Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Fiction  

ԾՈՎԻՆ ՎՐԱՅ

Ժանեակներ են որ կը հիւսուին

Ու կը ցրուին ծովին վրայ,

Թոյլ փրփուրը կը սարսըռայ

Ցուրտ շունչին տակ մսկոտ հովին։

 

Եւ ցոլքերու խուրձեր ի յոյզ

Հանդարտ խոկ անց այս լուռ պահուն

Ջըրի լանջքին վըրայ անհուն

Կ՚այրին իբրեւ կայծերն հոգւոյս։

 

Ու կը թռչին զիսախըռիւ

Ճաճանչոըմներն արեւմուտքին

Բազմակոհակ ծովի սրտին

Այդ հըրաթեւ իղձերն անթիւ։

 

Հեռո՜ւն, ա՜յնտեղ, հորիզոնին

Տարտամութեան մէջ նըւաղկոտ,

Երազներուն իմ վարանոտ

Վառ հոյլերը կը բըռընկին։

 

Ու հոն է որ կ՚առնէ հանգիստ

Անվերջ կարօտն իմ նայուածքիս,

Եւ ուր տենդոս, խանդոտ հոգիս

Կը հանգքի հեշտ ու լըռանիստ։

 

Հո՛ն, կապոյտի այդ համբոյրին

Ջինջ մաքրութեան մէջ մըւաղուն

Ինձ կ՚ուրուանայ աշխարհն անհուն

Երազներուս վայրավատին։