Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԺԱ. ՎԵՆԵՏԻԿԻ ԵՐՐՈՐԴ ՇՐՋԱՆԻ ՁԵՌՆԱՐԿՆԵՐ 1729-1733

/123/ Տեսանք թէ ինչո՛ւ 1727ին տպագրուած աշխարհաբար Քրիստոնէական–Տաղարան եւ Դուռն Քերականութեան գիրքերու տպագրութենէն ետք՝ Մխիթար անցաւ կազմակերպելու իր հրատարակչական գործը, աւելի կատարեալ կերպով զայն առաջ վարելու համար։

Տպարանի վերաբերեալ գործերուն առընթեր՝ Մխիթար առաջ կը տանէր նաեւ բազմատեսակ գործեր. զինք չի կարելի անջատել Ս. Ղազարէն, որու կեդրոնն էր ու հոգին։ 1726ին՝ դեռ նոր աւարտած է Նորընծայարանի շինութիւնը, ու հետամուտ է հաւաքելու պատանիներ, ապագայ սերունդ հասցնելու համար. կը զբաղի անոնց դաստիարակութեամբ եւ դասաւանդութեամբ. «կարի ծանր զբաղանաց միջի կամ, - կը գրէ 19 Ապրիլ 1730ին, - մանաւանդ ի ուսուցանել զպատանիս մեր, ուստի հազիւ գտանեմ զժամանակ գրելոյ զգիր ումեք» [1] ։ Երկու տարի ետք՝ կ՚ընդարձակէ Նորընծայարանը, կցելով անոր հինգ սենեակ եւս. այս գործը տեղի կ՚ունենայ 1728ի Յուլիս–Սեպտեմբեր ամիսներուն։

Նիւթական գործերուն եւ ընդելուզէ գրականը. այս շրջանիս է որ կը գրէ. «զբովանդակ Քերականութիւնն շարադրեալ եզերեցի, ութցուն տապաղայէն աւելի է, եւ մինչ տպիցի՝ լինի ըստ մեծութեան Ալպերտի մանր գրով, եւ եթէ մեծ գրով տպիցի՝ երկու այնչափ։ Այժմ սկսայ զԲառգիրքն, եւ սա հարիւր տապաղակով հազիւ վերջանայ» [2] ։

/124/ 1728–1729ի շրջանին եւ խիթար պատրաստ ունէր տպագրելի երկու հատոր։

ԴՐԱԽՏ ՀՈԳՒՈՅ (տպ. 1729):

Դրախտ հոգւոյ գիրքին հեղինակն է Մեծն Ալպերտ։ Մխիթար եւ իր աշակերտը Հ. Յովհաննէս Վրդ. Սեբաստացի թարգմանած են զայն լատիներէնէ։ Հոգեւոր ու բարոյական նիւթեր շօշափող 300 էջնոց գիրք մըն է, որու տպագրութիւնը կատարուած է 1729) Նոյեմբեր-Դեկտեմբեր ամիսներուն, եւ տպարանէն Ս. Ղազար մտած են 1730ի Յունուար 7ին։ Անուանաթերթին վրայ կը փայլին, առաջին անգամ ըլլալով, գիրերու զանազան տեսակներ, բոլորն ալ հասած Ամսդերտամէն, իւրաքանչիւր էջ առնուած է աստղազարդ եզերագիծերու մէջ, որոնք նոյնպէս պէտք է հասած ըլլան նոյն քաղաքէն։ Գիրքը տպագրուած է ոչ թէ Պորթոլիի տպարանը, այլ՝ «Պարիտթա Ալպռիցի Ճէռօլիմօի» տպարանը։ Չունի յառաջաբան եւ ոչ յիշատակարան, 300րդ էջին վրայ կայ վեց տուն տաղաչափեալ քերթուած մը, «Գիրքս այս Դրախտ հոգւոյ կոչի» սկզբնաւորութեամբ, որ յորդոր մըն է սիրելու առաքինութիւնը։

Գիրքին տպաքանակը եղած է 1500, եւ տպագրութեան համար ծախսուած է 723 լիրէ, ըստ Մխիթարի թողած հետեւեալ հաշուեթուղթին.

 

30 օզմէ թուղթ, 14 լիրէ 15 սօլտի եւ ռիզմէին վճարեցի

442 լիրէ

Մարակնօնին տուեալ էր վասն մեր

86

Գօմբօնիտօռն շաբաթն 13 լիրէ, եօթն շաբաթ ի կրպակե բանեցաւ

86

Երեք շաբաթ եւս ի վանքն, 8 լիրէ շաբաթն

24

Թօռքօլէրին տապաղային 9 լիրէ 12 սօլտի. ինն տապաղայ եւ կիսոյն տուեալ է

85

խարճն բոլորի ԴՐԱԽՏԻ ՀՈԳՒՈՅՆ

723 լիրէ

 

Ինչ որ կը տեսնուի՝ սա այն հազուագիւտ գիրքերէն է, որ շատ դանդաղ կերպով ծաւալած է, որովհետեւ 1738ին, տպագրութենէն շուրջ ինը տարի ետք, ծախուած էր միայն 500 օրինակ, եւ շտեմարանին մէջ տակաւին կը մնար 1000 օրինակ յաջորդ տարիներուն ալ այդ 1000 օրինակները կը մնան գրեթե անփոփոխ։

ՔԵՐԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ ԳՐԱԲԱՌԻ ԼԵԶՈՒԻ ՀԱՅԿԱԶԱՆ ՍԵՌԻ (տպ. 1730)

/125/ Դրախտ հոգւոյ հատորէն անմիջապէս ետք կը սկսի տպագրութիւնը Քերականութիւն գրաբառի լեզուի Հայկական սեռի։ Ինչպէս վերեւ նշեցինք, 1727ի Փետր. ին գրուած նամակի մը մէջ Մխիթար կիմացնէ իր աշակերտներուն՝ թէ «այժմ գրաբառ Քերականութիւնն է ի ձեռն մեր, զոր ջանամ եզերել: եթէ յաջողութիւն լիցի՝ ի Սեպտեմբերի (1727) եզերի» [3] ։ 1728ի Սեպտեմբեր ամսուն միայն կ՚իմացնէ թէ գործը աւարտած է։

Յառաջաբանին համաձայն՝ գիրքին շարադրութեան ձեռնամուխ եղած է յատկապէս «առ ի դիւրացուցանել զուսումն քերականութեան նորավարժից աշակերտաց մերոյս դասական», այսինքն՝ վանքի նորահաս պատանիներուն համար։ 1727ին տպագրած Քերականութիւնը անուանած էր Դուռն Քերականութեան, ներկայ հատորը կը կոչէ «Գաւիթ». ու այս բոլոր գաղափարները համադրելով անուանաթերթին վրայ կը յայտարարէ. «Ի վարժումն նորամուտից աշակերտաց դասատան իւրոյ, եւ ի յօգուտ այլոց ամենից, որք ունին զփափաք, ի գաւիթս իմաստից Դրամբ Քերականութեան մտանելոյ… ի փառս մանկացելոյն Յիսուսի»։

Տպագրական եւ գեղարուեստական տեսակէտով՝ Մխիթարի ցարդ հրատարակածներէն ամենակատարեալն է այս հատորը. անուանաթերթը հիւսուած է ութը տեսակ գիրերու գեղեցիկ համադրութեամբ. երկրորդ էջը զարդարուած է խաչերով, աստղերով եւ գեղեցիկ գիծերով կեդրոնական խաչի չորս թեւերուն մէջ դնելով Միաբանութեան Ո. Կ. Վ. Ա., իսկ խաչին ստորոտը՝ չորս տողի մէջ խտացուցած է քրիստոնէական նուրբ գաղափար մը։

«Նախ քան ըզգոլ քո քերական,

Ըզխաչն արա քեզ յենարան.

Զի մի՛ ուսումըն գիտնական,

Առիթ լիցի քեզ փքացման»:

Յառաջաբանէն ետք՝ կայ պղնձատիպ նկար մը, Ս. Սահակի եւ Մեսրոպի, որոնք կը խորհրդակցին՝ Աթէնք ղրկելու համար իրենց առջեւ գտնուող առաջին աշակերտները։ Առաջին նկարն է որ Մխիթար փորագրել տուած է` յատկապէս այս գիրքին համար։ Պատկերին տպագրութիւնը եղած է անկախ գիրքին տպագրութենէն /126/ որովհետեւ հաշուողական տետրակի մը մէջ՝ Մխիթար նշանակած է հետեւեալը. «1731 Փետր. 15. յղեցաք առ պատկերատիպն առաջին տապաղայէն Քերականութեան, առ ի տպել ի վերայ նոցա զպատկերս. 30 տապաղայ։ 16 Փետր. եկին բնաւքն։ Փետր. 19. յղեցաք մնացեալ տապաղայսն, որք էին թուով 1035, առ ի տպել որպէս զվերագրեալսն, եւ ի Փետր. 27 եկին բնաւքն»։

Գեղեցիկ է նաեւ բնագրին առաջին էջը, վեց զանազանեալ գիրերով խառն, ուր յատկապէս գործածուած է Ամսդերտամ էն հասած փայտէ մեծկակ գիրերը։ Այնուհետեւ գիրքին համար գործածած է երկու տեսակ գիր, բոլորգիր ու նոտրգիր, բաժնելով բնագիրը խորագիրներէն։ Իւրաքանչիւր մաս վերջանալուն՝ կայ զարդ մը կամ զարդարուն գիծ մը։

Տպագրութիւնը կը բռնէ գրեթե ամբողջ 1730 տարին. կը սկսի Յունուարին ու կ՚աւարտի Նոյեմբերին։ 1730ի Յուլիս 4ին, Մխիթար կը գրէ Էրզրումի Հ. Յակոբին. «այժմ զմեծ Քերականութիւն, զոր շարադրեալ էի, տպեցաք նոր գրովն, եւ ի Սեպտեմբերի ամսոջ եզերի»։ Ինչպես միշտ, այս անգամ ալ Մխիթարի փափաքը չի կատարուիր, որովհետեւ նոյն տարուան Սեպտ. 9ին, Թրանսիլվանիա՝ Հ. Մանուէլ Վրդ. ին գիրքեր ղրկած ատեն, միասին կը դնէ կիսատ Քերականութիւնը, «երրորդ մասն ոչ է տակաւին եզերեալ» գրելով։ Բայց Նոյեմբեր 12ին կը գրէ . «Քերականութիւն մեր այժմ եզերեցաւ, եւ ի ժամանակի իւրում յղելոց եմ զոմանս ՚ի Պոլիս)» [4] ։ Տպագրութեան դանդաղ ընթանալուն պատճառը տպարանին հեռու ըլլայէ գրաբարը կաշխատի Ս. Ղազար, պրակ պրակ գիրերը կը տարուին Վենետիկ, տպագրութենէն ետք՝ կը վերադառնան վանք։ Այս ամէնուն մանրամասն ծրագրութիւնը բռնած է Մխիթար իր յուշատետրին մէջ [5] ։

/127/ Առաջին դասագիրքն է այս որ կը տպագրուի, եւ արժանացած է Մխիթարի յատուկ գուրգուրանքին։ Նոյն շրջանին գլխաւոր դասագիրքն էր, որու ուսուցումը կը տեւէր ամբողջ տարի մը, ինչ որ Մխիթար անձամբ կը կատարէր։ Գիրքին միայն առաջին մասը տպագրուած ատեն, երեք օրինակ կը ղրկէ Պոլիս, որպէսզի Հ. Միքայէլ՝ երեք պատանիներով Վենետիկ ուղղուած ատեն՝ ճամբուն ընթացքին սկսի սորվեցնել Քերականութիւնը։ Յովհաննէս Թովմաճանեան պատանին Պոլիսէն գալուն, Վենետիկի արգելարանը (Նազարէթ) գտնուած շրջանին, Մխիթար անոր կը ղրկէ Քերականութիւնը, որպէսզի սկսի մինակը սերտել, ու վանք մտնելուն՝ միանայ իր ընկերներուն։ Տէր Մինաս Դանիէլեան կը փափաքի Ս. Ղազար գալ սորվելու համար Գրաբար լեզուն. Մխիթար կը խոստանայ օգնել «ըստ կարեաց զի ուսանիցիս զգրաբառ լեզուն ըստ կանոնի քերականութեան, մանաւանդ զի այժմ մերս Լիակատար Քերականութիւն տպագրեցաւ, ուր ամենայն ինչ որ պիտոյանայ առ ուսումն Հայկաբանութեան՝ պարունակի. եւ զայն առաջադրեմք քեզ» [6] ։

Գիրքին տպաքանակը կարելի չեղաւ ստուգել, հաւանաբար տպագրուած է 1000 օրինակէ աւելի (1070), որոնցմէ մեծ մաս մը ծախուելով՝ 1738ին մնացած է միայն 620 օրինակ։ Տպագրութենէն անմիջապէս ետք՝ Պոլիս ղրկած է 50 օրինակ, եւ յաջորդաբար՝ աւելի մեծ քանակութեամբ, որոնց համար կը լսենք Հ. Պօղոսի ձայնը՝ թէ «նորք Քերականութիւնքն մինչեւ ի տասն օրն ոչ մնան՝ վաճառին» [7], ու ամիս մը ետք՝ Հոկտ. 10ին կը գրէ. «մեծ Քերականութիւն ոչ մնաց եւ ամենեքեան վաճառեցան»։ Մաղաքիա Դպիր, Պոլիսէն, կը հասցնէ իր խնդակցութիւնը Մխիթարի, տեղեկացնելով թէ «ամենապատուելի վեհն Պոլսոյս (Կոլոտ Պատրիարք)… Քերականութիւնն ի տէրութենէդ արտադրեցեալն վեց տատն իսկոյն էառ» [8] ։

Ատեն մը ետք, 1736–1738 տարիներուն ընթացքին, Պոլսոյ մէջ լոյս կը տեսնէ Պաղտասար Դպիրի Պարզաբանութիւն քերականութեան կարճառօտ եւ դիւրիմաց, երկու հատորով, որ տեսակէտով մը /128/ կու գար փակելու Մխիթարի Քերականութեան ընթացքը, թէեւ լաւ ընդունելութիւն գտած էր ժողովուրդէն։ Ահա այս մտահոգութեան մէջ է նաեւ Մխիթարի աշակերտներէն՝ Հ. Թոմաս, որ 29 Հոկտ. 1736ին կը գրէ Մխիթարի. «… զարդարեալ զՔերականութիւնս կազմեալ յղեցէք զի վաճառիցի. քանզի աստ տպագրօղք գողութեամբ աստի եւ անտի հաւաքեալ տեօլմէ տեօղուրմէ զՔերականութիւն իմն շարադրեալ տպագրեն այժմ, եւ սակաւագին վաճառմամբ արգելուն զվաճառումն Քերականութեան մերոյ, եւ ոչ մտածեն թէ մինչ մերն իցէ գեղեցկագոյն զարդուք, տակաւին աւելի գնով զմերն առնուն եւ ոչ զիւրեանցն, թէեւ ոչ ճանաչիցեն զներքին գեղեցկութիւն կարգի եւ բանի մերոյս Քերականութեան, եւ զտպագրութիւն եւ զանկարգ շարադրութիւն Քերականութեան նոցին»։ Թէ Հ. Թոմասի ժխտական դատաստանը որքան առարկայական է՝ առանձին ուսումնասիրութեան կը կարօտի. դժբախտաբար կորսուած է Մխիթարի տուած պատասխանը, սակայն շատ դիւրաւ կարելի է կռահել իր լայնախոհութիւնը, երբ յաջորդ տարիներուն ալ, աշակերտները պիտի մտահոգուին նոյնպէս՝ լսելով թէ կը տպագրուի եօթնլեզուեան Բառարան մը ու Հայկական նոր Աստուածաշունչ մը, Մխիթար կը խնդակցի եւ կուրախանալ, տեսնելով ազգին զարթումը եւ զարգացումը, ու ամենեւին չի մտահոգուիր։

1748ին՝ գրաբարի այս Քերականութենէն Մխիթարի գրապահեստին մէջ մնացած են 400 օրինակներ։ 1770ին՝ կատարուած է երկրորդ տպագրութիւնը։

ՀԱՐՑՈՒՄՆ ՔԵՐԹՈՂԱԿԱՆ ԵՒ ՊԱՏԱՍԽԱՆԻ ԶՔԵՐԱԿԱՆՈՒԹԵՆԷ ԵՒ ԶՄԱՍԱՆՑ ՆՈՐԻՆ (տպ. 1730)

Մեծ Քերականութեան տպագրութեան ընթացքին, 1730) Մայիս 30ին, Մխիթար միասիւն առանձնատիպով կը հրատարակէ 193-220 երկսիւն էջերը, որ կը բովանդակէ հարցումն եւ պատասխանի զքերականութենէ եւ զմասանց նորին. այս գրքոյկին նպատակն է՝ «զի ախորժելի եւ դիւրին լիցի ուսանողաց պատանեաց կրել միշտ ի ծոցս իւրեանց»: Գիրքին տպաքանակը եւ տպագրութիւնը աւարտելու թուականը նշանակուած է թուղթի կոտորակի մը վրայ։ «1730 Յունիսի 28. եկն ի տպարանէ 1500 Քերականութիւն»:

Ո՛չ դիւանին մէջ, ո՛չ ալ Մխիթարի նամակներուն մէջ ակնարկ կը գտնենք այս 110 էջնոց գրքոյկին մասին։ Մխիթար շատ կանուխ ժամանակներէ պէտք է պատրաստած ըլլայ այս հատորիկին ձեռա/129/գիրը, որովհետեւ 1721ի Նոյեմբեր 29ին, Կեռլայէն, Հ. Մանուէլ Վրդ. սա տողերը կը գրէ Մխիթարի. «Տէր Թորոսն՝ որ աստ է, նորընծայ, յիշեցի իւրեան զՔերականության հարց եւ պատասխանին, զոր եւ տէրդ իմ գրեալ էր, որ եւ զսահմանքն եւ զայլս դիւրակի մեկնէ, որ է մին փոքրիկ տետրակ։ Զմինն առաքիցես նմա, քանզի սակաւ ինչ տեղեակ է քերականութեան, եւ խնդրէ»։

Կերեւի թէ, ուրեմն, 1721ին արդեն պատրաստ ունէր Մխիթար գրաբարի քերականութեան այս համառօտութիւնը, զոր յետոյ ներմուծած է ընդարձակ քերականութեան մէջ, 1730ին, եւ առանձնատիպ ալ հանած անկէ 1500 օրինակներ, գործնական նպատակներով։

ԳԻՐՔ ՅՈՐՈՒՄ ԸՆՁԵՌԻ ԶՀԱՆԴԵՐՁ ԵԼՈՅ ԿԵՆԷ (տպ. 1731)

Մխիթար ընդհանրապէս խուսափած է յանձնառու ըլլալ տպելու օտարներու գիրքերը, ու ինչպէս պիտի տեսնենք՝ եղած առաջարկները միշտ մերժած է, որովհետեւ չէր ներեր ժամանակը, եւ իր բազմատեսակ հոգերուն մէջ՝ իր իսկ տպած գիրքերը արդէն իսկ շատ էին։ Այս բոլորով հանդերձ, 1731ին, բացառութիւն մը ընելով, կը տպէ ոչ Մխիթարեանի մը հատորը, որու վերնագիրն է Գիրք յորում ընձեռի զհանդերձելոյ կենէ։

Հազիւ աւարտած գրաբարի քերականութեան տպագրութիւնը, ձեռք կ՚առնէ վերոյիշեալ գիրքին սրբագրութիւնը։ Չենք գիտեր ստոյգ թուականը, սակայն անցեալին մէջ, Պոլիսէն, Նիկոմիդացի Յոհան Վրդ. Մխիթարի հասցուցած էր իտալերէնէ թարգմանած այս գիրքը, ու ստէպ Պոլիս գտնուող Մխիթարեան վարդապետներու միջոցով կը խնդրէր Մխիթարէն փութով հրատարակել իր թարգմանութիւնը, զոր կատարած էր 1721 թուականին։ 1731ի Մարտ 23ին Յոհան Վրդ. դարձեալ կը կրկնէ իր խնդիրքը՝ թէ՛ Մխիթարի աշակերտներու ձեռքով [9] եւ թէ անձամբ, գրելով. «Ծանիր, գերյարգելի Աբբայ Հայր իմ, սրտիս իմոյ իղխձն եւ փափաքն ոչ այլ ինչ է, /130/ եթէ ոչ այդ գրգուկն Հանդերձեալ կենի ի լոյս ածելն է, վասն հոգեւոր չափի եւ օգտի ազգին իմոյ…։ Որովհետեւ յօժար սրտիւ (յ)անձն առեալ է Աբբայ Հայրն իմ զայնքան աշխատանս, որ ոչ է սակաւ, յոյժ ուրախութիւն եւ ցնծութիւն ետուր անձին իմում, վասնզի գիտեմ եւ ստուգիւ գիտեմ, զի ոչ է սակաւ աշխատանքն, մանաւանդ այնմ որ միշտ ի միջի սբաղմանց կայ…: Եւ արդ այդ գրգուկն թարգմանութիւնն է իմ. նախկին գոլով՝ յոյժ աշխատանս կրեալ եմ ի վերայ դորա…։ Ապա ուրեմն յօժար սրտիւ եւ բացարձակ տուեալ եմ զհամահաւանութիւնն իմ գերյարգելութեան քում, որպէս հաճութիւնն եւ կամն քո է, նոյնպէս յօժար կամօք իմն է, որպէս ըմբոն եւ պատկան է՝ այնպէս արա՛ եւ ինձ հաճելի է միայն թէ աղաչեմ եւ կրկին աղաչեմ, վասն չափի եւ օգտի ազգի իմոյ՝ շուտով ի լոյս ածցի, որքան հնար է» [10] ։

Մխիթար յանձն կ՚առնէ գիրքին տպագրութիւնը, անտարակոյս՝ հմայուած գիրքին պարունակութենէն եւ խորհելով անկէ առաջ գալիք հոգեւոր օգուտի մասին։ Գիրքին ձեռագիրը, որ կը պատուի վանքիս դիւանը, գրուած է մաքուր գիրով եւ անկարօտ էր արմատական սրբագրութեան։ Ասով հանդերձ՝ Մխիթար նախ կը կարդայ, կը համեմատէ իտալերէն բնագիրին հետ [11], կը կատարէ կարեւոր սրբագրութիւնները ու գրեթե կերպարանափոխ կը դարձնէ։ Ճշգրիտ գաղափար մը կազմելու համար՝ մէջ կը բերենք անուանաթերթը, նախ Յոհան Վրդ. ինը եւ երկրորդ սիւնակին մէջ՝ Մխիթարի սրբագրածը.

/131/

ՅՈՀԱՆ ՎՐԴ.

ՊԱՐԶԱԲԱՆՈՒԹԻՒՆ ՀԱՆԴԵՐՁԵԱԼ ԿԵՆԻ

ՄԽԻԹԱՐ ԱԲԲԱՅ

ԳԻՐՔ ՅՈՐՈՒՄ ԸՆՁԵՌԻ ԶՀԱՆԴԵՐՁԵԼՈՅ ԿԵՆԷ

Պարզաբանութիւնս այս բաժանի յերկուս մասունս. առաջինն ճառի զկացութենէ հոգւոց բաժանելոց մարմնոց երկրորդն ճառի զկացութենէ իւրաքանչիւրոյ զկնի միաւորեցելոյ հոգւոց ի մարմինս իւրեանց: եւ զկացութենէ զկնի վերանորոգման այսորիկ ձեւոյ աշխարհին։

Շարադրեցեալ ի Պատրի Ղուկասէ Փինէլլոսէ Մելֆիացւոյ, ի կարգէ Յիսուսեանց: եւ թարգմանեցեալ ի լեզուէ իտալականէ եւ լատինէ ի հայկական բարբառ, ի Յոհանէ Վարդապետէ Նիկոմիդացւոյ, ի փառս Ամենամեծին Աստուծոյ:

Յամի կենարարին մերոյ ՌՉԻԱ, Եւ. Հայոց ՌՃՀ, ի Կոստանդինուպօլիս:

Արարեալ ի Հայր Ղուկաս Փինելոսէ, ի կարգէն Յիսուսեան, յիտալական լեզուոջ: Եւ անտի շարադրութեամբ արտահանեցեալ եւ զեղեալ ի հայկական բարբառ, ի Յօհաննու Վարդապետէ Նիկոմիդացւոյ։

Յամի Տեառն 1721, ի Կոստանդնուպօլիս, ի փառս Ամենամեծին Աստուծոյ։

Եւ տպագրութեամբ ի լոյս ածեցեալ յամի Տեառն 1731, Սեպտեմբերի Ի հայրապետութեան Տեառն Աբրահամու Հայոց կաթուղիկոսի։ Ի Վէնէտիկ։ Ի տպարանի Անդօնի Պօռդօլի։ Հրամանաւ Մեծաւորաց։

 

Տպագրուելիք բնագիրը պատրաստելէ ետք, 3 Սեպտ. 1731ին Մխիթար դաշինք մը կը ստորագրէ Պորթոլի տպարանին հետ [12], որու համաձայն՝ Պորթոլի կը խոստանայ տպել հազար օրինակ, Մխիթարի թուղթին վրայ, Մխիթարի տուած գիրերով, մնացած բոլոր մանր ծախսերը յանձն առնելով, իւրաքանչիւր պրակ՚ 20 լիրի, խոստանալով չտպագրել հազար օրինակէն աւելի՝ օտարին ծախելու համար, եւ աւելորդ տպագրուած էջերը դարձնել Մխիթարի, ոչ մէկ թուղթ պահելով իր մօտ։

/132/ Տպագրութիւնը սկսած է 1732ի Սեպտ. 6ին. օրինակները կազմարարին կը ղրկուին Դեկտեմբեր ամսուն։ Գիրքերէն մաս մը տպագրուած է ընտիր թուղթի վրայ, ինչպէս կը կարդանք Տոմսակ գրեանց մէջ. «1731 Դեկտ. 11. յղեցաք առ Ղազանճի Սան Ճէմինեանի կազմարարն առ ի կազմել 50 զհանդերձելոյ կենէ լաւ թղթով, եւ 50 զՀանդերձելոյ կենէ միջակ թղթով»։ Հաշուի փոքրիկ տետրակի մը մէջ ալ Մխիթար սա ծանօթութիւնը թողուցած է մեզի նկատմամ բ գիրքին համար եղած ծախսին.

 

«Գիրքն Հանդերձելոյ կենի եղեւ մեզ

850 լիրէ . զի

թղթոյն գնաց

349 լիրէ

տպագրելոյ

488 լիրէ

մանունք ծախքն

13 լիրէ

պօնաման

8 լիրէ

 

858 լիրէ

 

Գիրքը չունի ոչ յառաջաբան, ոչ ալ յիշատակարան» անուանաթերթին վրայ կը փայլի թարգմանիչին անունը «Ի Յօհաննու Վարդապետէ Նիկոմիդացւոյ». կը բացակայի Մխիթարի անունը իբր սրբագրիչ կամ հրատարակիչ։ Գիրքին տպագրութեան ծախսը Մխիթար հոգացած ըլլալով՝ եղած է նաեւ սեփականատէր։ Տպագրուած է 1000 օրինակ։

Տպագրուած գիրքէն քանի մը փառակազմ օրինակ եւ խիթար իսկոյն կը հասցնէ Պոլիս, Յոհան Վրդ. ին, որ անունս շնորհակալ կ՚ըլլայ, իմացնելով 10 Սեպտ։ 1732 թուակիր նամակով՝ թէ մահուան անկողինին մէջ ստացած է գիրքը, որու անձկագին կը սպասէր, աչքերը փակելէ առաջ. «… մինչդեռ օր ըստ օրէ մտած էի վասն գալստեան գրգկան… յանկարծակի եկն եհաս Վ. Հ. Թօմասն ի տուն, որ էր Սեպտ. 5, ասաց ինձ թէ եհաս գրեանքն քո ի քեզ։ Յորժամ լուա(յ) զայս, որքան ուրախութիւն եւ ցնծութիւն եղեւ ինձ, այս միայն Աստուծոյ յայտնի է՝ իմա՛, Գերարգելի Հայր իմ՝, զի մինչեւ ցմահու օրն իմ աղօթօղ եւ օրհնօղ եւ վասն քո, նաեւ ես նուաստիկս ոչ կարեմ հատուցանել զփոխարէն, միայն ստեղծօղն հատուցանէ, որպէս զիս ուրախացուցեր յայսմ կենի, Աստուած զքեզ եւ զքոյինս ի յերկինս ուրախացուցանէ փառօք» [13] ։

/133/ Նորատիպ Հատորը շատ աննպաստ շրջանի մէջ կը հասնի Պոլիս՝ վաճառուելու։ 1732 թուականը կրօնական հալածանքներու շրջան ըլլալով, հատորը չի գտներ պէտք եղած ընդունելութիւնը, ու Հ. Պօղոս Պոլիսէն այն նախազգացումն ունի՝ «թէ հանդերձեալ կենաց գիրքն արգելուցուն, որպէս արգելեալք են Բառարանի գիրքն» [14]: Իրապէս ալ գիրքը շատ դանդաղ ծաւալած է քսան տարուան ընթացքին (1731-1750), տպագրուած հազար օրինակներէն միայն 350ը ցրուած է, ընդ մէջ ծախուած եւ իբր նուէր տրուածներուն։

ՅԱՐԱՑՈՅՑ ՃՇՄԱՐՏԻ ԱՊԱՇԽԱՐՈՂԻ (տպ. 1731)

1718ին Պետրոս Վրդ. Թիֆլիսեցի կը գտնուի Վենետիկ, նուիրուած թարգմանութիւններու, 23 Ապրիլին գրած նամակով կիմացնէ Մխիթարի՝ թէ ձեռնարկած է թարգմանել «qԳիրգն Ճէնինիանոսի», եւ այն ալ Միաբանութեանս բարերար Աղայ Մէլիքի խնդրանքին՝ վրայ։ Պետրոս Վրդ. հազիւ գլուխ մը թարգմանած՝ դժուարութեան կը հանդիպի, ու կը համոզէ Մելիք Աղան փոխել գիրքը եւ թարգմանել «Քրիստիանօ»ն։ Ապա այս երկրորդն ալ անյարմար նկատելով՝ կը խորհի դառնալ առաջինին, ու չկարենալով իրագործել Մէլիքի ծրագիրը, միջնորդ կ՚ուզէ բռնել Մխիթար Աբբան։ Չենք գիտեր թէ ի՛նչ եղած է Մխիթարի պատասխանը. անկարելի չէ որ Մխիթար հարցը լուծելու համար՝ առաջարկած ըլլայ երրորդ գիրքի մը թարգմանութիւնը, եւ այդ ըլլայ Յարացոյցը։

Մխիթար Հռոմ կը մեկնի 1718 Մայիս ամսուն, ու մենք Եղիա Վրդ. ի առ Մխիթար գրած նամակէ մը կ՚իմանանք թէ Պետրոս Վրդ. «վճարեալ է զքարոզ գիրքն» [15] թարգմանել, կը մնայ միայն գիրքին սրբագրութիւնը եւ հրատարակութիւնը, ու Մէլիք փափաք կը յայտնէ որ սրբագրութեան գործը կատարուի Ս. Ղազարի միաբանէ մը։ Դժուարին ու պատասխանատու գործ մը ըլլալուն, Մխիթար մերժողական պատասխան կը գրէ Հռոմէն։

Արդեօք Պետրոս Վրդ. ի տպագրելի այդ հատորը նո՞յնն է Մխիթարի 1731ին հրատարակած Յարացոյցին հետ, չունինք ոչ մէկ դրական ապացոյց գուցէ նոյնն ըլլայ՝ եթէ Եղիա Վրդ «քարոզգիրք» բացատրութիւնը յարմարցնենք Յարացոյցին, որ իրապէս հատոր մըն է ապաշխարութեան քարոզներով լեցուն։ Մեր այս ենթադրութիւնը /134/ ձեւով մը աւելի կը հիմնուի՝ եթէ նկատենք որ անուանաթերթին վրայ, թարգմանութեան իբր թուական դրուած է 1719 թուականը։ Անուանաթերթին վրայ, բացի թարգմանիչին անունէն, կայ նաեւ, Մխիթարի անունը՝ իբր սրբագրող եւ հրատարակող. կը պակսի իշատակարան, որու փոխարէն՝ գիրքին վերջաւորութեան կայ 84 տողով Բան յորդորական առ ջերմեռանդ ընթերցօղս, առ ի ունիլ զփոյթ զղջման եւ խոստովանութեան», որու սկզբնատառերը կը կապեն «Մխիթար Վարդապետէ ասացեալ է»:

Յարացոյց ճշմարտի ապաշխարողի գրքին տպագրութիւնը սկսած է 1731ի Նոյեմբեր 2ին. նոյն օրը ստորագրուած է դաշնագիրը, յար եւ նման Հանդերձելոյ կենի գիրքին, Անտոն Պորթոլիի ստորագրութեամբ։ Տպաքանակը եղած է 1500. տպագրութեան ընթացքին պէտք է անկանոն բան մը պատահած ըլլայ՝ որ Մխիթար իր յուշերուն մէջ կը գրէ հետեւեալ մութ նկատողութիւնը։ «Եւ այս գրգոյս թիւն եղեւ այսպէս. 900 նախապես ընտրեցաւ, որոց թէ՛ կիսատ եւ թէ՛ իքսն  (x) եւ թէ Ին (I), ոչ էին ի մի կողմն փոքր ինչ նեղ։ Եւ վերստին ընտրեցաւ 483, որք էին տանելիք, եւ այսու եղեն սոքին որք ընտրեցան 1383, եւ մնաց մեզ 113, որոց կիսատն եւ իքսն (x) նեղ են առաւել, եւ սոքա ի միասին ոչ եդան ընդ առաջնոյ մասին, այլ ուրոյն կապեցան, եւ այնպէս 1500էն 4 պակաս երեւի. մինն նախ առեալ եմք, եւ է միայն 3 պակաս։ Իսկ տապաղայք աւելեալքն ընդ ամէնն էին 298, եւ Ճէն (G) նոցին ոչ գոյ եւ ին (I) մի միայն է»։ Հատորիս տպագրութեան համար ծախսուած է 1300 լիրէ, թուղթին՝ 733, տպագրոցին՝ 527, մանր ծախսերը՝ 16, սկիզբը դրուած Դաւիթ Մարգարէ ի նկարին համար՝ 32 լիրէ։

Բաւական լաւ կերպով ծաւալած է հատորս. հինգ տարուան ընթացքին (1732–1737) 700 օրինակ պակսած է 1500էն։ Ծաւալումին նպաստած է Մխիթար, նկատած որ «ամենից է յարմար, եւ եթէ միջոց ինչ լիցի՝ կարէ գինն նորա յիսուն փարան տանել, եւ եթէ ոչ՝ համբերութիւն, չէ փոյթ, միայն թէ առատապէս ծախիցի» [16] ։

* * *

Տիրացու Մաղաքիա Դպիր, 1732ին, Պոլիսէն պէտք է գրած ըլլայ Մխիթարի, հարցնելով թէ մինչեւ ցարդ քանի՞ հատոր տպա/135/գրած է, եւ յառաջիկային դեռ ի՛նչ նոր թարգմանութիւններ ընելու եւ տպագրելու ծրագիր ունի։ Դժբախտաբար, կորսուած է այս նամակը, ունինք միայն Մխիթարի պատասխանը, գրուած 28 Յուլիս 1732ին, ուր Մաղաքիայի առջեւ կը դրուի օրուան կացութիւնը, պարզելով թէ հակառակ իր սրտին մեծագոյն փափաքին՝ չունի առ այժմ պատրաստ թարգմանուած հատորներ, որու իբր պատճառ կը բերէ Մխիթար՝ Մոռէայէն փախչիլը, Վենետիկ ապաստանիլը, շինարարութեան նուիրուիլը ու կեանքի զանազան դժուարութիւնները։ Այս բոլորը գրելէ ետք՝ կը յայտնէ ապագային իրագործելի ծրագիրը: «ահա այս եօթն ամք են, յորմէ հետէ առաք փոքր ինչ զոգի եւ զչունչ, եւ սկսաք դնել զջան առ ի աճեցուցանել զաշակերտս եւ զուսանողս, զարգացուցանելով զնոսին ի յուսումն դպրութեանց կրկին լեզուաւ, այսինքն մերով բնականաւ եւ լաթինականաւ, որպէսզի ի յընթացս այնքանեաց ամաց, մինչեւ եզերիցին զուսումն փիլիսոփայութեան եւ աստուածաբանութեան պատշաճապէս, ըմբոնք գտանիցին թարգմանութեան պաշտօնի, եւ յայնժամ՝ եթէ Տեառն կամք իցէ, բազմապատկութիւնք տեսակաց գրեանց ի միջի մերում գոլ կարեն, որոց հարկաւորքն վասն ազգին նաեւ տպագրութեամբ ի լոյս ածել յուսամք ի Տէր»։

Յատկանշական նամակ մըն է, ուր կը տեսնուի Մխիթարի սրտին իղձը՝ տպագրուած տեսնելու բազմաթիւ հատորներ, ու անկարելիին առջեւ՝ կը մխիթարուի ապագայի յոյսով, աշակերտներուն մէջ տեսնելով իր գործին շարունակութիւնը։ Վանքիս մանր ժամանակագրութիւններն ալ աչքէ անցնելով կը տեսնենք թէ ի՛նչպէս նոյն տարիներուն Մխիթար լծուած է վանքի աշակերտներու դաստիարակութեան գործին, ըլլա՛յ անոնց հոգեւոր ներքին կազմութեան, ինչպէս նաեւ ուսումնական ու կրթական։ Անձամբ կը կատարէ զանազան դասարաններու ուսուցումը, աւանդելով անոնց փիլիսոփայութիւն եւ աստուածաբանական ուսումները։

Այս կացութեան մէջ չէր կրնար ամէն տարի նորանոր տեսակ գիրքեր հրատարակել, հակառակ որ այս տարիներուն է որ պատրաստած է կոթողային հատորներ, Աստուածաշունչը, Մատթէի մեկնութիւնը, Հայկազեան բառարանի մեծղի հատորները։ Բայց ասոնց մասին պիտի անդրադառնանք առանձին։

1732 տարին կըլլայ վերահրատարակութիւններու տարի մը, վերստին տպելով երեք կամ չորս հատորներ, որոնք սպառած էին արդէն։

ԳԻՐՔ ՔՐԻՍՏՈՆԷԱԿԱՆԻ ՎԱՐԴԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ . տպ. 1732)

/136/ Այս հատորին առաջին տպագրութիւնը կատարուած էր 1727 ին, 1500 տպաքանակով։ Տեսանք արդէն թէ ի՛նչպէս քիչ ժամանակի մէջ ծաւալած ու սպառած էր: Թրանսիլվանիայէն Հ. Մանուէլ Վրդ. կը խնդրէ 1729ին։ «Տաղարան գոնեա հարիւրական հատ մէկ սնտկով առաքէիր» [17], Էրզրում էն Հ. Յակոբ Ներսէսեան նոյնպէս կը գրէ թէ «այլ եւս հարկաւոր է տեղս ուղարկել այն փոքր աշխարհօրէն Քրիստոնէականէն, որ շարակցեալ ունի ընդ ինքեան զերգս հոգեւորս» [18] ։

Անհրաժեշտ էր, ուրեմն, երկրորդ տպագրութիւն մը, ու այս անգամ աւելի կատարեալ կերպով։ փոխանակ Պորթոլիի մանր գիրերուն՝ կը գործածուին Ամսդերտամի գեղեցիկ ու մեծ Ոսկանեան գիրերը, երկու տեսակ գիրերու գեղեցիկ զանազանութեամբ, խորագիրները՝ նօտրագիր, եօթը պղնձատիպ պատկերներով։ Առաջին անգամ ըլլալով կը գործածուին նաեւ Ոսկանի խազերը՝ շարականներուն վրայ, մինչ առաջին տպագրութեան մէջ՝ շարականները առանց խազի էին։

Քրիստոնէականին հետ կից կը վերատպուի նաեւ Տաղարանը, ուր աւելցուցած է նոր տաղ մը, նուիրուած Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ «Մեծահանդէս է օր տօնի» սկզբնաւորութեամբ [19]. իսկ շարականնե/137/րու բաժինը նոր է (էջ 171–203), «Շարականք ոմանք ասացեալք ի նոյնոյ Մխիթարայ Վարդապետէ» վերնագրով. շարականներու այս մասը ունեցած է առանձնատիպ ալ, բայց առանձին համարակալութիւն ունենալով հանդերձ (էջ 1–31), չունի առանձին անուանաթերթ։ Առանձնատիպի գոյութիւնը յիշատակուած է Մխիթարի Հաշուագիրքին մէջ, ուր կը գրէ. «վասն պօռնաման եւ վասն շարականի աւելի տպման եւ թղթոյ սրբագրութեան՝ 26 լիրէ»։ Շարականներու մասը աւելի օրինակներով կը բազմացնէ, որովհետեւ նոյն շարականները կը գործածում էին Ս. Ղազարի մէջ, յատուկ առիթներով. աւանդութիւն՝ որ դեռ պահուած է Մայրավանքիս մէջ, Յիսուսի անուանակոչութեան տօնին։

Նորատիպ Քրիստոնէական–Տաղարանը կը փակուի նոր երգով մը (էջ 200–202) «Յորդորումն փախչելոյ ոգւով չափ յախտէ պատուասիրութեան, ոտանաւոր տողիւ ասացեալ, առ վերջաբանութիւն գրգկանս, ի յօգուտ ընթերցողաց»:

Գիրքին տպաքանակը փոխանակ 1500ի, այս անգամ կ՚ըլլայ 2000, որոնցմէ 500ը կը տպուի ընտիր թուղթի վրայ [20] ։ Տպագրութիւնը պէտք է աւարտած ըլլայ 1732) Փետրուար ամսուն, որովհետեւ Տոմ/138/սակ գրեանցի մէջ նոյն ամսուան 8ին նշանակուած է. «Եկին ի տպարանէ սպիտակ թուղթք, յաւելեալք ի Տաղարանէ, 2 տէստէ »։

* * *

Տարիներ ետք, 1744ին, Սպահանի Եպիսկոպոսին ձեռքը կանցնի Մխիթար Աբբահօր 1732ի այս Քրիստոնէականը, ու կարդալով «Հաւատամք»ի մեկնութիւնը, մանաւանդ այն կէտը՝ ուր կ՚ըսուի թէ Քրիստոսի յարութենէն ետք «էջ ի դժոխս», եւ մութ գտնելով տրրուած բացատրութիւնը, գիրքը կը ղրկէ Հռոմ, եկեղեցական պատկան իշխանութեան, ու նամակ մը կը գրէ ըսելով։ «Պատահեցաւ ի ձեռն իմ փոքրիկ գիրգ մի Քրիստոնէական վարդապետութեան, շառադրեցեալ ի Վէնէտիկ Աբբա Մխիդարէ եւ տպեցեալ ի տպարանի Անդօնիօ Պառթօլօ, թվին 1732, ուր 26 թխդով մեկնէ զՀաւատամքն, ուր ասի՝ թէ Քրիստոս Տէրն մեր իջեալ հոգւով ի Դժոխն, վասն ազատելոյ զարդարս ի ձեռաց սատանայի, եւ աւելու՝ վասնզի նախ քան զՔրիստոս սատանան տանէր ի դժոխս զհոգիքն արդարոց։ Ուստի ընդեռնանու ի Աւետարանն թէ Հոգին Ղազարոսի եղեւ տարեալ ի հրեշտակաց ի քոքն Աբրահամու. խնդրէ այն եպիսկոպոսն եթէ սոյն առաջարկութիւն՝ թէ իցէ՞ ընդդէմ ճշմարիտ վարդապետութեան կամ ոչ»։

Հաւատասփիւռի Ժողովը, առանց մանրամասնելու խնդիրը, Քրիստոնէականի գիրքը կը ղրկէ Հռոմի Հայոց եկեղեցւոյն Մեծաւորին՝ Գրիգոր Վրդ. Նիկողոսեանի, կարդալու եւ գրավոր ներկայացնելու իր կարծիքը՝ այս հարցին նկատմամբ։ Գրիգոր Վրդ. հաւատքի հակառակ ոչ մէկ բան կը գտնէ հոն, ու դիմելով Յովհաննէս Պատկերահանի, որ թարգմանի պաշտօնը կը վարէր, կը յայտարարէ իր տեսակէտը։ Յովհաննէս անձամբ կը ներկայանայ Ս. Ժողովին, որ կ՚իմացնէ՝ թէ հարցը պետք է անցնի Հաւատաքննութեան Ժողովին, որու կը պատկանի քննել եւ դատել այս հարցը։ Մինչ այս՝ Յովհաննէս կը պատրաստէ իտալերէն լեզուով յայտարարութիւն մը, հետեւեալ պարունակութեամբ։ «Վրդանէս Արքեպս. Կեսարիու, նաեւ /139/ ձեռնադրօղ ի Հռոմ, որ բնակի մերձ եկեղեցւոյն սրբոյ Մարիամ ու Եգիպտացւոյն, եւ Տէր Գրիգոր Նիկողոսեան, մտադրաբար ընդերցան զգրքուկն Քրիստօնէականի վարդապետութեան, այլ սղալս ոչ գտին, բաց ի այնմանէ՝ որ գրեալ է Իսպահանու Եպիսկոպոսն, թէպէտ սոյն արաջարկութիւնս ոչ է երեւելի սըղալ կամ ընդդէմ ճշմարտի վարդապետութեան, այլ ոչ է բարւոք պարզաբանեցեալ, հետեւապէս ոչ է վնասաբեր, եւայլն։ Քանզի շարագրողն սորին է մեծ Վարդապետ եւ ուսուցանող ճշմարտութեան, միջնորդութեամբ բազում գրեանց՝ որ շարագրեալ է վասն տարածելոյ զուղղափառ հաւատն, նաեւ իւր աշակերտօքն լուսաւորեաց զասգն Հայոց, եւ այլն)։ Յայտարարութեան կը ստորագրեն Վրթանէս Արքեպս., Գրիգոր Վրդ. ու կը ղրկեն Սրբազան Ժողովին։

Յիշեալ յայտարարութեամբ կը փակուի ամէն հարց է, որովհետեւ Մխիթար ոչ մէկ նամակ ընդունած է Հռոմէն, ու պաշտօնապէս անտեղեակ կը մնայ հարցին, թէեւ բոլոր այս մանրամասնութիւնները կիմանայ Միաբանութեանս մտերիմ՝ Յովհաննէս Պատկերահանի մէկ նամակէն [21] ։

* * *

Քրիստոնէական վարդապետութեան գիրքին մասին խօսած ատեն, կարեւոր կը համարինք ակնարկ մըն ալ տալ Վարդան Յովնանեանի՝ Լեոպոլսոյ Արքեպիսկոպոսին ինքնագիր Քրիստոնէական գիրքին, որ հեղինակէն կոչուած է Կաթէկիզմo: Չենք գիտեր թէ Վարդան այս գիրքը շարադրա՞ծ է՝ թէ թարգմանած, բայց շատ վաղ ժամանակներէ, իր իսկ կենդանութեան, գիրքը հասած է Մխիթար Աբբահօր ձեռքը. անհաւանական չէ որ ղրկած ըլլայ ինք Վարդան Արքեպիսկոպոս՝ Մխիթարի խնդրանքին վրայ։ 1718ին, երբ Մխիթար Հռոմ կը գտնուէր, Ս . Ղազարէն Հ. Եղիա կը գրէր իրեն. «Հ. Յովսէփն սկսեալ է գրել զիրգն զայն որ եւ կոչի կաթագիզմօ, էանց զկէսն» [22] ։ Միաբանութեանս մէջ Վարդանի կաթիկիզմօն պէտք է ծանօթ եղած ըլլայ ամէնուն, այնքան որ 1720 թուականին, երբ Յոհան Եպս. եւ Հ. Մանուէլ Վրդ. Ս. Ղազարէն կ՚երթան Թրանսիլվանիա, զգալով պահանջը քրիստոնէական վարդապետութեան դասագիրքի մը, փոխն ի փոխ թախանձագին կը գրեն Մխիթարի «Այբբենարան հանդերձ /140/ Քրիստոնէականիւն Վարդան Վրդ. ի… խնդրեմ որ ղրկես» [23] ։ Չունինք Մխիթարի պատասխանը, սակայն Յոհան Եպս. ի նամակէն կերպ րակացնենք՝ որ Մխիթար 1720) Դեկտեմբերին մտադիր է տպել տալ զայն [24]. սակայն գործերն այնպէս մը կընթանան՝ որ Վարդան Յովնանեանի Քրիստոնէականը չի տպագրուիր, հակառակ որ Հ. Մանուէլ Կեռլայէն շարունակ կը պնդէ։

Տարիները կը սահին, Մխիթար 1725ին կը տպագրէ իր շարադրած գրաբար Քրիստոնէականը, 1727ին աշխարհաբար Քրիստոնէական–Տաղարանը, որը երկրորդ տպագրութիւնը կը կատարէ 1732ին, առանց հրաժարելու ծրագրէն՝ լոյս ընծայելու նաեւ Վարդան Արքեպս. Յովնանեանի Քրիստոնէականը։

1722ին, Հ. Յովսէփ Պրուսացի Ս. Ղազարէն կը մեկնի Պոլիս, հետը տանելով Վարդան Յովնանեանի Քրիստոնէականէն օրինակ մը։ Հոն Տիրացու Մաղաքիա Դպիր կիմանայ Հ. Յովսէփէն՝ թէ ճամբորդութեան մը ընթացքին, Հ. Յովսէփ կողոպուտի մը ենթարկուած է, յիշեալ Քրիստոնէականն ալ զոչ գացած է։ Մաղաքիա ցաւով կը յիշէ այս դէպքը ու կը գրէ Մխիթարի. «Տէր Յովսէփն այն Պրուսայեան, որ երբեմն ցոյց ետ ինձ զԿախէթիզմուսն, զթարգմանեցեալն կամ զշարագրեցեալն ի Տեառնէ ամենապատուելի Վարդան Արհիեպիսկոպոսէն Լեհացւոց, զոր լուսաւորեալ Հոգին գրեալ էր յետնելոյս յղել ինձ, զյորմէ որում յոյժ փափաքէի» [25] ։ Այժմ Մաղաքիա կը փափաքի ունենալ նոյն գիրքը, ու Պոլիս գտնուող Հ. Թոմաս Վրդ. ը միջնորդ բռնելով, կը խնդրէ Մխիթարէն՝ ունենալ զայն։ Չունինք Մխիթարի պատասխանը, սակայն Հ. Թոմասի նամակին գրուած պատասխանէն կ՚իմանանք՝ թէ Մխիթար մտադիր է տպել այդ հատորը. «այն բան զոր գրեալ էիր, թէ նա (Մաղաքիայն) կամ ի զԳաթագիզմօն, բարւոք է. ես ոչ խնայեմ։ Բայց ոչ կարեմք օրինակել, եւ ունիմք զմի օրինակ միայն. ուստի, եթէ Տէր յաջողեսցէ՝ թերեւս տպագրեսցի, եւ յայնժամ ունիլ կարեն ամենեքեան» [26] ։ Գործնակա/141/նին մէջ՝ անկարելի կ՚ըլլայ տպել Վարդան Արքպս. Յովնանեանի յիշեալ Քրիստոնէականը, որու բնագիրը կը պահուի Ս. Ղազարի Ձեռագրատունը։

ԽՈԿՈՒՄՆ ՔՐԻՍՏՈՆԷԱԿԱՆ . տպ. 1732)

1719ին Մխիթար տպել տուած էր այս Հատորը, բայց վաղուց սպառած էր. մանաւանդ որ 1719ին Պարտէզ հոգեւորի տպակից ըլլալով՝ աւելի եւս պատճառ մըն էր անոր սպառելուն։ 1732ին տպագրութիւնը ոչ մէկ ուրիշ գիրքի տպակից է, ու իբր առանձին կը սկսի վաճառուիլ այսուհետեւ, աւելի ընդարձակ է քան նախորդ տպագրութիւնը, էջ 152–175ի վրայ ունենալով յաւելուած մը, ուր կան գործնական հոգեւոր խրատներ ու աղօթքներ։ Ունեցած է 2000 տպաքանակ. տպագրութիւնը սկսած է 1732ի Ապրիլ 16ին, ու աւարտած պէտք է ըլլայ լուրջ ամիսէ մը։ Յունիս ամսուն մէջ է որ կը սկսի գիրքին կազմուիլը։ Տոմսակ գրեանց յուշերուն մէջ, Յունիս 11ին կը կարդանք. «յղեցաք առ Ծամարիայն առ ի կազմել 50 Խոկումն նորատիպ», ապա «Յունիս 21. Jղեցաք առ Ղազանճին առ ի կազմել 50 Խոկումն նորատիպ»։ 1732–1738 տարիներու ընթացքին կը սպառին շուրջ 900 օրինակներ, իսկ 1748ին շտեմարանին մէջ կը մնան 892 օրինակներ։

ԳԻՐՔ ՍՐԲՈՅ ԱՒԵՏԱՐԱՆԻ . տպ: 1732)

1720ին տպագրուած 1250 Նոր կտակարանները եւ 250 Աւետարանները, 12 տարուան ընթացքին սպառած էին, ու կը զգացուէր կարօտութիւնը նոր տպագրութեան մը։ 1729ին Պոլիսէն Հ. Պօղոս Վրդ. կը գրէ . «Կտակարանք բազմիցս խնդրեն եւ աստ ոչ գտանեն» [27], «Խնդրեն Աւետարանք զատք ի գործոց Առաքելոց կազմեցեալք» [28], ու հակառակ որ 1729ին Պոլսոյ մէջ Աստուածատուրի տպարանէն լոյս կը տեսնէր Աւետարան մը, զարմանալի կերպով ժողովուրդը նախընտրութիւն կու տայ Վենետիկի տպագրութիւններուն, այնքան որ Պոլիս «գոյ անձն որ ասէ թէ ոչ գնեմ զՇարական, մինչեւ ոչ եկեսցէ Վէնէտիկու ստամբայ» [29] ։

/142/ Այս պահանջները նկատի առած, Մխիթար կը տպագրէ Աւետարանը 1732ի Օգոստ» 8ին, չորս աւետարանիչներու պղնձափոր նկարներով, Ոսկանեան խոշոր ու յստակ գիրերով, տնատեալ, մաքուր թուղթի վրայ, 1470 տպաքանակով [30] ։ Տպագրութիւնը կը տեւէ հազիւ ամիս մը։ Տոմսակ գրեանցի համաձայն՝ Սեպտ. 11ին Ս. Ղազարի վրայ ծախուած է առաջին օրինակը։

Յատկանշական է նորատիպ Աւետարանին Բան առ ընթերցօղս, ուր Մխիթար կը ծանուցանէ թէ նա պատրաստութիւն մըն է Աստուածաշունչի տպագրութեան, փոքրիկ ճաշակ եւ ը անկէ, նկատմամբ «թէ՛ ի կողմանէ թղթոց, ծաղկագրաց եւ պատկերաց, եւ թէ՛ ի կողմանէ պայծառութեան տպագրութեան եւ շարից տառիցն»։ Նոյն գաղափարը կը կրկնէ նամակներուն մէջ. «զմի գեղեցկատիպ Աւետարան ետու տպել վասն փորձի տպեցման Աստուածաշնչին» [31]:

Գեղեցիկ ու ներկայանալի է արդարեւ նորատիպ Աւետարանը, ու Մխիթար բոլոր սրտով կը փափաքի որ ամէն Հայ տուն ունենայ իր Աւետարանը, կարդայ ու դարձնէ զայն որպէս կեանքի անբաժան ընկեր՝ եւ ասոր համար կ՚որոշէ գինը չափազանց մատչելի, պէտք եղած էն շատ աւելի ցած, այնքան որ աշակերտներն անգամ կը ջանան համոզել զինքը՝ որ բարձրացնէ, ապա թէ ոչ՝ մեր վրայէն պիտի շահին, կ՚ըսեն, գրավաճառները. «զգին աւետարանացն կարի վայրագոյն եդեալ էք, - կը գրէ Պոլիսէն Հ. Պօղոս Վրդ., - քանզի գրգածախն մեր զմի հատն վաճառէ 70 փարայ եւ երբեմն 80 փարայ, եւ ի մէնջ առնու զմի հատն 50 փարայ, եւ տակաւին ջանայ զի 45 փարայով առնուցու. վասն որոյ ինձ թուի թէ բարւոք է 60 փարայ գին լինիլն» [32] ։ Դժբախտաբար չէ պահուած Մխիթարի պատասխանը, բայց տարբեր պիտի չըլլայ՝ Տաղարանին համար գրածէն. «վասն գրեանց գրեալ ես թէ քսան փարայով վաճառի Տաղարանն, եւ մէկ ղուռուշով Յարացոյցն եւ Հանդերձեալն. լաւ է եւ չէ փոյթ, թէ/143/պէտ Տաղարանն սակաւ է, զի այնքան պատկեր ունի, բայց չէ փոյթ» [33] ։

Տարիներ ետք, 1746) Մայիս 20ին, Պոլիսէն Հ. Միքայէլ Վրդ. կը գրէ այս Աւետարանին մասին. «մեր պարզ Աստուածաշնչի գրով տպեցեալ Աւետարանն, ի Մարկոսի էմէ (M ) նշանով թապաղայն հայելի է այդր, զի սղալ կարգեցեալ է փաճինաներն, որոյ բան միոյ երեսի ոչ կցորդ ի միւս երեսի. նաեւ Յինանց աւուրց ցուցակք տառք համարոց որք ի լուսանցս՝ անկարգ. եւս թղտոց համարքն սխալք. եթէ ի նոյն Աւետարանէ գոն բազումք, նոյն թապաղայն վերստին տպելի է, զի մի՛ գուցէ այնպէս մնալով առօղքն եպերիցեն եւ հայհոյիցեն։ Ահա տեսէք զՄարկոսի 3 Գլուխն եւ 18 համարն, ի վերջի տողն. «եւ զԱնդրէաս եւ զՓիլիպպոս», եւ հայեցէք ի միւս երեսն, որ ոչ համաձայնի» [34] ։ Չունինք Մխիթարի պատասխանը. մեր մատենադարանի օրինակը (էջ 177-192) չունի նշուած վրիպակը, անկարելի չէ որ Մխիթար նկատի առնելով Հ. Միքայէլ Վրդ. ի դիտողութիւնը՝ վերատպած ըլլայ այդ էջերը, եւ ծախու մնացած օրինակներուն մէջ ներմուծած։

ՍԱՂՄՈՍ ԴԱՒԹԻ ՈՐ ԵՒ ԿՈՉԻ ՍԱՂՄՈՍԱՐԱՆ (տպ. 1733)

1732ին տպագրուած Աւետարանէն զատ, Աստուածաշունչի տպագրութեան իբր պատրաստութիւն կրնանք նկատել նաեւ Սաղմոսի տպագրութիւնը, որու համար օգտագործուած են Աստուածաշունչի համար պատրաստուած տառերը, զարդերն ու նկարները։ Սա առաջին Սաղմոսարանն է որ կը հրատարակէ Մխիթար. յաջորդաբար, դեռ երկու անգամ ալ տպել պիտի տայ. մին՝ 1742ին, փոքրադիր, միւսը՝ 1747 ին, միջակադիր, որ վերատպումն է ներկայ 1733ի տպագրութեան։

Այս հատորին նկատմամբ, փոքրիկ հաշուի տետրակի մը մէջ կը գտնենք սա արձանագրութիւնը, գրուած Մխիթարէ. «1733 Մարտի 10, սկսումն տպագրութեան Սաղմոսի», եւ այլուր, նոյն տետրակին մէջ «զՍաղմոսն պարշեցաք զմեծ տապաղայն 43 լիրէով տպել (թէպէտ ինքն 44 աղաղակէր, բայց ես 43), եւ այս 2000 տպելոյ թէութեամբ»։ Տպագրութիւնը սկսած Մարտ 10ին, կ՚աւարտի Յուլիսին, ու մաս առ մաս կը ղրկեն կազմարարին. Օգոստոսի 29-ին 270 Սաղմոս /144/ կը յանձնուի նաւուն, տանելու Պոլիս, ուր ժողովուրդը կը սպասէր ծարաւով։ սակայն բեռնատար նաւը ճամբան վնասուելով՝ բեռները կը թափէ Զմիւռնիա, մինչ Պոլիսի ժողովուրդը «հարցանեն երբ գալ նաւուց, զի գնեսցեն զնորատիպ Սաղմոս» [35] ։ Քիչ ժամանակի մէջ կը սպառի ղրկուածը, ու յաջորդ տարիներուն ալ միշտ կը պահանջուի նոյնը։ «Սաղմոսք նորատիպք է նաեւ փոքր Սաղմոսք ոչ մնացին ամենեւիմ բ: ի նոցանէ յղեցէ ք զորքան կամ իք, զի վաճառին» [36] ։

ՏՕՄԱՐ ԿԱՐՃԱՌՕՏ (տպ. 1733)

1733ի Սաղմոսին տպակից է 40 էջնոց այս գրքոյկը, շարադրուած Մխիթարէ։ Մխիթար շատ կանուխ ժամանակ է պէտք է պատրաստած ըլլայ այս գիրքը, որու գոյութիւնը գիտէ Հ. Մանուէլ Վրդ. 1721ին, երբ Թրանսիլվանիայէն (Կեռլա) կը գրէ Մխիթարի Հոկտ. 7ին . «… տպել պարտիք, նոյնքան (100 հատ) եւ Պարզատօմար, լինի թէ բարձրութեանդ չինած վերադրով եւ գիր տարով, այն սակաւ եւ անխախտ Տօմարացուցակն մէջն դիցես, հանդերձ խրատիւն»։ Յոհան Եպս. առանց գիտնալու այս ձեռագրին գոյութիւնը, 1727ի Փետր. 8ին Հռոմէն կը խնդրէ Մխիթարէն նոյնը, գրելով «արդ մերձեցաւ ծռազատիկն Հայոց, խնդրեմ յանձն առնուլ զսակաւ ինչ աշխատանս, առ ի ուղղել զսղալանն զայն մեծ, որպէս եւ ընկալարն ի Տեառնէ զլոյս եւ զկարողութիւն ճանաչելոյ, զառիթ այնորիկ սղալմանն, որով եւ պարտաւորիսն իսկ։ Եւ զայս կարես առնել լինելով զՊարզատօմարիկ մի, եւ ածել ի լոյս՝ տպել տալով։ Եւ թէ կրիցես զերկբայութիւն ինչ, արդեօք վաճառի՞ եւ հանէ՞ զխարճն թէ ոչ, տուր տպել եւ ի լոյս հանել, եթէ կամիցիս՝ ծախիւք իմօք, զի զոմանս վաճառելով եւ զոմանս բաշխելով ջանասցուք սփռել ներ ազգին մերում, թերեւս այսու զգուշացուսցուք զնոսա ի սղալանաց անտի եւ զերծուսցուք ի խայտառակութեանց եւ ի տուգանացն հետեւելոց»։

Քաջալերուած գուցէ այս եւ ասոնց նման բացատրութիւններէ, վերջապէս 1733ին կը տպագրէ Տօմարը, ու այնուհետեւ բազմաթիւ անգամներ նոյնը կը տպագրուի, ընդհանրապէս միշտ Սաղմոսին տապակից [37] ։



[1]     Մխիթար Աբբայ՝ Վենետիկէն, 19 Ապրիլ 1730ին, առ Հ. Յակոբ Վրդ., Պոլիս։

[2]     Մխիթար Աբբայ՝ Վենետիկէն, 12 Սեպտ. 1728ին, առ Հ. Եղիա Վրդ., Պոլիս:

[3]     Մխիթար Աբբայ՝ Վենետիկէն, 18 փետր։ 1727ին, առ Հարս մեր, Պոլիս։

[4]     Մխիթար Արբայ՝ Վենետիկէն, 12 Նոյեմբ։ 1730ին, առ Հարս մեր, Պոլիս։

[5]     Մխիթար որպէսզի յիշէ, փոքր տետրակի մը մէջ նշանակած է՝ թէ Ս. Ղազարէն ի՛նչ ծանրութեամբ գիր ղրկած է տպարան, քանի էջ լի է կապարէ գիրերով, քանի էջ՝ կիսատ դրութեամբ, ու անոնցմէ բանին ետ դարձած է։ Այս ամէնը կ՚ընէ հետեւելու համար գործին, որպէսզի չկորսուին գիրերը։ Նմոյշի համար հոս կու տանք հատուած մը իր յուշատետրէն. «Եւ մնացին ի տպարանն Ալպռիցէ բ ֆօռման առաջնոյ տապաղայէ քերականութեան, բաց ի խաչէն, նաեւ մէկ թաւլօն գիր՝ լիք ի վերայ միոյ տախտակի, որ կարէ գոլ ա ֆոռմայ եւ կէս։ Իսկ ի քաշան բոլոր գրով մնացեալ գրերն, այբ. էն մինչ ին. ին, իբրու լիք են, բացի Ժէ-էն, որ է տասն կամ քսան. լ՝ կէս, խ՝ լիք... Դեկտ. 19 (1729) մինչ զգրերն եւ զքաշաքն բերաք, մնաց անդ ի տպարանն եօթն ֆօռմայէն 1 փաճինայ պակաս, այսինքն՝ 111 փաճինա, եւ մինն փաճինայից փոքր ինչ կիսատ է։ Յունուար 6 (1730) վեց ֆօռման բերաք եւ մինն մնաց անդ. ֆռիզով է։ Փետր. տարեալ եղեւ անդ 2 տապաղան քերականութեան, այսինքն՝ 30 փաճինա լիք»։

[6]     Մխիթար Աբրայ՝ Վենետիկէն, 12 Օգոստ. 1730ին, առ Տէր Մինաս Դանիէլեան։

[7]     Հ. Պօղոս Վրդ. Պոլիսէն, 7 Սեպտ։ 1731ին, առ Մխիթար Աբբայ, Վենետիկ։

[8]     Մաղաքիա Դպիր՝ Պոլիսէն, 3 Հոկտ։ 1731-ին, առ Մխիթար Աբբայ, Վենետիկ։

[9]     Ներկայ գիրքին թարգմանուիլը 1721 ին արդէն իսկ Հ. Պօղոս իմացուցած էր Մխիթարի գրելով. «սա (Յոհան Վրդ. ) զմի տալեանավար գիրք սկսեալ է թարգմանել, եւ մինչեւ ի Զատիկ թերեւս եզերէ, որ խօսի նոյն գիրքն զկենէ ներկա է եւ զկենէ հանդերձելոյ, թէ գոյ հանդերձեալ կեան, որ յումեմնէ ճիզվիթ կարգաւորէ շարադրեցեալ է։ Զթարգմանութիւն առաւել դրուատեաց քան զշարադրութիւն Խ(աչատուր) Վ(արդապետ)ին»։ (28 Մարտ 1721)։ Նոյն այս Հ. Պօղոսի 14 Ապրիլ 1731 թուակիր նամակէն այնպէս կը հասկցուի՝ որ Մխիթար ուղղակի Յոհան Վրդ. ի գրած է նամակ մը, իմացնելով գիրքին հրատարակութեան կարելիութիւնը։ «Վերպ. Տէր Յoհան Վրդ. ն գրեաց զմի գիր, պատասխանի գրոյդ, զոր ետու նմա, եւ ետ ինձ դնել ի մէջ թղթի իմում. նաեւ վերանձնեաց ինձ վասն գրքկանն իւրոյ գրել գերյարգութեանդ (թէպէտ նա գրեալ է ի թղթոջ իւրում), թէ որպէս հաճոյ է նմա՝ այնպէս տպել տայցէ, զի կամք իմ է կամիլն նորա»։ . Պօղոս՝ Պոլիսէն, 14 Ապրիլ 1731ին, առ Մխիթար)։

[10]   Յովհան Վրդ. նոյն այս նամակին մէջ կ՚իմացնէ Մխիթարի՝ թէ ունի ուրիշ երկու թարգմանութիւններ եւս, առաջինը Սէր Յիսուսի վերնագրով, որ հանդերձեալի կրկին ընդարձակութիւնը ունի, եւ երկրորդ մը, աւելի փոքր, Խոստովանութիւն Սրբոյն Օգոստինոսի։ Երկու թարգմանութիւններն ալ մնացած են անտիպ։

[11]   Մխիթար իր աշակերտներէն մէկուն (Պոլիս) գրած նամակին մէջ կ՚ըսէ. «Վերապատուեցելոյ Յօհան Վրդ. ին բազմաւ սիրով զողջոյն մատուցանեմ. ծանիցէ զի զգիր իւր ընկալայ, եւ այժմ գիրքն իւր ի ձեռս է եւ սկսեալ եմ հայիլ, եւ յուսամ ի Տէր մինչեւ ի Ծնունդ եզերել տպագրութիւնն» (2 Յուլիս 1731)։

[12]   Այս է իտալերէն համաձայնագրութեան պատճէնը։

      Settembre 1731

      Io Girolamo Bortoli, figlio di Antonio, fecci patto con li Rey. Padre Abate de Monaci Armeni di stampar il libro detto «Dell'altra vita», col foglio corsivo in dodici, mille copie, per venti lire il foglio, mettendo tutte le spese del mio, eccettuando la carta e caratteri, che sono suoi; l'quanto al numero delle copie, m'obbligo di non stampare mai più, per servare presso di me, per dar ad'altri, et occorrendo che alcuni fogli siano stampati di più, m'obligo parimente di restituirli, e non cacciarli presso di me.

      Io Girolamo Bortoli, figlio di Antonio. affermo.

[13]   Մխիթար Աբրայ Յովհան Վրդ-ի ղրկած է տասը օրինակ նորատիպ գիրքէն, երկու օրինակ ալ նոյն տարին տպագրուած Յարացոյց ճշմարտի ապաշխարողի դիրքէն. այս մանրամասնութիւնները քաղած ենք Յոհան Վրդ. ի վերոյիշեալ նամակէն։

[14]   Հ. Պօղոս Վրդ. Պոլիսէն, 10 Յուլիս 1732ին, առ Մխիթար Աբբայ, Վենետիկ։

[15]   Հ. Եղիա Վրդ. Վենետիկէն, 7 Յուլիս 1718ին, առ Մխիթար Աբբայ, Հռոմ։

[16]   Մխիթար Աբբայ, Վենետիկէն, 30 Դեկտ1732ին, առ Հ. Թոմաս Վրդ., Պոլիս։

[17]   Հ. Մանուէլ Վրդ. Պաշպալովէն, 25 Հոկտ. 1729ին, առ Մխիթար Աբբայ Վենետիկ։

[18]   Հ. Յակոբ Վրդ: Ներսէսեան՝ Կարինէն, 25 Յուլիս 1730ին, առ Հ. Յակոբ Բուզայեան, Պոլիս։

[19]   Մխիթար, բացի տպագրած Տաղերէն, ունի անտիպ տաղեր ալ։ Մխիթարի կենդանութեան, իր իսկ աշակերտներէն օրինակուած ձեռագիր Տաղարանի մը մէջ կը գտնենք հետեւեալ տաղերը։

      ա. Երգ ի վերայ նահատակութեան սրբոյ նոր վկային Քրիստոսի Տէր Կոմիտաս քահանայի կոստանդնուպօլսեցւոյ. ի Մխիթարայ Աբբայէ ասացեալ: Տաղին սկզբնատառերը կը կազմեն Ի Մխիթարէ Աբբայէ ասացեալ: (էջ 251–257)։

      բ։ Այլ իմն ոտանաւոր ի նմանէ ասացեալ։ Թէ մեղադրօղ իցես դու քեզ: (էջ 258)։

      գ. Այլ իմն ոտանաւոր ի նմանէ։ Սիրեա զԱստուած բոլոր սրտիւ: (էջ 258–259)։

      դ: Երգ յօրինեալ ի Մխիթարայ Աբրայէ Հօրէ մերմէ. Վաղ եղկելի անձն իմ: (էջ 260),

      ե. Նորին Մխիթարայ Աբբայի երգ յօրինեալ։ Մանչեալ ես ռահ» (էջ 261)։

      տաղը մնացած է անաւարտ, օրինակուած է միայն առաջին տունը եւ սկզբնատառով, իսկ երկրորդ տան միայն Խ տառը գրուած է։

      զ։ Երգ ի վերայ ինն դասուց հրեշտակաց, յօրինեալ ի գերապայծառ Մխիթարայ Աբբայ Հօրէ մերմէ։ Անճառ անհասին Հօրն անեղին: (էջ 348–349):

      է։ Նորին երգ ի վերայ հանգանակին սրբոց առաքելոց։ Սուրբն Պետրոս ասաց զՀօրէ։ (էջ 350).

      ը. Նորին տաղ ի վերայ կարգաց սրբոց առաքելոցն Քրիստոսի. Ով սուրբ Պետրոս» (էջ 350).

      թ։ Նորին երգ եւ գովեստ ի վերայ սրբոյն Դաւթի մարգարէին եւ Յակովբայ առաքելոյն. Անճառ անհասին Որդւոյն. (էջ 351–352):

      ժ. Նորին երգ եւ խրատ ի վերայ ընկերսիրութեան. Ով անձն իմ : (էջ 353–356)։

      ժա. Նորին երգ ի վերայ նախնեաց մերոց ազգին. Գովեսցուք զարս փառաւորս» (էջ 356–358)։

[20]   1732ին տպագրուած Քրիստոնէական–Տաղարանին համար եղած է հետեւեալ ծախսը, զոր թուղթի մը վրայ նշանակած է Մխիթար.

     

Տպագրողին ետու զվասն բոլորին որ եղեւ 13 տապաղայ եւ կէս, լիրէ

381: 10

Վասն 41 ռիզմէ թղթոյ ցածի

254

Վասն լաւ թղթոյ 13 ռիզմա եւ կիսոյ  

137: 10

Վասն պօնամանի եւ վասն շարականի աւելի տպման եւ թղթոյ սրբագրութեան       

26

լիրէ

799

     

      փոքրիկ թղթիկի մը վրայ կայ հետեւեալ ծանօթութիւնը։ «1732 Յունիսի 9 եկին ի տպարանէ 2000 Աշխարհաբար Քրիստոնէական վարդապետութիւն. որոց 500 են լաւ թղթով։ Բայց դիտելի է, զի ի լաւէն 11 պակասիւր: իսկ ի միւսոյն 24. այսինքն ընդամէնն պակաս իւր 35»։

[21]   Յովհաննէս Պատկերահան, Հռոմէն, 30 Մայիս 17-ին, առ Մխիթար Աբբայ՝ Վենետիկ։

[22]   Հ. Եղիա Վրդ. Վենետիկէն, 26 Հոկտ. 171-ին, առ Մխիթար Աբբայ, Հռոմ

[23]   Հ. Մանուէլ Վրդ. Կեռլայէն, 27 փետր։ 1721ին, առ Մխիթար Աբբայ, Վենետիկ։

[24]   Յովհան Եպս. 17 Մարտ 1721ին, Մխիթար Աբբահօր կը գրէ. «Քո հրամանքն գրեալ էիր թէ Սաղմոսներն հանդերձ միւս գրգերովն պատրաստեալ եմք, բայց զՔրիստոնէական Վարդանին զկնի Ծննդեանն, յորժամ աւարտի Մոլութեանց գիրքն, զնա տամ տպել եւ ողարկեմ փութով. արդ մինչեւ ցայժմ սպասեմք գալստեան գրեանցն»։

[25]   Մաղաքիա Դպիր՝ Պոլիսէն, 3 Հոկտ։ 1731ին, առ Մխիթար Աբբայ, Վենետիկ։

[26]   Մխիթար Աբբայ՝ Վենետիկէն, 19 Նոյեմբ։ 1733ին, առ Թոմաս Վրդ:, Պոլիս։

[27]   Հ. Պօղոս Վրդ. Պոլիսէն, 6 Հոկտ. 1729ին, առ Մխիթար Աբբայ, Վենետիկ։

[28]   Հ. Պօղոս Վրդ. Պոլիսէն, 7 Սեպտ։ 1731ին, առ Մխիթար Աբբայ, Վենետիկ։

[29]   Հ. Պօղոս Վրդ. Պոլիսէն, 14 Մայիս 1737ին, առ Մխիթար Աբբայ, Վենետիկ։

[30]   Փոքրիկ թուղթի մը վրայ Մխիթար նշանակած է թէ ո'րքան ծախս եղած է Աւետարանին համար։

 

«Վասն թղթոյ որ էր 107 ռիզմա, տուաք

865 լիրէ։

Իսկ տպագրողին

870 լիրէ

Վասն պատկերաց եւ տպմանց

100 լիրէ

 

1835 լիրէ»

 

[31]   Մխիթար Աբբայ՝ Վենետիկէն, Դեկտ. 1732ին, առ Խաչիկ Յակոբեան, Իզմիր։

[32]   Հ. Պօղոս Վրդ. Պոլիսէն, 1 Յունիս 1736ին, առ Մխիթար Աբրայ, Վենետիկ։

[33]   Մխիթար Աբբայ՝ Վենետիկէն, 8 Ապրիլ 1733ին, առ Հ. Թոմաս Վրդ., Պոլիս։

[34]   Հ. Միքայէլ Վրդ. Պոլիսէն, 20 Մայիս 1746ին, առ Մխիթար Աբբայ, Վենետիկ։

[35]   Հ. Պօղոս Վրդ. Պոլիսէն, 18 Մարտ 173-ին, առ Մխիթար Աբբայ, Վենետիկ։

[36]   Հ. Պօղոս Վրդ: Պոլիսէն, 16 Յունուար 1737ին, առ Մխիթար Աբբայ, Վենետիկ։

[37]   Տե՛ս Սաղմոսարան 1747ի եւ Սղմս. –Էֆէմէրտէ 1748ի։