Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Fiction  

ՆՈՒԷՐ

Նըւիրեց ինծի շուշանը ճերմակ

Զոր ակռաներով խածած էր հուրին,

Ներշընչելով շունչն իր մարմնի բոյրին

Այդ ծաղիկին մէջ՝ ցօղաւէտ համակ։

 

Ու փընտըռեցի անձկութեամբ մը տաք,

Ջլատիչ յոյզովն հոգւոյ սարսուռին,

Բուրմունքներն ամէն՝ որ հոն կը թառին,

Փափուկ թերթերուն ագուցուածքին տակ։

 

Ու փեթըռտելով թերթերը բոլոր՝

Ես հոն չը գըտայ երազ մ՚իրական.

Շուշանէն մընաց՝ լոկ ծըղօտ չոր…։

 

Քմահան բողդն էր հուրին այդ գարնան,

Շուշանն ալ ճերմակ ու բուրումնաւէտ՝

Մեր սին յոյսերուն ծաղիկը նամէտ։

1896