31.
ՄԱՆԻՇԱԿ
Ո՛վ
մանիշա՛կ ,
մանիշա՛կ,
Ինչո՞ւ
այդպէս
գլխիկոր
Նայիս
հողին
սըգաւոր…
Ո՛հ,
ինչի՞
այդ
նըշանակ:
Միթէ
դու
կո՞յս
մը
տեսար,
Որուն
աչաց
քով
կապուտ՝
Ըզքեզ
գըտար
այնչափ
մութ,
Որ
կը
սըգաս
սեւահար:
Եթէ
դու
ալ
վարդին
պէս
Ունենայիր
դոյզն
բոսոր,
Կը
շիկնէիր,
ինչպէս
որ
Շիկնեցաւ
այն
վարդը
վէս,
Երբ
տեսաւ
օր
մը
ներա
Վարդերն
անբիծ
այտերուն:
Շուշանին
պէս
դալկութիւն
Եթէ
ըլլար
քու
վըրայ,
Դժգունէիր
որպէս
նա,
Ինչպէս
որ
օր
մը
շուշան
Դժգունեցաւ
աննըշան՝
Տեսաւ
ձեռներն
երբ
ներա:
Եւ
դեռ
ըսե՞մ
…
օր
մ՚երկին
Ամպոտեցաւ
…
է՞ր
արդեօք
…
Երբոր
կ՚ընէր
նէ
աղօթք,
Վերն
յառած
աչքն
ու
հոգին:
1871