Արշալոյս քրիստոնէութեան Հայոց

Հեղինակ

Բաժին
Alishan  

Թեմա

Թ.
ՀՌԻՓՍԻՄԵԱՆՔ

Մեր քաղաքական պատմութիւնն դարձեալ մթըննայ այս միջոցիս։ Ագաթանգեղոսի պատմած Տրդատայ շարունակ յաջողաբար տէրութիւնն՝ թուի անգամ եւ այլ կոտրուած, Ներսեհ Սասանեանց թագաւորն աւելի յաջողած գտնուի ընդդէմ՝ Հռովմայեցւոց. որոց կեսարն Գալերիոս՝ ամօթապարտ կորակոր դարձած եւ մերժուած ի Դիոկղետիանոսէ, նորէն Տրդատայ նիզակակցութեամբ եւ քաջութեամբ՝ յաջողի իր կորանքը կանգնել. մեր երախտաւոր թագաւորն այլ այնուհետեւ (իբր 297) անընդհատ 40 տարիէ աւելի այլ թագաւորէ, ոչ միայն քաղաքական եւ յաղթական, այլ եւ գերագոյն լուսաւորութեան փառօք։ Ի՞նչպէս կըլլայ այս լուսաւորութիւնն, եւ ի՞նչ լուցկի է որ այն մոխրոյ տակ երկար եւ ցուրտ տարիներ ծածկուած կայծը կ՚արծարծէ եւ փայլեցընէ։… 

Հարցընենք հին Երգողի մի եւ երգէ մեզ

«Ի յԵլս արեւու՝ Հայս) արեւ ծագեցաւ մեզ յարեւմտից.

Զամպն՝ արեգական ծածկոյթ՝ Պետրոսեան հողմոյն հալածեալ

Օրիորդ մաքուր հարսինն (Հռիփս. ) աւետիս տայր փեսաւերին.

Զարթի՜ր Զուարթուն անուն (Գրիգոր). ե՛լ, զարթո զթըմբրեալսն ի մեղաց.

Արի՛ որ նընջեսդ ի Գըբի, լուսատու լիցի քեզ՝ Քրիստոս։

Արեամբս ոռոգեմ (ես Հռիփ. ) զերկիր (Հայոց, դու) սերմանեա, մըշակ հոգեւոր»։ 

Հրաւիրենք մենք այլ զհրաւիրող լուսաւորութեան մերոյ՝ դարձեալ երգողի բերնով

«Եկեալ ի դրախտէն կենաց՝ տունկ խընկաբեր… հարսն Քրիստոսի, ընտրեալ ի բիւրուց, ով Սուրբ Հռիփսիմէ։… Երեւեցար ծաղիկ գարնայնոյ, անուշահոտ վարդ կարմրերփեան, շուշան ոսկէտիպ… դուստր արքայի, յոսկեհուռն պաճուճեալ։.. Սաւառնեալ ըստ աղաւնեաց՝ ելին ի յերկինս ընդ քեզ Ընկերք քո. մտէք ի տաճար թագաւորի՝ ի հարսանիսն անապական, յուրախութի՜ւն յաւիտենից»։ 

Հրաշալի հրաւիրակն Գրիգորի եւ իր դաստիարակն Գայիանէ` Հռոմէական կայսերաց ցեղէն կ՚ըսուին. Հռիփսիմէ՝ ըստ Ագաթանգեղոսի` էր դուստր «ուրումն յաստուածապաշտ եւ ի թագակալ տոհմէ». ըստ Խորենացւոյ՝ «ի ծիրանափառ օգոստականացն ի կայսերական զարմէ»։ Ասոնք հարիւրաւոր կուսանաց հետ՝ կէս ծածուկ կէս յայտնի՝ ի սահմանս մայրաքաղաքին Հռովմայ՝ Ս. Պօղոսի հանգստարանին քով, տեսակ մի միաբանակեաց կենօք ճգնէին «յարգելավանս մի կուսանաց», ըստ Ագաթանգ. ։ Յառաջ քան զմեծ հալածանս Դիոկղետիանոսի, իբրեւ. ամի 293, սկսան փնտռել զասոնք. ըլլայ Ագաթանգեղոսի աւանդած՝ Հռիփսիմեայ գեղեցկութիւնը կայսերական թագով պսակելու համար [1], ըլլայ պարզ իր եւ ընկերաց հաւատքն անհանգստելու համար. մայրն Գայիանէ՝ իր տեղը եւ կուսանաց բազմութիւնը յանձնէ իր Զոյի կամ Եւզոյի կամ՝ Զիու քրոջ, զորս՝ կայսրն ջարդել կու տայ, երբ իրենց ընկերաց փախուստը կ՚իմացուի [2] ։ Գայիանեայ եւ Հռիփսիմէի հետ եօթանասուն եւ աւելի ընկերք եւ քանի մի քահանայք երթան յօտար երկիրներ, իրենց հետ ընկերանան եւ արք հարիւրի չափ, եւ երկար տարիներ երկրէ երկիր թափառին։ Ո՞ւր եւ ի՞նչպէս… յայտնի չէ ամենն, եւ չէ հնար գիտնալ, բայց զայս՝ որ յարեւելք կ՚անցնին եւ Քրիստոսի տնօրէնութեանց տեղուանքը կ՚ողջունեն իբրեւ ուխտաւորք. ապա ուրիշ ուխտի տեղուանք Ասորւոց կողմերը, ուր որ կամ՝ Քրիստոսի սրբազան զգեստուց կամ՝ չարչարանաց գործեաց յիշատակ մի կար, կամ՝ Առաքելոց հանգստարան եւ նշխարք. այսպէս կուգան յԵդեսիա՝ Քրիստոսի դաստառակը կամ անձեռագործ նկարեալ պատկերը պատուելու։ 

Ըստ այսմ եւ երբ ի Գեթսեմանի Ս. Աստուածածնի գերեզմանին քով երկար ատեն կեցան, իրմէ, կ՚ըսէ պատմիչն, պատուէր առին որ երթան ի կողմանս Հայոց, եւ գտնեն ու պատուեն հօն իր փայտեայ պատկերը, քանդակեալ յաւետարանչէն Յովհաննէ, զոր տեսանք ի Բարդուղիմէոսէ Առաքելոյ դրուած ի Հոգեաց վանս։ Այս այցելութիւնը կամ գալստեան դէպքը՝ մեր բազմաքրքիր Խորենացին գտած եւ գրած է առանձինն, որ պէսպէս վերնագրի ի Ճառընտիրս, որպէս այս. «Յաղագս Հռիփսիմեանցն, ի ճշմարիտ պատմագրացն Յունաց գտեալ Մովսիսի Խորենացւոյ»։ Պատմագրաց գլխաւորն՝ յորմէ օգտուեր է մեր պատմիչն՝ ինքնին յանուանէ կ՚իմացուի, (թէ եւ այլով մասամբ կենացն, ժամանակին եւ գրոցն անծանօթ է մնացեր յետոյ), եւ կ՚ըսէ. «Զատենաբանութիւնս իմաստնոց գրոց յԵլլադայ՝ յԱտիկէ իմ ընթերցեալ բազում անգամ, գտի զոճ գրոցս, որ ի ճահ գայր պատմութեանս մերոյ հիւսման. յոյժ պիտանի եւ օգտութիւն մեզ լսի, որ անուն գրոցն կոչի Դաւթի Հռովմայեցւոյ գիրս Եկլեսիաստէս (Եկեղեցական պատմութիւն). զոր կամեցեալ իմ՝ թարգմանել եւ ոչ ժամանեցի մնաց այլում՝ տեղւոյ կամ՝ իմաստնոյ». հետեւեալ խօսքով եւ այլ կարծել տայ՝ թէ Ագաթանգեղոս եւս նոյն գիրքը տեսած եւ քըննած ըլլայ. որով այն հեղինակն այլ հնագոյն կ՚ըլլայ։

Տարիներով կ’երեւի այս կուսանաց յայլ եւ այլ կողմանս Հայոց դեգերիլն եւ ցրուիլն յարեւմտեան կողմն՝ թողլով զՄանի Եկեղեաց գաւառի, ի հիւսիսակողմն՝ զՆունէ, որ կ’ըլլայ քարոզիչ Վրաց. այսպէս հարկ է որ ուրիշ կողմեր այլ թողուած ըլլան, եւ միայն իրենց կէսն միաբան գտուին իրենց նահատակութեան տեղում՝ ի կեդրոն Այրարատայ։ Միայն հարաւային Հայոց կողմերում՝ կենալն եւ շրջիլն աւելի ծանօթ է. եւ թէ ոչ ուղղակի յԵդեսիոյ եկած են հօն՝ այլ յարեւմտեան Հայոց. կամ՝ երկրորդ անգամ եկած են այս կողմն, ի գաւառն Բզնունեաց, ի սահմանս անուանի Խլաթ քաղաքի, ուր յետոյ իրենց կեցած տեղին՝ Ս. Գրիգոր վայելուչ եկեղեցեակ մի շինեց, եւ ըստ իր սովորութեան՝ Խաչ մի կանգնեց, եւ տեղն այլ կոչուեցաւ U. Խաչ։ Աստի՝ Վանայ ծովուն արեւմտեան եզերքը պատելով՝ եկան կեցան ի Թուխ, ինչուան հիմայ ծանօթ տեղ. աստի՝ դէպ յարեւմտեան հարաւ կու գան՝ ի գաւառն Մոկաց, եւ կենան ատեն մի այն տեղ՝ ուր յետոյ Ս. Գրիգոր վանք մի հաստատեց, որ նոյնպէս Ս. Խաչ Մոկաց կոչուի, եւ անուանի ուխտատեղի մի կ՚ըլլայ ի Ժ-ԺԱ դարս, եւ Գր. Նարեկացւոյ ատեն պայծառ շինութեամբք զարդարեալ եւ հռչակեալ։ Թէ այս տեղ եւ թէ քիչ մ'այլ հեռու՝ Կճառ կամ՝ Կրճատ կոչուած տեղ մի` շատ նեղութիւն եւ հալածանք կրեն կուսանքն, քրմաց եւ զանոնք դրդող դիւաց ազդմամբ. բայց Գայիանէ իր խաչով եւ իրեն հետ հոգցող քահանայքն՝ Դանիէլ եւ Եսայի, աղօթիւք եւ օրհնութեամբ՝ հալածեն զանոնք. որք արգել կ՚ըլլային մեր սուրբ ուղեւորաց ձիերուն կամ ճամբուն. եւ «զայրագնեալ դիւացն՝ դիմեալ ի վերայ՝ խեղէին, ծռէին, պնչատէին զպաշտօնեայս իւրեանց. որ եւ անդ առաքելաշնորհ քահանայքն հալածեալ զնոսա եւ քանդեալ զպաշտամունս նոցա, բժշկէին զխեղեալսն. վասն որոյ տեղին կոչեցաւ Կճառ եւ Կրճատ, թէ՝ ի յայսմ՝ տեղւոջ կճատէին կամ կրճատէին դեւքն զմարդիկն, յորում տեղւոջ Ս. Գայիանէ թողու զխաչն իւր՝ ախոյեան դիւացն, որ էր Աւազակին (Քրիստոսի հետ խաչուողին). որ եւ զտեղին յետոյ հաստատէ վանս Ս. Գրիգոր»։ Այս դէպքս  մեծ համբաւ հանէ. որոյ համար կուսանքն գաղտուկ կերպով զիրենք Կորդուաց խորտուբորտ լերանց մէջ ձգեն, եւ անցնելով Սողոփի լեռնէն՝ կու գան ի կողմ՝ մի, որ ըստ տպագրի պատմութեանս գրուած է Բերկրացւոց գաւառ. այլ ծանօթն Բերկրի՝ Առբերանի գաւառին մէջ է, Վանայ ծովուն արեւելեան` կողմը, իսկ լաւագոյն օրինակի մէջ գրուի Բագրացւոց գաւառ, եւ հիմայ այլ ծանօթ է այդ Սողոփի կոչուած լերին մօտերը Պիրքէ կոչուած տեղն: Սողոփին այլ ծանօթ է յաշխարհագրաց, Սողոփիւա կոչմամբ, եւ ի տեղացեաց հիմայ այլ՝ Սուլիվա։ Ասոր մօտ կուսանքն խրճիթներ շինելով՝ պահ մի բնակին [3] ։ 

Սողոփէն կամ Թմնիսէն կու գան՝ այն Կորդուաց եւ իր սահմանակից Տմորեաց գաւառին միջեւ, յԱլիկէ կամ՝ Ալիկա կոչուած աւանն, յանուն կնոջ մի Սմբատայ՝ Այրաքաջ կոչուած սպարապետին Արտաշիսի Բի, ի վիպասանիցն Հայոց, որք անշուշտ շատ առասպելներ հիւսած էին այս քաջին եւ իր այդ սիրած Ալիկա [4]  ասորի կնոջ վրայօք, nրոյ անուամբ կոչեց իր ձեռակերտն, որ հասարակօրէն կոչուէր Աւան Սմբատայ։ Այս կողմերս (Տմորեաց) այն ատեն այլ կան եղեր «ընկզուտ ծառաւէտ տեղիք». ուր գետոյն վրայ ձգուած կամըրջին մօտ՝ ատեն մի բնակին կուսանքն։ Անկէց կ՚անցնին Մշկեց կամ Մշկունեաց լերան խորին խորշ մի, որ այսպէս կոչուի՝ լերան վրայ արածող մշկապորտ այծեմանց համար, որ մեր երկրին յատուկ կենդանական բերք մի է, իսկ տեղագրօրէն՝ այս կողմս այն ատեն կամ պատմչին գրած ատեն՝ Հայաստան գաւառ կոչուի եղեր, նշանաւոր անուամբ, որ Հայկայ եւ իր Կադմոս որդւոց աւանդութեանց վերացընէ տանի մեր միտքը։ Այս տեղ գտան կուսանքն շատ բորոտներ, զոր ըստ հեթանոսական անգթութեան՝ հասարակաց բնակած գեղերէն վռնտէին, եւ Սուրբքն իրենց աղօթիւք եւ քահանայիցն օրհնութեամբ բժշկեցին. եւ թէ՛ ապագայից համար այլ բժշկարար աղբիւր մի բղխեցին, եւ թէ իրենց պառաւ ընկերաց համար, որ չուզեցին աւելի առաջ երթալ, եւ բնակեցան հօն մինչեւ իրենց մահը, իսկ զօրաւորքն եկան Բզնունեաց [5] (Վանայ) ծովուն եզերքը, յետոյ Ս. Թէոդորոս կոչուած տեղ մի։ Աստից այլ դարձեալ դէպ ի հարաւակողմն, Տիգրիսի օժանդակ գետոյ մի եզերք, որ Կանգար եւ Ագռաւաքար կոչուած լերանց միջեւ անցնելով, թափի ի մեծ գետն։ Այս տեղ աւելի երկար ատեն կեցան կուսանքն, անոր համար տեղն այլ կոչուեցաւ Ս. Տիկին։ Աստի կու գան իրենց մէկ նպատակեալ տեղն, ի Վանս Հոգեաց, ուր էր «Պատկեր Տիրամօրն, որում երկրպագեցին՝ ուրախացեալք, եւ տային գոհութիւն Սրբուհւոյն». բայց իրենց փափագին համեմատ չկարցան երկար ատեն կենալ հօս, որովհետեւ տեղւոյն քրիստոնեայքն՝ որ գաղտուկ կ՚ապրէին, վախնալով յայտնուելու՝ բռնադատեցին զU. Կուսանսն չուշանալ իրենց քով։ Կամայ ակամայ ստիպուեցան սոքա վերջին երկրպագութիւն մ’այլ ընելով իրենց ամենասիրելի Տիրամօր՝ երթալ ելնել ուրիշ մօտաւոր դժուարակոխ լերան մի գլուխ, Պաշատ կամ Պաշատոյզ կոչուած (եւ սխալմամբ Պաղատ գրուած եւ տպուած). ուր՝ կ’ըսուէր թէ շատ մեծ բազմութիւն դիւաց կայ, երկու բագնաց կամ՝ կռատանց մէջ եւ շուրջ, Արամազդայ եւ Աստղկան, Հայոց գլխաւոր դից եւ դիցուհւոյ, եւ այնքան խառնիխուռն աղաղակ եւ շփոթ կ՚ըլլար (անշուշտ քրմաց խարդախութեամբ), որ մարդիկ իրարու խօսք չէին հասկընար, եւ անկէ սովորութիւն կամ՝ առակ եղած էր ըսել (եւ կ՚ըսուէր մինչեւ ի ժամանակ պատմըչին), թէ «Թուիս ի Պաշատոյ դիւացն գալ՝ գլուխ «անլուր եւ անիմայ»։ Այս լեռնէն խորաձոր մի իջնելով դէպ յարեւելեան հարաւ, ուրիշ լերան մի վրայ գտան մեծ կրականոց կամ  «տուն կրակի անյագ հրոյ, անդադար այրման աստուածոցն. եւ զմոխիրն [6] աստուածացուցեալ գոլով ի սեաւ քարին` հոսէին յակն յորդաբուղխ աղբերն՝ որ բղխէ յոտս լերանցն, որ է յառաջս Խորավիմին, որ տեղին Բութ լսի, քանզի անուն քրմապետին Բութ կարդայր. եւ զի ասէին զկրակն՝ քոյր, եւ զաղբիւրն՝ եղբայր, յերկիր ոչ արկանէին զմոխիրն, այլ արտասուօք եղբօրն (ջրով աղբերն) ջնջէին։ Եւ յայրս քարին որջացեալ կային վիշապք երկու՝ դիւացեալք եւ սեւացեալք, որոց՝ աղջիկ կոյս եւ պատանիս անմեղս զոհէին. յայնոսիկ ուրախացեալ դեւքն՝ զուարճանային արեամբն եւ բագնօքն, հրովն եւ աղբերբն, ահագին իմն տեսիլս եւ փայլիւնս, ձայնս եւ թնդմունս եւ կայթմունս գործէին. եւ ի մէջ խորաձորոցն օձք եւ կարիճք լի թունօք մահաբերին լցեալ էր»։ Այս ամեն զարհուրելի եւ քստմնելի սնոտիքը՝ Ս. Կուսանքն իրենց լացով, աղօթքով եւ խաչին նշանով՝ ու քահանայիցն օրհնութեամբ փշրեցին փճացուցին, եւ դեւերը կամ դիւապաշտներն այնպէս հալածեցին, որ՝ «Նման սաստիկ հողմոյ ի լեառնէ ի  լեառն փչելով փախչէին, (եւ) ոչ այլ ինչ լսիւր՝ բայց վա՜յ զվայիւ ճիչեալ»։ Մինչեւ ցայսօր, կ՚ըսէ պատմիչն, այն խորաձորոյն մէջ «օձք մարմնեղէնք քարացեալ երեւին ի վերայ բագնացն»։ Բաղդաւոր եղան այդ դժնդակ տեղւոյ մօտիկ գիւղի բնակիչքն, որք տեսնելով տեղւոյն սքանչելի փոփոխութիւնը՝ հաւատացին ի Քրիստոս եւ մկրտուեցան ի քահանայից՝ ընկերաց կուսանացն։ Կ'աւելցընէ պատմիչն. թէ, «Եւ ոչ ոք ընդդիմացաւ նոցա. քանզի տեղիս այս գոլով Անակայ՝ հօր Գրիգորի, ի լսել զբօթ մահու Անակայ եւ Խոսրովու՝ անցեալ գնացին փախստականք, եւ ոչ գոյր նոցա դիմամարտ»։ Այսինքն, Անակայ մարդիկն՝ տեղւոյն տեարքն՝ փախան գնացին, եւ հօն մնացին բնիկ ռամիկ գեղացիքն, որոց դէմ կեցող արգիլող մի չկար հիմայ, եւ անվախ Քրիստոնեայ եղան, շնորհօք կուսանացն։

Իսկ ասոնք այն լեռնէն վար իջան դէպ ի հիւսիսակողմն, եւ եկան ի Կորիթ գիւղ, ուր նոյնպէս կռոց, օձից եւ ջրոց պաշտամունք կային, եւ նոյնպէս այլ ջնջեցին, աղբիւրն այլ ցամքեցուցին, որոց վրայ յետոյ Լուսաւորիչն երկու եկեղեցի շինեց, խաչ կանգնեց, եւ յիշատակ թողուց անոնց՝ իր գօտին եւ գաւազանը։ Աստի ելան կուսանքն մտան ի Տոսբ` գաւառ Վանայ, եւ ասոր լերան հարաւակողմը խաչ կանգնելով՝ շինեցին եւ բնակեցան, տեղն այլ Ս. Խաչ անուանելով. բայց լսելով որ իմացուեր է իրենց ով ըլլալը եւ փնտռուիլը, թողուցին ելան ի Վարագ լեռ, ուր գետնափոր խորշեր շինելով պահուըտեցան, եւ երկար ժամանակ բնակեցան, եւ ոմանք միշտ հօն մնացին, նոյնպէս եւ երկու քահանայք այլ, որք ամեն ուրբաթ օր այն քարայրից եւ խորոց մէջ պատարագ մատուցանելով՝ տեղն այլ յետոյ Ուրբաթ-այրք կոչուեցաւ. այս տեղ՝ միայն հաց եւ ջուր ճաշակելով ճգնեցան մինչեւ իրենց երջանիկ մահը։ Իսկ միաբան գունդ կուսանացն՝ որոց թիւ՝ աստ անդ ցրուելուն պատճառաւ կէսին հասեր էր, նորէն իրենց խորշերէն դուրս ելան՝ յառաջ երթալու, բայց թէ ի՞նչ ճամբով եւ ուր եւ ուր դադրելով՝ ի Վարագայ մինչեւ ի Վաղարշապատ մայրաքաղաքն, մեր պատմիչն կ’ըսէ. «Անտի՝ զերթալն ի մարտիրոսական տեղիսն՝ յաղագս որոյ մեզ փրկութեան ճանապարհ, ուսցիս համառօտ յԱգաթանգեղոսէ»։ Ագաթանգեղոս կուսանաց ճամբորդութիւնները չի պատմեր, այլ մէկ շունչով կամ գրչով՝ Հռովմէն հասցընէ  ի Վաղարշապատ, ի նիստ թագաւորացն Հայոց. այնուհետեւ մտանէին ի հնձանայարկս այգեստանւոյն, որ կան շինեալ ի հիւսիսոյ յարեւելից կուսէ. եւ կերակրէին ընչիւք իւրեանց` ի վաճառաց քաղաքին. եւ ոչ այլ ինչ գոյր թոշակ ընդ նոսա զոր ունէին. բայց մի ոմն ի նոցանէ ունէր արուեստ ապակագործութեան, առնել ուլունս ապակեղէնս, եւ տալ գինս ընդ կերակրոյ՝ աւուրն պարենի ռոճիկ»։ 

Դադրինք մենք այլ հօս այս Ս. Կուսանաց երկար ճանապարհագրութենէն, որ թերեւս ընթերցողին այլ երկար եւ աւելորդ թուի. բայց, ոչ միայն գիտնօրէն հետաքննական է դա, այլ եւ մեր էական խնդրոյն համար կարեւոր, ինչուան Գ. դարու վերջերը քրիստոնէութեան հետքեր յայտնելով ի Հայս, իբրեւ վերջին նշոյլք Արշալուսոյ՝ յառաջ քան զելս համատարած լուսաւորիչ արեգականն։ 

Ասկէ այլ աւելի՝ զարմանք մի ի զարմանալիս՝ ցուցընէ Նախախնամութիւնն Աստուծոյ, այնքան երկար ճամբաներով՝ յԵւրոպիոյ, յԱփրիկէէ (յԱղեքսանդրիոյ) եւ յայլեւայլ աշխարհաց Ասիոյ՝ առաջնորդել բերել յայլազան այլակրօն ազգաց միջեւ, երբեմն շիտակ եւ երբեմն խոտորկտուր ճամբաներով՝ քանի մի տասնեակ պառաւ եւ օրիորդ կուսանաց, հանդերձ իրենց հոգեւոր պաշտօնէիւք. տեղ տեղ ցրուելով եւ թողլով անոնցմէ, եւ զբազմութիւնն՝ առանց հեթանոսաց զզուանաց եւ հալածանաց մատնելու՝ հասցընել` ուր որ սահմաներ էր իրենց, փառաւոր եւ անմահ յիշատակաց արժանի վկայութեամբ։ Դարձեալ, զարմանք մ'այլ, նման սպանողի որդի Գրիգորին՝ առ որդի սպանելոյն բերել յարելն, առ նոյն թագաւորն Հայոց՝ փնտռող կուսանացն՝ դրդմամբ կայսերն, բերելն ինչուան արքունեաց ագարակին մէջ դադրեցընել։ զԱյն, որոյ վրայ՝ իբրեւ 

«Ի վերայ միոյ պատուական մարգարտի՝

Խաղացին ցընծալով՝ ամենայն հեթանոսք.

Արեւելք, յԱրեւմուտս ընթացեալ հասին,

Քարոզել յայտնապէս ըզչքնաղ տեսուչթիւնն։ 

Լըւան թագաւորք եւ լըցան խնդութեամբ։

Որսալ յանձն առին ըզգաղտնի մեծութիւնն

Պարգեւել իրերաց խոստանային բանիւք,

Եւ ծածուկ հնարիւք՝ գողանալ ի միմեանց»։ 

Եթէ սոսկ քաղաքական դէպք մի ըլլար  այս կուսանաց այսպիսի ճամբորդութիւն մի, արժան էր կանգ առնուլ եւ քննել զարմացմամբ. իսկ երբ այդ դժուարակոխ խորտուբորտ ճամբուն ծայրն՝ կու հասնի ի բարձրութիւնս երկնից եւ յարքայութիւն Աստուծոյ, չա՞րժեր այդ կուսանաց արեամբ գնուած անձին համբուրելով իսկ հետեւիլն՝ անոնց արիւնոտած եւ պատըռտած փափուկ ոտից կընքին։ Կնքեմք այս տեղ եւ մենք մեր եկեղեցւոյ Արշալուսոյն պատմութիւնը, եթէ չենք կարող՝ ոչ այն կուսակոխ ճամբաներն եւ ոչ կոխող գարշապարները պագնելով՝ համբուրել անոնց բիւր անգամ համբուրած եւ համբուրելով զօրացած՝ Խաչը. եւ դառնանք քիչ մ՚այլ աւելի մօտէն նկատել Հայոց ազգիս հրաշալի քրիստոնէական լուսաւորութեան երրորդ միջնորդը: Հռիփսիմէ՜ն։ 

ՀՌԻՓՍԻՄԷ՜. մեծ խորհուրդ եւ անուն ցանկալի.

Ընտրեալ ի յերկրի եւ դասեալ ընդ հրեշտակս.

Եղեր օրինակ սրբութեան կուսանաց.

Վարդապետութիւն արանց արդարոց։ 

Յիշելով ինչով որ կնքեցինք մեր վերջին ըսածը, եթէ ոչ անկարելի՝ բայց շատ դժար է պարզաբար պատմել Հռիփսիմեանց նահատակութիւնը, այն առթիւ հետեւեալ Տրդատայ դէպքն եւ բոլոր ազգին Հայոց, ապա Գրիգորի Ելն ի Վիրապէն եւ Լուսաւորելն զաշխարհս մեր. մանաւանդ որ՝ արդէն երկարօրէն պատմուած եւ ծանօթ է մերայոց՝ յԱգաթանգեղոսէ եւ յայլոց, ի գեղեցիկ եւ յաշխոյժ ներբողէ Խորենացւոյն իր երիտասարդութեան ատեն գրած, ի Պատմութեանց եւ ի ճառից Լուսաւորչի վրայօք. յորոց նշանաւոր են Գրիգորի եւ Յովհաննէս Սարկաւագ վարդապետաց, յորս միշտ խառնուին յիշատակք Տրդատայ եւ Հռիփսիմեայ, եւ ի պէսպէս Շարականացն եւ Երգոց ի պատիւ երիցս եւս Սըրբոցս՝ գործակցաց Լուսաւորութեանս (Տրդատայ, Գրիգորի եւ Հռիփսիմեայ), եւ մանաւանդ ի յետին տեսակէ յիշատակարանաց՝ Կոմիտաս կաթողիկոսի՝ Անձինք Հռիփսիմեանց  կոչուած ըստ թուոյ այբուբենից մերոց տուն տուն գեղեցիկ քաղցրանուագ քերդուածէն. որ որքան արժանի է պատուոյ բարձրաստիճան երգողին եւ երախտեաց Երգուածին, դեռ փափագել տայ որ մեր այբուբենքն (որ երբեմն բազմաթիւ թուին) ա՛յլ աւելի բազմաթիւ ըլլային, որպէս զի եւ այդ աննման երգն աւելի երկար ըլլալով անուշցընէր զլսելիս, զմայլեցընէր զմիտս եւ հիացընէր զհոգիս։ Արդ, յետ այսպիսի գրչաց եւ երգչաց՝ պատմութեանս կարգը հետեւցընելու համար՝ ուրիշ յարմարագոյն մէկ մի չեմ կարող գըտնել, բայց զնոյն ինքն Հռիփսիմէ. զայն՝ որ զԳրիգոր հրաւիրէր ելնել: «Զարթի՜ր զուարթուն անուն, ե՜լ», կանչելով. թող՝ հիմայ այլ նախ մենք կանչենք իրեն, «Արի՛, ել ի Հնձանէդ, Մուտ ի սենեակն արքունական». եւ կանչէ՜ կրածդ եւ ըրածդ, թողլով այն սեւ սենեկին սադրանքը։ Ահաւասիկ նա, ահաւասիկ ամենայաղթն Տրդատայ գերայաղթն Հռիփսիմէ, որ՝ 

«Ելանէր ի սենեկէն՝ որպէս փեսայ յառագաստէ

Գայր անցանէր առ հընձանաւն, ձայն աւետեաց մատուցանէր

Ուրա՜խ լերուք, անփորձ կանայք, եւ ցընծացէք, կոյսք իմաստունք 

Զի ես հարի ըզպատերազմն, եւ յաղթեցի ախոյենին։ 

Անդ՝ արեան հնձան հարեալ, նոր առագաստ զարդարեալ.

Աստ մահու հրաւէր հասեալ, զիս՝ սրոյ եւ հրոյ են հրաւիրեալ։

Փո՜ղ հարէք ի Հռովմ՝ քաղաք. Տո՜ւք աւետիս Առաքելոցն.

Նոր հարսանիք են ինձ այսօր. Եկա՜յք, տեսէք զիս հարսնացեալ

Քող արկԷք, յօրինեցէք, կարմիր արեամբ զարդարեցէք

Յուղարկեցէք զիս յառագաստն, ի յերկնաճեմ՝ հարսնարանն։ 

Փութացարուք ի Գողգոթա, անդ բեւեռեալ Տէրն ի խաչին

Զի ըզմեզ ազատեսցէ ի կապանաց մեղաց մերոց։

Եկա՜յք եւ մեք խաչակցեսցուք. ըզփառս ի վեր առաքեսցուք,

Որ ընտրեաց եւ ընկալաւ զերանելի սուրբ Հռիփսիմեանսն» [7] ։

***

Յայտնի է ամենուն ընդ Հռիփսիմէի՝ իր դաստիարակն Գայիանէ, զոր Մայր զգաստութեան կոչեն պատմիչք եւ ներբողիչք մեր. յորոց՝ Խորենացին փափուկ կերպով խօսեցընել տայ զսանն առ սանամայրն, երբ յաղթաբար դարձաւ արքունի սենեկէն՝ ի Հընձանն. «Զուարճացի՜ր եւ ուրախ լեր, Գայիանէ, մայր որդւոցն լուսոյ ահա ծաղկեցար որպէս շուշան, եւ զանթառամ վարդ իմոյ կուսութեանս՝ ի քո գրկացդ բուսեալ փթթեցեր, ի փառս եւ ի զարդ Հայաստան աշխարհիս։ Արդ, մայր իմ, յուղարկեա զիս յառագաստ՝ առ Բանն, ուր հրաւիրեցայն. փութա, ես ճեպիմ. զի Եղբօրորդին իմ էանց, եւ ոգի իմ ել ընդ բանի նորա։ Երթամ՝ խնդրել զոր սիրեաց անձն իմ… ընդ հովանեաւ նորա հանգեայց յանստուեր լոյսն։ Ել, տե՛ս զկոյս նահատակս. զհանդէսն կատարեցի, զախոյեանն բարի, զպատերազմ՝ վանեցի, ի մարտի տապս պասքեալ՝ ծարաւիմ. տենչամ՝ մերձենալ ի հոգեւոր կենաց աղբիւրն՝ որ ի խաչին վասն իմ՝ ծարաւեալ… Ե՛կ, տես զիս՝ մաքուր իմով կուսութեամբս՝ ի խաչին զնովաւ արկեալ գիրկս, արիւնաներկ իմով շրթամբքս՝ զաղբիւրն աստուածային ըմպելոյն յիս ձգելով։ Եւ ձեզ աւետիք, կուսանք իմաստունք, ելէք եւ տեսէք զդշխոյն ձեր զՀռիփսիմէ՝ պսակաւն որով պսակեաց զնա տէրն իւր՝ յաւուր նորա հարսնութեան…  թողէք զՀնձանդ. սլացարուք ի թեւս հոգւոյն, մաքուր աղաւնիք եւ օրիորդք իմոյ հարսանեացս… ելէք ընդ առաջ արիւնաներկեալ իմոյ Փեսային, զի եւ դուք ընդ` իս փայլիցէք արքունական նորա ծիրանեօքն, ի փառս եւ ի զարդ հրեշտակաց եւ մարդկան… Ուրախ լեր եւ ցնծա, Հռովմայեցւոց եկեղեցի, մայր Հռիփսիմեայ եւ հարսն անմահ՝ փեսային, հարսն առաքելական, որ աւետարանին թեւք ի քէն սլացան յարեւելս… Բերկրեա, Այրարատ, աստուածապարգեւ աւետեօքս. ահա ելանեմ ի քոյդ Գողգոթա, ըմպել զբաժակ չարչարանաց Արարչին՝ իմոյ կուսութեան բաժակաւս, արբուցանել քեզ ծարաւոյդ՝ զկենարար արեան բաժակ անմահութեան եւ լուսոյ։ Եւ քեզ աւետիք, երկնաւոր նահատակ եւ քարոզ փրկութեան, բազմափայլ ճառագայթ, որ ծածկեալդ ես ի գբի. ահա հասի քեզ ի թիկունս՝ սլացեալ յարեւմտից յարեւելս, թեթեւընթաց ամպով իմոյ կուսութեանս… Ծագեա՜, Լուսաւորդ մեծ, ի խորոց անդընդոց, քաղցրանուագ լուսովդ զաշխարհարձակ ճառագայթալոյս փայլուն աւետարանին՝ սրբոց հարցն Թադէոսի եւ Բարթողիմէոսի. երկաքանչիւրոցն լուսով փթթեցո զհիւսիսի… իմ եւ քո խաղաղութեան համբուրիւ՝ հարցն մերոց ողջոյն եւ խաղաղութիւն՝ զայս լցեալ աշխարհս»։ 

Այս քաղցր հրաւիրանաց չէր կըրնար չլսել՝ եւ ուշանալ հրաւիրեալն Գրիգոր. եւ ահա, «Ծագեաց ի խորոց անդընդոց արեգակն՝ Լուսաւորիչն սուրբ, զջերմն ճառագայթս աւետարանին լուսոյ՝ վառեալ բորբոքէր ի պաղս հիւսիսոյ. զհարաւ քաղցրուսոյց բանին ծաւալեցուցեալ… ծաղկեցուցանէ «Հայաստանս… քանզի հոգեւոր հարսանեացն կատարեալ խորհուրդ եւ փրկութեան երկանցն հասեալ ժամ, ծնանէր Հոգին Սուրբ յորդիս կուսին՝ ի միում՝ վայրկենի՝ զբոլոր տէրութիւնն Պարթեւաց. եւ լնոյր գիրն, «Երկնեաց Սիովն եւ ծնաւ ազգ մի ողջոյն». որպէս յայտնի է եւ ի չորեքարիւր բիւրուց բանակացն արքունի, որք ծնեալք ի Հոգւոյն զորդեգրութիւնն յԵփրատէս, ի միում ժամու առին զաւետիս, շողացեալ ի վերուստ լուսոյն ծագմամբ։ Նա եւ բռնաւորն մոլեգնեալ՝ որ զկոյսն ինքեան առթել փափաքէր՝ ի Քրիստոսէ առթեցաւ, եւ զախտիցն յինքն շիջուցեալ զբոց, ճշմարտութեանն վառեալ հուրբ՝ գրեցաւ յորդիս կուսին. եւ բանին եղեալ քարոզ՝ լնոյր աւետարանական լուսով զհայրենեացն տէրութիւնն։ Եւ ոչ միայն այս, այլ եւ զգանձս աստուածութեանն՝ զծաղիկս կուսական մարմնոյն՝ որ սրոյն էր արկեալ տապաստ, Ժողովեալ ամփոփէր գանձէր ինքեան մեծութիւն յաւիտենական. Եւ զօրութիւն իւրոյ քաջութեանն քրտունս ի վկայարանս Սրբոցըն թողոյր յաւիտենական եւ բարեաց օրինակ զինքն յարդարէր ամենեցուն. առաքելական հանդիսիւ լուսաւորէր զարեւելս՝ Երրորդութեանն լուսով [8] »։



[1] Որչափ այլ երկբայելի է Դիոկղետիանոսի սիրահարիլն ի պատկեր Հռիփսիմէի եւ խնդրելն, օտարք այլ պատմեն նման բան մի. այդ կայսեր ի կողմանս Յունաց եղած ատեն՝ տեսնելն 13 տարուան գեղեցիկ աղջիկ մի, Ֆիլումէնա անուն, խնդրել, հարսնացընել իրեն, եւ մերժուելով՝ չարչարել եւ նահատակել զնա։ ԺԹ. դարու սկզբան (1802) Հռովմայ (Պրիսկիլլեան) Գետնադամբանաց մէջ գտնուեցան իր նշխարքն, հռչակուեցաւ անունն եւ պատիւն, տօնուի ի 10 կամ 13 օգոստոսի ամսոյ։

[2] Գեղեցիկ խորհրդածութեամբ կ՚ըսէ այս բանս՝ մեր պատմիչն. «Զթոյնս դառնութեանն ի նոսա թափեալ՝ արար վկայս Քրիստոսի, յորժամ՝ ոչ եհաս ըմբռնել ի վարկ մահու զսէր առաքելուհւոյն» (Հռիփսիմեայ)։

[3] Այս տեղ մեր պատմիչն յիշէ աւանդութիւն մի, թէ երբ ջրհեղեղին տապանն կու հասնի այս լերանս, Նոյ կանչէ. « Ո՜ Սողոփ, թէ՝ Սղոցաձուկն դիպեցաւ նաւիս». նոյն լեռը կամ մէկ մասն այլ Սարարադ կոչեն, եւ անոր ստորոտին եղած շէն կամ քաղաք մի՝ Թեմնի կամ՝ Թմենի կամ Թմնիս, որ նշանակէ ութ, իբր թէ, «յայսմ տեղւոջ ութ ոգիք ելին ի տապանէն»։ Այս 1600 տարուան աւանդութիւնն այլ դեռ լսուի այս կողմերում, եւ Թեմնին՝ փոխանակ ութի՝ ոմանք 40 կ՚ըսեն. տեղն այլ Տիգրիս գետոյ Շադ եւ Պօհդան օժանդակաց միջոց է։ Մեր խոհական պատմիչն՝ այս առթիս այլ մտերմաբար խորհըրդածէ. «Այսոքիկ՝ թէ արդարք կամ սուտք՝ ինձ ոչ է փոյթ, բայց միայն զի հաճեցուցից զմանկագունի քո մտացդ զտարփանս. վասն այսորիկ գրեմ՝ քեզ զբնաւն ի գիրս յայս»։ Յայտ է որ երիտասարդ իշխանի մի գրէր Խորենացի, ըլլան Սմբատքն Բագրատունի եւ Արծրունի, ըլլայ ուրիշ մէկն։

[4] Կոչուած է եւ Ովկի

[5] Ոմանք գրեն Բժունեաց։

[6] Ուրիշ օր. զքարինս։

[7] Երգողu հնագոյն երեւի քան զՇնորհալին. իսկ սա իր քաղցր ոճով քիչ մի փոփոխելով՝ հրապուրէ լսել իր ձայնն այլ ի հետեւեալն։

 

Երջանիկ հոգիահրաշ

Կոյսըն մաքուր Սուրբ Հռիփսիմէ,

Լոյս ծագեցաւ ի Լատինէ՝

Հայոց մեծաց` յարեւմըտէ:

Կուսական փողըն գոչէր,

Sայր աւետիս Սուրբ Գրիգորի.

Փութա, ել ի վիրապէդ,

Լուսաւորիչ Հայաստանի։

Համակամ՝ ընդ Հռիփսիմէ

Վըկայուհիդ Գայիանէ,

Մեզ լուսատուք յարեւմըտէ,

Տանըս Հայոց ի Լատինէ։

Ծովային շուշան ծաղիկ

Բուսեալ ի տանը, Թորգոմի,

Ոռոգեալ արեամբ Սըրբոցըն

Պետրոսի եւ Պաւղոսի։ 

Ի վայելուչ գեղ պատկերին՝

Յիմարեցան ազգըն Հային.

Պետք եւ իշխանք առ հասարակ

Եկին ի դուռըն Հընձանին։ 

Զձայն աւետեաց մարմնականին՝

Նոքա տային Հռիփսիմէին.

Այլ այն բանքն ուրախալին՝

Կուսին ի բօթ համարէին։ 

Աւետի՜ս քեզ, կին ազատ.

Եղեր տիկին Հայոց մեծաց,

Արքայուհի արեւելեաց,

Տանս Արամայ դըշխոյ փառաց։

Արի՜, ել ի Հընծանէդ,

Մուտ ի սենեակ արքայական.

Հարսն եղեր արեւելեան,

Եւ թագուհի տանս Թորգոմեան։

Յայնժամ՝ Սըրբոցըն Հռիփսիմեանց՝

Ի ձայնս ողբոց աղաչանաց

Աղբիւրս բըղխեալ յորդ արտասուաց

Հառաչէին առ տէր Աստուած.

«Փութացիր մեզ յօգնութիւն,

Տէր ապաւէն եւ փըրկութիւն։

Մի՛ թողուր զմեզ ի ձեռաց՝

Յօտար երկիրս խուժաստանեաց»։ 

Ձայն ահեղ հընչեաց յերկնից,

Բարբառ եղեւ ուրախութեան.

Մի՛ երկընչիք, իմ սիրելիք,

Զի ես ընդ ձեզ եմ յաւիտեան։ 

Զորացա Կոյսն ի ձայնէն,

Դիմեաց ի մարտ պատերազմին.

Եհար վանեաց զհըսկայ արքայն,

Կոխեաց զվիշապն անդընդական։

Ելանէր ի դարպասէն

Որպէս փեսայ յառագաստէ:

Առ Հընձանաւն գայր անցանէր,

Ձայն աւետեաց մատուցանէր։

Արիք, ելէք ի Հռոմ քաղաք՝

Տուք աւետիս Առաքելոցն,

Հարսանիք են ինձ այսօր.

Եկայք, տեսէք զիս հարսնացեալ։

Փող հարէք‚ յօրինեցէք,

Կարմիր արեամբ պըսակեցէք,

Ի յառագաստ սուրբ հարսանեացն՝

Զիս՝ տօնելով յուղարկեցէք.

Զի անդ երթեալ բարեխօսեմ

Ձեզ տօնողացս եւ աղաչեմ.

Զձեզ իմ փառացըն կըցորդեմ,

Եւ հանգըստեանըն հաղորդեմ:   

[8] Թէ Յունաց եւ Լատինաց, եւ թէ արեւելեան ազգաց հին Տօնացուցից եւ Յայսմաւուրաց մէջ կայ յիշատակն Հռիփսիմեայ եւ Գայիանեայ անուննին քիչ մի ծռած կամ փոխած. Ղպտիք զՀռիփսիմէ գրեն Արփիսիմա, Գայիանէ՝ Աղաթա։ Նունէի անունն այլ ոչ բնիկ իր անուն համարին, այլ լատին ոonna բառի նշանակութեամբ՝ իբր մայր կամ մամ, իսկ բնիկ անունը Թէոգնոստա, որ աստուածածանօթ նշանակէ յունարէն։