Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Fiction  

ԽՈՐՀՐԴԱՄՈԼ

Խորհրդամոլ ֆաքիր մ՚եմ ես անրջամոյն

Զոր հաշիշ ծուխը նուրբ եւ ուժգին

Կ՚առաջնորդէ ցընորքներու երկիրն անգին,

Աշխարհ մը լուռ, միայնութեան գաւառ տըմոյն։

 

Թմբիրը կայ վարանալից խորն իվ հոգւոյն

Երազներու երանաւէտ լուռ վայելքին,

Արբեցընող բուրմունքներու վըրդովագին

Խընկաւէտման յամրաթափանց թոյնին հանգոյն։

 

Ու սրբազան խնկամանի կըրակն ուժգին՝

Սեւեռումներն են ցանկավառ քու նայուածքին,

Ուր կը մըխայ հոգիս իբրեւ անուշ կնդրուկ։

 

Եւ կը մնամ թունաւորման այդ անձնատուր,

Զոհ գիտակից պաշտամունքին այս չարաշուք

Աղքատին պէս ինքնամատոյց՝ ամփոփ ու լուռ։