Դրախտի ընտանիք, գրեց Խրիմեան Հայրիկ ի պէտս Հայոց ընտանեաց

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Fiction  
Զ. ԱՄՈՒՍՆՈՒԹԵԱՆ ԿԱՄ ԸՆՏԱՆԵԿԱՆ ԿԵԱՆՔԻՆ ԽԱՓԱՆԱՐԱՐ ԶԵՂԾՄՈՒՆՔՆԵՐ
       Մարդիկ, որ ամուսնութեան պտուղ եւ արգասիքն են ի բնութենէ, եւ բնապէս կը սիրեն ամուսնութիւնը. ի բաց թողլով այն բացառութիւնք, որով մարդն իւր ազատ կամաց իրաւամբ կամ ուխտիւ կամ ուրիշ արդարացի առիթներով` խոյս կուտայ ամուսնութենէն։
       Ուստի երբ աշխարհիս մարդոց ամենամեծ մասն կը սիրեն եւ կը պատուեն ամուսնական կեանքը եւ կը խայտան իրենց նախահօր պէս երբ առընթեր տեսնան իրենց նախատիպ պատկերը. զորս Աստուած մենաւոր մարդոյն իբրեւ ընկեր, օգնական եւ զուգակից տուաւ։ Առ այս վկայ է աշխարհիս ընդհանուր ամուսնական եւ ընտանեկան կեանքն. թէ մարդիկ ընդհանրապէս կը ցանկան ամուսնանալ, որդիս ծնանել, ընտանիքը կազմել, միշտ կենդանի պահելով իրենց տան փառքն եւ տոհմական յիշատակն։
       Իսկ արդ եթէ այս այսպէս է ինչպէս որ ճշմարիտ. այլ եւս ի՞նչ կան մարդոյն առաջ խափանաբար առիթները։
       Ընդարձակ մտքով եթէ քննենք շատ բազմապատիկ են, որք առ հասարակ մարդոյն հնարած զեղծմունքներն են թէ ներքին եւ թէ արտաքին. որոց գլխաւորները թուեմ քեզ, դու ինքնին խելամուտ եղիր, եւ ահաւասիկ։ Սանձակոտոր ազատութիւն, անառակ կեանք, զեղխութեան պերճանք, չքաւորութիւն, ստրկութիւն, ծառայական վիճակ, պանդխտութիւն, քաղաքային օրէնք եւ երկրին հանգամանքները եւ այլն. որոց վերայ ես միայն համառօտ պիտի խօսիմ, մնացեալը կը թողումոր դու ինքնին ժողովուրդին կեանքին մէջ տեսնաս եւ իմաստասիրես։
       Մեր ժամանակը վկայ է, թէ ինչպէս ոմանք սանձակոտոր ազատութեան մէջ ցանկասիրութեան ընդարձակ ասպարէզ գտնելով, այլ եւս հարկ չեն տեսնար համեստ կապուիլ. այլ առանց ուխտի եւ դաշին, առանց եկեղեցւոյ օրհնութեան, սուրբ եւ ողջախոհ առագաստէն դուրս ամենուրեք կը գտնեն իրենց ցանկութեան կրից յագուրդ ու ճարակը. եւ այնուհետեւ մարդկային ամօթն համարելով` արձակ ու համարձակ վարիլ կ»ուզեն աշխարհիս օրինակարգ ընկերութեան մէջ. որպէս թէ չը լինէին մարդոց համար պարտք եւ իրաւունք, չի լինէին ամօթ եւ պատուոյ զգացումն, մարդիկ մոլի սիրով ընկերանային առանց տիրապէս հայր ու մայր կոչուելու, եւ այն դժբախտ անծին կամ ծնած մանկիկները դատապարտուէին իրենց ապօրէն ու մեղապարտ ծնողաց պատճառաւ կամ արեւ չտեսնալով չքանալ, եւ կամ իբրեւ անհայր անմայր անծանօթ որբերը` աշխարհիս հրապարակին վերայ անտէրունչ մնալով` եկեղեցին միայն գթար ու հոգար զիրենք։ Վասնզի սանձակոտոր ազատութեան կեանք ընտանեկան չէ. ոչ համեստութեան մէջ պատսպարուած է եւ ոչ եւս ամուսնական վկայագիր ունի. կամ այն սպիտակ անմեղութեան ծածկոյթը, որ կը ծածկէ մարդոյն առականք։ Նա մերկ կը շրջի հրապարակի մէջ. թէ գիտուն եւ միանգամայն իմաստակ է։ Շնական փիլիսոփայութեամբ կը համոզէ իւր միտքը, եկ թոյլ կուտայ որ իւր անժուժկալ կիրքը ազատօրէն վար. եթէ նուաստ ու սինքլոր է, նա իւր ռամկութեամբ ոչինչ չզգար իւր պատուոյ եւ անուան համար. թէ հարուստ է, ազնուական է, կը կարծէ թէ մամոնային զօրութիւնը կամ անուան փառքն ու վարկը կարող են ծածկել իւր առականքն. մարդկային ակնածութիւնը եւ մեղադրանքն. մանաւանդ նոքա, որք կը համարին զիրենք Եւրոպիոյ քաղաքակրթութեան հետեւող զաւակները, եւ իրենց մեծ ուսմունքը, կեանքն ու զբաղանքն են սիրավառ վիպասանութիւնք եւ այլն։ Այսպէս ահա սանձակոտոր ազատութիւն եւ անառակութիւնը` խափանարար կը լինին ամուսնութեան։
       Զեղխութեան մոլութիւնը թէպէտ անառակ եւ անհամեստ կեանքին ճարակելի նիւթն է, սակայն այս նիւթն սոսկ արտաքին անառակութեան համար չի ճարակիր. այլ նոյն իսկ ընտանեկան կեանքին մէջ աւելի եւս կը ճարակի կեանքի ու տնտեսական պիտոյից համար. որ այնչափ բազմապատիկ շատցած են. որոց մէջ գրեթէ խեղդուած է ամուսնութեան պէտք ու կարիք։ Միթէ չե՞ս հաւատար ընթերցող, թէ Հայ ընտանիքներէն շատերը պերճ ու փառասէր զեղխութեան մէջ պարանոցաթաղ եղած են։ Եւ ի՛նչ է նոցա սրտի եւ սիրոյ հաճոյք. գիտե՞ս շքեղ տուն, թանկագին կահ կարասիք, կառք ու սիգաճեմ ձիերը, անբաւ զարդ, անհուն նորասիրութեան ձեւերը, սնապարծ ցուցամոլութիւն, զբօսասիրութիւն, ունայնամիտ տենչանք եւ այլն։ Այս ամէն պերճանք` մի մեծ բանակ կազմելով կը զինուորին պարզ կեանքին դէմ եւ կը յաղթահարեն ամուսնական սէրը. ինչպէս մարախին բանակը ցորենի արտերը կ»սպառէ. նոյնպէս այդ պերճանքն է, որ կ»ուտէ կ»սպառէ ամուսնական բաժին սեղանին հացն. ոչ հարսին օժիտը կը թողու եւ ոչ փեսային վաստակ, եւ ինչ պէտք է երբ այս կարգի մարդիկ զեղխ ու մերկ կեանքը աւելի նախադաս ու հաճոյական կը համարին քան ամուսնութիւն եւ ընտանիք։
       Դու չե՞ս տեսնար, ընթերցող, այն ընտանիքը, որ առանց խնայելոյ ամենայն խռայլութեամբ կը հոգան զեղխութեան անպէտ պէտքերը եւ կը մոռնան ամուսնութեան կենաց պէտքն ու պարտիքը զարդասիրութեան բուռն տենչ` ամուսնասիրութիւնը մեռուցեր է։ Չգիտեմ զո՞վ առաւել մեղադրեմք. անփեսայ օրիո՞րդն թէ անամուսին երիտասարդն. որոց մինն կը պատասխանէ թէ ես հաճոյանալու համար զարդ կը սիրեմ. կամ թէ ես կին եմ, ի բնութենէ զարդն իմ վայելչութիւնս է. իսկ միւսն եւս իբրեւ իրաւացի փաստ յառաջ կը բերէ թէ նոյն իսկ ես ալ այդ զարդին համար կը խորշիմ ամուսնութենէն, նախատեսեով թէ ամուսնութենէ յետոյ ի՞նչպէս հոգամ ընտանիքը եւ ի՞նչպէս կարենամ փայտ հասցունել զեղխութեան կրակին. որ շատ ընտանեաց տուն վառեց մոխիր դարձուց. դեռ աւերակները կը մխան, ծուխ կ»ելլէ. ես կը տեսնամ եւ այդ փորձերէն իրաւունք չունի՞մ խելաբերիլ եւ զգուշանալ ամուսնական վիճակէն եւ այլն։
       Թող չարդարանան, երկուքն եւս հաւասար մեղադրանաց արժանի են. որոց դատաստանը ու վճիռը գիտեն որոշել մեր ընտանեկան կեանքը դատող իմաստուն դատաւորները։
       Շատ զարմանալի է որ երբ զեղխ մարդիկ ամուսնութենէն կը խորշին, ընդհակառակն չքաւոր ժողովուրդ, մանաւանդ գիւղացի ընտանիքը ամուսնութիւնը կը սիրեն. ոչ նախատեսել կ»ուզեն եւ ոչ ապագայի հոգ ու հաշիւը կ»ընեն, իբրեւ հասարակ առած կը խօսին իրենց մէջ, «Ամուսնանանք, հացն Աստուած կուտայ». եւ հարսանեաց սեղանին վերայ դարձեալ այս օրհնութիւն կուտան. «Աստուած շատ հաց տայ մեր փեսային ու հարսին»։ Գիւղացի հողագործ ժողովուրդը անխորհուրդ չէ, իւր անուս վիճակի մէջ նախատեսութիւն ունի։ Նա ամուսնութիւն կը սիրէ, որպէս զի ընտանեաց մէջ աշխատաւոր մշակները շատնան. նորա համար շատ պէտք են մանչեր ու աղջիկներ։ Նա միշտ այնպէս կը դատի, որ ընտանեկան հարստութեան աղբիւրը` ժրաջան զաւակներ են. սորա համար է, որ հակաւոր ու կանոնաւոր ամուսնութիւնը աւելի հասարակ ու շինական ժողովրդոց մէջ ընդհանրացած է քան թէ քաղաքակիրթ կարծուած ժողովրդոց ու ազնուականաց մէջ։
       Սակայն աշխարհիս տնտեսագիտաց կարծիքին հետեւելով` պէտք է համոզուիմք թէ չքաւորութիւն միշտ խափանարար է ամուսնութեան. վասն զի չքաւոր ընտանիքները թէեւ սիրեն ու բաղձան ամուսնութեան, այլ կարող չեն բարգաւաճել կամ ամուսնութիւնը արգասաւորել։ Փորձառապէս կը տեսնամք ահա մեր հայրենեաց ժողովուրդի կեանքին վերայ. որոց չքաւորութիւն ու տառապանքը միանգամայն խափանարար եղեր են ամուսնութեան եւ բարգաւաճման։ Ա՜հ, թէ որ հաց չը լինի` մայրերը անօթի կը մնան, եւ երբ մայրերը անօթի մնան, նորածին մանուկներու կաթ կը ցամքի։ Երանի՜ թէ այս լինէր միայն չքաւորութեան արկածն. թող աղքատութիւն տառապէր զիրենք, միայն թէ երկու ամուսինք իրարու հետ անբաժան ապրէին։ Ոչ, չքաւորութիւն չի խնայէր, նորապսակ ամուսիններն անգամ քաղցր հայրենիքէ, սիրոյ գիրկերէն հանելով ի պանդխտութիւն կը վարէ. այսօր քան հազարէն աւելի մեր հայրենեաց պանդուխտ զաւակները կը տառապին մայրաքաղաքիս մէջ, հինգ, տասն, տասնեւհինգ եւ մինչեւ քսան երեսուն տարի օտարութեան մէջ տառապելով` որոց շատերն եւս հայրենի հողէն եւ իրենց նախնեաց գերեզմանէն զրկուելով` օտար երկրին ու հողին տակ կը թաղուին. ով կը տնկէ նոցա վերայ մի խաչքար եւ կը գրէ յիշատակը։ Եթէ ստուգիւ վիճակագրեմք Հայոց ժողովուրդին այս պանդխտութեան չարչարանաց վիճակը, շատ ողբալի է. վասն զի տիրապետող չքաւորութենէն կը սպառին ու կը չքանան ընտանիքը ու հետեւապէս կը նուազի Հայոց հին ու բազմաճոխ ազգը։
       Չքաւորութեան հետ մեծապէս խափանարար են ամուսնութեան եւ բարգաւաճման նաւ երկրին հանգամանքներ թէ բնական եւ թէ պատահական. այսինքն հող, ջուր, օդ, ժողովուրդին բարոյական եւ նիւթական կեանք, եւայլն։ Սոսկ հաւատալով չենք խօսիր, ահաւասիկ կը տեսնամք, որ գիտութիւն եւ քաղաքավարութիւնը մարդոց ընտանեկան կեանքը կը բարւոքէ. ժողովուրդին զաւակները օր ըստ օրէ կը բազմապատկին ամէն տարի Եւրոպիոյ ամէն ազգերէն հարիւր հազար ընտանիքները գաղթական կ»երթան դէպ յԱմերիկա։ Իսկ Ասիական աշխարհը կը թափուրանայ ժողովուրդէն. պէտք չէ երբէք զարմանանք ու հետազօտենք, քանզի սորա պատճառները խիստ յայտնի են։ Աշխարհ, որոյ ժողովուրդը դեռ տգէտ է, անուս է, անարուեստ է, կեանքն` իւր հնութեան մէջն է, յառաջդիմութեան տարերք չունի, կը ճնշուի կը հարստահարուի թէ իւր ձեռքով թէ օտարին, իւր հացը դառնութեան հաց է, իւր ջուրը` կարօտանաց, իւր օրերը վշտըմբեր են, իւր կեանքն ապեջանիկ, նա կը դողայ միշտ այն ամէն արհաւիրքէն որ զինքն շրջապատեր են. ինչպէս կարելի է յուսալ թէ այդպիսի ժողովուրդը հարսանեաց թմբուկ զարնէ, պար խաղայ, ամուսնանայ, ընտանեաց հայր լինի, ժողովուրդին թիւ յաւելու, ազգ, Հայկայ սերունդ բարգաւաճի ու բարձրանայ։
       Հայ ժողովուրդին այս անյուսալի վիճակը, որ մեծապէս արգելք ու խափանարար է իւր ամուսնական կեանքին ու բարգաւաճման համար, այլ եւս տակաւին կը մխիթարուիմ մեր հայրենի ժողովրդոց ընտանեկան կեանքին վերայ, որ թէպէտ տառապեալ է, աղքատ է թէ՛ հայրենեաց եւ թէ՛ պանդխտութեան մէջ. սակայն որչա՞փ քաղցր ու նուիրական պարտիք է նոցա համար ամուսնասիրութիւն եւ ընտանիք։ Նոյ նահապետի հաազատ թոռները նոքա են տիրապէս, որ չեն մոռնար իրենց մեծ պահուն այն սուրբ յիշատակները, որ նահապետական կեանքը ժառանգութիւն թողած է իւր մնացորդ զաւակաց։ Այդ ժառանգութիւն ի՞նչ է, գիտե՞ս. գանձ չէ, ոսկի եւ արծաթ չէ, ադամանդ չէ, այլ դրախտի ամուսնական օրհնութիւն, որ Ադամէն սկսեալ նահապետէ առ նահապետ անցնելով հասաւ մինչեւ Յաբեթի ու Հայկայ տունը. որոյ մնացորդ զաւակները այդ Աստուածապարգեւ հարստութեան տէր եւ ժառանգորդ են։
       Դու չե՞ս զարմանար, մտախոհ ընթերցող, թէ ինչպէս այլ եւ այլ պատճառներէ եւ ա՛յնչափ ժամանակ գաղթականութեանց երեսէն, տակաւին շէն մնաց Հայկայ տուն. թէեւ իւր փառաց շուքը կողոպուտ տուաւ. բայց շատ պինդ պահեց այս օրհնութիւնը, որով մնաց ու դարձեալ պիտի անջինջ մնայ Հայկայ տուն եւ ընտանեաց յիշատակ Հայոց աշխարհէն։
       Ո՛վ դուք անմահ ընտանիք հայրենեաց. խնամով պահեցէք այդ սուրբ օրհնութեան աւանդը, որպէսզի աճի կենդանի մնայ Հայկայ տան նահապետական սերունդը։
       Ինչպէս տեսանք թէ դառն չքաւորութիւն եւ պանդխտութիւնը ստուգիւ մեծապէս խափանարար են Հայ ժողովրդոց ամուսնական կեանքին. այլ այս կեանքին հետ նկատել արժան է նաեւ գաղթական Հայոց վիճակը, թէ արդեօք նոցա համար ի՞նչ են խափանարար առիթները. որ հայրենիքէն դուրս մեծ մասամբ մայրաքաղաքիս մէջ կը բնակին։ Այս կերեւոր կէտն իբրեւ վիճակագրական խնդիր պէտք է ուշադրութեամբ առնումք։
       Պատմութիւն կ»աւանդէ թէ Կոստանդնուպոլսոյ գաղթական Հայոց թուականը Յովակիմ Պատրիարքին օրէն կ»սկսի. որ հինգ հարիւր տարուան գրեթէ կը մօտենայ։ Այս միջոցը հինգ դարէ ամբողջ. Կայսերական քաղաքին մէջ բնակող Հայոց աճումն մինչեւ ո՞ւր հասած է։ Ես այնպէս կը կարծեմ տասն եւ հինգ կամ շատ շատ աւելի քսան հազար ընտանիք, հազիւ կը կազմեն, որ պէտք էր կրկնապատիկէն եւս աւելի լինէր։ Եւ ի՞նչ է այս նուազական թուոյն պատճառը. պատճառներ շատ ու բազմադիմի են, թէ անցելոյն եւ թէ ներկայ ժամանակիս մէջ։
       Եթէ պատմութեան միտ դնենք, Պոլսոյ գաղթական Հայոց անցեալ կեանքը ոչինչ տարբերութիւն չունէր բուն հայրենեաց ժողովուրդին կեանքէն, որովհետեւ ասոնք եւս միշտ քաղաքական փոփոխութեանց ենթարկուելով բարւոք վիճակ չունեցան եւ իրենց ընտանեկան կեանքն առանց բարգաւաճելոյ մնաց։
       Ներկայ ժամանակիս մէջ թէպէտ հին խափանարար առիթները վերջացած են, սակայն նոր աշխարհը ուրիշ խափանարար առիթներ հանեց երեւան, որ քան զհինն դառն ու դժուարին է։ Եւ ի՞նչ է այս, դարձեալ կրկնեմ քեզ, ընթերցող, պերճանք եւ զեղխութիւնն է, որ իւր անողոք արշաւանքներով քանդեց եւ դեռ պիտի քանդէ գաղթական Հայոց տուն եւ ընտանիք։ Երբ պերճանք եւ զեղխութիւն կը քանդեն, հապա ի՞նչ բան կարող է շինել եւ վերջացնելով միանգամայն այդ խափանարար պատճառները. եւ բուժիչ դարմանն ի՞նչ է այս աղէտալի հիւանդութեանն։ Շատ խօսեցայ եւ դարձեալ նոյն կը կրկնեմ. դորա զօրաւոր դարմանն է միայն, որ խելաբերելով զգաստանան գաղթական Հայոց ընտանիքը։ Իսկ եթէ տակաւին ծերոց խրատները քամահրեն, բարոյախօս դաստիարակաց խօսքերուն չհամոզուին, տնտեսագիտաց հաշիւները մերժեն, եւ շարունակեն իրենց կորստեան ճանապարհ, այնուհետեւ այլ եւս ոչինչ դարման կայ զիրենք ուղղելու. բայց միայն ապագայի թշուառաբեր օրերը. յորում նոքա պիտի վաղվաղեն դէպի զգեստութիւն, յիշելով Դաւիթի խօսքը. թէ «Յաճախեսցին հիւանդութիւնք նոցա, ապա վաղվաղեսցին»։ Դաւիթ Յակոբայ տան եւ նորա յամառ ընտանեաց համար խօսեր է այս բանը. իսկ կատարումն Հայկայ տան վերայ եւս կը յարմարի։ Կ»աղօթեմ ձեզ համար Հայոց գաղթական ընտանիքներ. բացուի ձեր զգաստութեան աչքը, դուք ներկայի մէջ տեսնաք այն կորստաբեր օրն, տեսնաք ու բարւոքէք ձեր ընտանեկան կեանքը։ Այս միայն կ»աղօթեմ ձեզ համար որդիք հայրենեաց. որ դուք ազատ մնաք այս աւերիչ զեղխութենէն, ձեր փառքն ու պերճանք թող լինին միայն հայրենեաց հողն ու դաշտ, ջուրն ու բիւրազան ծաղիկներ, եզնամոլբ մաճն ու հարօր եւ շինականին ապաճոյճ խրճիթն։