Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Fiction  

Աշուն մ՚էր, աղու նայուածքդ երազուն

Զիս գերիդ ըրաւ, զիս հիւանդ ըրաւ.

Ամբողջ ձմեռ մը, ձըմեռ մը անհո՜ւն,

Սէրդ իմ սրտիս մէջ կրակ մը դրաւ։

 

Ձըմեռն՝ ես արիւն-արցունք եմ լացեր.

Դուն ինձ թըւեցար մահուանըս ծաղիկ.

Փոխարէն՝ ինծի ձօնեցիր ինչե՜ր,

—Յաւիտեան սիրոյ խոստում, երաշխիք։

 

Ձըմեռուան վերջն էր, հեռացար ինէ

Ինչպէս առտըւան մեղուն՝ վարդերէն։

Սիրամերժ տղան ըսէ՛ք, ի՞նչ կ՚ընէ,

Կը հատնի, կուլայ, կուլայ դառնօրէն։

 

Այս ցաւն ինձ համար սաստիկ էր. անհո՜ւն,

Վառելէ հատած՛ գուցէ մարէի.

Գարունն էր եկեր, ծաղկաւէտ գարուն,

Սրտիս պատուհանն արեւին բացի։

 

Ճաճանչ մը տաքուկ, շառայլ մը մոլոր

Կեանքիս կիսաշէջ մոմն էր արծարծեր,

Ճակտիս, այտերուս գոյնը դալկահար

Գարնան ծաղիկներն են կեանքով օծեր։

 

Ճնճղուկին երգը, կապոյտն երկինքին,

Մարմանդին վըրայ ծըլած անուրջներ,

Այն անգութ ցաւէն զիս բժշկեցին,

Մայր Բընութիւնը զիս որդեգրեր էր։

 

Աղուո՛ր, հիմա ո՞ւր, դուն ո՞ւր ես հիմա.

Սիրավէպն ամբողջ կըրակի՞ն տըւիր.

Այլ այս քըմայքէն քեզ ի՞նչ կը մընայ.

Միա՜յն սառուցիկ պտղունց մը մոխիր։

 

Մինչ այն տաղերը զոր ձօնեցի քեզ

Տրտմագին սիրոյ ցաւոտ օրերուն,

Անունս աշխարհքին սիրցուցին, գիտե՞ս.

Ընդունէ փոխան երախտիքս անհուն։