Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Fiction  

ԹՌՉՆԻԿԻՆ

Թռչնի՛կ, ո՜վ թռչնիկ, որ պատուհանիս

Մօտիկը կ՚երգես նըւաղկոտ շունչով,

Ըսէի՜ր ինծի, արդօք ի՞նչ ունիս,

Ինչո՞ւ տրտմութեան այդ վանկը թոթով։

 

Աշնան միգապատ սո՞ւգը կը սգաս,

Թէ ցուրտ ձմեռուան սարսուռները բիր,

Զի կը թըւի թէ ցաւեր վաղահաս

Կուլաս քու երգիդ շեշտին մէջ անձնիւր։

 

Ու կը տեսնեմ քեզ, չոր ոստին վըրայ

Թառած մինակ ես հեռու սիրուածէն,

Աշնան հովերէն ոստը կ՚երեւայ

Եւ սառնեայ շունչեր քեզ կը հալածեն։

 

Եկո՛ւր, ո՜վ թռչնիկ, բացուինք իրարու

Բարեկամի պէս, տաք, մըտերմաբար,

Դուն՝ մինակ, ես ալ՝ սիրուածէն հեռու,

Պատմենք ցաւերնիս, հասկնանք զիրար։

 

Ու այս քերթուածը կախեմ թեւիկէդ,

Կը տանի՞ս անոր, ըսէ՛, ա՜լ թռչուն,

Թող գիրերովըս մխիթարուի գէթ

Մինչ գան ու անցնին մշուշն ու աշուն։

 

Հոն, քերթուածին մէջ դրած եմ բոլոր

Իմ արցունքներէս ու իմ ցաւերէս,

Թռչնի՛կ, անոր տար զանի անմոլոր,

Ան պիտի ճանչնայ իմ ձեռագիրէս։