Արշալոյս քրիստոնէութեան Հայոց

Հեղինակ

Բաժին
Alishan  

Թեմա

ԱՐՇԱԼՈՅU  ՔՐԻՍՏՈՆԷՈՒԹԵԱՆ ՀԱՅՈՑ 

ԼՈ՜ՅՍ. Ո՜րքան գեղեցիկ, սիրելի կարեւոր եւ գերազանց բան. Անդրանիկ յարարածս Աստուծոյ, ըստ Ս. Գրոց, եւ ամենայն զգալի արարածոց երեւցընող. իսկ աներեւոյթ բանական արարածոց՝ գրեթէ գոյութիւն իսկ. զի միայն լուսով երեւակայուին եւ բացատրուին։ Երեւելեաց եւ աներեւութից Արարիչն անգամ՝ վկայուի «Բնակեալ ի Լոյս անմատոյց». որ եւ ինքնին ի մարմնանալն եւ յերեւել ի վերայ երկրիս, վկայեց իրեն համար, «Ես Լոյս՝ յաշխարհ՝ եկի»։ Դարձեալ ինքն որ աղբիւր էր կենաց եւ եկաւ ի մէջ մահկանացուաց՝ նոր եւ անմահ կեանք մի տալու, զնոյն եւս Լոյս կոչեց, իր սիրտը շօշափող աշկերտին բերնով. «Նովա Կեանք էր, եւ կեանքն էր Լոյս մարդկան»։ 

Զայս այսպէս ճանչնալով իր նախկին հաւատացեալքն, իր վարդապետութիւնը լսողք, ուսողք եւ ուսուցողք, Լոյս, Լուսաւորութիւն, Լուսաւոր կրօնք՝ անուանեցին «Քրիստոնեութիւն. որպէս եւ է իսկ, քան զամենայն գիտութիւն ստոյգ եւ պայծառ, մնայուն եւ յաւիտենական. որոյ առջեւ՝ այլ ամենայն գիտութիւնք եւ գիւտք՝ որոց այնքան հետամուտ են մարդիկ, ոչ միայն փոքր ինչ են, այլ եւ չնչին, կամ շուք մի, որ եւ այն չքանայ. նախ, ի վախճանի իւրաքանչիւր անձին, ապա ի վախճանի առհասարակ մարդկութեան եւ այս աշխարհիս, եւ մնայ միայն Լոյսն կենդանի եւ Կեանքն լուսաւոր, յաշխարհ իսկալոյս, ուր Արարիչն բնակի, իրեն լուսաւորեալ եւ սիրելի արարածովք։

Մի՛ զարմանար, ընթերցող, եթէ ազգիդ քրիստոնէական հաւատոց ծագումն եւ աճումն ուզելով յիշել՝ զԼոյս նախակարգեցի, եւ Արշալոյս համարիմ անոր առաջին երեւոյթքն եւ սփռիլն յերկրի եւ յազգի մերում։ 

Եթէ զարմանալու բան մի կայ՝ այս է, որ՝ դարձեալ, ըստ ծանր եւ ահաւոր բանի Քրիստոսի, ինքն Լոյսն իսկական եկաւ յաշխարհ, եւ «Սիրեցին մարդիկ զխաւար՝ առաւել քան զլոյս»։ Այսինքն, մարդիկ հասարակօրէն աւելի սիրեն երկրաւոր անցաւոր բաներ փնտռել ճանչնալ՝ քան զկարեւորագոյնն, զճշմարիտ Լոյսն, զԿրօնքն, որ պիտի ըլլայ իրենց առիթ յաւիտենական կենահ

Եթէ պարզապէս այս գերազանց լուսոյ հանգամանքն եւ հետեւանքն յերկրիս վրայ՝ ուզէինք ճառել, դա քրիստոնէական հաւատոց վարդապետութիւն կ՚ըլլար. ամենակարեւոր բան, բայց ոչ այս տեղ մեր քննելին եւ նպատակն. այլ զի, ինչպէս ոչ ամենայն մարդիկ եւ ազգք՝ ոչ ի մի ժամանակ եւ մի տեղ լուսաւորուած են քրիստոնէութեամբ, եւ շատերուն երբն եւ սկիզբն՝ մութ եւ անստոյգ է, այսպէս եւ մեր Հայոց ազգին. զոր եւ ճանչնալ այնքան կարեւոր է՝ որքան որ այսպիսի լուսաւորութիւնն յերկրիս՝ անբաժան կամ՝ հաղորդ է երկնաւոր լուսաւորութեանն. թող որ կարեւոր պատմական արժէք ունի գիտնալն։ 

Հասարակօրէն մեր ազգի լուսաւորութեան սկիզբն եւ շարունակութիւնն՝ գրեթէ Դ դարու սկիզբէն ճանչցուի. սակայն նախընթաց  երեք դարուց մէջ այլ նշմարուին նշոյլք ինչ լուսոյ քրիստոնէութեան ի Հայս, զոր ուզեցի կոչել Արշալոյս, եւ զետեւեալն որ ի ձեռն Ս. Գրիգորի՝ արժան է կոչել Արեւելք, լոյս՝ համասփիւռ ի Հայս. որք՝ թերեւս արդարադատ եւ երախտագէտ քան զայլ ազգս՝ զինքն իրենց Լուսաւորիչ անուանեցին եւ այնպէս ծանուցին օտարաց: Այդ աստուածաշնորհ՝ անձին Շառաւիղքն, մարմնաւոր եւ հոգեւոր Որդիքն եւ Թոռունք, ճառագայթելով անոր վառած լոյսը՝ քրիստոնէութեան հրաշալի պարագայ մի հաստատեցին. զոր՝ մտադրութեամբ քննելով՝ ստիպուիմք ըսել, թէ «Ոչ այսպէս արար Տէր՝ ամենայն ազգաց»։ Այս մտածութեամբ աւելի վերանալով՝ վայել եւ հարկ է մեզ ճանչնալ (օտար գիտունք եւ տգէտք ինչպէս կ՚ուզեն դատեն), վայել է մեզ ճանչնալ՝ աստուածային յատուկ նախախնամութիւն մի մեր սեփական հայրենեաց վրայ, յառաջ քան շատ եւ թերեւս ամենայն ազգաց։

Անշուշտ այս խօսքս վերացընէ տանի մեր միտքը մինչեւ ի սկիզբն մարդկութեան, ի դուռն դրախտին, այլ եւ յերկրորդ որրան մարդկութեան, յետ համայնաջինջ ջրհեղեղին, ի լերինս Արարատայ. ուր՝ յետ տարեկան  ծփանացն՝ դադրեցաւ մարդակեցոյց տապանն: Բազմաքնին՝ եւ աւելի բազմագրիչ գիտնականք ժամանակիս՝ ինչ այլ ճառեն եւ ճարեն ասոնց նկատմամբ, քանի որ Եփրատայ եւ Տիգրիսի ակունքն՝ իրենց գետակցօքն ի Հայս են, եւ Արարատ հօն կանգնի բարձրագլուխ ի միջի լերանց արեւմտեան Ասիոյ, Հայն կըրնայ միշտ մարդկութեան առաջին եւ երկրորդ ծագման եւ աճման կենդրոն ճանչնալ իրեն սեփականեալ աշխարհը եւ պարծիլ ոչ աշխարհական կամ ռամկական պարծանօք, այլ իբրեւ կարեւոր մասն աստուածածանօթութեան եւ շնորհապարտութեան առ Աստուած, որ՝ այնքան բաժանեալ խառնիխուռն ազգաց եւ այնքան կտրատեալ երկրի մասերէն, մեր յատուկ երկրի վրայ՝ կանխեր ցուցեր է իր անքնին կամաց նշանը։ Զի եթէ ամենայն ազգի, ամեն խոհական մարդու վայել է քննել գիտնալ, թէ՝ այնքան ազգաց առասպելեալ կրօնից մէջ, ո՞ր կէտն էր՝ ուր նախ եւ յետոյ ճշմարիտ կրօնք ծագեր, երեւցեր եւ պահուեր է, մեզ եւս պարտք է, եւ առաւել եւս մեզ, վասն առաւել հաւանականութեան մեր երկրիս՝ այն կէտն ըլլալու:

Արդ, առանց երկարաբանութեան, որ թերեւս օտարոտի իմն երեւի ժամանակիս իմաստնոց եւ իմաստակաց, մենք կրօնական եւ պատմական զգացմամբ՝ համարձակիմք ըսել, թէ՝ Աստուածածանօթութեան երեք կենդրոնք կամ կէտք՝ ըստ երից կրօնական յեղանակաց մարդկութեան, (Բնական, Գրաւոր եւ Քրիստոնէական օրինաց), եղեր են, ո՛ր եւ է տեւողութեամբ, Հայաստան, Հրէաստան եւ Հռոմէաստան։ Առաջինն՝ յայտնի է վերեւ ըսածներէս, երկրորդն՝ յայտնագոյն, Աբրահամու, Մովսիսի, մարգարէից, եւ յետոյ ինքնին Քրիստոսի Աստուածամարդոյն գալըստեամբն, իսկ երրորդն՝ իր երեսփոխան Առաքելոյն եւ անոր յաջորդ քահանայապետից աթոռն ի Հռովմ հաստատելէն, ուր՝ անընդհատ ի Քրիստոսէ մինչեւ հիմայ ճանչցուին գերագոյն Գլուխք եւ վարդապետք քրիստոնէութեան։ Այսչափս բաւական համարիմ՝ մեր տեսութեանը բացատրութեան, բայց կարեւոր՝ նկատմամբ՝ առաջին կէտին, որ թէպէտ յետոյ մթընցեր է սնոտի պաշտամամբք, սակայն քրիստոնէութիւնն չէ ուշացած անոնց վրայ կամ անոնց տեղ՝ ծագել իր մշտափայլ լոյսը եւ ընծայել զԵկեղեցին հայոց։