Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Fiction  

ՉԵՄ ՄՈՌՑԱԾ

Երբեմն ի զո՜ւր կը յուսամ

Այլ եւս մոռնալ զինքն յաւէտ

Չզգալ սէրն իր բոցաւէտ

Երբեմն ի զուր կը յուսամ։

 

Ջի մոռացման մէջ իսկ լուռ՝

Հո՛ն է ոչինչ մ՚աննըշան,

Սրտէս անդարձ, անբաժան,

Որ իրմէ ինձ կուտայ լուր։

 

Բաժանումի խորշին մէջ

Խոր գիշերն է ծաւալուն,

Դեռ կայծ մը կայ պլպըլուն,

Կայծ մը դալկոտ՝ այլ անշէջ։

 

Ու մոռացման հեշտ պահուն,

Լուռ վայրկեան մը մտացիր,

Ասուպին պէս լուտածիր

Կ՚ակօսէ ան մութն անհուն։