Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Fiction  

ԱՌԱՋԻՆ ՍԷՐ

Պատանութեան է՛ն միամիտ օրերուն,

Այն ատենն էր՝ երբ երազոտ, հոգ տղեկ,

Հոգիս անծիր բաղձանքներու սեւեռուն,

Տըժգոյն էի, - շա՛տ ալ մաղձոտ, սրտաբեկ։

 

Այն օրերուն էր՝ երբ յիմար տենջով,

Տարտամին մէջ աննիւթ երազ մը թեթեւ,

Կը փնտռէի, կեանքս իսկ տալու հեշտ սիրով,

-Բոլորն ասոնց՝ դեռ չեն թըուած, միտքս են դեռ։

 

Կեանքիս այդ յոյժ վտանգաւոր օրերուն

Օտար աղուոր կնկան մը որ, ո՜հ, մեւա՜ւ,

Տարօրինակ ազդեցութիւնն անանուն

Կըրած ըլլալ կը յիշեմ դեռ ես անձկաւ։

 

Կրկին տարիքս ունէր անշուշտ, բայց աղուոր

Ու թարմ էր շատ ու հեշտառատ կին մ՚էր ան,

Որ սիրեց զիս մտերմութեամբ մ՚անսովոր,

Իր տրտմութիւնն անձրեւելով իմ վըրան։

 

Ու շուտ մեռաւ, առջի անգամն էր անկասկած,

Կընկան համար ես կեանքիս մէջ կուլայի,

Բայց այդ անկեղծ արցունքներէն պարպըւած՝

Ինչո՞ւ արդեօք չը մընաց սիրտս ամայի։

 

Ինձ թըւեցաւ թէ՝ ան կըրնար մայր ըլլալ

Ինձ պէս նիհար տըժգոյն հոգւոյ մ՚երազոտ,

Ու մայրիկիս մահուան վըրայ դառնանալ

Թուեցաւ ինձ այն օրուան մէջ մշուշոտ։

 

Անկից ի վեր՝ քանի՜ տարտամ տարիներ

Անցան ու ես ճանչցայ սէրն իսկ բոցեղէն,

Հոգիս հիմա մըթին կեանք մը չ՚ստանձներ,

Սիրտս՝ ա՜լ չունի կակղութիւններ մոմեղէն։

 

Այսօր՝ միայն անկարեկիր վերլուծող

Այդ երազի մելամաղձոտ օրերուն,

Ես կը քննեմ այն անցեալը խուսափող

Անուրջի պէս վերնոտ, աստղի պէս հեռուն։

 

Ու կեանքիս մէջ առջի անգամ տըղու պէս

Կրկին տարիքս ունեցող կինն այն տարտամ

Ո՜հ, իբրեւ մայր, կամ սիրուհի՞, իմ սըրտէս

Սիրած ըլլալս հիմա միայն ես կ՚զգամ։

1896