Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Fiction  

Յաւիտեա՜ն քեզ մոռնալու

Տըխուր հարկէն՝ ես եղայ

Կամակորոյս եւ հըլու

Իբր անձնուրաց աբեղայ։

 

Ու խստամբեր այդ կեանքին

Զրկանքներուն անմըռունջ

Ես ուզեցի տրտմագին

Համակերպիլ լուռ ու մունջ։

 

Ի՜նչ փոյթ նոյն իսկ թէ ծանր էր

Ներանձնացումն այդ բոլոր։

Վանականը չի՞ գիտեր

Թէ ո՛ւր կ՚երթայ անմոլոր։

 

Եւ սկիհի սուրբ գինին

Եղաւ արցունքս անապակ.

Փոխան կակուղ նշխարքին՝

Սրտիկս ըրի պատարագ։

 

Խոցոտ կամքիս ճիգերով

Շատ բան մոռցայ ես յուշիկ,

Մեղմ ակնարկիդ ջերմ գորով

Ու բիւր կերպերդ անուշիկ։

 

Դէմքէդ շըքեղ ու փարթամ

Այսօր ունիմ ես, աւա՜ղ,

Լոկ դիմաստուեր մը տարտամ,

Անճիշդ, պղտոր ու նըւաղ։

 

Գուցէ օր մ՚ալ ջանքերու

Աշխատութիւնն ու ճըգունք,

Լոկ մի անգոյ համբարու

Քեզմէ թողուն ինձ մասնուք։

 

Այլ ի՞նչ ըրիր՝ որ իմ մէջ,

Հոգւոյս խորը դեռ մի բան

Կը մընայ ջերմ ու անշէջ,

Անվըտար ու անխափան։

1895