Արշալոյս քրիստոնէութեան Հայոց

Հեղինակ

Բաժին
Alishan  

Թեմա

Է.
ՀԱԼԱԾԱՆՔ ՔՐԻՍՏՈՆԷՈՒԹԵԱՆ Յ՚Բ ԵՒ Յ՚Գ ԴԱՐՍ. ՆԱՀԱՏԱԿՔ Ի ՓՈՔՐ ՀԱՅՍ. ՄԵՀՐՈՒԺԱՆ ԵՊԻՍԿՈՊՈՍ ՀԱՅՈՑ 

Հալածեալ քրիստոնէութեան հետքը փնտռել ի Մեծ ի բուն Հայս՝ կըրնար դիւրին ըլլայ, եթէ ասոնց քաղաքական պատմութիւնն այլ պայծառ ըլլար Բ եւ Գ դարուց մէջ. յորս՝ որչափ այլ Խորենացի կարգաւ ազգաբանէ մեր Արշակունի թագաւորները՝ Սանատրուկէն մինչեւ ի Տրդատ (200 կամ աւելի տարի), սակայն յոյն եւ լատին ժամանակակից կամ մերձաժամանակ պատմիչք՝ ուրիշ հայ թագաւորներ այլ յիշեն։ Սասանեան Պարսից ծագումն եւ հակառակութիւնն ընդ Հայոց՝ գրեթէ Գ դարու սկիզբներէն` մեծ վրդովման եւ շփոթութեան պատճառ եղաւ, եւ ոչ միայն քաղաքական գործք ի մթան մնացին, այլ եւ քրիստոնէութիւնն այլ ծածկուեցաւ, կամ լաւ եւս ըսենք՝ անծանօթացաւ. մինչդեռ Փոքր Հայք Հռովմայեցւոց հաստատ տէրութեան ներքեւ ըլլալով՝ տեղւոյն դէպքերն այլ ծանօթագոյն են, նա եւ քրիստոնէութեան նկատմամբ՝ որ է այժմ՝ մեր խնդիրն։

Փոքր Ասիոյ մէջ երեք ընդարձակ նահանգք կամ աշխարհք՝ զուտ Հայք կոչին, Ա, Բ, Գ, որոց բնակիչք մեծագոյն մասամբ Հայք էին, ոչ փոքր մասամբ նա եւ ասոնցմէ դուրս եղած Կապպադովկիոյ կամ Գամրաց մէջ, այլ եւ ի Պոնտոս եւ ի Փռիւգիա, ուր շատ Սուրբ նահատակք եղած են. եւ յատուկ Հայոց քաղաքք կոչուածք, ինչպէս՝ Կոմանա Հայոց, Մելիտինէ Հայոց, Նիկոպօլիս Հայոց, Սատաղ, եւ այլն. թէ ասոնց մէջ թէ մերձաւորաց՝ աւելի կամ պակաս նշանաւորաց, որպիսիք են Կեսարիա Հայքն Առաջին), Սեբաստիա (յԲ Հայս), Արօրակ, Արաբիսոս, Ամասիա, Եւխայիտա, Նէոկեսարիա, եւ այլն, որոց ոմանց անուանքն հայաձայն հնչեն), այն երկուց , Գ) դարուց մէջ, մանաւանդ ի կէս Գ-ին եւ ի սկիզբն Դ-ին, կըրնանք ըսել անթիւ վկայք եղած են, որոց ոմանց նոյնպէս յայտնի հնչեն հայ անուանքն. ոմանք այլ իրենց վկայակից Յունաց անուամբ այլայլած կամ բոլորովին յունացեալ։ Քրիստոնէութիւնն՝ մանաւանդ այն դարերուն՝ ազգ եւ լեզու չէր խտրեր, այլ միայն հաւատք ի Քրիստոս, առ որ, ըստ Առաքելոյն (Պօղոսի) ամենքն այլ, յոյնն այլ՝ խուժդուժն այլ՝ հաւասար են։ Այդ վկայից բազմութիւնն եւ տեղեաց մօտաւորութիւնն ի Մեծ Հայս՝ մեծ փաստ մի եւս ընծայեն, թէ մեր այս բնաշխարհիս մէջ այլ կար այն ատեն քրիստոնէութիւն, եւ հարկաւ եղած են եւ վկայք, որոց պատմութիւնը՝ զատ յայլոց, ինչպէս առաջ յիշեցինք, գրած է եղեր մեր դրացի Կեսարիոյ եպիսկոպոսն Փիրմիլիանոս, ի կէս Բ դարու։ Ոչ միայն դժար է ճշդել այն Սրբոց` վկայից ազգութիւնը եւ նահատակութեան հանգամանքը, այլ եւ կըրնայ հեռացընել զմեզ մեր նպատակէն, սակայն եւ բոլորովին զանց առնել՝ գուցէ աւելի դժար է քրիստոսասէր եւ վկայասէր գրչի եւ ընթերցողի, երբ այնպիսի անձանց վրայ է խօսից կարգն, որք աշխարհիս կամ մարդկութեան գերագոյնքն եղած են. զի, ի՞նչ քան զմարտիրոսութիւն վեհագոյն եւ արիական գործ. եւ ով յոյս ունի զանոնք տեսնելու օր մի (օ՜ր յաւիտենական) յաստուածային փառս, վայլէ որ գոնէ քիչ մ՚այլ ճանչնայ զանոնք այս կենաց կարճ օրուան մէջ, ընտանենայ անոնց, եւ ստոյգ պարծանք համարի իրեն՝ զհայրենակիցսն երկրի եւ զոչ հայրենակիցս, համահաւասար հոգեկիցս ունենալ յերկինս։ Այս զգացմամբ, որոյ հաղորդ ճանչնամ՝ զազնուագութ ազգակիցս, արժան համարիմ գոնէ համառօտիւ եւ երբեմն անուամբ չափ՝ նշանակել ի հազարաց եւ ի բիւրուց՝ քանի մի յայն սուրբ նահատակելոցն ի վերոյիշեալ քաղաքս Հայոց եւ անոնց մերձաւորաց, սկսեալ այն ժամանակէն՝ ուր թողուցինք մեր պատմութիւնը, Սուքիասանց եւ Արարատեան վկայից յիշատակօք. թողլով սրբասիրաց՝ անոնց նուիրեալ յատուկ գրոց (Վարուց Սրբոց եւ Յայսմաւուրաց) մէջ աւելի ծանօթանալ իրենց սիրածնուն։

Քիչ մի վերը յիշուած վերջին վկայից ժամանակակից՝ Ադրիանոս կայսեր ատեն (117-8ին) ի Կեսարիա՝ ազնուական մի՝ Եւպսիկ (Eupsichius) գուցէ Յուսիկ անուամբ, (որպէս էր եւ բնիկ անունն Ս. Եւստռատիոսի) քրիստոնէութեանն համար՝ բռնուած դատուած, եւ բանտուած, յետ համբերելու նեղութեանց, արձակուեցաւ, բայց մարտիրոսութեան փափաքն եւ պսակը նորէն ստացաւ, ունեցած ստացուածքն երկու բաժնելով եւ մին աղքատաց բաժնելով, միւս մասը՝ գերագոյն առաքինութեամբ՝ տուաւ զինքը մատնողներուն, որ նորէն մատնեցին Սապրիկ (Sapricius) դատաւորին կամ քաղաքապետին, (որոյ անունն այլ հայերէն հնչէ), բայց Հռովմայեցւոց հաւատարիմ՝ հալածիչ, շատ Քրիստոսի հաւատարիմներ չարաչար տանջանօք նահատակեր է. զայս սուրբ վկայս այլ յետ գրեթէ մարմինը պատառոտելու՝ գլխատելով. ասոր յիշատակն կատարուի սեպտեմբ. Ուրիշ համանուն Կեսարացի վկայ մի եւս կայ ի Դ դարու, ազնուական եւ նոր փեսայ երիտասարդ մի, որ՝ Բաղդի տաճարը կործանելուն համար՝ Ուրացող Յուլիանու հրամանաւ՝ ուրիշ շատ հաւատացելոց հետ չարչարուելով նահատակեցաւ. ուրացողն կու ստիպէր որ նորէն կանգնեն զտաճարը, բայց քրիստոնեայք անոր տեղ եկեղեցի մի կանգնեցին, յորում` Մեծն Բարսեղ ներբողեց զU. վկայն. որոյ յիշատակն դրուած է յ՚9 ապրիլի եւ 7 յուլիսի։ 

Բ դարուն կիսում հալածանք քրիստոնէից սաստկացեր են, Մարկ. Աւրեղիանոս կայսեր ատեն, որ փիլիսոփայ եւ խոհեմ մարդ մի հռչակուէր, եւ իբր երկիւղածութեամբ ի դից՝ թոյլ տուած է, կ՚ըսեն ոմանք, այդ հալածանքը, յամօթ իր իմաստասիրական առածից։ Զատ յայլոց՝ Կոմանա Հայոց քաղաքն՝ ընծայած է Քրիստոսի՝ Հերմիաս անուամբ կտրիճ զօրական մի, շատ տանջանօք եւ արեամբ չարչարեալ. որոյ քրիստոնէական արիութենէն յաղթուեցաւ իր դահիճն այլ եւ հաւատաց ի Քրիստոս, յիշատակն գրուած է յ՚13 մայիսի։

Այս ժամանակիս հետաքննական դէպք մի եւ հայանուն քրիստոնեայ ազնուական անձ մի յիշուի՝ Հայոց երկրէն քիչ հեռի. օտարաց ծանօթ, Ս. Աբերկիոս (Abercio, փռ. Abrèce) եպիսկոպոսն Յերապօլսի ի Փ. Ասիա, քրիստոնէից պաշտպանութեան թուղթ մի գրելուն համար առ Մարկ Աւրեղ. բայց իր վարքը չեն գիտեր. ընդ հակառակն մեր Յայսմաւուրք երկար եւ, քիչ մ՚այլ երկբայելիս պատմեն (22 հոկտ. Սահմի ԺԳ)։ Մէկ դէպքն է ի Հռոմ երթալ եւ կայսեր դուստրը բժշկելն. գուցէ ասկէ համարձակած ըլլայ քրիստոնէից ջատագովութիւն գրելու։ Մեզի վերաբերեալն է անոր յետ շատ տեղ երթալու գալու քարոզելով, հանդիպիլն ի Մծբին քաղաք. «Եւ անդ էր, կ՚ըսեն Յայսմաւուրք, այր մի հաւատացեալ. որոյ անուն էր Վահրամ… (որ) ժողովեաց զամենայն քրիստոնեայսն ի միասին, եւ միաբան խորհուրդ  արարեալ՝ անուանեցին զԱբերկիոս՝ հաւասար Առաքելոցն»։ Այս Սուրբս դարձեր է իր երկիրը եւ հօն վախճաներ է։

Ի սկզբան Գ դարուն (204) ի Կոմանա Հայոց՝ նահատակուած է քաղքին եպիսկոպոսն Զոտիկ, թերեւս եւ Զատիկ, ըստ լատինաց Zoticus, եռանդուն քաջահաւատ անձն. որ բանիւ եւ գրով կռուեր` եւ յաղթահարեր է զՄոնտանեան ցնորեալ աղանդաւորս, եւ արեամբն կնքեր է յաղթանակը։ Գրուածներն գովուած՝ բայց չեն հասած մեզի։ Իր յիշատակն գրուած է ի 21 յուլիսի [1] ։ 

Այս յիշատակ Հայոց (Կոմանայ) քաղաքի եպիսկոպոսին դրդէ զմիտս, թէ չկայի՞ն եւ ի բուն Մեծ Հայս՝ եպիսկոպոսք, առաջնորդք եկեղեցեաց կամ քրիստոնէից, որչափ այլ ծածուկք էին։ Եթէ կային քահանայք՝ որ անտարակոյս է, (նա եւ միաբանակեաց կրօնաւորք ի կէս Բ դարու, ըստ վկայութեան Ստեփանոսի Օրպել. որ յարձանագրութեանց Թանահտի վանաց ստուգեր է զայս, եւ տեղւոյն վանահայրն այլ Մխիթար կոչուած), շատ հաւանական է որ ըլլային տեղ տեղ եւ եպիսկոպոսք, մանաւանդ զի այն ժամանակ եպիսկոպոս եւ քահանայ շատ չէր որոշուեր մէկմէկէ։ Աւելի հետաքննական է գիտնալ, թէ կա՞ր ի Հայս՝ գլուխ եպիսկոպոսաց, որ է ըսել յաջորդ Առաքելոց եւ Աշակերտացն. —յիշեցինք ի սկզբան՝ ասոնց քարոզութենէն վերջ, նորայայտ քանի մի յաջորդներ երկբայական, այլ ստոյգ մի երեւցընէ մեզ ստուգապատումն Եւսեբիոս . ԽԶ) ի կէս Գ. դարու, զՄեհրուժան, ոչ լոկ Հայ եպիսկոպոս, այլ Հայոց եպիսկոպոս, առ որ գրեր է Ս. Դիոնիսիոս հայրապետ Աղեքսանդրիոյ՝ վասն խնդրոյ Ապաշխարութեան. այսինքն, այն ժամանակ մեծ խնդիր կար եկեղեցւոյ մէջ, թէ արդեօք պէ՞տք է ընդունիլ ի ժողովս հաւատացելոց՝ զանոնք, որ ուրացեր էին երբեմն վախով, եւ նորէն զղջալով դառնային. այսպէս կ՚ըսէ պատմիչն . ԽԶ) գրեց Դիոնիս «Եւ առ այնոսիկ՝ որ էին «յԱրմենիա, զի էր նոցա եպիսկոպոս Մեհրուժան»։ Հայրապետ մի որ գրէ առ ազգի մի եպիսկոպոս ծանր խնդրոյ մի վրայ՝ որոյ համար գրուեցաւ եւ առ եպիսկոպոսապետն հասարակաց՝ ի Հռովմ, հարկ է թէ այդ եպիսկոպոսն այլ թղթագրողին հաւասար կամ՝ համեմատ ըլլայ. եւ ուր որ եղած ըլլայ իր աթոռն՝ շատ է որ Հայոց ընդհանրութեան կամ ազգին կամ գոնէ մեծ մասին գլխաւոր եպիսկոպոս էր։ Ս. Հերոնիմոս այլ ի կարգի եկեղեցական մատենագրաց յիշէ U. Դիոնիսիոսի գրած թուղթն առ Հայս, առանց յիշելու զանուն եպիսկոպոսին։ Լը Գիէն ( Ա, 419) կարծեօք միայն համարի, թէ Մեհրուժան՝ Սեբաստիոյ եպիսկոպոս եղած ըլլայ. այս կարծեաց հետեւած են եւ այլք ոմանք. բայց հաստատութիւն չկայ։ Դիտելի է որ Դիոնիսիոս ուրիշներու գրէ՝ առ եպիսկոպոս այս կամ այն քաղաքի, իսկ մերոցս՝ ոչ քաղաքի եպիսկոպոսի՝ այլ ազգին, «Առ է այնոսիկ՝ որ էին յԱրմենիա). Արմենիա՝  քաղաք չէ՝ Աշխարհ է. եւ խնդրոյն նիւթն այլ ցուցընէ որ բազմաթիւ ժողովրդեան գլուխ էր այդ Մեհրուժանդ։ Այս եկեղեցական մեծ  եւ շփոթիչ խնդրոյն մէջ՝ մեզ ծանօթ Կեսարիոյ մեծ եպիսկոպոսն Փիրմիլիանոս այլ հետեւելով Ս. Կիպրիանոսի՝ հակառակ կարծիք ունեցեր է քահանայապետին Հռովմայ, իսկ Ս. Դիոնիսիոս թղթագրութեամբ միջնորդ եղած է միաբանութեան, եւ հաստատուած է ընդունել զԱպաշխարողu կամ զդարձեալսն յուրացութենէ՝ յեկեղեցի։ 

Այս խնդրոյս առթիւ կ՚արժէ յիշել, որ նոյն ատեն ուրիշ կարեւոր խնդիրներ այլ  կային. որոց մէկն էր Նովատիանոս հակապապի հերձուածն. եւ այս բանիս համար այլ գրած է Դիոնիս առ եպիսկոպոսունս Արեւելից. ընդ որս՝ եւ առ Հայս գրած ըլլալուն՝ հաւանին նոր եկեղեցապատումք։ Մէկ մեծ հակառակութեան խնդիր մ՚այլ էր Զատկի տօնի օրն. զոր ոմանք, (ընդ որս եւ Փոքր Ասիոյ արեւմտեան կողմանք) Հրէից հետ նիսան ամսոյ 14ին կատարէին զայն, իսկ Եւրոպականք եւ Ալեքսանդրեանք՝ ի կիւրակէի որ յետ 14 նիսանի. ասոնց միաբանէին եւ Պոնտոսի կողմանք, որոց շատ հաւանական է թէ միաբանէին եւ սահմանակիցքն Հայք։ Այս խնդիրս շատ տարի առաջ այլ յուզուած էր, եւ յամի 196–7, ի Պոնտոս 15 եպիսկոպոսաց ժողով մի, որոց գլխաւորն էր Պալմաս կամ Պրամաս, սահմանեց Հռովմայ եկեղեցւոյն միաբանիլ։ Կըրնայ կարծուիլ որ այս եպիսկոպոսաց մէջ գտուէր եւ Հայ կամ Հայոց եպիսկոպոս։ Այս յիշատակք հաւաստեն ոչ միայն այդ Բ եւ Գ դարուց մէջ Հայոց եպիսկոպոս ունենալը, այլ եւ եպիսկոպոսաց միաբանելն ընդ եպիսկոպոսունս Պոնտոսի, Աղեքսանդրիոյ, Անտիոքայ եւ ընդ գլխաւորին Հռովմայ, յէական մասունս վարդապետութեան ընդհանրական  եկեղեցւոյ, եթէ եւ յատուկ ինչ աւանդութիւն ունէին իրենց Առաքեալներէն (Թադէոսէ եւ Բարդուղիմեայ) ընդունած եւ պահած՝ մինչեւ ի ժամանակս Լուսաւորչին մերոյ։ Եպիսկոպոսաց յիշատակս յայտնապէս հետեւանք է Հայոց քրիստոնէութեան այս ժամանակիս, որոյ մեծ վկայ մի եւս է նախայիշեալ Տերտուղիանոս, որ այն խօսքը չէր ըսեր՝ եթէ իր ատեն չտեսնէր ի Հայս ծաւալեալ զքրիստոնէութիւն։

Դառնանք հիմայ նորէն մեր քրիստոնէութեան գունագոյն ծաղկանց, որ այս կիսամութ ժամանակ փայփայլէին եւ ի Հայս, եւ Հայովք՝ յօտար աշխարհս. որոց անուանքն երաշխաւոր են բանիս, թէ եւ կըրնան օտար ազգի այլ ըլլալ, ինչպէս պարսիկ, այդ անուամբք սակայն հաւանական է մերազգի ըլլալն, ինչպէս աշխարհածանօթ է Հայոց ամեն կողմ երթալ գալն, եթէ վաճառականութեան եւ եթէ այլ պատճառաւ, նա եւ զինուորութեամբ ի գունդս Հռովմայեցւոց։ Ի սկիզբն Գ դարու (203) յիշուի Արտաշէս մի ընկերներով ողջակիզեալ վասն Քրիստոսի ի կողմանս Ափրիկիոյ, որոց յիշատակն կարգած է՝ յ՚7 մարտի։ Ուրիշ Արտաշէս մ՚այլ նահատակուած ի Սիրմիոն Պաննոնիա) յ՚2  յանուարի, ժամանակն անյայտ։ Ներսէս մի նահատակեալ յԱղեքսանդրիա (16 յուլիս), ուրիշ Ներսես մի (15 յունիս) Վետուլա անուամբ վկայուհւոյ հետ, զորս յիշեն Յոյնք։ Կան եւ Արմենիոս անուամբ վկայք, որք կըրնան կարծուիլ իրենց ազգութեամբն այդպէս յիշուած, որպէս այն որ մօրը հետ նահատակուած է յԵգիպտոս (2 յունիս), եւ այլն։

Դառնանք աւելի ծանօթագոյն նահատակաց եւ աւելի ծանօթագոյն ժամանակի նահատակաց, որ է Գ դարու կէսն, չարայիշատակ Դեկոս կայսեր ատեն (249-51), որուն լաւ յարմարի նախայիշեալ վկայութիւն Խորենացւոյ , ՀԵ): Ասոնց գլխաւոր ճանչնալու է այն միակ յայտնի վկայեալ Հայոց եպիսկոպոսն Մեհրուժան, թէ եւ նահատակութեան պարագայք չեն ծանօթ։

Դաժան Դեկոսն ի Պարսից յաղթութեամբ դառնալու ատեն (251) մեր Կորդուաց աշխարհին կողմերէն անցեր է, այն տեղ նահատակեր է Մաքսիմոս եւ Ոլիմպիոս անուամբ երկու անձինք, չարաչար ծեծել տալով եւ յետոյ երկաթէ կոփիչներով գլուխնին ջախջախելով: Սուրբերն Պարսիկ կ՚անուանին, բայց նահատակութեան տեղն Հայոց պատկանի. օտար պատմիչք երբեմն չեն որոշեր  զհայ եւ պարսիկ. ասոնց անուանքն այլ յունացեալ եւ լատինացեալ լսուին, թէ եւ ծանօթ է մեզ Ուղիւպ Հայ քրմի անուն։ Այս վկայիցս յիշատակն դրուած է ի 15 ապրիլի։ Նոյն կայսեր ատեն նահատակուած են ի Կեսարիա՝ Գերմանոս եւ Թէոփիլոս երկու եւս ընկերօք (3 կամ 2 նոյեմբ. Համանուն (Գերման) սուրբ մ՚այլ Սերինա անուամբ վկայուհւոյ հետ յիշուի (3 յուլիս) ի Տարսոն նահատակուած։ Կուինտիան եւ Եռինէ ի Կեսարիա։ Այս մայրաքաղաքիս մէջ կարմիր վարդուկ մ՚այլ ընծայուած է առ Քրիստոս, 17ամեայ մանուկն Կիւրեղ, որ լսելով միւս նահատակաց վկայութիւնը՝ Ես այլ քրիստոնեայ եմ եւ կ՚ուզեմ՝ վկայ ըլլալ Քրիստոսի, ըսելով, կ՚ուզէր երթալ յատեան. եւ որչափ այլ հայրն կ՚արգիլէր տընէն ելնելու, նա հնարք գտաւ. եւ որչափ դատաւորն կ՚ողոքէր կամ վախցընէր, նա այլ աւելի արիութիւն ցուցընէր, եւ, Փոխանակ իմ հօրս տան՝ շատ աւելի գեղեցիկ տեղ մի պիտի երթամ, կ՚ըսէր։ Անգութ դատաւորն կապել տուաւ մանուկը անիծեալ կուռքի մի հետ եւ կրակ վառել, սպառնալով մէջը ձգել. նա միշտ նոյն խօսքերը կրկնէր մինչ տեսողքն գթալով սկսան լալ. նա ծիծաղէր անոնց  վրայ. եւ խայտալով խնդալով մտաւ կրակին մէջ, ողջակիզեցաւ «ի հոտ անոյշ Քրիստոսի»։ Յիշատակն կատարուի ի 29 մայիսի։ Գրեթէ նոյն տարին նահատակուեցաւ ի Նէոկեսարիա (Նիքհիսար) ազնիւ երիտասարդ մ՚այլ, Troadius կոչուած ի Լատինաց, որ կարծել տայ Տրդատ անունը. երբ Կիւրեղի պէս արիաբար կու չարչարուէր, քաղքին աշխարհածանօթ եպիսկոպոսն Ս. Գր. Սքանչելագործ՝ որ դուրս տեղ պահուըտեր էր, սքանչելեօք երեւցաւ եւ քաջալերեց զնա։ Յիշատակուի ի 28 դեկտ։ Իսկ զինքը խրախուսող Ս. հայրապետն իբր 20 տարի վերջը (270–1) խաղաղութեամբ վախճանեցաւ

Այս ժամանակիս եւ այս կողմերս եղած է՝ մեր եկեղեցւոյ տօնած Սկիւթացի Ս. Մերկեռիոս զօրականին նահատակութիւնն, որ առաջ ի Մելիտինէ չարչարեցաւ. յիշատակն ի 25 նոյեմբերի։ Այս Գ Հայոց մայրաքաղաքիս մէջ նահատակուեցան եւ երկու կտրիճ զօրականքն Նիկանդրոս եւ Մարկիանոս, որք զզուելով անհաւատից բարքէն՝ թողուցին զէնքերնին, եւ չուզեցին իրենց թոշակն առնուլ, զոր դատաորն կ՚ուզէր շնորհել, ասոր եւ վկայից վիճելու ատեն՝ երեւցաւ սքանչելի կին մի, Դարիա, կինն Նիկանդրի եւ քաջալերէր զնա՝ որ անվախ նահատակուի. եւ անոր դատապարտուելէն վերջը՝ ետեւէն կ՚երթար, փոքրիկ տղեկն այլ բերելով. ընդ հակառակն, Մարկիանոսի կինն անհաւատ՝ յուրացութիւն յորդորէր զնա, մինչեւ ստիպուեցաւ Սուրբն վռընտել զնա եւ բարեկամի մի յանձնեց որ բռնէ եւ արգիլէ. բայց երբ հասան նահատակուելու տեղին, կանչել տուաւ, համբուրեց. բայց, որովհետեւ դու մոլորած ես, չես կըրնար տեսնել, ըսաւ, իմ նահատակութիւնս, գնա հեռացիր աստի. իր տղեկն այլ պագնելով՝ Աստուծոյ յանձնեց. յետոյ մէկզմէկ համբուրեցին Սուրբքն։ Այն վայրկենին Դարիա բազմութեան մէջ կ՚աշխատէր ճամբայ բանալ որ գայ էրկանը քով. Մարկիանոս քաշեց թեւէն՝ բերաւ Նիկանդրի քով. առ որ՝ «Աստուած հետդ ըլլայ, կանչեց կինն. տասն տարի է որ մէկմէկէ հեռացած՝ կարօտդ քաշէի, հիմայ որ լաւագոյն կենաց կ՚երթաս՝ շատ ուրախ եմ մարտիրոսի կին ըլլալու. զօրացիր, եւ խնդրէ Աստուծմէ որ զիս այլ ազատէ»։ Հազիւ խօսքը կատարեց, դահիճն նահատակաց երեսը կտաւով մի ծածկելով, կտրեց ձգեց զլուխնին։ Ոմանք կարծ են թէ Դարիա եւս նահատակուած է. եւ թէ երեքին այլ եւ Նիկանդրի զաւկին մարմինքն այլ բերուած են յԻտալիա, եւ Կապուա մեծ քաղաքի մօտ Վենաֆրոյ փոքր քաղաքի մէջ ամփոփուած։ Ասոնց յիշատակն կատարուի ի 17 յունիսի։ Ոմանք փոխանակ Դեկոսի՝ Դիոկղետիանոսի ատեն կարծեն ասոնց նահատակութիւնը։ 

Մելիտինեցի կամ ի Մելիտինէ նահատակեալ՝ բայց Հայ ճանչցուած եւ այսպէս կոչուած մի, մինչեւ հիմայ պատուի եւ տօնուի Նաբոլիի երկրին Կադանիա գաւառի՝ Աչչի Ռէալէ քաղաքին մէջ. յատուկ եկեղեցի մի նուիրուած է իրեն. անունն լատինաբար կոչուի Expeditus, որ անշուշտ թարգմանուած է բնիկ լեզուէն. այլ թէ ի՞նչ էր այն կամ՝ մեր լեզուաւ, չէ յայտ. որովհետեւ այդ բառդ կըրնայ նշանակել Ազատ կամ Երագ, եւ յետինս յարմար համարուի, իբրեւ թեթեւազէն զօրականներու, որք շուտ քայլելով կ՚երթային։ Աւանդութիւնն նոյն իսկ Մելիտինեան Շանթաձիգ լեգէոնին գնդապետ կարծէ զՍուրբս. նահատակութեան պարագայք եւ ժամանակն այլ անծանօթ են։ Ասկէ յիսուն տարի առաջ յիշեալ իտալական քաղքին եկեղեցականք՝ մեզի իբրեւ ազգայնոց Սրբոյն՝ հարցուցին թէ արդեօք ծանօթ է, այլ չէր։ Յիշատակն կատարուի յ՚19 ապրիլի։ Անունն  կըրնայ եւս հայ բառէ մի արնուած ըլլալ, ինչպէս Ասպետ, Սպետ։ Այս ետքի տարիներս Սրբոյն պաշտօնն կամ պատիւն շատ արծարծեցաւ, մանաւանդ ի Մարսիլիա. մեծ կամ՝ դժուարին խնդրոց լուծիչ եւ ազատիչ ճանչնալով եւ առ նա դիմելով ջերմեռանդութեամբ։ Մելիտինեայ նահատակաց հռչակագոյնք են Ս. Պոլիեւկտիս եւ Նէարխոն (Նոր իշխան), նոյն Դեկոս կայսեր հալածանաց ժամանակ. ասոնց երկնաւոր փառքը՝  յերկրի կամ՝ ի դպրութեան այլ անմահացուց փռանկ բանաստեղծն Գոռնէյլ՝ իր գերահռչակ թատերական ողբերգութեամբն։ Այս սրբոցս յիշատակն կատարուի ի 13 փետր։

Թողլով հետաքննել այս Գ դարու կիսում Դեկոսեան մեծ հալածանաց եղանակին վկայեալքն ի սահմանս Հայոց, իջնանք նոյն դարուն երրորդ քառորդին միջոց՝ Աւրելիանոս կայսեր նորոգած հալածանաց ատեն քանի մի վկայելոց՝ նոյն սահմանաց մէջ, եւ մանաւանդ գլխաւորին՝ որ ի Կեսարիա. ուր ամենէն հռչակաւորն ի ժամանակիս եղաւ Ս. Մամաս, սուրբ խոստովանողաց որդի, անոնց բանտարկութեան ատեն ծնած ի Գանգրա (Չանկըրը), եւ բարեպաշտ դայեկի մի ձեռօք սնած, զոր ստէպ Մամա կանչելուն համար՝  տրուած կ՚ըսուի իր անունն. տղայութեան ատեն բռնուած եւ նեղուած անգութ դատաւորաց, բայց Աստուծոյ սքանչելի նախախնամութեամբն ազատած եւ Կեսարիոյ կողմերը բերուած. ուր՝ շատ տարի հովուութեամբ ապրեր է, ոչ միայն ընտանի անասուններ դարմանելով, այլ եւ գազաններն ընտանեցընելով՝ իր անոյշ երգերովը. Իսկ յետոյ դարձեալ հալածչաց ձեռք ընկնալով եւ շատ չարչարանօք եւ քարկոծուելով՝ իր ծնողաց պսակակից եղեր է։ Ս. Բարսեղ, Ս. Գր. Աստուածաբան եւ այլք՝ շատ գուրգուրանօք դրուատեն զՄամաս. Յուլիանոս յառաջ քան զուրացութիւնն՝ իր եղբօր Գալլոսի հետ ուզեր են մեծ եկեղեցի մի շինել ի Կեսարիա յանուն Սրբոյս, կէս կէս բաժնելով, Յուլիանոսի շինել տուածն միշտ քակտուեր է։ Սրբոյս յիշատակն դրուած է ի Յայսմաւուրս մեր յ’2 սեպտեմբ. Լատինք տօնեն  յ’17 օգոստ։

Այս ժամանակիս հանդիպած է (275) եւ նահատակութիւն գգուելի Սրբոյ մի ի Կոմանայ Հայոց, որոյ ազնուականներէն մէկն էր, Աղեքսանդր անուամբ։ Աւետարանի խրատուց հետեւիլ ուզելով՝ ստացուածքը բաժնեց աղքատաց, եւ ինքն այլ աղքատօրէն ապրիլ  ուզելով՝ ընտրեց անարգ արուեստ մի. ածուղ գործել եւ ծախել, եւ դարձեալ ողորմութիւն տալով՝ սիրտն այլ Աստուծոյ ընծայել: Քաղքին եպիսկոպոսն վախճանելով՝ յաջորդին ընտրութեան համար հակառակութիւն կ՚ըլլար, Ս. Գր. Սքանչելագործի յայտնեց Աստուած այս ածղագործ Սուրբը, որ ստիպեց եւ ձեռնադրեց եպիսկոպոս, քիչ տարի վերջը նահատակեցաւ նոյն քաղքին մէջ. Յիշատակն ի 11 օգոստ. Գր. Նազիանզացի ներբողեր է զսա՝ արժանապէս։

Հայոց քրիստոնէութեան արշալուսոյն վերջերը եւ արեւածագին խառնուած՝ պայծառ եւ փափուկ կարմիր նշոյլ մ՚ընծայած է Եկեղեաց գաւառին սահմանն, Սալհունեաց կամ՝ Սալահունեաց ցեղէն, գորովաշարժ սիրուն երիտասարդ նահատակ մի, «Աչօքն թուխ, եւ գանգրահեր, եւ երեսօքն խարտեայ, եւ անձամբն երկայն». որդի Սուրէն իշխանի եւ Աղաւիթի, որոյ յունական անունն երաշխաւորէ՝ նոյնպիսի արիւն մ՚այլ խառնելն ի հայկականն, եւ այնպիսի կրթութիւն մ՚այլ տալ իր որդեկին, զոր եւ Աթենադորոս անուանած էին, իբրեւ տուրք Աթենասայ, որ այլով անուամբ պաշտուէր ի Հայոց՝ այն կողմերը։ Սուրէն անոր պաշտող էր, կինն քրիստոնեայ‚ որ իր հաւատքը՝ կաթին հետ տուեր էր որդեկին. եւ այնչափ աւելի գուրգուրար վրան՝ որչափ որ բաց ի շնորհաց զաւակին՝ նա եւ ասոր ցաւագարութիւնն իր սրտին խոց էր. այս տկարութեան պատճառաւ Աթենադորոս անաշխատ կեանք կ՚անցունէր, բաց օդու տակ եւ յառանձնութեան բնութեան, ուր կային ծածուկ քրիստոնեայք, եւ Դասիկ անուամբ քահանայ մի հոգար զանոնք. պատանին այլ լսելով անոր խրատները եւ քրիստոնէից վարքը տեսնելով՝ անոնցմէ չէր բաժնուեր։ Բայց հօրմէն վախնալով չէր համարձակեր յայտնել իր հաւատքը. եւ երբ հայրն ստիպէր զնա կուռքերը պաշտելու, իր հիւանդութիւնը պատճառելով՝ հրաժարէր, մինչեւ շատ տարի վերջ իմացաւ հայրն, եւ յետ ողոքանաց մահ՝ սպառնացաւ:

Այս ժամանակ հանդիպած է, ըստ աւանդութեան, մեր Լուսաւորչի այլ յայտնելն իր հաւատքը, եւ այս կողմերէն անցած ատեն՝ իմանալով զայս Դասիկէն՝ յորդորեց զսա որ մկրտէ այդ երիտասարդը, (զի դեռ չէր մկրտուած). եւ աւազանին ջրով լուացուելէն քիչ օր վերջը՝ գութով խելագարեալ կամ՝ անգութ հայրն Սուրէն՝ իր ձեռօք զորդին արեամբն այլ լուաց, եղեգնուտ կոչուած հովտին մէջ ինքն այն խելագարութեամբ կամ դիւահարութեամբ կորաւ. իսկ կինն Աղուիթա որդւոյն գերեզմանէն չբաժնուելով՝ այն տեղ հանգչեցաւ, եւ հոգւով միացաւ ընդ որդւոյն, որ յետ մկրտութեանն Թէոդորոս կոչուեցաւ, արդարեւ Աստուածատուր. եւ նահատակութեան տեղն եղաւ արժանապէս ուխտատեղի, զոր եւ այլազգիք պատուէին մինչեւ ի վերջին ժամանակս, Սըրըգլը Թորոս կոչելով։ Այս վկայիս պատմութիւնն ամեն Յայսմաւուրաց մէջ չի գտուիր, բայց կայ եւ առանձին հաւաքմանց մէջ գրուած. յորոց նշանակուի իբր 269ին ծնած եւ 296ին նահատակուած. իր յիշատակն այլ դրուած է 11 մայիսի. զոր եւ արժան էր տարուէ տարի տօնախմբել հանդիսապէս, իբրեւ անդրանիկ կամ մի անդրանիկ հարազատ նահատակաց մերոց. թերեւս շատ ծանօթ չըլլալուն համար՝ տօնացուցի մէջ չէ անցած. բայց ի պատմութենէն եւ մանրամասն դիպաց եւ տեղեաց յիշատակներէն՝ անտարակոյս է իրն, եւ միանգամ եւս ստիպէ զմեզ կրկնել եւ յիշել, որ քրիստոնէութիւնն չէ իսպառ նուազած ի Հայս՝ յԱռաքելոց անտի մինչեւ ի նոր առաքեալն մեր Ս. Գր. Լուսաւորիչ, եւ թէ, ոչ միայն քահանայք կային հաւատացելոց  հոգացողք, այլ եւ գլուխք քահանայից՝ եպիսկոպոսք։ Այս բանիս յայտնի վկայէ Սիմէոն անուամբ սակաւածանօթ բայց բաւական հին գրիչ մի Լուսաւորչի վրայօք, թէ՝ եւ ի հալածանաց ժամանակին «Գոյին ի տեղիս տեղիս Առաքելոցն անտի (յաջորդեալ) եպիսկոպոսք եւ քահանայք՝ գաղտնի»։ 



[1] Եւսեբ. Ե. ԺԶ. ԺԹ։