Երկունք

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՍԻՐՈՅ ԽՈՐԱՆ

Շրջանգեստի մը շրշիւնն հոտաւէտ

Խըռովքի անհուն սարսուռներ ունի,

Կ՚այլայլի հոգին յուզման հակամէս

Երբ քովէն յանկարծ կը թրթըռայ անի։

 

Լուռ, խորհըրդապահ, ծփծըփուն թաղար՝

Որուն մոջ կինը կը ծաղկի մաքուր,

Եւ ուր՝ ապրելու խինդով դողահար

Կը փըթթին սիրոյ կիրքերն ու սարսուռ։

 

Մաքուր մերկութեան մատուցարանին

Մետաքսէ մերկութեան մատուցարանին

Տարտամ ուխտաւորք հոն կը վարանին,

Քու նըւիրական ծալքերուրդ առջեւ։

 

Կի՜ն, - համադրութի՜ւնն իսկ մեծ աղուորին,

Անձուկ ու թեթեւ հաշիւներէ դուրս,

Անգոյն հոգիներն իսկ կը շըւարին

Սիրոյդ խնկումէն, - երկնային զմուռս։

 

Շրջազգեստի մը շրշիւնն հոտաւէտ՝

Խըռովքի անհուն սարսուռներ ունի։

Կ՚այլայլի հոգին յուզման հակամէտ

Երբ քովէն յանկարծ կը թրթռայ անի։

1896