Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Fiction  

Երբեմն անհուն ցաւ մը լըռին

Կը խոշտանգէ սիրտըս բոլոր,

Ցաւն՝ աննշան բանաստեղծին

Փառքի ճամբով՝ քայլամոլոր։

 

Զի թանկագի՜ն յատկութիւններ

Ինձմէ կուտան խոյս՝ օրէ օր,

Կ՚անցնի կեանքըս ամուլ, անսէր,

Փո՜ւճ է, դարման չըկայ անոր։

 

Կը ցըրտանայ լանջքըս՝ անբաւ

Իր յուզմունքի հըրայրքներէն,

Ու կը ցամքի սիրտըս տակաւ.

Ռամիկ հոգեր զայն կը վարեն։

 

Ու հոգիս ալ կը մերկանայ

Իր թեւերէն յոգնավաստակ

Սէր կամ երազ ալ չունի՞ նա.

Երազն է սին, սէրն՝ իմաստակ…։

 

Զգայամոլ իմ կիրքերէն

Ես կը դառնամ լուրջ, հասուն մարդ,

Դատողութեան ցուրտ բեւեռէն

Վերադարձող ճամբորդ հըպարտ։

 

Այլ ցաւն անհուն, ցաւն է խորին,

Որ կը փորէ սիրտս օրէ օր,

Ցաւն՝ սպառող բանաստեղծին.

Աւա՜ղ, դարման չկայ անոր։

1899