Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Fiction  

Գիշեր։ Լըճակի եզրը առանձին։

Ջուրերու պայծառ արծաթին վըրայ

Սիւքը հեւ ի հեւ մերթ կը սարսըռայ,

Ու լայն թրթռումներ վերը կը յածին։

 

Ու ծիր-կաթինի անբաւ լոյսերէն՝

Աստղեր կը նըժան անտառակին մէջ։

Ու ցոլ ցոլ, մէտ մէտ հրթիռներ անշէջ

Կապոյտ ջուրերուն վըրայ կը պարեն։

 

Սաղարթներուն տակ թեթեւ մի հուրի

Մարմանդին վըրայ կը սահի շուտ շուտ,

Ասուպ մը կ՚իյնայ մեղմ ու վիժանուտ,

Ու կապոյտին՝ մէջ պահ մը կ՚երկարի։

 

Կը սահի արծաթ ջուրերուն մէջէն

Ամպի թափանցիկ պաստառ մը թեթեւ,

Ու սաղարթախիտ պուրակին ետեւ

Մեղմ հեծկլտուքներ մերթ կը մրմնջեն։

 

Ու փոսփորալոյս կայծոռիկներու

Բոյլ մը կ՚ակօսէ մութն ստուերակուռ,

Ընդհատ երիզ մը նուրբ ու ոսկեհուռ,

Ինչպէս անկումը վերն՝ ասուպներու։

 

Գիշեր։ Լըճակին եզրը միսմինակ.

Այս փայլի, բոյլի, ստուերի պահուն,

Հոգւոյս տենդագին խօլ սըլացքներուն

Պահ մը նեղ կուգայ մեծ միջոցն համակ։

1895