Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Fiction  

Հ ոգիս շատ լըռին ու թաքուն խորշեր

Ունի, որոնց խորն՝ անթափանց՝ մըթին՝

Միսթիկ տրտմութեան ծիլեր կը փթթին,

Ուր արեւ չըկայ, այլ՝ սեփ սեւ գիշեր։

 

Հոն կ՚ուրուագըծուին տարտամ պատկերներ,

Հոն է Աստուծոց իմ դժնէ բագին,

Եւ անոնց առջեւ բուրվառն իմ կեանքին

Կը ծըխէ անդուլ խունկ հոգենըւէր։

 

Մասնատուփ մ՚է սիրտս մասունքով լեցուն.

Բանալ խորհուրդներն իր սեւ խորշերուն,

Քօղազերծ ընել ծալքերն անոր մութ,

Խորտակել տըփիկն այն նըւիրական…

Չէ՛, ես չեմ ժըտեր սրբապղծութեան

Այս խօլ, անխորհուրդ արարքին անգութ։

1895