Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Fiction  

Դժնիկ ձանձրոյթ ինքնաբոյս՝

Կը ծակծըկէ սիրտս անդուլ.

Կրակէ վէրքէն այդ անխուլ՝

Իմ կեանքս է որ կուտայ խոյս։

 

Կ՚իյնան թըռիչքն իմ հոգւոյս

Իր ցանցերուն մէջ ամուլ.

Դժնիկ ձանձրոյթն ինքնաբոյս՝

Կը ծակծըկէ սիրտս անդուլ։

 

Եւ փուշերուն մէջ անլոյս

Բիւր ըղձանքներն իմ խարխուլ

Կը բըզըկտին ա՜լ անյոյս,

Մինչ կ՚ուռճանայ համր ու խուլ՝

Դժնիկ ձանձրոյթն ինքնաբոյս։

 

1893