Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Fiction  

ՀԾԾԻՒՆՆԵՐ

Աղջի՜կ, որուն սէրն ինձ կուտայ դանդաղ

Ու թոյլ մարմուսքը վարդիւղի հոտին,

Թմբիրն երազոց աշխարհն խաղաղ

Ուրտեղ ոսկեզօծ իղձեր կը թռչտին,

 

Աղուո՜ր, այդ բոյրէն ես գինով եղայ,

Ու բաւական է բազմատենջ հոգւոյս

Վայելքն անուրջին՝ ուր պիտի մըխայ

Սրտիս մշտավառ խնկամանն անյոյս։

 

Աչքի կիսախուփ խոր զմայլանքով

Քեզի՝ կը դիտեմ տեսիլքին մէջէն,

Այս գինովութեան հեշտանքն հոգեթով

Թաղծութեան մէգը սըրտէս կը ջնջեն։

 

Ո՜հ, չարթըննայի՜ անուշ ու հանդարտ

երազին ճերմակ այս փթթումներէն,

Հոգիս չը վառէ՜ր միսին մեղապարտ

Ամպարշտական կիրքովն ուժգնօրէն։

 

Ա՜ղջիկ, որուն սէրն ինձ կուտայ դանդաղ

Ու թոյլ մարուսքը վարդիւղի հոտին,

Թմբիրն երազոց աշխարհին խաղաղ՝

Ուրտեղ ոսկեզօծ իղձեր կը փթթին։


1895