Արշալոյս քրիստոնէութեան Հայոց

Հեղինակ

Բաժին
Alishan  

Թեմա

Բ.
Ս. ԹԱԴԷՈՍ ԵՒ ԱՇԱԿԵՐՏՔ ԻՒՐ

Քրիստոնէութեան համբաւը տարածողք ի Հայս՝ անմիջապէս յետ յարութեան Քրիստոսի, համարուին ի Հայս եւ ի սահմանակիցս Հայոց բնակեալ կամ՝ պանդուխտ Հրեայքն, որք ի Հոգեգալըստեան օրը գտուեցան յԵրուսաղէմ. յորս՝ թէ յանուանէ չի յիշեր Աետարանիչն Ղուկաս , 9–11) եւ զՀայս, այսինքն զհայաբնակ Հրեայս, գուցէ քիչ առաջ մեր այն ատենուան հայ թագաւորին զՀրեայս հալածելուն կամ նեղելուն համար ըլլայ, (Խոր. Բ. ԻԴ. ). սակայն յիշէ նախ զսահմանակիցս Հայոց, Մարս, Միջագետացիս, Կապպադովկացիս, Փռիւգացիս. գուցէ եւ Պարթեւաց անուամբ իմանայ եւ զՀայս զի այն ատեն համացեղ (Արշակունի) էին եւ Հայոց եւ Պարսից կամ Պարթեւաց թագաւորքն։ Անկարելի էր որ այսքան Հայաստանի կպած աշխարհներում պանդուխտացեալ Հրեայք՝ յետ զատկի տօնին դառնալով յԵրուսաղէմէ, սփռած չըլլան եւ ի Հայս՝ զհամբաւ Քրիստոսի եւ Առաքելոցն. յորոց լսեցին այն հրաշալի Ս. Հոգւոյ իջման օրը՝ իւրաքանչիւր իրենց պանդըխտած երկրին եւ ազգին եւ իրենց իսկ խօսած լեզուն։

Ոմանք համարեցան՝ թէ Տերտուղիանոս, յելս Բ դարու, (Ընդդէմ Հրէից, Է) յիշած է եւ զՀայս յանուանէ, Ղուկասու միւս յիշելոց եւ գտուելոց՝ հետ այն հրաշափառ վերնատան մէջ. սակայն, հաւանօրէն, այս մեծ հեղինակս՝ իր ժամանակի Հայոց քրիստոնէութիւնը յիշեցընէ, խառնելով անոնց անունը ընդ մէջ Միջագետացեաց եւ Փռիւգացւոց, ուր որ մեր թարգմանութիւնն՝ ըստ՝ յոյն բնագրին եւ Հրեաստանի գրած է, եւ նա զայս չի յիշեր, այլ ի Հայաստանի. զոր ըստ նմանութեան անուանցն՝ կրնար շփոթել հայերէն գրող մի. կըրնար շփոթել եւ Տերտուղիանոս՝ եթէ հայերէնը կարենար կարդալ, եւ այն ատեն հայերէն գիր ըլլար։ Այս է Տերտուղիանոսի գրածն. « Որո՞` (բայց  եթէ Քրիստոսի հաւատացին այլեւայլ ազգք։ Պարթեւք, Մարք, Ելամացիք, եւ որք ի Միջագետս եւ ի Հայաստան, ի Փռիւգիա» [1], եւ այլն։

Մեզ եւ մեր պատմըչաց՝ Աբգարու եւ Թադէոս առաքելոյ քարոզութեան պատմութեան աղբիւրն՝ եղած է Թուղթ Աբգարու կոչուած հին ասորերէն գրուած մի, որոյ հեղինակը չի յիշեր Եւսեբիոս, իսկ մեր Խորենացին կոչէ Ղըբուբնա կամ՝ Ղեբուբնեա (սխալմամբ գրուած Ղեբուբնա), որդի Ափշադարայ Դպրի, որ գրած է, կ՚ըսէ, եւ Սանատրկոյ ատեն եղած դիպաց պատմութիւնը եւ դրած ի դիւանս Եդեսիոյ։ Մինչեւ ցկէս նոր անցեալ կամ՝ դեռ անցնող (ԺԹ) դարու՝ այսչափ գիտէինք. յամին 1852 յաջողեցաւ մեզ գտնել Բարիզու  մեծ գրատան Հայերէն ձեռագրաց հին Ճառընտրի մի մէջ՝ այս Աբգարու Թուղթս, հին թարգմանութեամբ. յորմէ՝ մեր հնագոյն Տօնացոյցք կամ՝ Ճաշոցք այլեւայլ մաս կարգեր են եկեղեցւոյ մէջ կարդալ։ Իբր տասն տարի մեզմէ վերջը՝ անգլիացի բանասէրն Գիւրըդոն գտաւ ասորի բնագիրը, այլ ոչ ամբողջ, եւ հրատարակեց. մենք այլ մեր գտած երկարը, որ եւ փռանկերէն թարգմանեալ հրատարակեցաւ։ Ասոր մէջ՝   Ղեբուբնա ոչ որդի Ափշադարայ, այլ թոռն նորա կ՚ըսուի, իսկ հայրն Անակ կոչուի. քարոզիչ առաքեալն այլ ոչ Թադէոս՝ այԼ Ադդէ. որ յետ լուսաւորութեան Եդեսիոյ՝ կ՚ըսուի գնացեալ յԱրեւելս եւ նահատակեալ ի Սանատրկոյ. ասոր դստեր Սանդըխտոյ եւ իր նահատակութեան պատմութիւնն չկայ հիմայ գտնուած Ղըբուբնայ գործոյն մէջ, զոր հայ թարգմանիչն՝ տեղ տեղ ազգային աւանդութեանց եւ ծանօթութեանց յարմարցուցեր է։ Թադէի կամ Ադդէի աշակերտ՝ Աբգարու խոյրարարն այլ նոյն անուամբ կոչուելով՝ երկուքին ըրածն այլ կըրնայ իրարու խառնուած ըլլալ։ Բայց մեզ ծանօթ Թադէոսի քարոզութիւնն յարեւելս՝ ի Մեծ Հայս, աշակերտելն զՍանդուխտ եւ երկուքին այլ նահատակութիւնն՝ ստոյգ երեւին եւ առանձին գրուած գտնուի պատմութիւնն մեր հնագոյն ձեռագրաց մէջ. որոյ թարգմանողն Սամուել եպիսկոպոս որ պատուիրէ զայն ծաւալել եւ ծանօթացընել ամենայն Հայոց ազգին, թուի անոր կաթողիկոսն, թէ ոչ Շմուէլ հակաթոռն Մեծին Սահակայ՝ ապա Սամուղլ յաջորդն Բաբգենի, ի սկիզբն Զ դարու։ 

Աստուածային նախախնամութեամբ այլ եւայլ Առաքեալք եւ Աշակերտք եկած են ի Հայս, կենսաբեր Աւետարանը քարոզելու, յորս առաջին յիշատակէ մեր եկեղեցին՝ ի պաշտաման պատարագի՝ զայս Ս. Թադէոս, կանուխ քան զԲարթողոմէոս Առաքեալն՝ ի Հայս մտնելուն համար. զի սա յետինս՝ մի երկոտասան ձեռասուն Առաքելոց Քրիստոսի է, իսկ Թադէոս համարի մի յԵօթանասուն եւ երկու աշակերտաց նորա, զոր՝ Հայք սիրեն անոնց ամենուն գլուխ կամ առաջին ըսել, որպէս զՊետրոս՝ Երկոտասանիցն։ Դարձեալ Թադէոս համարուի հարազատ եղբայր Թովմայի Առաքելոյ, եւ ասոր թելադրութեամբ եկած առ Աբգար, իբրեւ կատարելու աւանդութեամբ հռչակեալ Քրիստոսի խոստումն առ նա, թէ, յետ համբառնալու յերկինս՝ խաւրեմ քեզ բժշկող եւ լուսաւորող մի յաշակերտացս։ Ստոյգ է Թադէոսի, շուտով  գալն իր քարոզութեան տեղը, որ չէր հեռի ի Պաղեստինէ, բայց ոմանք կ՚ըսեն, թէ նա նախ Ասորւոց ծովեզերքէն ելած ըլլայ յեզերս Կիլիկիոյ, եւ աստի յառաջ անցած ի միջաշխարէս Փոքր Ասիոյ, եւ ասոր գլխաւոր քաղաքին՝ Կեսարիոյ մէջ յաջողութեամբ քարոզած, եւ հաստատած եկեղեցւոյ նախապատիւ աթոռոց մէկը, զոր եւ յանձներ է իրեն աշակերտեալ Թէոփիլոսի. եւ զսա համարին այն բարեբաղդ անձն կամ՝ Քաչը, որոյ խնդրով Ս. Ղուկաս գրեց իր Աւետարանն եւ զգործս Առաքելոց. բայց ասոր վրայօք յետոյ խօսինք, երբ մեր Լուսաւորչի ձեռնադրութիւնը յիշելու կարգն գայ։ 

Ժամանակին հնութիւնն եւ երկրին հեռաւորութիւնն, գուցէ եւ Ասորւոց եւ Հայոց մէջ եղած նախանձ եւ հակառակութիւն մի, որում վկայեն պատմիչք մեր, գուցէ կամաւ եւ ակամայ այլայլած ըլլան Թադէոսի առաքելութեան պատմութիւնը։ Ասորիք՝ յետ անոր քարոզութեանն յԵդեսիա եւ Աբգարու հաւատոցն՝ Նինուէի եւ Ասորեստանի սահմանակից կողմեր այլ քարոզած է՝ կ՚ըսեն, Թադէոս, եւ նորէն դառնալով յԵդեսիա՝ խաղաղական մահուամբ հանգչած, ըստ Մարիսի պատմըչի նոցա, յետ 22 տարի քարոզութեան։ Իսկ Հայք` յԵդեսիոյ ի Մեծ Հայս գնացեր է, կ՚ըսեն, Աբգարու յանձնարար թղթով` առ Սանատրուկ թագաւոր։ Երկու, աւանդութիւնքն այլ թերեւս անստոյգ են. ստոյգն երեւի՝ թէ ոչ Թադէոսի՝ այլ իր մէկ աշկերտին (որ իր անուամբ ճանչցուած է) գալն ի Հայաստան եւ յարքունիսն, ուր թագաւորէր՝ ըստ մեր պատմչաց՝ Սանատրուկ։ Ըստ վերոյիշեալ հին պատմութեան Թադէի կամ՝ վկայաբանութեան նորա եւ Սանդըխտոյ դստեր թագաւորին, Թադէոս՝ իր քանի մի աշակերտօք քարոզելով եւ հրաշագործութեամբք՝ շատերու ընդունել կու տայ զՔրիստոնէութիւն. կու գայ Արտազ գաւառ, ուր այն եղանակին՝ որ ամառ էր, թագաւորն նստէր իր արքունեօք՝ ի Շաւարշան քաղաքագիւղ, զօրքն այլ դաշտին մէջ բանակած։ Ըստ ոմանց` Սանատրուկ այլ նախ հաւատայ՝ ի Քրիստոս, յետոյ ուրանայ. հաւանելի է միշտ հեթանոս մնալն, այլ իր օրիորդ դուստրն Սանդուխտ հաւատայ եւ մկրտուի ի Թադէոսէ, եւ սիրով փափագի ստէպ լսել առաքելոյն քարոզութիւնը, որով՝ շատ ազնուատոհմ՝ արք եւ կանայք եւս հաատացին ի Քրիստոս, եւ անարգեցին իրենց սնոտի պաշտամունքը։ Ասկէ դրդուած քուրմք բողոքեն առ «խստերախ եւ անօրէն» թագաւորն, եւ սա հրաման տայ ջարդել հաւատացեալները, եւ բանտարկել զՍանդուխս, զոր՝ յետոյ ստոյգ հայրական սիրով ողոքելով գգուելով՝ ջանայ, բայց չի կըրնար մոլորցընել. գութն դառնայ ի կատաղութիւն, եւ հրամայէ սպաննել զնա։

Շատ հրաշքներ յիշէ պատմիչն. որոց մին էր, դահճաց՝ փոխանակ Սանդըխտոյ՝ զիրար զարնել եւ սպաննել. իսկ զկոյսն՝ գորովական կերպով մի նահատակուած կ՚ըսէ, դահճաց կոտորման շփոթին մէջ, «Պատանի ոմն էառ սուր եւ մօտ ի ստինսն եհար զկուրծսն երանելւոյ կուսին, եւ, ել արիւն, եւ բղխեաց հոտ անուշութեան. եւ աւանդեաց զոգին [2] »։ Գեղեցի՜կ կատարած, գեղեցիկ զրուցուած. գեղեցկագոյն պսակ եկեղեցւոյս Հայոց, որ կըրնայ պարծիլ իր U. Օրիորդով, գուցէ առաջին վկայուհի ունելով զU. Սանդուխտ։ Իր պատճառաւ` առաջ եւ վերջը շատեր նահատակեցան իր դառնացեալ հօր հրամանաu. յորոց յիշուին յանուանէ՝ իշխան մի, զոր ղրկեր էր թագաւորն զդուստրը յուրացութիւն յորդորելու համար, եւ նա՝ հրաշքներ  տեսնելով՝ հաւատաց ի Քրիստոս, եւ մկրտուելով կոչուեցաւ Սամուէլ, եւ նահատակեցաւ թագաւորին հրամանաւ, հրացեալ երկաթներ ոտներուն կամ ուսերուն անցընելով. ուրիշ մէկ մ՚այլ Իսրայէլ կոչուած. Զարմանդուխտ անուամբ թագաւորական ցեղէ տիկին մի՝ նոյնպէս Սանատրկոյ հրամանաւ սրով սպանուեցաւ։ Ըստ պատմութեան՝ Թադէոս ինքնին օգնութեամբ հաւատացելոց՝ թաղէ զՍանդուխտ եւ ծածկէ զտեղին։ Իսկ ինքն յետ վեց կամ ութ աւուր՝ այն տեղւոյն մօտ բարձրաւանդակի մի վրայ [3] տարուի սպանուելու, դահիճն՝ այս անգամ՝ այլ փոխանակ անոր՝ իր Զեմենտ եղբայրը զարնէ եւ սպաննէ, զոր յարուցանէ Առաքեալն եւ մկրտէ, ապա հաւատացելոց առաջնորդ դնելով իր Զաքարիա աշկերտը, նահատակուի սրով, եւ մարմին՝ սքանչելեօք պատռուած ժայռի մի մէջ ծածկուի։ Մեր սրբապատումք գրած են զպատմութիւն այս ամեն յիշեալ նահատակաց, Առաքելոյն, կուսին եւ այլոց, եւ մարմնոց գըտնուիլն՝ հրաշալի յայտնութեամբ, Ե դարուն վերջերը, Յովհաննէս Մանդակունի կաթողիկոսին եւ քաջ Վահանայ Մամիկոնենի իշխանութեան ատեն, Կիրակոս անուամբ ճգնաւորի մի ձեռօք. որ՝ անշուշտ այն տեղ շատ անգամ՝ կու նկատէր քիչ տասնեակ տարիներ առաջ կատարուած Վարդանանց համախումբ նահատակութիւնն եւ նշխարքները։ Վկայաբանութիւնն Թադէի եւ Սանդըխտոյ, գերագոյն հօր եւ դստեր, անմահունակ գորովանք մի ընծայէ, յար եւ նման աւանդեալ գորովանաց ժամանակակից Սրբուհւոյ Թեկղեայ ընդ Պօղոսի առաքելոյ։ Մեր եկեղեցին այլ ի միասին տօնէ զաշակերտն Քրիստոսի եւ զաշակերտեալ նորա կոյսն, երեք տուն հետեւակ շարական մի [4] եւս ընծայելով իր անդրանիկ վկայուհւոյն։ 

Թադէոսի եւ Սանդըխտոյ նահատակութեան օրերում՝ եղած հրաշքները տեսնող հաւատացելոց թիւն, որ այլեւայլ անգամ մանրամասն նշանակուած է ի վկայաբանութեանն, իբրեւ բիւր մի կ՚ըլլայ. բայց աւանդութիւնն կ՚ըսէ Առաքելոյն համար, որ առաջ շատ տեղ քալած քարոզած էր եւ բիւրաւորներ այլ մկրտած. որոց ոչ սակաւք նահատակուեցան՝ Սանատրկոյ եւ իր նմանեաց հալածանօք. եւ ոմանց յիշատակն եւս մտած է ի Յայսմաւուրս մեր. ինչպէս, «Սամուէլի իշխանի` աշակերտին Թադէի», (յուլիս 20)։ - Զաքարիայի՝ որ յաջորդ Թադէոսի կոչուի, թէ եւ չեմ հանդիպած յիշատակին ի Յայսմաւուրս, այլ վկայուի յայլոց՝ որ ըստ նախագուշակութեան Առաքելոյն՝ ինքն այլ նահատակուած է Երուանդ բռնաւոր թագաւորին հրամանաւ կամ իր ատեն, իբր 75–6 թուականին Քրիստոսի։ Առաքէլ գանձասաց բաղիշեցին՝ իր Ոսկեանց գանձին մէջ յիշէ զսա

  «Եւ այլք բազումք աստ հաւատացին,

«Զաքարիա եւ ընկերք նորին»

Մեր կանոնագրոց մէջ անմիջապէս յետ Առաքելական կանոնաց՝ դրուած են 32 կանոնք՝ յանուն Ս. Առաքելոյն Թադէի. թէ եւ անվաւեր համարուին, այլ հին են, եւ ի վերջն գրուած է. «Զայս Օրէնսդրութիւնս՝ ես Զաքարիա աշակերտ Ս. Առաքելոյն Թադէոսի՝ գրեցի, որպէս լուայ ի նմանէն, ամենայն հաւատացելոց ի Քրիստոս»։ Թէպէտ եւ կ՚ըսուի եւս թէ յԵդեսիա գրած ըլլայ, որով ինքն այլ Եդեսիացի երեւի եւ ոչ ի Հայս աշակերտեալ Թադէի։ 

Զաքարիայի յաջորդ գրեն մեր վերջին դարու ժամանակագիրք կամ եկեղեցական վիճակագիրք, ինչպէս Յովսէփ Վ. Ջուղայեցի, զԶեմենտ կամ Զեմենտիանոս վերոյիշեալն, որ էր յառաջն «Իշխան ամենայն ճանապարհաց՝ եւ հաւատարիմ՝ ի դրան արքունի, եւ էր յոյժ ողորմած բարուքն եւ աղքատասէր, դարմանիչ օտարաց եւ կարօտելոց… (նա եւ) հաւատացելոցն, եւ ընդունող օտարաց»։ Սամուելէն երեք կամ չորս տարի վերջը նահատակուած կ՚ըսուի Զեմենտ՝ յԵրուազայ քրմապետէ Հայոց՝ որ բռնաւոր Երուանդայ եղբայրն էր։ Զեմենտի յաջորդք այլ հրատարակուեցան նորերումս (բայց դեռ կարօտ ստուգութեան [5] ). եւ են Ատրներսեհ, Մուշէ Շահեն, Շաւարշ, Ղեւոնդ. յետինս՝ որ միայն չէ հայանուն՝ որպէս առաջին չորքն (կամ՝ հինգն՝ Զեմենտի հետ), նահատակուած համարի, յետ կիսոյ Բ դարու, Հայոց Վաղարշ թագաւորի օրով կամ իր յաջորդին Խոսրովու. ասոր ատեն, վկայէ Փերմելիանոս Կեսարիոյ եպիսկոպոսն, զոր յիշէ Խորենացի, . ՀԵ), «Բազում վկայեալս եւ ի մերում՝ «աշխարհիս»։ 

Թէ մեր եւ թէ Ասորւոց պատմիչք յիշեն քանի մի ուրիշ աշկերտներ Թադէի՝ այլեւայլ Հայոց գաւառներում՝ քարոզած, ինչպէս, Ակքէոս [6] ՝ մի (եթէ ոչ Ադդէ), որ քարոզած ըլլայ ի Կորճայս, որ են Մեծ Հայոց Կորդուաց գաւառներն, եւ անոնց սահմանակիցքն կամ մասն՝ Մեծ եւ Փոքր Զառ գետոց լեռնահովիտներում, զորս Յոյնք եւ Լատինք Զաբդիկեան կոչեն, Zabdicene. յետ քարոզութեանն՝ Ակքէոս կ՚ըսուի դարձած յԵդեսիա եւ հօն վախճանած։ Ադդէ, Աբգարու խոյրարարն այլ հօն նահատակուած կ՚ըսուի, նա եւ ըստ Խորենացւոյ, Աբգարու Անան որդւոյ հրամանաւ, որ տարակուսական է եւ ոչ հայկական։ Ուրիշ Ադդէ մի եւս համարում է Բաբելոն քարոզած, եւ այն տեղ մեծ եպիսկոպոսական (յետոյ պատրիարքական) աթոռ հաստատած, իբր Ասորեստանեայց, Մարաց եւ Պարսից քահանայապետ։ Դարձեալ, քիչ այլաձայնութեամբ անուան յիշի Դադիու աշկերտ մի եւս Թադէոսի (գուցէ ամենքն այլ իրենց հոգեւոր հօր անունն ուզած են կրել). որոյ համար կ՚ըսէ մեր բազմահմուտ Վանական վարդապետն, թէ` «Գնաց հրամանաւ Թադէոսի ի Մեծ Հայք եւ ի կողմանս հիւսիսոյ. եւ լուեալ զմահն Աբգարու՝ դարձեալ եմուտ ի Փոքր Սիւնիս, եւ կրօնաւորեալ անդէն ծածկաբար վախճանեցաւ, եւ տեղին շինեցաւ վանք եւ յանուն նորա կոչեցաւ եւ կոչուի ինչուան հիմայ Դադի վանք կամ Խութայ վանք, Արցախ նահանգի Սիսական գաւառում, որ այլազգեաց Ղայնախ կոչուի։ Մօտ է ասոր եւ Խադայ կամ Խթրայ վանք, Թադէոսի Խադայ աշկերտին անուամբ, որ եւ մի Եօթանասուն աշակերտաց Քրիստոսի համարուի։ Այս երկու աշակերտաց անուամբք պայծառ վանքեր եւ եկեղեցիներ շինուած են, եւ շատ ծաղկած ԺԲ, ԺԳ դարերում, եւ հիմայ այլ կանգուն են։ Ոչ շատ հեռի տեղեաւ, եւ անուամբ՝ եւ շատ աւելի հռչակուած Է Եւստաթէոս կամ Ստաթէոս, նոյն Թադէոսի վարժարանէն, եւ քարոզելով նահատակուած ի Մեծ Սիւնիս, եւ անոր անուամբ կանգնուած հռչակաւոր Տաթեւոյ վանքն, որ յետոյ Սիւնեաց արքեպիսկոպոսական կամ մետրապօլտական բարձրակարգ աթոռն եղաւ, եւ մինչեւ հիմայ ծանօթ եւ շէն է. եւ որոյ վրայ շատ երկար գրէ Օրպելեան Ստեփանոս մետրապօլիտն պատմիչ։ Սակայն, շատ երկբայական է այդ անձն, ոչ միայն որ յօտարաց չի յիշուիր, այլ եւ ոչ ի վանական է, որ բոլոր Հայոց աւետարանիչ Առաքեալներն եւ  Աշկերտները նշանակած է [7] ։ Փոխանակ անոր յիշէ նա, որպէս եւ Յայսմաւուրք (սեպտ. 29) զԵղիշե, աշակերտակից վերնոցն, որ յետ կատարման Ս. Թադէոսի գնացել է Երուսաղէմ եւ ձեռնադրուեր ի Տեառնեղբայր Յակովբայ, եւ դառնալով՝ քարոզել է յԱղուանս, մինչեւ ի Դուռն Դարբանտայ (կամ Պահակն Ճորայ). Աղուանից Գիս աւանին մէջ գլխաւոր եկեղեցին շինած է, որ ինչուան հիմայ պատուի իր անուամբ. յետոյ Հայոց մերձաւոր Արցախոյ գաւառներում քարոզելով՝ Ամարաս աւանին մօտ՝ Զարդունի կոչուած դաշտի մի մէջ նահատակուեր է անհաւատից, եւ մարմինն ձգուեր է ցամաք ջրհորի մի մէջ. ուսկից հրաշալի յայտնութեամբ հանուելով՝ յամի 488-9, Աղուանից Վաչագան բարեպաշտ թագաւորի օրով, մօտ այն ջրհորին շինուեր է Ջրվշտիկ կոչուած վանքն, վերոյիշելոց նման ուխտատեղի, ծանօթ՝ այլ ոչ շէն։ Ըստ աւանդութեան պատմչաց Աղուանից՝ Եղիշէի յաջորդեր է Շուփհաղիշոյ յԵրուսաղէմէ եկած։

Այսքան Ս. Թադէոսի աշակերտաց անուանց եւ տեղեաց մէջ՝ եթէ աւելի կամ պակաս շփոթութիւն ինչ կայ, անկասկած է գոնէ անոնց ոմանց՝ Հայոց եւ Աղուանից միջոցներում քարոզելն. եւ ոչ անպատճառ՝ Թադէոս նախակարգի յաւետարանիչս Հայոց աշխարհի. եւ ոչ նոյնպէս անպատճառ՝ Հայոց առաջնակարգ եպիսկոպոսական աթոռք դրուած են Արտազուն եւ Սիւնեացն, որոց գտուիլն հարկ էր ի ժողովի եպիսկոպոսաց ի ձեռնադրութեան կաթողիկոսի։ Անտարակոյս է եւս, որ Թադէոս եւ Թադէոսեանքդ շատ եկեղեցիներ հաստատեր են իրենց քարոզութեան տեղերում, զոր սովորական ռամկօրէն ոճով հազար եկեղեցի կ’ըսեն։ 

Ս. Թադէոսի գերագոյն յիշատակ մ’այլ համարուած է՝ Քրիստոսի սուրբ կողը բացող հռչակաւոր Գեղարդն, զոր ընդունելով, կ’ըսուի, յառաքելապետէն Պետրոսէ, բերեր է ի Հայս, եւ հալածանաց առաջին դարուց ատեն՝ Գառնի աւանին մօտ քարալերանց այրերու մէկու մէջ պահուեր եւ պատուըւեր է. յետոյ՝ կէս այն ժայռերուն մասով կէս անոնցմէ զատ քարերով եւ պատերով՝ քանդակազարդ եկեղեցիներ եւ վանք շինուած են այն տեղ, եւ մինչեւ հիմայ իբրեւ ուխտատեղիք մեծահանդէս պատուին, եւ կոչուին Այրից վանք կամ Գեղարդայ վանք։ Իսկ Գեղարդն՝ իբրեւ մի եւ գերագոյն ի սրբազանից՝ պահուի յաթոռ կաթողիկոսին՝ յԷջմիածին անով կ՚օրհնի միւռոնն. եւ մեծ վտանգաց եւ կարօտութեան ատեն՝ իբրեւ սքանչելագործ տարուի հանդիսիւ՝ ուր որ խնդրուած է, ինչպէս երբեմն մինչեւ ի Վրաստան։ Մեր նպատակէն դուրս համարիմք քննել եւ վիճել՝ թէ ի Հռովմ՝ այլ հռչակուած Գեղարդն որքան հաւանական է ինչպէս Հայոցն։ 

Միւս նման յիշատակ կամ պարգեւ մ’այլ բերած է ի Հայս՝ Առաքեալն Թադէոս. այն է Շիշն նարդեան (նարդոս ծաղկի անուշահոտ իւղոյն), որով կին մի մեծահաւատ օծեց զաստուածային գլուխ Տեառն մերոյ. զայս բերելով Առաքեալն ի կողմանս Տարօն գաւառի, կ՚աւանդի թէ վերոյիշեալ Գեղարդը զարկեր է ծառի մի` եւ ջուր բղխեցուցեր. ապա նոյն ծառին փորուածին մէջ պահուեր է Շիշն, հեթանոսաց ձեռք չընկնելու համար։ Թէ  ծառն իւղոյն անուամբ Եղերդ կամ Եղրդուտ կոչուած է թէ ոչ, աւելորդ է քննել, բայց կայ այդ անուամբ ծանօթ ծառ, տեսակ մի ուռենի։ Աւանդուի դարձեալ, որ Լուսաւորչի ատեն յայտնուեր է Շիշն եւ շինուեր է ուխտատեղի՝ Եղըրդուտի վանք անուամբ, նուիրեալ Յովհ. Մկրտչի, պատուեալ եւ յիշեալ մինչեւ յաւուրս մեր։ Յիշատակագիր մի յամի 1676, կ’ըսէ. «Ի հռչակաւոր սուրբ ուխտս Եղրդուտոյ, յերկրին Տարօնոյ, ի գաւառն Մամիկոնեանց՝ կան բազում՝ սքանչելագործ սրբութիւնք ի սա հաւաքեալ, նախ, սուրբ Շիշ իւղոյն անուշահոտ, զոր Մովսէս նախամարգարէն օրհնեաց՝ ի ծաղկանց հրաշազանից, եւ օծեաց զմարգարէսն, գքահանայսն եւ զթագաւորսն, եւ Սամուէլ մարգարէն օծ զԴաւիթ եւ զայլ մարգարէսն. եւ կինն պոռնիկ հեղ ի վերայ գլխոյն Քրիստոսի. եւ Քրիստոս յետ խաչելութեանն օրհնեաց եւ ետ յառաքեալսն, եւ Ս. Թադէոս բերեալ աստ եդ ի ծառն Եղրդի, առ ստորոտով լերինն Տօրոսի»։ 



[1] Cui enim et alii gentes crediderunt ? Parthi, Medii, Elamite, et qui inhabitant Mesopotamiam, Armeniam, Phrygiam, Cappadociam, et incolen tes Pontum et Pamphyliam; immorantes Aegy ptum et regionem Africæque et trans Cyrenem inhabitantes: Romani et incole; tunc et Hyeru salem, Indi, et cetere gentes; ut jam Getulorum varietates et Maurorum multi fines; Hispania rum omnes termini, et Galliarum et diversa nationes, et Britannorum inaccessa Romanorum loca, Christo vero subdita, et Sarmatorum, Ger manorum et Scytharum.

[2] Դեկտեմբեր ամսոյ 15ին, ըստ վկայաբանութեանն։

[3] Մեր մէկ հին ժամանակագիր՝ Թադէի նահատակութեան յատուկ տեղը՝ Բաղրոտ կոչէ։

[4] «Քեւ պարծի այսօր սուրբ եկեղեցի, ո՜վ վկայուհի Սուրբ Սանդուխտ, որ զհայրականն քո թողեր զպաշտօն, վասն Քրիստոսի հեղեր զարիւն քո սուրբ։

Աշակերտեցար Առաքելոյն Թադէոսի, եւ ի հաւատս ճշմարիտս հաստատեցար, ոչ խառնակելով ընդ հեթանոսական պաշտօնսն. արժանի եղեր վերանալ առ Հայր։ 

Որ զտիկնութեանն քո թողեր զփառս, եւ աստուածային փառօքն զարդարեցար. այսօր դասակցեալ ընդ զուարթունս երկնից, վասն մեր առ Տէր բարեխօսեա»։  

[5] Այս ստուգուելու փափագելի լուրն հրատարակեցաւ Էջմիածնի Արարատ օրագրին Ա տարեհամարին (1868, եր. 41 56 102). իբր թէ, Ստեփանոս Սիւնեցին Է դարու կիսում՝ գտած եւ թարգմանած ըլլայ, եւ Յովհաննէս վարդապետի մի ձեռօք օրինակուածի ի ՂԸ թուին Հայոց (659 Քրիստոսի), Թադէոսի եւ Բարթոդիմէոսի յաջորդաց՝ աւելի կամ պակաս ցուցակ կամ գաւազանագիր մի. եւ զայս գտել է Զաքարիա արքեպիսկոպոս Արտազու կամ՝ Թադէի վանաց, եւ օրինակել է ի ՉՀԹ թուին (1330)։ Օրագիրն կ՚ըսէ, թէ այս յիշատակս գրուած է երեք կտոր մաշուած մագաղաթի վրայ, զոր Գէորգ Դ կաթողիկոս առեր է ի Կ. Պոլիս՝ ի Միհրդատեան Թադէոս բանասիրէ, եւ հետը տարած Էջմիածին, ուր խնդրելի եւ ստուգելի է. վասն զի, շարադրութիւնն շատ տեղ անվարժ է եւ կասկած տայ։

[6] Մարիս պատմիչ առ Լըգիէնի, Բ., Le Quien, Oriens christianus

[7] Մերձաւոր անուամբ ծանօթ է յեկեղեցական պատմութեան Ստաքէոս ոմն, որոյ՝ Պօղոս առաքեալ գրէ ողջոյն, «Ստաքեայ սիրելւոյ իմոյ ի Տէր» (Հռովմ. ԺԶ. 9 Նոյն սա թուի աշակերտ Անդրէի Առաքելոյ, ով դրաւ զնա եպիսկոպոս Բիւզանդիոնի։