Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԺԸ. ԲԱՌԳԻՐՔ ՀԱՅԿԱԶԵԱՆ ԼԵԶՈՒԻ 1744-1749

/221/ Մխիթար իր ամբողջ արտաքին գործունէութեան ընթացքին՝ եթէ մեզի ձգած ըլլար միայն իր Հայկազեան բառարանը, անփոխարինելի ծառայութիւն մը մատուցած պիտի ըլլար մեր Ազգին. իր բազմատեսակ գործերուն եւ զբաղումներուն մէջ, ըլլան անոնք դաստիարակչական, շինարարական կամ գրական, հանրութեան ներկայացնելով այս կոթողային հատորը՝ ան կը յայտնէ իր բացառիկ հանճարը։ Իսկ երբ քննելու ըլլանք միայն արտաքին պարագաները, անտարակոյս պիտի անմահացնենք մեր հոգիին խորը՝ լուսաւոր դէմքը մեն Մխիթարի։

«Բան առ ընթերցօղս»ին մէջ բացատրուած է շատ բան. այսպէս՝ բառգիրքը յօրինելու իր շարժառիթները, օգտագործած աղբիւրները, կրած նեղութիւնները եւ այլ պարագաներ, որոնց վրայ ծանրանալ աւելորդ կը համարենք։

«Թէ զինչ է կազմել զբառգիրք, ոչ ոք գիտէ, բայց միայն նա՝ որ յօրինեալ իցէ երբեք զնոյն», կը պատգամէ Մխիթար՝ եւ մենք առիթ առած այս տողերը՝ պիտի ուզենք մանրամասնել իր միտքը։

ՍԿԻԶԲ ԵՒ ՀԱՆԳՐՈՒԱՆՆԵՐ

Հ. Մատթէոս Եւդոկիացի, Մխիթարի առաջին կենսագիրը, կը պատմէ՝ թէ 1694ին, երբ Մխիթար սարկաւագ կը գտնուէր Սեբաստիա ու կը յաճախէր Ս. Նշան վանքը, հոն կը կարդար ձեռագիրներ, «եւ յորժամ ի գիրս դժուարիմաց բան ինչ նմա ընդ առաջ ելանէր, /222/ զոր առժամայն բաւական քննութեամբ իմանալ ոչ կարէր, ի վերայ այնմ բանի ոչ տատանէր, այլ յետ բանական քննութեան՝ զտեղին զայն նշանակէր, իբր զի ի յայլ ժամանակի՝ բաղդատութեամբ իմացուածոց նման նմին բանից իմացելոց՝ իմանալ մարթասցի» [1] ։ Բառերը պրպտելու եւ անոնց իմաստները ճշտելու հետամուտ ըլլալը՝ բնածին տուրք մը պէտք է եղած ըլլայ Մխիթարի մէջ, որ ժամանակի ընթացքին հասուննալով՝ դիմած է իր կատարելութեան։

Թէ ե՞րբ յղացած է Մխիթար գաղափարը բառարան մը պատրաստելու, դժուարին է ըսել՝ անտարակոյս՝ իր աշակերտներուն դասաւանդութիւններ կատարած ատեն, սկսած Մեթոնէն, տեսած է անհրաժեշտութիւնը անոր. եւ որովհետեւ մինչեւ այն թուականը՝ մեր ազգը չունէր ներկայանալի բառարան մը, տալու համար իր սաներուն ձեռքը, պէտք է մտածած ըլլայ պատրաստել զայն անձամբ։ Եւ իրապէս Բառգիրքին յառաջաբանին մէջ կը յայտնէ զայն պատրաստելու իր շարժառիթներէն կարեւորագոյնը, որ է «պիտանաւորութիւն Համալսարանին մերոյ. զի մի ուսումնասէրք համալսարանիս մերոյ տաժանեսցին յայսպիսի կիրս, հարկ էր ունիլ զլիակատար բառարան» [2] ։

Հոս նկատելի է նաեւ թէ ինչպէս լիովին գիտակից իր գործին մեծութեան եւ հիմնած դպրոցին մտաւոր բարձր մակարդակին, երբեք չի վարակիր զայն համալսարան անուանելու։

Հայկազեանը պատրաստելու ձեռնարկած է առաջին անգամ 1727–ին, ինչպես ինքն իսկ կը յայտնէ Յառաջաբանին մէջ. «սկսեալ   յամի Տեառն 1727, հասի ի տառն Ե, մինչեւ ի բառն Երախայրի, եւ ի դիպիլն մեր մեծամեծ զբաղանաց՝ խափանեցաք մինչեւ ցամն 1742, եւ ապա… վերստին բուռն հարեալ հասուցաք զայն յաւարտ, գործակցութեամբ աշակերտաց մերոց, յորում թուական Տեառն էր 1745»։

Արտաքին աղբիւրներու մէջ, Հայկազեան բառարանի մասին առաջին անգամ կը հանդիպինք 1728ին։ Մխիթար Միաբանութեան հիմնարկութեան առաջին օրէն իբր աջակից եւ սրտակից ունեցած է Հ. Եղիան, որուն կը յայտնէ ր ամէն բան մտերմաբար։ 1728ին Հ. Եղիա կը գտնուի Պոլիս, ուր կը կարդայ Մխիթարի 12 Սեպտ. (1728) թուակիր նամակը. «այժմ սկսայ զբառգիրքն, եւ սա հարիւր տապաղակով հազիւ վերջանայ»։ Դիտելի կէտ մը որ կայ հոս՝ նամա/223/կին եզական շեշտն է այնպէս կը խօսի «Բառգիրք»ին մասին, որ ծանօթ բան մը պէտք է եղած ըլլայ կարդացողին. եւ սակայն նախապէս գրուած նամակներուն մէջ ամենեւին ակնարկ չկայ անոր մասին. իսկ Հ. Եղիա Ս. Ղազարէն մեկնած է 1726ի Մայիս ամսուն. ուրեմն, 1726էն առաջ՝ Մխիթար իր այս ծրագրին մասին խօսած պէտք է ըլլայ իր աշակերտներուն հետ։ Հ. Եղիայի հետ դէպի Արեւելք քարոզութեան կ՚երթայ նաեւ Հ. Յակոբ Էրզրումցի, որ արդէն իսկ ձեռնադրուած քահանայ էր՝ երբ կ՚աշակերտի Մխիթարի՝ 1724ին, եւ շուրջ երկու տարի Ս. Ղազար մնալէ ետք՝ կը ղրկուի Էրզրում, իբր հոգեւոր հովիւ։ Հ. Յակոբ Ս. Ղազարի մէջ քիչ ժամանակ մնացած ըլլալով եւ խորապէս տեղեակ չըլլալով գրական մեծ շարժումին եւ անոր ծալքերուն, 1731ի Մարտ 8ին, երբ Մխիթար կը գրէ իրեն, հարկը կը զգայ աւելի մանրամասն բացատրելու, «այժմ ի ձեռս իմ աշխատութեան գործ է Բառգիրք մի, յորում բացատրին եւ մեկնին բնաւք դժուարիմացեք բառք, որք են ի քերականութեան. նաեւ այնք որք են ի յԱստուածաշունչ զիրս՝ յուսամ թէ մինչեւ յեզերումն միոյ տարւոյ՝ եզերիցի եւ ընդ եզերիլն՝ իսկոյն տպագրի»։

1727-1732 տարիները կրնանք նկատել Հայկազեանի պատրաստութեան առաջին շրջանը, բազմաթիւ ընդհատումներով եւ միջանկեալ պատրաստուած են այլ եւ այլ հատորներ եւ յանձնուած տպագրութեան, որոնցմէ գլխաւորն է Գրաբարի Քերականութիւնը (տպ. 1730)։

1732-1735 տարիներն ալ պէտք է նկատենք, իբր պատրաստութեան երկրորդ շրջան մը, որովհետեւ այդ տարիներուն է որ կատարուած է Աստուածաշունչի համեմատութեան հսկայ գործը՝ եօթնլեզուեան Աստուածաշունչին հետ, ուրկէ քաղած են բազմաթիւ լուսաբանութիւններ, ինչ որ կը յայտարարուի նաեւ Հայկազեանի Յառաջաբանին մէջ։

ԳՈՐԾԻՆ ՅԱՌԱՋԱՑՈՒՄԸ

Հոս պէտք է զետեղենք Մխիթարի մէկ նամակը, գրուած 1732ի Յուլիս 28ին, ուղղուած Տիրացու Մաղաքիա Դպիրի (Պոլիս). հոն շատ յստակ կերպով կը գծուի գործին յառաջխաղացումը։ Մէջբերուած հատուածը թէեւ ծաւալուն է, բայց որովհետեւ մեծ լոյս կը սփռէ կատարուած գործին մասին, լուսաբանելով Հայկազեանի Յառաջաբանին ինչ ինչ կէտերը, ամբողջութեամբ կ՚ուզենք յանձնել բանասէրներու ուշադրութեան։

/224/ «Իսկ վասն բառարանին, զորմէ գրեալ էիր՝ ծանիր. զի նաեւ ես սկսեալ եմ զբառարան ինչ գրել այժմ, եւ վասն բազմութեան բազմազանից զբաղմանցս՝ ոչ կարացի չուտով եզերել։ Թէպէտ ի բազմաց ամաց հետէ ունէ ի զդիտումն առ այս գործ, բայց ոչ գոլով տակաւին ի ձեռն բերեալ Աստուածաշունչ՝ զայն յորում են վեց լեզուաց թարգմանութիւն, այսինքն՝ Լատինացւոց, Յունաց, Ասորոց, Քաղդէացւոց, Արաբացւոց եւ Սամարացւոց, եւ անդէպ իւրաքանչիւրոցն եդեալք լաթին գրով եւ բարբառով, որով գոյացական եւ բուն նշանակութիւն բանից եւ բառից Աստուածաշունչ գրոց իմացեալ լինին, յապաղէ ի ձեռնարկել առ այս գործ։ Սակայն մինչ այժմ Աստուծով ստացայ զայն, որ է երկոտասան մեծ հատոր, զի երկոտասանիցս անգամ գրի անդ Աստուածաշունչն, վեցիցս զանազան լեզուաւ եւ վեցիցս լաթին բառով հանդէպ իւրաքանչիւրոցն, համարձակեցայ ձեռնամուխ լինիլ եւ սկսայ գրել, վասնզի այսու միայն կարելի է զբուն նշանակութիւն բառից եւ բանից մերոյս Աստուածաշնչի առիմանալ։ Քանզի նախնիքն մեր մինչ յունաց եւ յասորոց թարգմանեցին զԱստուածաշունչ գիրս ինչ, զբառարան յատուկ վասն նորա կա՛մ ոչ կարացին թողուլ մեզ՝ սակս դառնութեան ժամանակին յորում էին, եւ կա՛մ եթէ թողին՝ կորեաւ։ Եւ եթէ ոք զայն բառարանս որք այժմ աստ եւ անդ ի յանկիւնս ցիր եւ ցան երեւին՝ ասիցէ գոլ ի նախնեաց, այսինքն ի թարգմանչաց, ոչ է արժանի հաւատալոյ, որովհետեւ այնոքիկ բառարանք բազմիցս մեկնեն զբառս ոմանս ներհական նշանակութեամբ Աստուածաշունչ գրոց՝ նաեւ ոչ բացատրեն զպէսպիսութիւն նշանակութեանց բառից, որք զանազանաբար նշանակեն ի զանազան տեղիս։ Վասն որոյ եթէ Տեառն կամեցեալ իցէ՝ ջանամ եզերել զայս բառարան զոր սկսեալ եմ, եւ տպագրութեամբ ի լոյս ածել, ի մեծագոյն օգուտ առ հասկացումն Աստուածաշունչ գրոց, նաեւ այլոց հոգեւորականաց գրեանց»։

Մինչեւ 1732 ամբողջ գործ էին միայն մէկ չորրորդը կատարուած է, այնուհետեւ Մխիթար կը զբաղի Աստուածաշունչի տպագրութեամբ (1733–1735), Մեկնութիւն Ժողովողի շարադրութեամբ եւ տպագրութեամբ (տպ. 1736), Մատթէի Աւետարանի մեկնութեամբ եւ տպագրութեամբ (տպ. 1737-1739)։ Այս բոլոր գործերով անկարելի էր ժամանակ տրամադրել Հայկազեանին, որ հասած էր մինչեւ Ը գիրը. «յայսմ ժամանակի ոչ ունիմ զմիջոց ձեռնամուխ լինելոյ այդորիկ գործոյ, կը գրէ Մխիթար 1 Նոյեմբ. 1738ին, վասն ունելոյ /225/ իմոյ զմեծամեծ զբաղմունս հարկաւորս, զորս ընդ գրով արկանել չէ հնար»։

Գործերու այս խճողումին մէջ, կարծէք պահ մը կը տատամսի Մխիթար, շարունակե՞լ Հայկազեանի շարադրութիւնը՝ թէ ոչ. որովհետեւ նուիրուած Սուրբ Գրային աշխատանքներու, կը տարուի անոնցմէ. Ժողովողի մեկնութենէն ետք՝ կը շարադրէ Մատթէի Աւետարանի մեկնութիւնը, ու դեռ գործը չաւարտած՝ կը մտածէ շարունակել նոյն թափով ու անցնիլ Սաղմոսներու մեկնութեան, բայց որովհետեւ Հայկազեանն ալ նոյնքան անհրաժեշտ էր, եւ գուցէ աւելի, տատամսումի կը մատնուի. «Եթէ Տէր յաջողեսցէ, Մեկնութիւն Աւետարանին ի ձմեռանս (1736) եզերի եւ ի գարնան տպագրի. եւ զկնի նորա, եթէ Տէր տացէ զկեանս, կա՛մ զմեկնութիւն Սաղմոսին եւ կա՛մ զԲառգիրքն ի ձեռս առնելոց եմ։ Եթէ զՍաղմոսն առից, ի միջոցի վեց ամսոյ, եթէ միշտ յաւուրն զչորս ժամս ունիցիմ առ ի գրել, եզերի. իսկ եթէ զԲառգիրքն առից, միոյ ամաց ժամանակ պահանջէ» [3] ։

Այս կարգի վկայութիւնները մեզի խորհրդածել կու տան՝ թէ Մխիթար ինչպիսի ճշտութեամբ գիտէր լարել իր ժամանակը, կարգաւորել իր աշխատանքը, եւ նոյնիսկ չափել օրերն ու ժամերը։

Ժամանակի ընթացքին գաղափարները կը յստակուին եւ նախընտրութիւնը կու տայ Հայկազեանին։ Եթէ մեկնելու ըլլար Սաղմոսները՝ ինքզինքը սահմանափակած պիտի ըլլար, մինչ պատրաստելով բառգիրքը՝ կրնար պարզաբանել ու մեկնել Ս. Գիրքին բոլոր բառերը, մութ բացատրութիւնները, եւ որով աւելի ալ հասած կ՚ըլլար իր նպատակին։ Վերեւ տեսանք որ նոյն գաղափարը կը գրէ Մաղաքիա Դպիրի. «… սկսայ գրել (զբառգիրքն), վասնզի այսու միայն կարելի է զբուն նշանակութիւն բառից եւ բանից մերոյս Աստուածաշնչի առիմանալ»։

Մխիթարի աշակերտներն ալ երբ նամակներով կիմանան իրենց առաջնորդ Հօր տատամսումը, թախանձագին կը խնդրեն որ նախընտրութիւնը տրուի Հայկազեանին՝ քան Սաղմոսներու մեկնութեան. նմանապէս ամէն կողմ է շարունակական ստիպումները եւ բովանդակ իսկ ազգին հետապնդումները, ունենալու լիակատար բառարան մը, կը հասունցնեն Մխիթարի մէջ գաղափարը, այնպէս որ 1736ի Նոյեմբերին կը գրէ. «վասն բառգրքին ծանիր, զի եւ իմս դիտում է /226/ այս, զի յետ եզերման Մեկնութեան Աւետարանին՝ զԲառգիրքն սկսանիցիմ» [4] ։

ԱԶԳԻՆ ԱԿՆԿԱԼՈՒԹԻՒՆԸ

Ընդհատելով պահ մը մեր գրութեան ընթացքը տեսնենք թէ ինչ էր ազգին ակնկալութիւնը նկատմամբ Հայկազեան Բառարանին, թէ ո՛րքան անձկութեամբ կը սպասէր անոր տպագրութեան։ Հակիրճ ու կանոնաւոր ընթանալու համար, հոս կու տանք թուականի կարգով ընտրելագոյն վկայութիւններ միայն։ Ընդհանրապէս նամակներ են՝ ուղղուած Մխիթար Աբբահօր։

 

1. Պոլիսէն, 18 Մարտ 1736ին.

«…Ընդհանրականի բառարանի տպեցման փափաքօղք բազումք են»: . Պօղոս)։

 

2. Վիեննայէն, 23 Յունիս 1736ին .

«Պատուելի Պատրի Դաւիթն… լուեալ գոլ թէ բառգիրգն վեհիդ տպագրեցեալ իցէ (եւ ես ոչ եմ լուեալ բնա), ի նմանէ խնդրէ զմինն»: . Մանուէլ)։

 

3. Պոլիսէն, 10 Սեպտ։ 1736ին .

«Ինձ թուի գոլ յոյժ հարկաւոր, զի զկնի աւարտման Մեկնութեան Աւետարանին՝ ձեռնարկել առ մեկնութիւն բառգրգին քան Սաղմոսին, քանզի յոյժ բազումք են որք մեծաւ բաղձանաւ խնդրեն եւ հարցանեն թէ արդեօք վճարեա՞ց Աբբայ Հայրն զբառգիրգն, զոր ի վաղուց հետէ սկսեալ է մեկնել՝ լուեալ եմք, բայց ոչ երեւի նշոյլ գալստեան նորին, զի եթէ նա ի ձեռս մեր արկանէր զբանալին խրթին բառից Աստուածաշնչին եւ այլոց գրեանց, կարէաք ունել եւ այնու հասկանայաք զբազում բանս սուրբ գրոց, եւ մխիթարէաք»: . Թոմաս)։

 

4. Պոլիսէն, 14 Մայիս 1737ին.

«Զիր ինչ ոչ գրէք վասն բառգրգին, տպի՞ թէ ոչ տպի ի մերձակայ ժամանակի, զի հարցանողաց ոչ ունիմ ասել ինչ, որք միշտ հարցանեն… քանզի երկու ամ առաջ լուան ի մէնջ թէ բառարան տպելոց է»։ . Պօղոս)։

 

/227/ 5. Ամսդերտամէն, 27 Յունիս 1737 ին.

«Դարձեալ խնդրի ի քէն վասն Մխիթար Վարդապետի բառգրքին կողմանէ իմանալ եւ տեղեկանալ որ լինելոց էր, եւ որպիսութիւնն մեզ գրել, եւ եթէ աւարտ հասեալ իցէ կամ տպագրեցեալ, մինն առնիցես, եւ դու լսօղդ եւ առնօղդ բանից մերոց օրհնեալ լիցիս ի Հօրէ եւ Որդւոյ»։ (Յովհան վրդ. առ Պր. Պետրոս, Վենետիկ)։

 

6. Պոլիսէն, 12 Օգոստ. 173ին։

«Յետ լրման Աւետարանին Մեկնութեան, ոչ այնքան յինէն որքան ի բազմաց համբակագունից բաղձանաց չարժեալ ասեմ. զի՞նչ օգուտ է կերտել զգեղեցկաշէն պալատս փակեալ շնորհել՝ մինչ զբանալին հետեւապէս ոչ յղել, ուստի բազումք բաղձան բառգրքի մեկնութեան եւ տպագրութեան, քան թէ այլոյ նորագունի գրական տպագրութեան. ուրեմն ինձ բարւոք թուի՝ թէ ետ Աւետարանի մեկնութեան իցէ առաջադրելի գործն ձեր մեկնութեան Բառգրքին, զոր երբեմն խոստացեալ էք արկանել զձեռն ի գործն այն, որով բազումք զբազում գրեանս չարժեցեալ առնուցուն, եւ լիցի օգուտ հոգւոյ եւ մարմնոյ, մեզ եւ նոցա»: . Թոմաս)։

 

7. Պոլիսէն, 10 Օգոստ։ 1739ին.

«Զբառգիրք խնդրողաց թիւն անհամար է. այսպէս իմասջիք». . Պօղոս)։

 

8. Լիվոռնոյէն, 28 Oգոստ. 1739ին.

«Նաեւ յոմանց հեռու հեռու անստոյգ լուեալ էի թէ Աբբայ Հայրն բառգիրքն ստամբայ կու տայ…։ Տէր յաջողեսցէ որ զայն եւս ըստ խոստման ձեր ի լոյս ածիցես»։ (Ստեփանոս Աբեղայ)։

 

9. Զմիւռնիայէն, 21 Օգոստ: 1741ին.

«Բառգիրք շատ մարդ կ՚ուզէ»։ (Անդրէաս գրավաճառ)։

 

10. Հռոմէն, 10 Ապրիլ 1744ին.

«Դարձեալ յոյժ կարօտ եմ իմանալ զկատարմանէ բառգրքին, որոյ համբաւն ընդ ամ ենայն աշխարհ տարածեալ է եւ ամենեքեան են աչահայեաց, եւ սպասեն գալստեան նմա, որոյ եւ իսկ վկայ են ամենեքեան՝ թէ լինելոց է ի մէջ Հայոց նոր իմն զարմանալի լուսաւորութիւն, որ բնաւ մինչեւ ցայսօր այսու կերպիւ չէ եղեալ: ուստի արդեօք յանկ ելեալ աւարտեցա՞ւ՝ թէ ոչ։ Կամիմ, /228/ եւ ոչ միայն ես, այլ ամենեքեան որք ի Հռօմ, իմանալ։ Այս ճշմարիտ է, զի ի յարեւելս եւ ի յարեւմուտս, եւ ուր եւ իցէ, սպասեն այդմ բառգրքին մեծաւ բաղձանօք». (Աթանաս Վրդ. Մէրէսեան)։

 

11. Թրանսիլվանիայէն (Վարատին), 22 Օգոստ. 1744ին։

«Աստէն ոմանք յոյժ փափաքին տպագրութեան բառգրքին». . Թէոդորոս):

 

12. Զմիւռնիայէն, 20 Օգոստ. 1744ին.

«Ցաւեցայ վասն պատահմանն որ յուշացաւ բառգիրքն. ես ակն ունէի թէ այս նավով գայ, քանզի յոյժ հարկաւոր է մեր ազգիս այսմ ժամանակիս». (Անդրէաս գրավաճառ)։

 

13. Պաշպալովէն, 13 Սեպտ. 1744ին.

«Յոյժ ուրախացայ զի բառգիրքն ի Սեպտեմբերի ամսոջն սկսանելոց է տպագրիլ: աստէն եւս բազումք փափաքին ունիլ». . Ղազարոս)։

 

14. Պոլիսէն, 17 Յուլիս 1748ին.

«Բառգրգին սպասօղք բազում եք, որպէս եւ էսիայի». . Միքայէլ)։

ՎԵՐՋԻՆ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

Տարակոյս չկայ որ ամէնէն աւելի Հայկազեանով հետաքրքրուողը Պոլիսի հայութիւնն էր։ 1742էն սկսած, արդէն լուր կը շրջէր թէ Պոլսոյ հայերը հետամուտ են պատրաստել եօթնլեզուեան բառարան մը։ Հրապարակի վրայ եղած խօսակցութիւնները Մխիթարի աշակերտները օրը օրին կը հասցնէին Վենետիկ, Մխիթարի. «Լուաք աստ, կը գրէ Հ. Պօղոս 20 Մարտ 1742ին, զի Հայք զմի եօթնալեզու բառգիրք սահմանելոցք եւ տպելոցք են»։ Շրջող լուրը անորոշ էր եւ Հ. Պօղոս գրած էր միայն լսածը, այնպէս որ տարի մը ետք՝ կը գրէ եղելութիւնը։ «ոմն քահանայ, որ կոչի մականուամբ Դահին, սա կամեցեալ է մուրալով տպել տալ զայն բառգիրգն, զոր Տիրացու Մաղաքիայն ժողովեալ էր, սակայն ոչ յաջողացեալ է» [5] ։ Նոյն նամակէն կ՚իմանանք՝ թէ Պաղտասար Ղօլի անունով մէկը հետամուտ /229/ է պատրաստել եօթնլեզուեան բառգիրքը, որու համար պէտք ունի ութը տարուան ժամանակամիջոցի [6] ։

Տարիներն անցնելով, նոյն բառարանին մասին խօսակցութիւնները չեն դադրիր։ 1746) Ապրիլ 16ին՝ Հ. Միքայէլ կը գրէ. «իմաստակք գոն աստ ի հակառակորդաց, ասի զնոցանէ թէ ի յօթն լեզուս բառգիրքս հանելոց են, սպասեն մերոյն». ու վերջապէս տարի մը ետք՝ դարձեալ. «գիտելի է որ բառգրգին սպասօղք եւ ստէպ հարցանօղք գոն, որք են ժողովք հայոց իմաստասիրաց՝ սպասեն որպէս լրտեսք նմա, զի գոյ հնչումն թէ ինքեանք եւս զզարմանալի բառգիրգ եօթն լեզուօք հանելոց են, այսինքն՝ հայերէն, գրաբառ եւ աշխարհաբառ, տաճկերէն, արաբերէն, լաթիներէն, յունարէն եւ եբրայեցերէն, թերեւս եւ այլ լեզուաւ» [7] ։

Բնական պատճառաբանութիւնը այն կ՚ըսէ՝ թէ Մխիթար լսելով այս ամէնը, փութացնէր Հայկազեանի տպագրութիւնը, գրաւելու համար հրապարակը։ Բայց Մխիթար այդ հոգիով չէ որ կ՚աշխատէր. ինքը աւելի վեհ, աւելի բարձր ու սրբազան գաղափարական մը կը հետապնդէր, այնքան՝ որ իր աշակերտներուն պնդումներուն եւ կարէք հոգեկան վրդովումներուն կը պատասխանէր անայլայլ։ «Գրեալ ես թէ գոյ հնչումն զի եօթն լեզուաւ բառգիրք լինելոց են. երանի՜ թէ տասնեւեօթն լեզուաւ լինիցէին եւ իցէր ուղիղ» [8] ։

Հայկազեանի պատրաստութեան վերջին եւ վճռական հանգրուանը կ՚ըլլայ 1742–1744 տարիները, որովհետեւ փոքր ժամանակագրութիւնները կը գրեն. «1742 Մարտ 7. սկիզբն արար Գերյարգելին մեկնել զբառգիրքն, բարեխօս կալնլով զսուրբ Թօմա Ագուինացին»։ Աշխատանքը կը տեւէ մինչեւ 1744ի Զատիկը։

Առաջին շրջանի աշխատանքները հասած էին մինչեւ Ը գիրը. երբ կրկին ձեռք կ՚առնէ ու կը շարունակէ, 1742ի Մարտէն Օգոստոս աշխատելով՝ կը հասնի Հ գիրին [9], եւ յոյս ունի որ այս ընթացքով՝ 1743) Սեպտեմբեր ամսուն աւարտի գործը [10], սակայն միջանկեալ /230/ զբաղումներու հետեւանքով՝ դարձեալ կը յետաձգուի գործը, ու կը հասնինք 1744ի Զատիկը. «տակաւին աշխատիմ ի վերայ բառգրքին, եւ թէպէտ մինչեւ ի Ք. էն եզերեալ եմ, սակայն ի վերայ յատուկ անուանց, որք ի յԱստուածաշունչ գիրս, եւ ի վերայ այլոց բառից, որք ի յոմանց վարդապետական գիրս գտանին՝ աշխատիմք, զի եւ զնոսա բացատրիցեմք. եւ յուսամ մինչեւ ի Զատիկ եզերել, որպեսզի սկսանիցի տպագրութիւնն» [11] ։

ՄԽԻԹԱՐ ԱԲԲԱՀՕՐ ԱՇԽԱՏԱՆՔԻ ԵՂԱՆԱԿԸ

Թէ ի՛նչ մեթոտով պատրաստած է Մխիթար Հայկազեան բառառանը, որոյ եւ ճշգրիտ բան մը կարող չենք ըսել՝ բայց որովհետեւ Մայրավանքիս դիւանին մէջ կը պահուի բառարանի սեւագիր օրինակներու ծրար մը, անոնց վրայէն կրնանք ուղղութիւն մը գտնել։

Ձեռագիր ծրարը կրնանք բաժնել երեք խումբերու։

ա. Մխիթար Աբբահօր ինքնագիր օրինակը, որ կը բաղկանայ 110 միջակադիր էջերէ (19x26 Հրրդբ. ) երկսիւն գրութեամբ։ Կը պարունակէ Ա Բ եւ Գ տառերու բառերը։ Ասիկա պէտք ենք համարիլ նախագիծ օրինակէն հատուած մը, որ շատ սաղմնային վիճակի մէջ է, ուր կը պակսին շատ մը բառեր։ Բառարանի մնացած մասը (Դ-Ֆ) կորսուած է։ Սկզբնական շրջանի մը մէջ՝ Մխիթար մտադրած պէտք է ըլլայ բառարանին մէջ զետեղել նաեւ Աստուածաշունչի յատուկ անունները, սակայն՝ յաջորդաբար՝ յատուկ անուններու համար պատրաստած է առանձին բառարան մը, այնպես որ նախագիծ օրինակին մէջ յատուկ անուններու վրայէն գիծ քաշուած է։ հասարակ անուններու բացատրութիւնը ամենեւին չի համապատասխաներ տպագիրին, որ աւելի աշխատուած է եւ ընդարձակուած։ Նկատելի է նաեւ որ այս համառօտ կազմ ունեցող բառարանի հատուածը (Ա–Գ) ունի լոկ Աստուածաշունչի բառերը, եւ ամէն բառի դիմաց նշանակուած է Աստուածաշունչի վկայութիւնը (գլուխով ու համարով), եւ անոր համաձայն մեկնուած է բառը։ Աւելորդ է ըսել՝ որ ձեռագրին վրայ կատարուած են անթիւ յաւելումներ եւ սրբագրութիւններ։

/231/ բ. Բառգիրք նախնեաց մատենագրութեան. նախորդին մեծութեամբ, սակայն աւելի ստուար, ունի 240 երկսիւն էջեր։ Հոս հաւաքուած են մեծ մասամբ նախնեաց մատենագրութեան մէջ գործածուած բառեր, փակագիծի մէջ նշանակելով մատենագիրին անունը, այսպէս՝ Խորենացի, Նարեկ, Կիւրեղ Երսղ., Լամբրոնացի, Յիսուս Որդի, Դաւիթ Անյ., Գրիգոր Ածբ., Ոսկեբերան, Ագաթանգեղոս, Երկ., Ճաշոց, Յայսմւ., Վրք: Հրնց., եւն. ։ Կը պարունակէ Ա–Հ տառերու բառերը, կը պակսի Ձ–Ֆ գիրերունը։ Յատկանշական է որ հոս կը պակսին առաջին խումբի բառերը։ Գրութիւնը Մխիթարինը չէ, բայց կան բազմաթիւ սրբագրութիւններ՝ կատարուած իր իսկ ձեռքով։ Համեմատելով տպագրութեան հետ, կը տեսնենք որ շատ մը բառեր դուրս ձգուած են տպագրուածին մէջ, իսկ ներս առնուածներն ալ բարեփոխուած են ու լայնօրէն բացատրուած։ Այս մասն ալ ծառայած է իբր ատաղձ։

գ. Բառգիրք Սուրբ Գրքի նախորդներուն մեծութեամբ, շուրջ 10 երկսիւն էջերով, ուր հաւաքուած են միայն Աստուածաշունչի բառերը, ճոխացած՝ մեջբերումներով եւ բացատրութիւններով։ Մեզի հասած է միայն Ա–Հ տառերու բառերը։ Հոս գտնուած բառերը կը պակսին առաջին եւ երկրորդ խումբերու բառերուն մէջ։ Համեմատելով տպագրուածին հետ, կարելի է ըսել՝ որ ասիկա ծառայած ըլլայ իբր նախագիծ օրինակ, որուն վրայ աշխատուելով պատրաստուած է տպագիր օրինակը։

Մայրավանքիս դիւանին մէջ չէ պահուած տպագրութեան յանձնուած ձեռագիր օրինակը, որ անշուշտ գոյութիւն ունեցած ըլլալու է, որովհետեւ վերեւ յիշուած եռամասնեայ հատուածները չէ որ տպագրուած են, այլ երեքին համադրութենէն դուրս եկածը, որուն վրայ կատարուած է մեծ աշխատանքը, տալով անոր միաձեւութիւն, ընդարձակ բացատրութիւն եւ մանրակրկիտ մեկնութիւն:

Պարզապէս գաղափար մը տալու համար՝ հոս կու տանք հատուած մը, առաջին սիւնին մէջ դնելով վերեւ մէջբերուած եռամասնեայ բառգիրքներէն բառեր, իւրաքանչիւր բառին առջեւ նշանակելով շեղագիր ուր խումբի պատկանիլը , բ, գ), իսկ երկրորդ սիւնին մէջ՝ տպագրութիւնը, ինչպէս որ է։

Այսու անշուշտ փոքրիկ գաղափար մը կրնայ կազմել ընթերցողը՝ տպագրութեան միջոց իսկ բնագրին վրայ եղած աշխատանքին։

/232/

 

Ձեռագիրներ

Տպագիրը

ա. ԱՂ. ի, ից: մերթ իմանի աղն որ համեմէ զկերակուր (Ղեւտ. 2, 13)։ Մերթ եւս աղիութիւն, եւ աղ երկիրն կամ անբոյսն եւ անպիտանն ըստ այնմ՝ որ ասի (Եզեկ. 47, 11) յաղ մատնեսցին, այսինքն յաղիութիւն եւ յանպիտանութիւն մատնեսցին։ ԱՂ. հիւսուած կամ դաս կամ երամ, ըստ այնմ՝ (Նարեկ. ի ճառի Կուսին) ի քերօբէից աղի հանգուցար։

ԱՂ։ է։ իւր ից: իւք։ նիւթ սպիտակ պաղեալ ի ջրոյ ծովայնոյ եւ ի հիւթոց երկրայնոց, զոր հասարակօրէն լոսեայ՝ ցանեմք ի վերայ կերակրոյ ի համեմել: ռամկ. եւս աղ (Ղեւտ. 2. 13. Յօբ. 6. 6)։ Իսկ մերթ բայի շարակցի այսպէս յաղ մատնիլ, եւ նշանակէ լցեալ լինիլ աղիւ. կամ աղի գոլ եւ կամ աղէհամ դառնութեամբ ապականել։ ռամկ. աղի ըլլալ։ (Եզեկ. 47: 11)։ Իսկ թէ զինչ նշանակէ մինչ ասի՝ ուխտ աղի. տես ի սկիզբն Ուխտ բառին։

ա. ԱՂԱԲՈՂՈՆ, ի, ից։ փիլոն կամ շուրջառ կամ վերարկու կամ եկեղեցական զգեստ։

ԱՂԱԲՈՂՈՆ. ի. իւ. ից: իւք։ փիլոն կամ շուրջառ կամ նափորտ եւ կամ վերարկու (Յայսմ)։

 

ԱՂԱԳ։ ի. աւ, աց: օք։ պատճառ, որ է սէսէպ, եւ ըստ այսմ փոխանակ ասելոյ ի պատճառս սիրոյ կամ այսպիսեաց պատճառաց, ասի. յաղագս սիրոյ կամ այսպիսեաց աղագաւ։ (Ոսկե. 2 հատ. լթ)։ Իսկ մերթ հանգամանք կամ կերպ կամ եղանակ։ ռամկ. թարգ, ըստ այնմ Ոսկե. 1 հատ, իբ. ոչ: այնպիսի աղագաւ վարէին ընդ նմա… (եւայլն)։

գ. ԱՂԱԳԱՒ, (նախադրութիւն, որ պահանջէ զխնդիր սեռական. այսպէս խոնարհութեան աղագաւ, եւ նշանակէ վասն կամ պատճառաւ կամ յաղագս, եւ սորա խնդիրն միշտ նախադրի:

ԱՂԱԳԱՒ. է գործիականն բառիս՝ աղագ. եւ վարի իբրեւ նախադրութիւն սեռականախնդիր՝ կետադրելով խնդրոյն. եւ նշանակէ` պատճառաւ կամ յաղագս եւ կամ վասն. եւ ըստ այսմ ասի, բամբասանաց աղագաւ, կամ այսորիկ աղագաւ, որ է ասոր համար (Նարեկ. ի գով. կուս։ Խորեն. պր: 84)։

ա. ԱՂԱԴԻՐ, դրի, աց . դնօղ աղի. կամ վերակացու արքայական ուտելեաց: Ռամկ. չէշնեկիր։

ԱՂԱԴԻՐ. դրի. աւ: աց։ օք: դնօղ աղի, կամ աղ արկանօղ։ ռամկ. աղ դնող։ Իսկ մասնաւորապէս առեալ նշանակէ զաղարկուն կամ զճաշակառուն արքայական խորտկաց: ռամկ. չեշնիկիր։

ա. աղադիր

ա. աղալ

գ. աղախին

 

/233/

բ. աղախնանուն

բ. աղախնորդի

ա. աղածրի

գ. աղաղակ

գ. աղաղակեմ

 

բ. աղամարութիւն

բ. աղանգանոյն

ա. գ. աղանդ

բ. աղանդահնար

գ. աղանդահնարեմ

գ. աղանդաւոր

բ աղանդեմ

բ. աղանդիք

բ. աղանդութիւն

բ. աղաչակից

գ. աղաչանք

բ. աղաչաւոր

գ. աղաչեմ

 

ա. աղարտ

ա. աղարտել

բ. աղաւաղ

բ. աղաւաղանք

ա. աղաւաղել

 

ա. աղաւաշ

բ. աղաւնակերպ

գ. աղաւնի

աղադիր

 

աղախին

աղախնածին

 

 

 

աղածրի

աղաղակ

աղաղակեմ

աղամ

 

աղանդանոյն

աղանդ

 

 

աղանդաւոր

աղանդեմ

աղանդիք

աղանդութիւն

աղաչակից

աղաչանք

աղաչաւոր

աղաչեմ

աղարծի

աղարտ

աղարտեմ

աղաւաղ

աղաւաղանք

աղաւաղեմ

աղաւաղում

աղաւաշ

 

ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐԻ ԱՋԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ

Այս համեմատութիւններէն յստակ երեւան կ՚ելլէ թէ որքան մանրակրկիտ աշխատանք թափած է վերջնական օրինակին վրայ, եւ թէ՝ երեք խումբի ձեռագիրները ծառայած են պարզապէս իբր ատաղձ։ Արդար պիտի չըլլանք՝ եթէ այս հսկայ աշխատանքը վերագրենք միայն Մխիթարի, անտեսելով իր ձեռնասուն աշակերտները։ Բառգիրքին Յառաջաբանին մէջ կը յայտարարէ Մխիթար. «վերստին բուռն հարեալ՝ հասուցաք զայն յաւարտ, գործակցութեամբ աշակերտաց մերոց» եւ նմանապէս գրած նամակներուն մէջ կը խօսի յոգնակի կեր/234/պով. «աշխատիմք… բացատրեմք… օրինակեմք» եւն. ։ Ս. Ղազարի մայր ժամանակագրութիւնը որոշ կերպով կը գրէ՝ թէ (Մխիթար) յաւարտ էած գործակցութեամբ երկուց աշակերտաց իւրոց, Հ. Սիմոն Վրդ. ին եւ Հ. Մկրտիչ Վրդ. ին, որք ի քննութիւն, ի գիւտ եւ ի փորձ նշանակութեանց բառիցն գործակից եղեն» [12] ։ Յիշուած երկու վարդապետները՝ Մխիթարի մօտիկ աջակիցներն էին, որոնք յաջորդաբար պիտի լրացնեն եւ տպագրութեան յանձնեն Հայկազեանի երկրորդ հատորը նիւթական գործերու համար իրենց մասնակցութիւնը բերած են նաեւ միւս միաբաններէն շատեր, այսպէս, երբ «գրեթէ եզերեալ է (բառգիրքն), լաւագոյն գրով գրել պարտի» [13]. եւ այս աշխատանքը սկսած պէտք է ըլլայ 1743ի Ապրիլ ամսուն, որովհետեւ վերեւ յիշուած երեք խումբ ձեռագիր բառգիրքներուն լուսանցքներուն վրայ կը գտնենք «1743 Ապրիլ», «1743 Մայիս» թուականները, որոնք հաւանաբար մաքուր օրինակի գրութեան թուականները ըլլան։ Նոյն այս օրինակութեան գործը կը շարունակուի բառգիրքին ամբողջ տպագրութեան ընթացքին, որովհետեւ 1748ի Մարտ 4ին, փոքր ժամանակագրութիւն մը կը գրէ. «Հ. Իգնատիոսն, Հ. Զաքարիայն մտին յութօրեայ կրթութիւն, իսկ այլ ընկերք նոցա էին ի գրել զբառգիրքն հասարակ անուանց». մայր Ժամանակագրութիւնն ալ, յետ տալու Հ. Մկրտիչի եւ Հ. Սիմոնի անունները, իբր գլխաւոր աջակիցներ Մխիթարի, կ՚ըսէ . «միանգամայն եւ այլոց աշակերտացն, որք ի յայլ պէտք նոյն գործոյն աշխատ եղեն» [14] ։

ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ ՈՒ ՕԳՏԱԳՈՐԾՈՒՄԸ

Հայկազեանի Յառաջաբանին մէջ, օգտագործուած աղբիւրներու մասին կը գտնենք հետեւեալ արձանագրութիւնը։ «Ոչ խնայեցաք ի ծախս յաղագս ածելոյ ի կողմանց կողմանց աշխարհի զմատեանս բառարանաց, մեկնութեան, եւ այլոց գրոց պիտանեաց, առ ողջամիտ մեկնութիւն բառից Հայկազեան բառարանիս»։ Թէեւ լրիւ չէ կարելի մատնանշել յիշուած աղբիւրները, սակայն հոս կուզենք արձանագրել ինչ որ կարելի եղաւ ստուգել դիւանական թուղթերէ։

ա. 1718ին, երբ Մխիթար Հռոմ կերթայ, հետամուտ կ՚ըլլայ հաւաքելու շատ մը տպագրութիւններ, ու յատկապէս Փրոփական/235/տայի բոլոր հրատարակութիւնները։ Ութը ամսուան մէջ հաւաքած գիրքերը չէր կրնար ամբողջ միասին բերել Ս. Ղազար, այնպէս որ կը թողու Եւդոկիացի Ստեփանոս Աբեղայի մը մօտ, որպէսզի մաս առ մաս ղրկէ Վենետիկ։ Ստեփանոս Աբեղայ 15 Ապրիլ 1719 թուակիր Հռոմէն առ Մխիթար գրած նամակով կ՚իմացնէ 16 հատորներու ճամբայ հանելը, ու նոյն նամակին մէջ կու տայ նաեւ անոնց ցանկը, որոնցմէ երկուքը մեզ կրնան հետաքրքրել: 1. Fabrica, ovvero dizionario della lingua Vulgata. 2. Vocabulario Italiano - Turchesco: Մատենագիտական աղբիւրներէ կարելի չեղաւ ստուգել թէ ե՛րբ կատարուած է անոնց տպագրութիւնը, սակայն կարեւորը այն է որ կը մատնանշուի Մխիթարի հետաքրքրութիւնը նկատմամբ բառգիրքներու։

բ: Մխիթարի հրատարակած Աստուածաշունչին մասին խօսած ատեն, ցոյց տուինք թէ ինչպէս Մխիթար ի գին ամէն զոհողութեան՝ ձեռք բերաւ եօթնլեզուան Ս. Գիրքը, որուն բառերուն քննութիւնը եւ հայերէն օրինակին հետ համեմատութիւնը լուսաբանած էր շատ մը բառերու հարազատ իմաստները, այնպես որ՝ առանց տատամսելու՝ կրնանք ըսել թէ անիկա եղած է գլխաւոր աղբիւրը Հայկազեան բառարանին։ Վերեւ մէջբերուած Մխիթարի նամակին երկար հատուածը, ուղղուած Մաղաքիա Դպիրի, բաւականաչափ լոյս կը սփռէ այս տեսակէտով։

գ: Մխիթարի գնած շատ մը բառարաններու շարքին՝ յատուկ ուշադրութեան արժանի է 1620ին տպագրուած Calepino Ambrosioի «Dictionaire octolingue»ն:

Երկու տայ ուխտաւորներ, աղաչայ Մարտիրոս Գօշօդանի եւ Պր. Մանուկ Քէլեանց, Վենետիկէն Թրանսիլվանիա վերադարձի ճամբուն վրայ ըլլալով, Մխիթար կը խնդրէ անոնցմ է Վիեննայի մէջ փնտռել ու գնել բազմալեզուեան հինգ հատորնոց բառարանը եւ ղրկել Ս. Ղազար։ Ուղեւորները, իրենց խոստում էին համաձայն, Վիեննայի մէջ կը հետաքրքրուին, ու 24 Օգոստ. 1748 թուակիր նամակով կը պարզեն կացութիւնը Մխիթարի. «այն գիրքն որ տվիր հրամայելով որ նայիմք ու գնեմք կամ ուղարկեմք, զգինը քոյ պատվելութեանդ, ահա քալեցինք պիթուն գրքայծախօղներուն մօտ եւ գտանք։ մնացած էր միայն մէկ գիրք, այսինքն՝ որպէս էր պիտվական սրբութեանդ, եւ շատ խնդրելք որ չիմացաւ ծախօղըն թէ ունիմք պիտվականութեան միայն. ասաց ինձ թէ որ տայ պակաս գինով, կարնեմք մին /236/ աղքատ վանքի սէպի վերայ։ Ինչ եւ իցէ, զուրուցեցինք որպէս պիտոյ էր, ուզում էր 120 տուքադ, ետոյ շատ աշխատանքով պազար շինեցինք, տուբադ գօրէնդօ 49 եւ կէս, եւ տվի ըսդակըն, առի զգիրքն. կազմած չի, միայն շինել տվի մին սանտուկ եւ դրինք մէջը»։

Մխիթար դեռ գիրքը չստացած, միայն լուրը առնելով թէ գնուած է գիրքը, 5 Հոկտ: 1738ին կը գրէ իր շնորհակալութիւնը, կարգադրելով վճարումի ձեւը, ու յաջորդ օրն իսկ, փոքր ժամանակագրութիւններու համաձայն, «եկն եհաս առ մեզ ի Վիեննայէ մեծ բառգիրքն եօթնլեզու, ի վաղուց ցանկացեալն ի մէնջ»։

Նոր հասած բառարանը պիտի ծառայէր գլխաւորաբար երկրորդ հատորին պատրաստութեան, Աշխարհաբարէ գրաբարի մասին համար։ Մխիթար համոզուած ըլլալով թէ առանց յիշեալ բազմալեզուեան բառարանին՝ դժուար պիտի ըլլար առաջ վարել իր գործը, սպասած էր անոր ժամանումին. «երկրորդ մասն (իմա հատորն)…   աշխարհաբառն որ հանդէպ իւր գրեցեալ ունի զգրաբառն, ոչ է եզերեալ, այլ ի գալ տարոջ (1749) հազիւ եզերի, ուստի եւ զբառ գիրքն, զոր ի Վեննայոյ բերել տուաք, վասն աշխարհաբառ բառգրքի շինման օգնութիւն առնելոյ աղագաւ գնեցաք, վասնզի տաճկերէն բառք լիով գոն ի նմա, եւ այնու դիւրին լինի գործն մեր» [15] ։ Գործնականին մէջ՝ աշխատանքը պիտի ծանրանար Մխիթարի աշակերտներուն վրայ, որոնք պիտի կատարելագործէին եւ հրատարակէին երկրորդ հատորը։

ՏՊԱԳՐՈՒԹԵԱՆ ԸՆԹԱՑՔԸ

ԹԷ՛ Աստուածաշունչի եւ թէ՛ Մատթէի մեկնութեան տպագրութիւնները սկսելէ առաջ, Մխիթար յատուկ պատրաստութիւն տեսած էր, լինել տալով մասնաւոր տառեր անոնց տպագրութեան համար։ Նոյնը կ՚ընէ նաեւ Հայկազեան Բառարանին համար, եւ որովհետեւ կապարէ գիրերը գործածութեամբ կը մաշէին, հարկ էր որ ստէպ պատրաստում էին նորեր, տպագրութիւնը անթերի ընելու համար։

1744–1748 տարիներուն, այսինքն՝ Հայկազեանի տպագրութեան ընթացքին, Մխիթար զանազան անգամներ թափել տուած էր նոր գիրեր՝ իր Հաշուեգրքէն քաղելով՝ կու տանք ստորեւ մանրամասնութիւններ, անոնց համար որ կը հետաքրքրուին նիւթովս.

 

/237/

1744

Հոկտ. «վասն գիր թափելոյ

200 լիրէ»։

 

Դեկտ. «վասն գիր թափելոյ

18 լիրէ»:

1745

Ապրիլ «վասն գիր թափողին

4 լիրէ»։

 

Յունիս «գիր թափողին

56 լիրէ»։

1746

Մայիս «վասն գիր թափողին գծից վասն

14 լիրէ»:

 

Յուլիս «գիր թափողին

120 լիրէ»

 

Օգոս. «գիր թափողին

145 լիրէ»։

1747

Սեպտ. «վասն գիր թափելոյ

25 լիրէ»։

1748

Ապրիլ «դիր թափելոյ վասն Անտօնին տուաք

48 լիրէ»:

 

Յունիս «գիր թափողին

120 լիրէ»:

 

Համագումար

750 լիրէ.

 

Յատկապէս Հայկազեանի համար պատրաստել տուած է մասնաւոր գիրեր ալ, շեշտով, պատիւով եւ այլ զանազան միացեալ գիրեր, ինչպէս նաեւ բազմաթիւ նշաններ, դիւրացնելու համար տպագրութիւնը։ Մայրավանքիս դիւանին մէջ կը պահուի յատուկ թուղթ մը, որուն վրայ նշանակուած են այս մանրամասնութիւնները. այս ցանկին համաձայն՝ պատրաստուած են 553. 544 գիր, եւ 3-400 ալ այլ եւ այլ նշաններ։

Մխիթարի պատրաստած հին գրաշարը՝ Պաթիստա, թողլով իր գործը եւ աշխարհ ՝ կը մտնէ վանք, որու փոխարէն կը պատրաստուի նոր մը, Սանթոյ անունով։ Աս, 1744ի Յունիսին կը սկսի սորվիլ հայերեն այբուբենը, ու առաջին փորձերը կը կատարէ Այբբենարանի մը վրայ։ Երեք ամիսէն կը տիրանայ գործին եւ իրմով կը սկսի տպագրութիւնը Հայկազեանի, որը պաշտօնական թուականը՝ մանր ժամանակագրութեան մը մէջ կ՚արձանագրուի. «1744 Սեպտ. 26. սկսաւ տպագրութիւն մեծի բառգրքին լեզուին Հայոց, զոր երեք աւուրբք յառաջ գրաշարն մեր Սանթօ պատանին, եկեալ ի վանս, սկսաւ շարագրել»։

Այնուհետեւ տպագրութիւնը կը յառաջանայ։ Հոկտ. 10ին՝ տպագրուած են առաջին երկու պրակները [16] (էջ 1-16), ու Մխիթար /238/ այն համոզումն ունի՝ որ տպագրութիւնը տարիէ մը ամբողջապէս կ՚աւարտի [17]. բայց ինչպէս գրեթէ միշտ, այս անգամ ալ չիրականանար Մխիթարի երազը, որովհետեւ միջադեպքեր եւ անակնկալներ լուրջ հինգ տարի կերկարաձգեն մէկ տարիէն տպագրուելիք գործը։

1744ի վերջին չորս ամիսներուն՝ կը տպագրուի միայն Այբ գիրը, ընդ ամէնը 15 պրակ (էջ 1-119)։

1745ի ընթացքին՝ պէտք է տպագրուած ըլլայ մօտաւորապէս ուրիշ 30 կամ 35 պրակ (էջ 120–400), որովհետեւ տարուան կէսին Մխիթար կը գրէ. (տպագրութիւն բառարանին ի 32 տետրն հասեալ է, եւ մինչ է ձմեռն ի 50 եւ 55 տետրն ժամանէ» [18] ։ Նախատեսութիւնը պէտք է իրականացած ըլլայ, որովհետեւ իր անձնական Հաշուեգիրքին մէջ, 1745) Սեպտեմբերին, 750 լիրէ կը վճարէ Անտոն Պորթոլիի. այդ 750 լիրէն՝ գինն է 25 պրակի տպագրութեան, ենթադրելով որ մինչեւ դեկտեմբեր ալ տպագրուած ըլլայ ուրիշ 10 պրակ, կը հասնինք 50րդ պրակին։

1746ի ընթացքին՝ կը տպագրուին ուրիշ 30 պրակներ, հազիւ 240 էջ (էջ 401–640), ինչ որ իսկապես շատ քիչ է, սակայն, կան ինչ ինչ պարագաներ, որոնք կու գան արդարացնելու կացութիւնը։

Սանթոյ գրաշարը, որ երեք տարիներէ ի վեր կ՚աշխատէր ի հաշիւ Մխիթարի, «այս ամ ըստ մասին ծուլացաւ, եւ ըստ մասին՝ զայլոց գիրս գաղտ ի մէնջ շարաբարդեաց» [19]. ասիկա մեծ անպատեհութիւն մըն էր, մանաւանդ որ անփոխարինելի ըլլալով՝ չէր կարելի անցնիլ ուրիշի մը, գործը առաջ տանելու համար։ Գրա չարը գիտակից իր վիճակին եւ ընդհանուր կացութեան՝ կ՚ուզէ օգտուիլ առիթէն. 1746ի Յունիս 2ին փոքր ժամանակագրութիւններէն մին կը գրէ. «Սանթօ գրաշարն տպագրութեան ոչ եւս կամ էր գործել, զի պահանջէր աւելի քան զվարձսն. վասն որոյ եկն ի վանս եւ Աբբայ Հայրն խոստացաւ տալ նմա եւ զկէս լիրէ ի վերայ մետասան եւ կէս լիրէին, զոր առնոյր ըստ տետր, եւ սկսաւ գործել ի կզ (66) տետրէ բառգրքին հասարակ անուանց»։ Մխիթար առանց դժուարութիւն հանելու կը զիջանի գրաշարի պահանջին, տալով պահանջածը, մանաւանդ թէ Հաշուեգրքին մէջ կը տեսնենք որ յաճախ՝ քաջալերելու համար կու տայ 12. 10, փոխանակ 12ի, բացի միջանկեալ բարի ձեռքերէն։

/239/ Այսպէս, ժամանակի ընթացքին ծախսը կը ծանրանայ հասարակութեան վրայ, ու կը զլացուի պահանջը դրամին. Մխիթար ստիպողաբար աչքերը կը դարձնէ Պոլիս գտնուող իր աշակերտներուն, խնդրելով որ փութացնեն ծախուած գիրքերու փոխարժեքները, «վասն զի ունիմք զպիտանաւորութիւն պատճառաւ տպագրութեան բառգրքին, որում բազում դրամ է պիտոյանան» [20] ։

Այս ուղղութեամբ աչքէ անցուցինք 1744–1748 տարիներու Հաշուեգիրքը, ու տեսանք որ բառարանին համար եղած է շուրջ 15 250 լիր է ի ծախս մը, ինչ որ բաւական շօշափելի գումար է, եւ նոյն շրջանի ամբողջ վանքի առօրեայ ծախսերուն վեցամսեայ գինն է. «ունիմք զբազում ծախս վասն բառգրքին, կը գրէ Մխիթար, նաեւ վասն ուտելեաց, զի աճեցաւ գինն ոմանց ուտելեաց՝ պատճառաւ պատերազմին» [21] ։

1746 տարւոյն մէջ է նաեւ որ կը պատահի Մխիթարի մահաբեր հիւանդութիւնը, ու այս եւս բառարանի տպագրութեան գործին դանդաղելուն մեծապէս կ՚ազդէ։ Երկար տարիներու յոգնութիւնը այս տարուան ընթացքին է որ Մխիթար կը զգայ ծանրապէս. վանականներն ամբողջ կը մատնուին յուզում է ու տագնապի, վանքին մէջ կը կատարուին յատուկ աղօթքներ ու ջերմեռանդութիւններ, խնդրելով Աստուծմէ որ շնորհուի իրենց Հօր առողջութիւնը։ Հիւանդութիւնը կը սկսի Մայիսին, կը սաստկանայ Յուլիսին. Սեպտեմբերին կ՚ապաքինի։ Անկարելի չէ որ ասիկա մեծագոյնն ըլլայ բառգիրքին տպագրութեան յապաղումին։

Այս տարւոյն ընթացքին է որ կը տպագրուի «Յատուկ անուանց» բառարանը, որու մասին ստորեւ։

1747ի առաջին ամիսներուն, միւս բոլոր ձմեռներուն նման, երթեւեկի դժուարութեան պատճառով՝ ամբողջովին կը դադրի գործը։ Գարնան կը վերսկսի, որու համար երկու միաբաններ կը բնակին Ս. Ղազարէն դուրս, Վենետիկ քաղաքը, վարձու տան մը մէջ, հսկելու համար տպագրութեան յանձնուած վերջին փորձերուն վրայ [22] ։ Այս տարուան ընթացքին է որ կը տպագրուի բառգրքին ՁԱ–ՃԺԳ պրակ/240/ները (էջ 641–903), ոչ իսկ 300 էջ, ինչ որ չափազանց համեստ է՝ Համեմատութեամբ նախորդ տարիներուն։

Տպագրութեան դանդաղելու պատճառները այնքան յայտնի չեն մեզի։ 1747ի ընթացքին գրուած նամակներուն մէջ, Մխիթար անցողակի ակնարկներ միայն ունի այս ուղղութեամբ։ «Ծանիր, զի ի տպարանին անյաջողութիւն դիպելով՝ սակաւ յառաջանայ տպագրութիւն (բառգրքին)» [23] ։ Մանր ժամանակագրութիւններու մէջ եւս չենք հանդիպիր ակնարկներում, սակայն, անկարելի չէ որ «ի տպարանի անյաջողութիւն» բացատրութեամբ՝ Մխիթար ակնարկէ Սարգիս Արքեպս. Սարաֆեանի գործունէութեան, որ նոյն տարին մտնելով Անտոն Պորթոլիի տպարանը, ստեղծելով յատուկ գործունէութիւն, խաչաձեւած ըլլայ Մխիթարի գործը։ Այս նիւթին մասին աւելի ընդարձակ անդրադարձած ըլլալով այլուր, աւելորդ կը համարինք ծանրանալ կրկին։

1748ի Մարտին՝ կը շարունակուի տպագրութիւնը ՃԺԴ պրակէն սկսեալ, ու Հոկտեմբերին կ՚աւարտի ամբողջովին (էջ 904–1251). նոյն ամսուն կը փակէ գրաշարի հաշիւը, տալով 50 լիրէ, եւ «ետու բարի ձեռք Սանթօին՝ վասն եզերման առաջնոյ մասին բառգրքին 8 լիրէ», ինչպէս կը նշանակէ իր Հաշուեգրքին մէջ [24] ։

ՅԱՏՈՒԿ ԱՆՈՒՆՆԵՐՈՒ ԲԱՌԱՐԱՆԸ

Հետաքրքրական մանրամասնութիւն մը կու գայ յստակելու Հայկազեանի մէկ մութ մնացած էջը։

1746ի ընթացքին՝ բառարանին տպագրութեան պատմութիւնը ըրած ատեն, թուեցինք զանազան պատճառներ՝ որոնք դանդաղեցուցած էին գործին տպագրութիւնը: այժմ, եթէ նկատելու ըլլանք ու/241/րիշ մանրամասնութիւն մը, թերեւս մասամբ արդարանայ եղած յապաղումը։

Հայկազեանի երկրորդ հատորը տպագրուած է 1769ին, Մխիթարի մահէն շուրջ քսան տարի ետք։ Կը բաղկանայ չորս մասերէ :

ա. «Մնացորդ գրաբառ բառից», ուր հաւաքուած են Առաջին հատորէն դուրս մնացած բառերը:

բ. «Բառարան Յատուկ անուանց»:

գ. «Բառգիրք ի գրաբառ լեզուէ յաշխարհաբառն» .

դ. «Յաշխարհաբառ լեզուէ ի գրաբառն»։

Գիրքին Յառաջաբանը կը բացատրէ այս չորս մասերուն կազմը, առանց յիշատակելու մանրամասնութիւններ։

«Բառարան Յատուկ անուանց» ունի երկու ենթաբաժանում . 1. «Բառարան Յատուկ անուանց Աստուածաշունչ գրոց Հին եւ Նոր Կտակարանաց» (էջ 1-232), ընդ ամէնը 29 պրակ (ա–իթ), եւ 2. «Բառարան Յատուկ անուանց, որք գտանին յայլ եւ յայլ գիրս արտաքոյ Աստուածաշունչ գրոց» (էջ 233–371), ունի 17 պրակ (լ–խզ)։

Մեր ուսումնասիրութեան ընթացքին՝ անդրադարձանք որ «Բառարան Յատուկ անուանց»ի առաջին մասը (էջ 1-232) տպագրուած է 1746ին, եւ ոչ թէ 1769ին, ինչպէս կը կարծուի։ Հաւանաբար, Մխիթարի ծանր հիւանդութեան պատճառով, դանդաղած է Հայկազեանի ձեռագիրներու օրինակութիւնը, ու գրաբարին տալու պատրաստ գործ չունենալով՝ յանձնուած է Յատուկ անուններու բառարանը, որ նախապես պատրաստուած էր, այսինքն՝ 1743ի Օգոստ. 29ին. արդարեւ, այս թուականին տակ՚ «աւարտեաց Գերյարգելի Աբրայ Հայր մեր զբառգիրքն Աստուածաշնչին», կը գրէ մանր ժամանակագրութիւն մը։

Բոլոր այս մանրամասնութիւնները արձանագրուած կը գտնենք Միաբանութեանս փոքր ժամանակագրութիւններուն մէջ, որոնցմէ մէկը կը գրէ. «1746 Հոկտ. 27. տպագրութիւն Յատուկ անուանց բառգրքին եհաս ի ժ (10)երորդ տետրն, զի դադարեցաւ տպագրութիւն հասարակ անուանց, զի չէր պատրաստի գրութիւն նորա բովանդակ». ուրիշ օրինակի մը մէջ նշանակուած է. «1746 Նոյեմբ. 23. տուաւ թօռքօլօճուն 8 լիրէ, եւ էր հասեալ ի 22-րդ տապաղայն Յատուկ անուանց». «1747 Ապրիլի 21. վճարեցաւ գրաշար Սանթօին 8 լիրէ վասն անցեալ տապաղայիցն բառգրքին ի 23 տապաղայէն մինչեւ ի 29 եւ /242/ վասն ապագայիցն». եւ իրապէս Յատուկ անուններու բառարանի առաջին մասը ունի 29 պրակ։

Մխիթարի դիտաւորութեան մէջ, Հայկազեանի առաջին հատորը պիտի կազմ ուէր երկու գիրքերէ, ու երկրորդ գրքին նիւթը պիտի ըլլար Յատուկ անունները զոյգ մասերով (Յատուկ անուանց Աստուածաշունչ գրոց եւ Յատուկ անուանց արտաքոյ Աստուածաշունչ գրոց)։ Մխիթար այս գաղափարը կը յայտնէ իր նամակներէն մէկուն մէջ ալ: «Բառգրքի տպագրութիւնն եհաս ի տառն Փիւր եւ ի տապաղայն 146. նաեւ տպեցեալ 30 տապաղայ մեկնութիւն յատուկ անուանց Աստուածաշնչի, սակայն յայսմ ամի (1748) ոչ կարէ առաքիլ այդր Պոլիս), քանզի նաեւ Յատուկ անուանք քաղաքաց եւ գաւառաց աշխարհիս առակցելիք են, եւ այսպէս բոլոր բառգիրքն երկու հատոր (իմա՝ Գիրք) լինի» [25] ։

Մխիթարի մահէն ետք՝ իր աշակերտները ամբողջացուցած են Յատուկ անուններու բառարանը, կցելով անոր երկրորդ մասը (էջ 233–371), ու միասին փոխադրելով զետեղած են Հայկազեանի երկրորդ հատորին մէջ, առանց մատնանշելու բոլոր այս մանրամասնութիւնները՝ Հայկազեանի զոյգ հատորներու Յառաջաբաններուն մէջ։

ՔԱՐՏԷՍՆԵՐԸ

Գործնականին մէջ՝ Հայկազեանի առաջին հատորը լիովին աւարտած էր ու պատրաստ էր ելլելու հրապարակ [26]. կը պակսէին սկիզբի նկարները եւ Յառաջաբանը։ Պղնձատիպ զոյգ նկարներէն առաջինը գրքին անուանաթերթը կանխող ճակատն է «ԲԱՌԳԻՐՔ ՀԱՅԿԱԶԵԱՆ ԼԵԶՈՒԻ» գրութեամբ եւ Միաբանութեանս զինանշանով. երկրորդը՝ շատ նուրբ եւ գեղեցիկ արտայայտութեամբ՝ Հայ եկեղեցւոյ չորս մեծ դէմքերը կը ներկայացնէ, այսինքն՝ Ս. Սահակ, Ս. Մեսրոպ, Ս. Ներսէս Շնորհալի եւ Ս. Գրիգոր Նարեկացի։ Երկու նկարներն ալ փորագրուած են իտալացիէ մը, որուն վճարուած է 264 /243/ լիրէ, ինչ որ բաւական շօշափելի գումար է, եթէ մտածելու ըլլանք որ նոյնքան դրամով գրաշարը կը պատրաստէր 22 պրակ։

Տպագրուած ու յաջորդաբար ալ տպագրուելիք գրքերուն համար պղնձատիպ նկարներու եղած ծախսը բաւական մեծ մտահոգութիւն էր նոյն շրջանին։ Մխիթար ասոր ալ լուծում մը կը մտած է, աչքերը դարձնելով իր աշակերտներուն։ Այս ուղղութեամբ եւս ունինք շատ հետաքրքրական մանրամասնութիւններ։

Մխիթար իր անձնական Հաշուեգրքին մէջ արձանագրած է. «1745 Նոյեմբեր. երկու կտոր պղնձոյ, սակս պատկերաց (ետու) 16 լիրէ». շուրջ տարի մը ետք՝ «1746 Օգոստոս. վասն պղնձոյ պատկերին Հրէաստանի 30 լիրէ». «1747 Ապրիլ: Հ. Իգնատիոսին, վասն պղնձին եւ վասն ակռին՝ 4 լիրէ . վասն գրգի աշխարհացուցի՝ լիրէ 4. 10», «1747 Օգոստոս. վասն երկաթեղինաց պատկերի երկնից՝ 4 լիրէ»։ Ս. Ղազարի փոքր ժամանակագրութիւններուն մէջ ալ կը գտնենք հետեւեալ յիշատակութիւնները: «1745 Դեկտ. 2. Հ. Իգնատիոսն եւ Հ. Զաքարիայն տեղեկացեալ արհեստի փորագրութեան պղնձոյ, սկսան նաեւ փորագրել զծաղիկն ցանկի գրոց Աստուածաշունչ մատենի, եւ ապա ձեռն արկին փորագրութեան այլ եւ այլ աշխարհացուցի»։ Ուրիշ օրինակ մը նոյն թուականին տակ կը մանրամասնէ «…տեղեկացան փորագրութեան պղնձոյ յումեմնէ պատկերափորողէ, եւ փորեցին նախ զծաղիկն ցանկի գրոց Աստուածաշունչ մատենին եւ ապա զայլ բազում պատկերս»։ Վանքիս մայր ժամանակագրութիւնն ալ, համադրելով մինչեւ ցարդ ըսուածները, 1745 տարւոյն դէպքերը գրելէն ետք՝ կու տայ մեզի սա գեղեցիկ վկայութիւնը. «Զայնու ժամանակօք Հ. Իգնատիոսն եւ Հ. Զաքարիայն տեղեկացեալ քանդակագործութեան պղնձոյ ի ճարտարէ միոյ բարեկամ է, քանդակեցին զծաղկագիր ցանկի գրոցն Աստուածաշունչ մատենի, այլ եւ զպատկեր բովանդակ ցուցակ աշխարհին Հայաստանեայց, ի պղնձի տախտակ քանդակեաց Հ. Իգնատիոսն։ Իսկ Հ. Զաքարիայն զխորհրդաւոր ձեւոց յօրինակ քրիստոնէական հաւատոյ ի բացատրութիւն յօրինելոց զպատկերսն քանդակեաց։ Իսկ եւ զերկնային կամարաց, զլուսաւորաց եւ զտարերայն շրջանակեաց պատկերս ի պղնձի տախտակս գեղեցիկ քանդակեաց» [27] ։

Յիշատակուած վկայութիւնները բաւական են իրենք իրենց լուսաբանելու շատ մը հարցեր. արդարեւ համադրելով այս ամէնը՝ կը /244/ գիտնանք որ Մխիթարի աշակերտներէն Հ. Իգնատիոս Խաչատուրեան եւ Հ. Զաքարիա Ալէքսանեան՝ 1746 տարիէն սկսեալ՝ նուիրուած են այս գործին, ու տիրանալով արհեստին, ամենայաջող կերպով սկսած են փորագրել պղինձի վրայ պատկերներ, ըլլան անոնք ծաղիկներու եւ մանաւանդ քարտէսներու։

Այս շրջանէն ունինք չորս պղնձատիպ քարտէսներ, որոնցմէ առաջին երեքը զետեղուած են Հայկազեանի առաջին հատորին մէջ, իսկ չորրորդը երկրորդ հատորին մէջ:

1. «Համատարած աշխարհացոյց», որու աջակողմեան անկիւնը տպագրուած է 259 թուանշանը եւ զետեղուած է 258–259 էջերուն միջեւ, իսկ 258 էջի վրայ գտնուող Երկիր բառին բացատրութեան մէջ կը մեկնուի քարտէսը եւ անոր վրայ գտնուած աշխարհագրական բառերը։ Այս քարտէսին պղինձը օգտագործուած է յաջորդաբար ուրիչ գիրքերու համար ալ, եւ գիրքին պահանջին համաձայն՝ փոխուած է քարտէսին վերի անկիւնը դրուած էջին թիւը։ Այսպէս, մեր տրամադրութեան ունինք երեք օրինակներ նոյն քարտէսին, որոնցմէ մին առանց որեւէ թուանշանի է, ուրիշ մը վերին աջակողմեան անկիւնը ունի 108 թիւը, ու երրորդ մը՝ ձախակողմը 157 թուանշանը։

2. Մոլորակներու ընթացքը ցոյց տուող քարտէսը, զետեղուած 256–257 էջերուն միջեւ, ու Երկին առին տակ (էջ 257) կը բացատրուի քարտէսը։

3. «Աստղալից երկինք»ի քարտէսը, զետեղուած 500–501 էջերուն միջեւ, եւ Համաստեղութիւն բառին ներքեւ (էջ 499) կը տրուի քարտէսին բացատրութիւնը։

4. «Երկիր Աւետեաց», զետեղուած Բ. հատորին ա–ի էջերուն միջեւ։ Յառաջաբանին մէջ (էջ 10) կու տայ հարկաւոր ծանօթութիւն քարտէսին նկատմամբ՝ գրելով. «Մնայ մեզ ասել յաղագս այսր բառարանիս եւ զայս ինչ. զի թէպէտ զանուանս գաւառաց, քաղաքաց, աւանաց, լերանց, գետոց եւ այլոց նմանեաց, որք գտանէին երկրին Պաղեստինեայ, յայսմ բառարանիս մանրակրկիտ բացատրեցաք, սակայն այսու ամենայնիւ կասկածեալ մեր թէ բազումք չկարէին իմանալ զգիրս նոցա, ըստ արժանեաց ճիգն մեծ յանձին զգեցաք քանդակել զնոսա ըստ իւրաքանչիւր դրից է պղնձի, եւ զառ ի նմանէ տպեալ պատկերս հաստատել իւրաքանչիւր ի բառարանի, որով անաշխատ իմասցին եւ նոյն իսկ պարզամիտքն, թէ այս քաղաք  /245/ կամ այս աւան, կամ այսինչ գետ՝ յորում կողման եբրայական երկրին զետեղեալ կայր կամ արդէն գտանի»։

Միայն այս վերջինիս վրայ նշանակուած է «Փորագրեալ յամի Տեառն 1746», իսկ միւս երեքին վրայ ոչ մէկ թուական կը գտնենք։ Նկատած, սակայն, վերեւ յիշատակուած վկայութիւնները, առանց տարակոյսի կ՚ուզենք հաստատել թէ միւս երեքն ալ պէտք է փորագրուած ըլլան 1746–1747 տարիներուն, գլխաւորութեամբ Հ. Զաքարիայի։

Հոս անցողակի կերպով կ՚ուզենք դիտել «Աշխարհացոյց Հայաստանեայց ըստ հին եւ նոր աշխարհագրաց», փորագրուած 1751ին։ Ինչպէս Աւետեաց երկիր քարտէսը Մխիթար փորագրել տուած էր 1746ին, շատ հաւանաբար նոյն ինքն Մխիթարի է գաղափարը Հայաստանի քարտէսով մըն ալ զարդարելու Հայկազեանի երկրորդ հատորը իր մահէն ետք, Հ. Իգնատիոս Խաչատուրեան, հետամուտ կ՚ըլլայ իրագործելու հիմնադիրին սրբազան այս կտակը, եւ հազիւ թէ երկու տարիէն կը յաջողի փորագրել տալ։ Քարտէսին գծագրութիւնը անշուշտ որ կատարած են վանականները, իսկ փորագրութիւնը Ճուպէփփէ Ծուքքի. գործին վրայ հսկած ու վճարումները կատարած է Հ. Իգնատիոս, որ գործը աւարտելու շրջանին՝ կը գտնուէր Վիեննա, ուսկից նամակներով կը հետաքրքրուի, իմանալու համար մանրամասնութիւններ անոր մասին։

Քարտէսը Հայկազեանի երկրորդ հատորին համար փորագրուած ըլլալով, տպագրութենէն ետք՝ երկար ժամանակ հրապարակ չէ հանուած, այն համոզումով՝ թէ շուտով լոյս պիտի տեսնէ Բառարանը, որ զանազան պատճառներով շուրջ 20 տարի ետք, այն է 1769ին է որ հրապարակ կ՚ելլէ, որու մէջ նաեւ Հայաստանի քարտէսը։

ՅԱՌԱՋԱԲԱՆԸ

Հայկազեան բառարանի առաջին հատորին Յառաջաբանը, «Բան առ ընթերցօղս» վերնագրով (էջ 4–22) Մխիթարի ինքնագրութիւնը չէ, սակայն, Մխիթար պէտք է գրած ըլլայ Յառաջաբան մը, որ մեզի անծանօթ պատճառի համար ետ քաշուած է։ Այսպէս կ՚ըսենք որովհետեւ Մխիթարի Հաշուեգրքին մէջ կը կարդանք սա բացատրութիւնը։ «1748 Նոյեմբեր. Սանթօին վասն ընդ վայր շարելոյ զառաջաբանութիւն ետու լիրէ 6»։ Ընդ վայր բացատրութիւնը կը նշանակէ պարապ տեղ իսկ 6 լիրէ վճարում էն կարելի է եզրակացնել /246/ որ շարուածը պէտք է ըլլայ կէս պրակ, այսինքն՝ երկու թերթ (չորս երես), մինչ ներկայ Յառաջաբանը ունի 18 երես։

Եղելութիւնը այն է որ Մխիթար վախճանելով 1749ի Ապրիլ 27ին, լրիւ կազմուած չէ տեսած երկար տարիներու աշխատութեան պտուղը, ու մահուան անկողնին մէջ մօտը կանչելով իր աշակերտները, որոնք իրեն աջակցած էին, կը յանձնէ անոնց Յառաջաբանին համար հաւաքած ատաղձը, յանձնարարելով գործին աւարտումը։ Այս բոլորը համառօտ գիծերու մէջ կը կարդանք «Բան առ ընթերցօղս» կանխող մեծատառ յայտարարութեան մէջ. «Մխիթար Աբբայն… վճարեալ զգործս զայս ի սկզբանէ մինչեւ ցվախճան առ պսակ կատարման նորա վաղվաղեաց ձեռնամուխ լինիլ ի յառաջաբանութիւն բառարանիս… անկաւ ի մահիճս, եւ իբրեւ անհնարին եղեւ ինքնին վճարել զդիտեալն իւր, կոչեաց զձեռնասուն աշակերտս իւր, եւ պատուիրեաց նոցա ի դիմաց իւրոց յօրինել զյառաջաբանութիւն գործոյս, տուեալ նոցա յառաջագոյն զնիւթն զառ յինքենէ ընդ ժամանակս ժամանակս հաւաքեալ»։ Մխիթարի փափաքին համաձայն, աշակերտները կը շարադրեն, ու հաւանաբար ցոյց կու տան նաեւ Մխիթարի, որովհետեւ նոյն տեղը կը կարդանք՝ թէ աշակերտները «այն ինչ զպատուէր հրամանին ըստ նորին կամաց ի գլուխ հանին, եւ դեռ ի պատրաստի էին ի տպագրութիւն յուղարկել… ի կենաց աստի փոխեցաւ»։

Մխիթար Աբբահօր Հայկազեան Բառարանին մասին դիւանական վկայութիւններու վրայ հիմնուած մեր անդրադարձութիւնները փակած ատեն, կուզենք շեշտել այն կէտը՝ որ իր ալ սրտին շատ մօտիկ էր։ Տառապալից յոգնութիւններով օծուն կեանքին ընթացքին, Հայկազեան մը յօրինելու գաղափարը զինքը խանդավառած էր. գաղափարը գործի վերածել՝ կը նշանակէր յանձն առնել տաժանելի աշխատանք։ Ու այս քայլը առած էր պողպատեայ կամքով, մղուած Ազգին սէրէն, որովհետեւ չափէն աւելի էր «գութ մեր առ Հայկական լեզուն», ու բառգիրք մը ունենալը կը նկատէր Աստուծոյ մեծագոյն պարգեւը, ամբողջ ազգին համար. «զի թէ ոչ էր շնորհեալ մեզ Տեառն զբառգիրք, փոքր միւս եւս եւ խրթնացեալ ի վայելչութենէ՝ լեզուն մեր վեր ի վայր կործանիւր» :

Կուզենք փակել մեր տեսութիւնները դնելով ստորեւ Յառաջաբանին վերջին հատուածը, ուղղուած հայ ազգին իբր ընծայական, զոր Մխիթար գրած է մահուան անկողնին մէջ, իբր լրում իր եօ/247/թանասնամեայ ազգանուէր գործունէութեան. «Խոնարհամիտ սրտիւ ընծայեմ քեզ զպտուղ բազմամեայ աշխատութեանս՝ նուէր սիրոյ. զի ցանկալի է ինձ յինէն առնուլ եւ քեզ տալ, եւ որոց քում սակի են, վասնզի որ ինչ իմ է՝ քոյ է, եւ որ ինչ քո՝ իմ . վասն որոյ եւ ծառայելս իմ քեզ՝ պարծանք են ինձ. մանաւանդ թէ՝ եւ լրումն պաշտաման իմոյ եւ իմոցս. վասնզի ի սկզբանէ անտի որպէս ես, նոյնպէս եւ Միաբանութիւնս մեր կարգեալ կայ ի սպասաւորութիւն բանի Հայկազեան տոհմի, ի փառս Յիսուսի Աստուծոյ մերոյ, որ է օրհնեալ յաւիտեանս ամէն»։



[1]     Հ. ՄԱՏԹԷՈՍ ԵՒԴՈԿԻԱՑԻ, Վարք Մխիթարայ Աբբայի (ձեռագիր), էջ 68։

[2]     ԲԱՌԳԻՐՔ ՀԱՅԿԱԶԵԱՆ ԼԵԶՈՒԻ, Վենետիկ 1749, «Բան առ ընթերցօղս», էջ

[3]     Մխիթար Աբբայ՝ Վենետիկէն, 18 հունիս 1736ին, առ Հ. Թոմաս, Պոլիս։

[4]     Մխիթար Աբբայ՝ Վենետիկէն, 9 Նոյեմբ. 1736ին, առ Հ. Թոմաս, Պոլիս։

[5]     Հ. Պօղոս՝ Պոլիսէն, 13 Մարտ 1743ին, առ Մխիթար Աբբայ, Վենետիկ։

[6]     «Պաղտասար Ղօլին, զորմէ գրեալ էի յայլում թղթոց, ունին սկսեալք լինել զբառգիրգ եօթն լեզու, որ ի յութ ամն հազիւ վերջանայ ասեն»։ . Պօղոս, 13 Մարտ 1743ին, առ Մխիթար Աբբայ)։

[7]     Հ. Միքայէլ՝ Պոլիսէն, 6 Հոկտ. 1747ին, առ Մխիթար Աբբայ, Վենետիկ։

[8]     Մխիթար Աբբայ՝ Վենետիկէն, 18 Դեկտ. 1747ին, առ Հ. Միքայէլ, Պոլիս :

[9]     «Բառգիրքն ի ձեռս իմ է եւ օր ըստ օրէ շարադրեցեալ յառաջանայ. այժմ հասեալ եմք ի հօն». (Մխիթար, 1 Սեպտ։ 1742ին, առ Հ. Յակոբ, Վարատին)։

[10]   «Այժմ աշխատիմ ի վերայ բառգրքին, եւ յուսամ թէ մինչեւ ի Սեպտեմբեր եզերի». (Մխիթար, 4 Մայիս 1743ին, առ Հ. Յակոբ, Վարատին)։

[11]   Մխիթար Արքայ՝ Վենետիկէն, 25 Նոյեմբ. 1743ին, առ Հ. Պետրոս, Պոլիս։

[12]   Ժամանակագրութիւն Վանացս, Հտ. Բ., էջ 425։

[13]   Մխիթար Աբբայ՝ Վենետիկէն, 25 Ապրիլ 1744ին, առ Տէր Աթանաս Վրդ. ։

[14]   Ժամանակագրութիւն Վանացս, Հտ. Բ., էջ 425։

[15]   Մխիթար Աբբայ՝ Վենետիկէն, 5 Հոկտ. 1748ին, առ Հ. Մարկոս, Պաշպալով։

[16]   «Այժմ հազիւ նորապէս սկսաւ տպագրութիւնն եւ երկու տապաղայն է տպագրեցեալ եւ հետեւաբար տպագրի. եւ պարտիս գիտել զի ոչ է փոքրիկ գիրք ինչ եւ շուտով եզերելի. քանզի թէպէտ գիրքն եւ մեծութիւնն սորա ոչ է հաւասար Աստուածաշնչին, սակայն մանր գիրով լինելով, բանք որք են ի մէջ նորա, գրեթէ լինին հաւասար Աստուածաշնչին». (Մխիթար, 10 Հոկտ. 1744ին, առ Պր. Անդրէաս, Իզմիր)։

[17]   «Յուսամք թէ յետ ոմանց ամսոց սկսանիցի տպագրութիւնն, եւ ի գալ ամին   եզերիցի եւ առաքեսցուք»: (Մխիթար, Յունիս 1744, առ Պր։ Անդրէաս, Իզմիր)։

[18]   Մխիթար Աբբայ՝ Վենետիկէն, 13 Յունիս 1745ին, առ Հ. Միքայէլ, Պոլիս։

[19]   Մխիթար Աբբայ՝ Վենետիկէն, 21 Դեկտ. 1746ին, առ Հ. Միքայէլ, Պոլիս։

[20]   Անդ։

[21]   Մխիթար Աբբայ՝ Վենետիկէն, 7 Յուլիս 1746ին, առ Հ. Միքայէլ, Պոլիս:

[22]   Այս մանրամասնութիւնները քաղած ենք փոքր ժամանակագրութենէ մը, ուր անուղղակի կերպով կը պատմուի. «1746 Յունիս 17. Հ. Իգնատիոսն եւ Հ. Զաքարիայն էին ի Վենետիկ վասն տպագրութեան, եւ մինչ…»։

[23]   Մխիթար Աբբայ՝ Վենետիկէն, 5 Օգոստ: 1747 ին, առ Հ. Մարկոս, Պաշպալով։

[24]   Հայկազեանի տպագրութեան ընթացքին զանազան անձեր խնդրած են Մխիթարէ ունենալ պրակ առ պրակ։ Պաշպալովէ՝ Հ. Մարկոս կը ստանայ մաս առ մաս, ու Մխիթար ամէն անգամ կը գրէ ղրկած պրակներուն թիւերը, այսպէս 1748 Օգոստոսին. «բառգրքին տետերքն եւս ի 76էն սկսեալ մինչեւ ի 137 առաքեցաք»։ Սարգիս Արքեպս. Սարաֆեան՝ Հռոմ գտնուած շրջանին, 1746 Մայիս 28ին կը գրէ Մխիթարի. «այլ եւ խնդրի ի Հայրութենէ քումմէ, զի եթէ դէպ ի տեղս գալոց փէլէկրին ոք գտանիցի, յանձնեսցես ի նա առ ի բերել ինձ, զի ինչեւ ցայժմ տպագրեցեալ տետերսն բառարանին, բայց գիտեա զի մինչեւ ցքառասուն եւ ութ տետրն ունիմ առ իս, որ է երես 384»։

[25]   Մխիթար Աբբայ՝ Վենետիկէն, 16 Յուլիս 1748ին, առ Հ. Միքայէլ, Պոլիս։

[26]   Փոքրիկ թուղթի մը վրայ Մխիթար թողուցած է սա ծանօթութիւնը։ «1748 Հոկտ. 27. եզերեցաւ տպագրութիւն առաջնոյ մասին բառգրգին, որ եղեւ 157 եւ կէս տապաղայով. ուստի սորա կազմեցեալն 7 տօգաթ վաճառելի է, եւ զանկազմն 33 լիրէ եւ կէս։ Իսկ երկրորդ մասն է ինչ եզերի, եթէ 100 տապաղայով իցէ եզերեալ, մինչ կազմեալ իցէ՝ հինգ տօգաթ եւ կէս է վաճառելի, եւ մինչ անկազմ իցէ 23 լիրէ»։

[27]   Ժամանակագրութիւն Վանացս, Հտ. Բ, էջ 428։