Դրախտի ընտանիք, գրեց Խրիմեան Հայրիկ ի պէտս Հայոց ընտանեաց

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Fiction  
ԺԶ. ՏԱՆ ԵՐԷՑ ԵՒ ԻՒՐ ՊԱՐՏԻՔ
       Ինչպէս ընդհանուր Հայրապետ Հայոց իբրեւ ծայրագոյն հովիւ, եւ տնտես է բոլոր Հայոց գերդաստանաց իւրաքանչիւր իրենց վիճակին վերայ նոյն հոգւոր տնտեսութեան պաշտօնն ունին. այսպէս եւս ընտանեկան եւ առտնին Եկեղեցւոյ փոքրիկ հօտին` փոքրիկ հովիւներն են Տաներէց քահանայք` որոց միայն յանձնուած է ընտանեկան հոգեւոր պէտքերը հոգալ ու մատակարարել։ Տաներէց, որ թէպէտ իւր վիճակաւոր Եպիսկոպոսին իշխանութեան տակ ստրուկ համարուած է, եւ նոյն իսկ ժողովուրդին առաժ այնչափ ըստ արժանւոյն պատուասիրեալ չէ. մանաւանդ մեր բարեկարգ ժամանակի մէջ, յորում Եկեղեցւոյ տնտեսութեան վաղեմի օրէնք եւ կանոնական վճիռներ այլափոխուած են։ Բայց տաներէց քահանային հովուական պարտիքն ու կոչումն` շատ մեծ, շատ նոիրական եւ շատ արդիւնաւոր հոգեւոր աշխատութեան մշակութիւնն է։ Վասն զի նորա սեպհական պարտիքն է, ընտանեաց նորածին երախայք սուրբ Եկեղեցւոյն մկրտարանին ջրով մաքրել ու որդեգրել Աստուծոյ։ Նորա պարտիքն է ամուսնութեան սուրբ պսակ դնել. նորա պարտիքն է խոստովանութեամբ ընտանեկան գաղտնի ու յայտնի վէրքերը դարմանելով բժշկել, Նորա պարտիքն է մահուան ծանր ստուերին տակ հեծող հիւանդը սուրբ եւ ջերմեռանդ աղօթքով կազդուրել եւ հոգին հաւատով զօրացունել։ Նորա պարտիքն է ննջեցեալը ի հող դնել ու կնքել նորա գերեզմանը Խաչիւ եւ Աւետարանով։ Նորա պարտիքն է սգաւոր ընտանեաց սուգը չափաւորել, խրատել որ հեթանոսաբար չողբան յոյս ու հաւատ չունենալով հանդերձեալ կենաց. Նորա մեծ պարտիքն է աղքատ ու չքաւոր ընտանիքը` չէ թէ միայն սոսկ մխիթարական խօսքերով սփոփել, այդ արդեամբ իբրեւ ճշմարիտ հայր հոգալ նոցա պէտքն ու կարիքը. հարուստ եւ ողորմած ընտանիքներէն հայթայթելով` թշուառ տնանկին կարօտաւոր զաւակները կերակրել։
       Նորա մեծ եւ սեպուհ պարտիքն, է, երկրի վերայ իբրեւ երկրաւոր հայր` խնամ տանել բոլոր ծխական ընտանեաց. մանաւանդ նոցա պատահար թշուառութեանց մէջ Յիսուսին նկարագրած գորովալիր գթութեան տիպարը լիովին յանձին բերել. ի բանտ դնել. բանտաւորին կապանքը դիւրացնել, հիւանդին ի տես գնալ, սուրբ Պօղոսին թաշկինակով նորա քրտինքը սրբել, դեղ ու ճար գտնել. թէ քաղցեալ է` հաց տալ, թէ ծարաւ է` ջուր տալ. թէ մերկ է` հանդերձ եւայլն։ Եթէ այսպէս վարի Տաներէց հովիւն, եթէ իւր այս պարտիքները խղճի մտօք կատարէ, յիրաւի` յայնժամ տիրապէս Քահանայ Աստուծոյ կը կոչուի, լինելով կատարեալ որպէս երկնաւոր Հայր։
       Տակաւին քան զամէն առաւել մեծ պարտիք մի ունի Տաներէց հովիւը, զոր պէտք չէ մոռնալ, եւ ի՞նչ է. առտնին հոգեւոր դաստիարակութիւնը, որ պէտք է հաւասար ընթանան ծնողաց դաստիարակութեան հետ։ Ես այնպէս կը դատեմ, որ կրօնի եւ հոգեւոր դաստիարակութեան պարտիքը` դպրոցի վարժապետին չէ, այլ Տաներէց Քահանային բաժին է, որ պարտաւոր լինելով իբրեւ առ տնին Եկեղեցւոյ` տնտես` պէտք է ինքնին բաշխէ ու մատակարարէ հոգեւոր դաստիարակութեան հացը ընտանեկան սեղանին վերայ, եւ այդ հացն է մի միայն Աւետարան. բովանդակ սուրբ Գիրք, որ է Կենաց բան. ու վարդապետաց դիւրալուր խրատները. որք առ հասարակ գրեթէ սուրբ Գրոց մտքին պարզապէս բացատրութիւնք են։
       Ճշմարիտ խօսեով, ընտանեկան հոգեւոր վիճակը եւ կեանք յայնժամ կ՚եղծանի, երբ Տաներէց Քահանայն աղէտ եւ անուս է. որ բաւական կը համարի իւր պաշտօնին համար Սաղմոս, Շարական եւ Մաշտոց, որ միայն Եկեղեցւոյ խորհուրդներ եւ ծխական կարգերը կատարելով` քահանայութեան բարձր պաշտօնի միւս պարտիքները անկարեւոր կը դատի։ Տաներէց Քահանային տգիտութիւնը շատ մեղադրելի է. թերեւս փոքր ինչ այդ մեղադրանք թեթեւնար, եթէ բարի ու անբասիր վարքով եւ գործնական ընտիր օրինակով տգէտ Քահանայն քօղաւորելով ծածկէր իւր տգիտութիւնը, ու տգիտութեամբ այնչափ վնասակար չէր լիներ ընտանեկան կենաց, խօսքին տեղը` միայն օրինակը քարոզելով։ Բայց եթէ գիտուն եւ թէ տգէտ Տաներէց երբ իր վարուց ու պաշտօննին մէջ կը զեղծանի. երբ բարի օրինակին տեղը` գայթակղութեան չարօրինակ կուտայ, այնուհետեւ բարի եւ երկիւղած ընտանեաց համար` հոգեպէս մեծ վտանգ է. որ թէ չգիտեն ուրիշ արժանաւոր հովիւ մի` կը պարտաւորին առանց քահանայի մնալ, Աստուծոյ հովուութիւնը խնդրել։
       Սակայն արժանաւոր եւ անարժան պաշտօնէից մէջ ընտրութիւն առնել պէտք է. երբ ընտանեաց ձեռքն է այդ իրաւունքը եւ ազատութիւնը, թող խորհին եւ այնպէս ընտրեն Տաներէց Քահանայն։ Եւ եթէ գտնեն այդ արժանաւոր ու պատուական պաշտօնեայն, պէտք է կրկին պատուոյ արժանի համարին զինքն, որոյ համար իսկ յատկապէս կը պատուիրէ Առաքեալը։ Եթէ ընտանեաց իրաւունքն է Տաներէց Քահանայէն պահանջել, ինչ որ քահանայութեան պաշտօնին եւ կարգին վայելուչ պարտիքն է, նոյն Տաներէց Քահանային իրաւունքն է` պահանջել իր պաշտաման ու հոգեւոր աշխատութեան վարձքը։ Մխակը` իւր վարձուց արժանի է, կը խօսի Տէր ո՛վ կարող է ժխտել թէ իրաւունք չէ այս եւ եւ Առաքեալը կը հաստատէ սոյն իրաւունքը, թէ «Զինուորը իւր թոշակով զինուորիր». եւ ուրիշ խօսքով դարձեալ նոյն բանը կը կրկնէ. թէ «Սեղանոյ պաշտօնեայն, արժան է որ նոյն սեղանէն կերակրուի»։
       Արդ, ընտանեկան սեղանոյն պաշտօնեայն Տաներէցն է. պէտք է որ սեղանին հացէն լիապէս կերակրուի, ապա եթէ զրկի, անհատուցումն, անվարձ մնայ իւր հոգեւոր մշակութիւնը, նա հոգւոց հանելով կը կատարէ իւր պաշտօնը. որով ընտանեկան փարախին փոքրիկ հօտը պարտաւոր կը մնայ իւր հովուին առաջ. ոչ կաթէն` կաթ, ոչ բուրդէն բուրդը` պարտեաց փոխարէն վճարելով, Եւ միթէ իրաւունք ունի՞ն յայնժամ` Տաներէց մշակին վարձք հատանող ընտանիքը տրտունջ բառնալ ու միշտ գանգատել թէ զմեզ հովուելու եւ մեր հոգեւոր պիտոյք հոգալու բարի հովիւ եւ արժանաւոր պաշտօնեայ չունիմք։
       Այլ դուք, ո՛վ ժողովուրդ եւ ընտանիք Հայոց, մի՛ սրտմտիք, թէ ասեմ, ձեր տրտունջն անիրաւ է. ժողովուրդի ընտիր որդիքներէն ո՛վ յանձն կ՚առնու քեզ համար հովիւ ու Տաներէց լինել, երբ դու արժանաւորին եւ անարժանին մէջ ընտրութիւն չունիս։ Դու աւետաանին ազատ զինուոր եւ Եկեղեցւոյ պատուարժան պաշտօնեայն ճնշեր ստրկացուցեր եւ չքաւորութեան լուծին տակը, եւ կը սպասես տակաւին որ նոքա վեհանձն եւ ազնուական կերպով շարժին. ձրի շնորհը` ձրի տան, չ»ագահին, անաչառ լինին, ճշմարտախօս լինին, սուրբ լինին, բարի վարքով փայլին, բարի օրինակով հանդիսանան, օրինաց նախանձաւոր լինին, թէ յանցապարտ լինիս զքեզ կշտամբեն. թէ չուղղիս` հեթանոս համարին, թէ յանդգնիս Դէոդոս կայսեր նման ձեռք լի արիւնով Եկեղեցւոյ գաւիթը մտնել, Ամբրոսիոս քաջ հովուին պէս իբրեւ Ամենակալին ահարկու հրեշտակը քո դէմ կենալ ու Եկեղեցւոյ գաւիթէն զքեզ արտաքս մերժել։
       Ահաւասիկ իմ դատաստանս այս է. ես գիտեմ, դուք չէք հաւանիր, կ՚ասէք, թէ այդ խստութիւն է, հաւատաքննութիւն է, անցաւ այն դարը, պէտք է մեր Տաներէց Քահանայք, հոգեւոր կատարելութեամբ հանդերձ` քաղաքակիրթ ու քաղաքավար լինին, ճանչնան ժամանակ եւ ժամանակի պահանջումները. բարեկամ լինին յառաջդիմութեան, եւ մեր ընտանիքը ի նոյն յորդորեն ու համոզեն։
       Ուրեմն ըստ ձեր դատաստանին, եթէ ընտանեկան կեանքին շահն ու պէտքը այդպիսի հոգեւոր ժիր մշակ կը պահանջէ իւր անդին եւ անդաստանին համար, հապա այլ եւս ի՞նչ կը վարանիք, ի՞նչ կը դեդեւիք, ճանչցէք, որոշեցէք ու ընտրեցէք այն արժանաւոր անձն բարի եւ առաքինի ընտանեաց մէջէն։ Ընծայացուն երկնից հրեշտակներէն չէ. մարդկային ընտանեաց սեռէն է, եւ ընտանիքը կը ծնի զայն. ձեր իրաւունքն է ձեր ձեռքն է, ընտիր անձինք որոշեցէք եւ ապա ածէք Եպիսկոպոսին առաջ, թող ձեռն դնէ եւ օրհնէ ձեզ Քահանայ։
       Բայց դուք, երբ պիտանին ու պատուաւորը, ուսեալ և արժանաւոր արձինքը կը թողուք, անպատիւ, տգէտ եւ անարժանը յառաջ կը վարէք, կ՚ընտրէք եւ կը վկայէք իսկ եպիսկոպոսին եւ Եկեղեցւոյն առաջ, եթէ ճշդիւ հարցաքննութիւն լինի, Ժողով եւ Եպիսկոպոսը արժանի չհամարին ձեռնադրութեան, ես գիտեմ ու տեսայ թէ որքան կը խստանաք եւ կամակոր յամառութեամբ ստահակ միջոցները ի գործ դնելով` վերջապէս անարժան անձն ի պատիւ Քահանայութեան կը հանէք։ Եւ այնուհետեւ երբ մտաբերելով կ՚զգաք թէ սխալած էք, կը ստրջանաք, կը տրտնջաք ու կ՚սկսիք չարաչար ձեր ընտրած ու հաւնած կղերը դատել ու բամբասել։ Եւ շատ անգամ եւս ոմանց անարժանութիւնը առիթ բռնելով` ամբողջ Եկեղեցական դասն անարգելով, ոտնհարելով վատաբանելով` նշաւակ կը կացուցանէք զիրենք աշխարհին առաջ։ Չգիտեմ կը կարծէք ու կը հաւատա՞ք թէ այդպիսով կ՚ուղղէք զիրենք, որոց անուղղութիւնը Քահանայութենէն յառաջ բնաւորեալ է եւ դուք յաճախ կը տեսնայիք զիրենք. փորձը ձեր աչքին առաջն էր. դուք քաջ գիտէիք ու կը ճանաչէիք։
       Բայց թոյլ տուէք որ անաչառ խօսիմ, միթէ դուք իբրեւ թէ կարեկից լինելով մարդասիրութեան պատրուակաւ ձեր բարեկամաց հաց ու գործ ճարելու համար չաշխատեցա՞ք զիրենք Քահանայ ձեռնադրել տալու, եւ յետոյ իբրեւ մեծ վարձք եւ առաքինութիւն համարելով, կը խօսիք եւս պարծանօք. թէ «Խեղճին ընտանիք թշուառութենէ ազատեցէք» եւ այլն։ Այդպէ՜ս է, մի ընտանիք իւր թշուառ վիճակէն ազատելու համար` ուրիշ ծխական ընտանիքները հոգեպէս թշուռացուցիք։ Չգիտեմ. Եկեղեցւոյ գերագոյն դատաւորին առաջ ո՞րն առաւել դատապարտութեան արժանի է, Եպիսկոպո՞սը, որ աչառեց ու ձեռնադրեց, թէ ժողովուրդը, որ զայն ընտրեց ու ընծայեց։
       Այլ կը թողում այս մասն այժմ, մտադիր լինելով յայլում տեղւոջ ընդարձակապէս խօսիլ, եւ ժամանակն իսկ կը պահանջէ զայդ. վասնզի շատ տարապարտ տրտունջները կը բարձրանան երկու կողմէն կղերին ու ժողովուրդին, որք ընդ աչս դատելով զիրար կը բամբասեն չարաչար առանց դատաստանիու քննութեան։
       Իսկ մեք, որ նոյն կղերաց դասուն տրուպն ու յետինն եմք, յորդոր կը կարդամք նախ բոլոր Տաներէց ղահանայից, որ ճանչնան իրենց սուրբ պարտիքը. յիշեն որ պատասխանատու են նորա առաջ, որ կ՚սպառնայ ու համար կը պահանջէ ամէն հովիւներէն թէ մեծ եւ թէ փոքր. Տաներէցն եւս իւր տան հաշիւը պիտի տայ։
       Նաեւ յորդոր կը կարդամ այն բոլոր Հայ ընտանեաց, որք եթէ գիտեն խղճիւ թէ հոգեւոր եւ արժանաւոր պաշտօնէին պէտքն անհրաժեշտ է. ուրեմն թող աչառելով անընտրող չը լինին, թող խոտանն ու անպիտանը ի բաց թողուն. ընտրեն եւ իրենց բարի որդիքներէն ընծայեն Աստուծոյ Եկեղեցւոյն. արդար Աբելին պէս արդարապէս որոշելով Աստուծոյ բաժին եւ ոչ թէ ժլատ ու խնայող Կայէնին պէս անարգն ու անպէտը հանել Աստուծոյ մասն։
       Արդ, դուք, ո՛վ ընտանիք Հայոց, ճառիս բանը` այս մի բանով աւարտեմ. եթէ Տաներէց Քահանայն ձերն է, ձեզ համար է, եւ ձեր հոգեւոր մշակն է, ձեր բարին դուք ինքնին ճանչցէք ու ընտրեցէք, ձեր մշակն ընտրեցէք, արժանաւորն ընտրեցէք, ուսեալն ընտրեցէք, հաւատարիմն ընտրեցէք. եւ եթէ կայ տակաւին ձեր մէջը` հրեշտակակրօն ընտրեցէք. եւ քանի որ ընտրութեան այս իրաւունքը ձեր ձեռքն է, դուք այսօր եւ յաւիտեան իրաւունք չունիք գանգատիլ։