Ներկայ
պահուն
անձկագին
Դժգոհութեանց
մէջ
խըռով
Կ՚ալեծըփի
այս
հոգին
Բազմապահանջ
պէտքերով։
Կեանքի
դեռ
շատ
լուսաւոր
Ու
խընդալից
կողմերուն
Գիտակցութիւնն
է
բոլոր
Խըռովարարն
իմ
հոգւոյն։
Ու
զրկանքներն՝
հոգւոյս
մէջ
Կը
հրդեհեն
բոցափայլ
Խուլ
կրքերուն
կայծն
անշէջ,
Սպառնալից
ու
մըռայլ։
Ու
նրբուղին
վարդաւէտ
Յոյսի
շուշան
քայլերուն
Դեռ
կ՚երկարի՜,
—
առ
յաւէ՞տ—
Հորիզոնին
խորն,
հեռուն։
Եւ
ապագան
որ
չի
գար,
Մի՜շտ
հեռուն
է
խուսափող,
Զայն
կը
ծածկէ
յամրաբար
Գերեզմանի
ցըրտին
հող։
Լոկ
հրճուանքի
խորշն
հանդարտ
Հոն
է՝
ուր
դեռ
կը
փայլին
Շողշողանքով
մը
կախարդ
Յիշատակներն
անցեալին։
1898