Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Fiction  

Իրիկունն անուշ հանդարտ է կարի,

Եւ հորիզոնին հրդեհն անսահման,

Կապոյտ կամարին բոցէ խընկաման—

Դալկոտ սպառմամբ տակաւ կը մարի։

 

Իրիկնամուտին լուռն անրջաւէտ

Կ՚անձրեւէ վերէն իր սարսուռն անդոյր,

Եւ երազներու հոյլ մը խընկաբոյր

Կը ծաղկի միսթիք ու փթթինաւէտ։

 

Նուրբ երանգներու մարմըրուն ցոլքեր

Ամպերուն շոգի յատակին վըրան

Հատնումի անգայտ շունչով կը թրթռան

Ու թեւեր կ՚առնեն լայն կապոյտն ի վեր։

 

Անհուն խոկմունքի լուռ պահն է վըսեմ,

Անխօս պաշտամանց խորհուրդ սրտագին,

Լռութիւն շրթանց, ամփոփում մտքին,

Աստղերն իրարու արդեօք ի՞նչ կ՚ըսեն։

 

Աղջընակ մը, կոյս թարմութիւնն համակ—

Բլրակին վրայ կայնած զմայլուն

Կը ղրկէ յուշիկ իր նայուածքն հեռուն,

Տարտամութեան մէջ ամպերուն բամպակ։

 

Եւ ծաղիկներու փունջ մը ոգեւար,

Որուն քակուեր է խոտէ կապն, աւա՜ղ,

Հանդարտ անկումի շարժումով դանդաղ

Իր քընքուշ ձեռքէն կը թափթփի վար։

 

Հէգ պարմանուհին տրտում է կարի՜,

Զի քայքայուեր է խուրձն իր յոյսերուն,

Եւ նայուածքն ի զուր կը ցրուի հեռուն

Վերջալոյսին մէջ որ հոն կը մարի։