
ինկած
շող`
Սիրտըդ
վէրքե՞ր
կ’համբուրէ:
Արդ,
եկո՛ւր,
ո՜վ
եղբայր,
ծընած`
չըգիտեմ
Արգանդէն
ո՛ր
յղի
վարսամին
լուսադէմ:
Եկո՛ւր,
թռիչքիս
վրայ
զերդ
ճայ`
Քեզ
պիտ’
տանիմ
Աշխարհ
մ’անհո՜ւն
գերեզման,
Որուն
վերեւ
կախուած
արփին,
լուսընկան
Դամբանի
միշտ
կ’ըլլան
ջահ:
Հոն
հիւղէ
հիւղ
տըրտում
քալես
պիտի
դուն`
Բանալով
խուլ
ողբի
դըռները
զաղփուն.
Վերմակներէ
դուրս`
նիհար
Թեւեր
քեզի
պիտ’
երկըննան
վերամբարձ.
Պիտի
շողայ
մըրոտ
խըրճիթը
յանկարծ
Իբրեւ
ոսկւոյ
հանք
մ’ըլլար:
Ու
առջեւդ
հոն
պիտի
տեսնես
մահահոտ
Էակներու
գալարուող
կոյտ
մ’հիւանդոտ,
Թաց
խորշերու
մէջ`
տըժգոյն
Դէմքեր
վըտիտ,
բիբեր
ջերմի
վառարան,
Որ
փոխանակ
արեգակին
կը
տեսնան
Հըրդեհն
իրենց
գիւղերուն.
Լանջքեր
վիրոտ,
վիրոտ
սըրտեր`
լի
արդար
Վըրէժներով,
սարսափներէ
խելագա՜ր,
Ճակատներ`
ուր
թըշնամւոյն
Անարգ
սուրերը
կ’արձակեն
բոց
եւ
ահ,
Հոն
կը
գըրեն
-
ըստ
կամքի
-
կեանք,
վաղը`
մահ,
Ճակատագիր
անկայո՜ւն…
Ջարդուած
կողեր`
որ
կը
դողդղան
սուիններէն`
Ինչպէս
եզ
մ’իր
անդէորդին
խըթանէն.
Ցուրտի,
սովի
մէջ`
դեղին
Ծիւրախտ
թոքեր,
աղիքներ
չոր
ու
ցամքած`
Որոնց
միջեւ
Քաղցն,
երիզորդ
մարմնաքանց,
Կը
քաշէ
մորթը
ոսկրին:
…Ահա
-
ո՜վ
վրէժ
-
եղբայրներուդ
այս
անվերջ
Քայքայումին
առջեւ`
սըրտմիտ,
հոգւոյդ
մէջ
Խեղդած
պաշտօնդ,
ընդվի՜զ,
վէ՜ս,
Շանթի
նըման`
որ
կ’երկըննայ
պողպատին,
Գուցէ՛,
գուցէ՛,
ո՜վ
եղբայր,
դու
մոլեգին
Նըշտրակին
տեղ
սո՜ւրն
ուզես: