Դրախտի ընտանիք, …ի պէտս Հայոց ընտանեաց

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
ԺԸ. ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ ԸՆՏԱՆԵԿԱՆ ՎԻՃԱԿԻՆ ԱՆԿՈՒՄՆ ԵՒ ԲԱՐԳԱՒԱՃՈՒՄՆ
       Այս աշխարհի վերայ մարդոց ընտանեկան վիճակը միշտ անստոյգ եւ անհաստատ է. եւ այնչափ վիճակէ ի վիճակ կը փոփոխի ինչպէս տարերաց շարունակող եղանակները։ Շատ յարմար է թէ որ ըսենք ընտանեկան վիճակը այնքան ել եւ էջ ունի, ինչպէս օդաչափ գործիքին աստիճաններն առաւօտէն մինչեւ երեկոյ։
       Աշխարհիս տարերքը բնական ու մշտնջենաւոր օրէնքով կը շարժին ու կը փոփոխեն. արդեօք պէ՞տք է ամարինք այնպէս թէ մարդոյն ընտանեկան կեանքն եւս նոյն մշտնջենաւոր օրէնքին տակ փակուած է, միայն թէ ուրիշ պայմաններով։ Զոր օրինակ Աստուծոյ պետական հրաման օրինօք վճռեր է, որ մարդ իւր երեսաց քրտիքով իւր հացն ուտէ. ուստի թէ քաղաքացի թէ հողագործ մշակը, եթէ մինն արհեստով եւ միւսն հարօրին մաճով չ»աշխատին` ընտանեկան սեղանէն հաց կը պակսի եւ զաւակները սվալլուկ կը տանջին։ Ուրեմն հացն աշխատողինն է, իսկ հեզգացող մշակին բաժինն է սովամահութիւն։
       Իբրեւ ճշմարիտ Քրիստոնեայ եւ անթերահաւատ հաւատացեալ պարտաւոր եմք հաւատալ թէ զաշխարհ կառավարող նախախնամութիւնն` իւր այնեղլի օրէնքով մեր վիճակը կը փոփխէ բարձրութենէ ի խոնարհութիւն, խոնարհութենէ ի բարձրութիւն։ Բայց երկնից արդարութեան ատեանն այդ օրինաց վճռագիրը յայնժամ ի գործ կը դնէ` երբ մարդ մեղանչէ նորա բնական օրինաց եւ պատուիրանին դէմ, որով յայտ է թէ, մեր վիճակի փոփոխութիւնը` մեր մեղքէն յառաջ կուգայ, եւ մեղքը մեր ազատ կամքէն կը ծնանի։ Եթէ այսպէս է, ուրեմն ընտանեկան չարեաց ու աղէտից նախապատճառը` դարձեալ ինքն ընտանիքն է, ինչպէս նաեւ բարեկեցիկ երջանկութեան։
       Սակայն աշխարհս եւ ժամանակը միշտ աղէտաբեր օրեր ունին ու կը բերեն ընտանեկան վիճակին վերայ. որ այսօր ճոխ է` վաղը կը չքաւորի. որ այսօր երջանիկ է, վաղն ապերջանիկ. որ այսօր բարձրապատիւ է, վաղն անպատիւ եւ արհամարհ։ Եթէ պարզ հայեցողութեամբ նայիմք, այնպէս կը թուի մեզ` որ շատ անգամ ընտանեաց վերահաս չարիքները` հեռաւոր պատճառներէն կուգան. զոր օրինակ երկնից ցասումներուն անարգել պատուհասներէն, երկրի անարդար կառավարութենէն, արշաւանքներէն, պատերազմներէն, մահտարաժամէն եւ այլ սոյնպիսի կոտորածներէն եւ պատահարներէն։ Որք առ հասարակ սոսկալի ու կորստեան պատուհասներ են. խոտի նման կը հնձեն ու կ՚սրառնան մարդկային ընկերութեան ընտանիքը. ճոխն եւ աղքատն ի միասին եւ անխտրապէս ի գերեզման իջուցանելով։
       Յիրաւի շատ ահաւոր ու դժնդակ են այս արտաքին արկածները. բայց առաւել սոսկալի առաւել մահաբեր են ընտանեաց համար ներքին ամենօրեայ սովորական պատուհասները, զոր մարդիկ իրենց ազատ կամքով ու ձեռքով կը պատրաստեն։ Արտաքին պատուհասները մարդոց ձեռնհասութենէն վեր են են, մարդ կարող չէ խոյս տալ կամ դիմակալել նոցա դէմ։ Զի ո՛վ կարող էր Իտալիոյ Վեսուվ լերան հրաբուխի բերան փակել, որ հռչակաւոր Պոմպէն մոխրով չի ծածկէր. եւ ո՛վ կարող է ամպերուն հրաման տալ, որ բակաճայթ կարկուտով եւ յորդահոս անձրեւով գիւղեր եւ քաղաքներ չ»ողողեն։
       Իսկ ներքին պատուհասները այսպէս չեն. այլ մեր ազատ կամաց ու հրամանին տակ լինելով` մեք կարող եմք դոցա առաջ թումբ քաշել արգեուլ որ մեր տունն են ընտանեկան սրահը չողողեն։ Արտաքին պատուհասն` աշխարհիս վրայ միայն ՚ի տեղիս իւր արկածներ կը թափէ, իսկ ներքինը գրեթէ նոր քաղաքակիրթ աշխարհիս մէջ համաշխարհական պատուհաս է, որ Արեւմուտքէն ելնելով դէպի Արեւելք իւր արշաւանքները կը շարունակէ որ իբրեւ համաճարակ ախտ իւր մահատու ցաւ տիրեր է մեր ընտանեացսրտին մէջ. նոքա այս ծիւրական ախտով տակաւ առ տակաւ կը մաշուին ու չեն զգար։
       Սկսինք այժմ պարզապէս բացատրել այս հոճայական ախտին տեսակներն, առ որ սիրահարած են մեր կարճամիտ ընտանիքը եւ մահ գրելով տարաժամ մեռնին։ Քանի՞ են այդ ներքին ախտերուն ցեղը, ուշ դիր, ես խօսիմ քեզ մի եւ երկու բառով. եւ այս է, զեղխ եւ անբարոյական կեանք. եւ ըստ սուրբ Գրոց չափազանց ցանկութիւն եւայլն. որոց այլ եւ այլ ճիւղերը թուեմ քեզ ահաւասիկ։
       Ցանկութիւն բազմախորտիկ սեղանոյ եւ գինարբեցութեանը առանց գիտնալոյ ու հաշուելոյ թէ տաշտին մէջ ո՞րչափ հաց, մառանին մէջ որչա՞փ պաշար եւ կարասին մէջ ո՞րչափ գինի կայ։ Ցանկութիւն հանդերձին եւ նորասիրութեան, առանց նկատելոյ թէ նորա աշխատութիւն եւ կազմութիւնը մեր երկրի եւ մեր ժողովուրդի աշխատութեան արդիւնքն չէ. մեր հանճարոյ գիւտ չեն եւ մեր մեքենական գործարաններէն ելած չեն, ճշմարիտ խօսելով մեք արժանի չեմք այդ պերճութիւնները վայելել։ Եւ գիտէք թէ քանի՞ ծանր գնով կը գնեմք առանց երբեք հոգալու մեր օրական պարէնն։ Միթէ ես չե՞մ ճանաչեր ու տեսնար այն բազմաթիւ ընտանիքներ որք իրենց տղոց բերնէն հաց կտրելով` նախ նորասիրութեան չպէտ պէտքերը կը հոգան. ես չե՞մ ճանաչեր ընտանիք անպատուող, այն անհոգ հայրերը, որ պարտքը չվճարելով վարկն ու պատիւ կը կորուսանեն, եւ փոխանակա ընտանեկան ցանկութիւն զսպելու եւ չափաւորելու` իրենք եւս նոյն ցանկութեան հոսանքէն մղուելով կ՚երթան կը հասնին մինչեւ յայն կէտ, ուր յուսահատ չքաւորութիւնն կը տիրէ։ Երանի՜ թէ այդ զգալի փորձով ուշաբերէր պճնասէր ընտանիքը եւ այնուհետեւ գիտնար չափաւորել իւր կեանք եւ ունայնասէր ցանկութիւնը։
       Նորասիրութեան ցանկութեան հետը ըցենք նաեւ մեծածախ շինութեանց ցանկութիւն եւ թանկագին կահ կարասեաց կազմութիւնը։ Մեք գիտեմք թէ թագաւորին` պալատ պէտք է, իշխանին` ապարանք, քաղաքացի ժողովուրդին` չափաւոր տուն եւ դաշտաբնակ շինականին` խրճիթը։ Մենք տեսանք ու տակաւին կը տեսնամք մեր ազգին մէջ այն կարգի ընտանիքը` որոնց դրամագլուխը միայն իրենց կեանք եւ ապրուստը կ՚երաշխաւորէ թէ արհեստի եւ թէ շահավաճառութեան մէջ։ Անմիտ սնափառութիւն չէ՞ արդեօք, երբ այդպիսիները անխորհուրդ ձեռնարկութեամբ իրենց դրամագլուխը` տան շինութեան եւ կահ կարասեաց համար կը վատնեն, որով շահու եւ վաստակի աղբիւրը նուազիլ կ՚սկսի. յայնժամ տրտունջ կը բառնան այդ տնաշէն տնտեսները, թէ մեր ժամանակ դառն ու անյաջող է, թէ վաստակ չկայ, թէ տուրեւառ դադրած է, թէ անցեալը շատ լաւ էր քան թէ ներկայն։ Բայց հուսկ ուրեմն նա կը զղջայ ու կը խոստովանի եւ ինքնադատ լինելով իւր անմտութեան վերայ կ՚ողբայ, որ ցուցամոլ պերճութեան համար դրամագլուխ փճացուց։ Եւ ի՞նչ կ՚ընէ յետոյ հոյակապ տան փառասէր բնակիչը, երբ կը տեսնայ որ արտաքուստ ընկերութեան մէջ իւր վարկ ու պատիւ պակսած է, եւ ի ներքուստ մեծաշէն տան սեղանին հացը նուազած. եւ մի կողմէն եւս անհոգ ընտանեաց նորասիրութեան անյագ ցանկութիւն երբեք պակսած չէ. եւ կուգայ արագ կը հասնի այն դժպատեհ ժամն, որ տան տէրն` իւր ձեռաշէն տունը ի վաճառ հանէ, եւ կէս գին վաճառելով` վճարէ իւր դիզուած պարտքերը, եւ երանի՜ թէ մնար դուզնաքեայ մասն մի, որով կարենար նա կրկին դրամագլուխ կազմել եւ շարունակել իւր շահավաճառութիւնը. եւ միշտ անցեալը մտաբերելով խելաբերէր սակաւապէս տնտեսութեամբ բարւոքէր իւր ընտանեկան կեանքը եւ այլ եւս չերթար իւր հին ճանապարհ, որոյ վախճանը վաճառել կուտայ իրեն հայրենի տուն եւ ժառանգական ստացուածքը եւ ինքն կը մնայ անվարկ անպատիւ եւ այնուհետեւ կամայ ակամայ կը խոնարհի սակաւապետ տնտեսութեան վարժապետին առաջ, եւ կ՚ուսանի խնայութեան պարկեշտութեան պարզութեան, աշխատութեան եւ ապագային հեռատեսութեան դասերը։ Եւ դարձեալ կրկնեմ. երանի՜ թէ մի անգամ եւ երկիցս խրատուելով եւ փորձուելով, չմոռնար այդ օգտակար դասերը` որ մարդոյն կենաց ապահովութիւնն է։
       Դառնանք այժմ ընտանեկան ցանկութեան միւս ճիւղ բացատրենք աստ, որ քան զամէն ժանտաբեր ու աւերիչ է. մահ կը բերէ իրեն եւ տարածելով կը թունաւորէ ազգին ամբողջ ընտանիքը, որ հարստութեան հետը` կեանքն եւս կը բառնայ եւ կը ջնջէ մարդոյն արժանաւորութեան պատիւ, հանելով ու զրկելով զիրենք ընտանեկան պարկեշտ դասէն։ Այնուհետեւ նոցա բաժին այն է, որ առակ ու նշաւակ լինին մարդոց աչքին ու դատաստանին առաջ։ Եւ ի՜նդ է այս մոլեգոյն ցանկութեան անուն եւ վարք. մէկ բառով խօսիմ, անառակութիւնն է. մեր հրաշամիտ թարգմանիչները Աւետարանի ճառած անառակ որդւոյն կեանքը` երկու բառով բովանդակած են «Զի կեայր անառակութեամբ». որ կը նշանակէ մոլորական մարդոյն զեղխ կեանք իւր ամէն հանգամանօքն, զոր կը վարէր անառակ որդին իւր կենաց մէջ։ Մարդոց մոլորութեան եւ անառակ վարուց ասպարէզը շատ բազմաճղի եւ ընդարձակ է, որոց նկարագիրը Աւետարան կը հանէ մեր առաջ ջրհեղեղեան դարուն մարդոց ապականեալ կեանքը, որոց համար կը խօսի. «Ուտէին, ըմպէին, կանայս առնէին եւ արանց լինէին»։ Հաց ուտել մեր կեանքը պահպանելու համար է, գինի խմել մեր տխրութիւն փարատելու համար է աշխարհիս վշտակրութենէն, սուրբ ամուսնութեամբ կին ածել, այդ եւս աստուծադիր օրինաց համեմատ, մարդկային կեանքը պահելու եւ բարգաւաճելու համար է։ Ի՞նչ է ապա Նոյան դարուն մարդոց անառակ կեանքը, զորս Յիսուս իբրեւ յօրինակ յառաջ կը բերէ ի զգուշութիւն իւր հաւատացեաց որդւոց։ Այդ ինքնին յայտնի է, թէ նոցա կեանքը` ծայրյեղ անբարեխառնութիւնն էր։ Նոցա սեղան որկրամոլութիւնն էր եւ իրենց որովայն Աստուած զոր կը պաշտէին. նոցա գինին խելաթափ արբեցութիւնն էր։ Նոքա կ՚ուտէին կը խմէին եւ անմիջապէս կը վայելէին Աստուծոյ պարգեւները առանց պարգեւատուն օրհնելու. նոյն ամբարիշտ դարուն մէջ` կնոջ եւ սուրբ ամուսնութեան պատիւ ոտնհար եղած էր, անասնաբար խառնագնաց լինելով` սուրբ պսակին դաշնադրութիւն եղծուած էր, այլ եւս ընտանեկան կեանքին պահապան պարիսպ չի կար, ամօթ երկիւղածութիւն վերջացած էր. առ հասարակ երկիր եւ մարդկութեան սեռ ապականուած էր Աստուծոյ առաջ. միայն մի բարի արդար Նահապետ մնացեր էր անարատ երկնից առաջ, զոր Նախախնամութիւն պահեց տապանով ու ջրհեղեղով երկրիս երեսէն ջնջեց ապականեալ մարդոց սերունդը։
       Սուրբ Գրոց պատմութեանց` այս պատուհասի դասէն պէտք է ուսանիմք, թէ ընտանիք եւ մարդկութիւն ջնջող մեծ պատուհասը` անառակ եւ զեղխ կեանքն է. թէ հայրենի ժառանգական հարստութիւնը վատնող` այն է, թէ ի վերջոյ հացի կարօտ եւ սովամահ լինելոյն պատճառն` այն է, թէ անխզելի ամուսնութեան կապ հատանող յանդուգն ձեռք` այն է, թէ ազգին թէ այլ ազգին դատարանաց մէջ քրիստոնէական պարկեշտութիւն քամահրող անպատկառ երեսն` այն է. թէ յայտնի գինետանց մէջ, հրապարակի մէջ եւ այլ խաւարաշրջիկ տեղերը. Քրիստոեայ անուն կրելով` հեթանոսի կեանք վարելով, եւ հեթանոսին գայթակղութիւն տուողն` այն է. խաղաղ ընտանիքխռովող, ընտանեկան միութիւն քակող, հայրենական տան հաստատ հիմունք հիմն ի վեր շրջող` այն է։
       Ո՜վ, որչա՜փ երանի կը լինէր, եթէ արդի աշխարհի սրամիտ ու վարժ անառակներն` Աւետարանի պատմած հին անառակին օրինակն մտաբերելով` միանգամայն յիշէին իրենց նախնի կեանքն ու վիճակը. յիշէին թէ անարգ կրից ծառայութեան մէջ խոզարած եղած են եւ փափագէին ի ձեռս բերել նախնի կորսուած ազատ կեանք ու հացալից սեղան։
       Դարձէ՛ք ուրեմն, ով դուք, անառակութեան մէջ մաշուած ու սողած թշուառ զաւակներ, դարձէք, զգաստացէք ու դարձեալ շինեցէք ձեր ընտանեկան աւերակները, զոր ձեր ձեռքով, ձեր գործով եւ ձեր հեստութեամբ քակեցիք։
       Ձեր խեղճ ծնողք վշտացուցիք, ձեր քոյրեր, ձեր եղբայրները լացուցիք. ընտանեկան պատիւ, մարդկութեան պատիւ արհամարհեցիք. դարձէ՛ք ու դարձեալ դու՛ք շինեցէք ձեր քակած տան աւերակներն. եթէ տակաւին յամէք ու յամառիք այդ ճանապարհին վերայ, անշուշտ ի կորուստ կը տանի զձեզ եւ դուք վատահամբաւ ու սովամահ կը կորնչիք, եւ ի վերջոյ ձեր եւ ձեր հայրենի տան յիշատակ կը բարձուի աշխարհէս. գերեզման միայն կը թողուք առանց անուան եւ փառաց։
       Թողունք այժմ ընտանեկան կենաց այս մոլութեան նկարագիրը, որ շատ ընդարձակ է. յառաջ բերենք նաեւ նոր սովորական մոլութեան այն մասն, որ շատ ընտանիք յաջողութենէ եւ հարստութենէ հանելով` հողի վերայ նստեցուց. եւ ի՞նչ է դորա անունը, խաղամոլութիւն է։
       Լումայափոխ կամ տնտեսագէտ չեմ ես. դժուարին է ինձ այդ մոլութեան նկարագիրն ըստ արժանւոյն երեւան հանել. միայն այսքան ըմբռնած եմ, որ այդ մոլութիւնը` բախտին երեւակայութեամբ մոլորուած մարդիկը, երկու կերպով ի գործ կը դնեն, որ երկուքն եւս միապէս կորստական է։ Մի կերպն է դրամով թղթախաղութիւնը, որոյ ծածուկ հրապարակը բուն ընտանեկան կեանքին ու ծոցին մէջն է. միւսն է Մայրաքաղաքիս արժեթղթոց հրապարակը, որ այսօր գրեթէ բազմաթիւ մարդկանց հաար իբր յաջողակ շահավառութիւն մի դարձած է. որով շատ ընտանիք գահավիժեցան այդ խոր ու անտակ գետին մէջ։ Եզովբոսին խորհրդաւոր առակը` նոցա վերայ կատարուեցաւ. արհեստաւոր, վաճառական իրենց բերնին հացը այսիքն փոքրիկ ու չափաւոր դրամագլուխ եւ ապահով վաստակը թողլով` հոն վազեցին. անըմբռնելի ըստուերին հետը խաղացին. իրենց շնչին ու ցամաքաջուր առուակներով` մեծամեծ գետերուն հետ մրցեցան. եւ ի՞նչ շահեցան ի վերջոյ, ոչինչ, առուակներ ու վտակներ դարձեալ առատ գետերուն մէջ թափուեցան. գետերն եւս աշխարհի գանձապետ Մեծին Անգղիոյ ծովացեալ գանձուց հետ խառնուեցան։ Իսկ մեր փոքրիկ վտակներուն վիճակը ակներեւ տեսանք թէ ի՞նչ եղաւ ու տակաւին կը տեսնամք թէ ի՞նչ կը լինի։ Կը ցաւիմ գրել, ոմանք թշուառացան իրենց ընտանիքներով ու ոմանք եւս կատաղի յուսահատութեամբ գնացին դէպի ծով. ասացին, որ զիրենք ծածկէ. որպէս զի մեռնին ու չզգան պատուոյ եւ ամօթոյ կսկիծն եւ չտեսնան իրենց թշուառ ընտանեաց անբախտ վիճակը։
       Իսկ առ տնին խաղամոլութիւնն, որ շատ ընտանեաց համար իբրեւ միակ զբօսանք դարձած է, զբաղելով միայն շնչին եւ աննշան գումարներով. սակայն ոմանց եւս իբրեւ բախտի խաղ, որ մեծամեծ գումարներով կը մրցին` անբաժանելի մոլութիւն դարձած է. երկուքն եւս իրենց խիստ վնասկար հետեւանքներ եւ վատթար կողմեր ունին. եւ դարձեալ թէ բարոյապէս եւ թէ նիւթապէս շատ աղետաբեր են ընտանեկան կեանքին։ Վասն զի ոմանք կը կորուսանեն, ուրիշներ կը գտնեն. նոքա, որ կը կորուսանեն, յայտնի է թէ ո՞ր աստիճան մեղապարտ են աշխարհի առաջ. նոյն իսկ ընտանեկան կենաց մէջ, մօր ու զաւակաց առաջ, սեղանին հաց, ինչ ու ստացուածք բառնալ եւ ինքնին ձեռօք կողոպուտ տալ ուրիշին. որ քան զայս աւելի ընտանեկան աւարառութիւն չի կայ։ Քաղաքակրթութեան մէջ այլ եւս ո՛վ կարող է մեղադրել ամայի լեռներու աւազակաց գործը, որ միայն դիպուած է ճամբորդին համար եւ շատ անգամ գոհ կը լինին եւ գտած միայն կ՚առնեն, առաց ամբողջ տունը եւ ընտանիքը կողոպտելու։
       Իսկ այն, որ լի ուրախութեամբ կը խայտայ իւր բախտին խաղով, միթէ նա եւ իւր ընտանիքը կը վայելե՞ն այդ անարդար եւ անխիրտն վաստակը, ոչ. նոքա ինչպէս կը գտնեն, նոյնպէս վաղ եւ դիւրաւ կը կորուսանեն դարձեալ, թէ խաղին մէջ եւ թէ այլ եւ այլ անհաշիւ զեղխութեանց մէջ, վասն զի շատ դժուարին է հաւատալ թէ աշխարհիս խաղամոլները տնտեսութիւն գիտեն. կամ թէ կարող են հաշուով եւ խնայութեամբ ապրիլ. այդ շատ անբնական է. զի ով որ դիւրութեամբ շահ, դիւրութեամբ կը մսխէ. եւ ով որ դառնաքիրտ աշխատութեամբ հաց եւ հարստութիւն ձեռք բերէ, նա միայն կը հոգայ տնտեսութեամբ ապրիլ, տնտեսութեամբ կառավարել իւր ընտանիքը։
       Յիշենք այժմ նաեւ բարոյական կողմի մեծ անպատւութիւնն, զոր կը կրէ խաղամոլն։ Չեմ գիտեր. նա ամօթ կը զգա՞յ, երբ նորա անունը վատահամբաւ կը հնչի, կը տարածի թէ այս ինչ պարոնը իւր խաղին մէջ այսքան գումար կորուսեր է. ի՞նչ կը լինի յայնժամ պարոնին վիճակը. պատիւ եւ վարկը կը կորուսանէ պարկեշտ ժողովուրդին առաջ, որով իւր առեւտրական գործերը եւ շահավաճառութիւն անյաջողութեան մէջ կը դադրի եւ երբեմն եւս իսպառ ի սնանկութիւն կ՚երթայ։
       Բարոյական ուրիշ մի մեծ վնաս եւս ասեմ քեզ, որ է ընտանեկան կեանքի մէջ այդ չար օրինակով` ընտանեաց կեանքը եղծանել. զի ո՛վ կը հաւատայ. երբ ծնողք եւ ընտանեաց մեծերը թղթախաղով մոլին` խեղճ զաւակները չի հետեւին նոցա եւ իրենց մատաղ հասակէն սկսեալ չը վարժին այդ անմեղ կարծեցեալ մոլութեանց մէջ։ Թողունք այս, մայրեր եւ կիներըն եւս այդ ախտով կ՚ախտանան եւ շատերն ախտացած են իսկ. թողլով առ տնին տնտեսութիւն, թողլով զաւակաց խնամք եւ կրթութիւն, թողլով ընթերցմունք եւ ուրիշ ծնողական պարտիքները։ Խաղամոլ մարդոց կեանքին մէջ, աւելի մեծ խանգարմունք մի եւս կայ, զոր նոքա թեթեւ եւ փոքր կը համարին, այսինքն թէ ժամանակի բարւոք տնտեսութիւնը նոցա համար չէ. նոքա ցերեկուան աշխատութեան զբաղմունք բաւական չեն համարիր. գողջոյն գիշերն եւս այդ հաճոյական խաղով կը զբաղին. նոքա չեն շնչէր ու չեն տեսնար ոչ առաւօտեան կենդանարար շունչ եւ ոչ արեւուն ծագումը, նոքա չարաչար գնահատութեամբ գիշերահանգիստ պահուն մէջ արթուն կենալով կը տանջուին, կորուսանելով մարմնոյ առողջութիւնը, հոգւոյ մտաւորական ուժը, որով կը ջլատի եւ կը թմրի ողջ մարդոյն գործունեայ ճարտարութիւնը։ Դու քաջ գիտէ եւ կը տեսնա, որ այդ քնահատ պարոնները` ցերեկուան մղջ իբրեւ քնաշրջիկ եւ ապուշ կը դեգերին։ Քաղցր քուն եւ դժուարագիւտ ոսկին կորուսանելէն յետոյ` ցերեկուան շահն եւ վաստակն եւս կը կորուսանեն. որոց միայն կ՚ակնկալեն խեղճ ընտանիքը, զի այդ օրական շահերէն կը կազմուի իրենց ներկայ եւ ապագայ կեանքին պարէնը։
       Համառօտենք, թէ եւ շատ են եւ զանազան մեր ընտանեկան կենաց ներքին եղծմունք եւ անկարգութիւնք որով մեր ընտանեկան վիճակը շարունակ փոփոխութեան ենթակայ է։ Մեր հարուստ եւ ազնուական գերդաստանները գրեթէ հարիւր տարուան շրջան չունին. այսօր ասուպի նման պահ մի կը փայլին, վաղը իրենց տոհմական փառքով կ՚անցնին ու կը ըստուերանան։ Մեք գիտենք երկիր եւ երկրի օրէնքը չ»երաշխաւորէր որ նոքա տոհմային ճոխութեամբ յազգէ յազգ յարատեւեն Անգղիոյ Լորտերուն չափ. բայց պէտք է խոստովանիլ. որ մեր ազգի ազնուական ընտանիքը չափազանց ձեռնարկութեամբ, անհաշիւ տնտեսութեամբ եւ փառասիրական զեղխութեամբ իջեր խոնարհեր են։ Չեմ յիշեր թէ ոմանք եւս անարդար ճանապարհով ու զրկանօք ճոխացեր են եւ դարձեալ նոյն անարդար միջոցներով տուժեր են մինչեւ ցյետին բնիոնն։
       Ուրեմն այս աշխարհիս վերայ ընտանիքները թէ հարուստ թէ աղքատ կ՚ապրին ու կը մնան։ Եթէ գործասէր մրջնոց նման աշխատասէր լինին. եթէ աշխատութեան արդիւնքը ժողվելով ի գանձատուն եւ շտեմարանը, ընտանեկան պէտքերն իմաստուն տնտեսութեամբ մատկաարարեն. չմոռնալով հաշիւ, չափ ու կշիռ, հոգալով նաեւ ապագայ ձմերան պաշարն. յորում թերեւս գործելն անհնարին լինի։ Եթէ արդար վաստակին հետը զրկանք չի խառնեն, հարստահարելով աղքատ ընտանիքները, որոց վրէժխնդիր դատաւորն Աստուած է եւ կը հատուցանէ։ Եթէ ընտանեկան դուռը ամուր փակեն, որ մուտ չի գտնայ հոն անառակ ու զեղխ կեանք։ Այս բացուած դուռը, որ այժմ Հայոց ընտանիքը կը կործանէ, կը փակուի միայն ուսմամբ, դաստիարակութեամբ եւ երկիւղած Աստուածապաշտութեամբ, առ որ պէտք է լինի բոլոր ընտանեաց խնամք, ջանք եւ մեծ հոգատարութիւն այլ եւ այլ զոհերով եւ անձնանուիրութեամբ հանդերձ։ Այդ իսկ է միայն ճար ու դարման եւ մեք աշխահ կը հաւատայ յայնժամ, որ Հայոց ընտանեաց վիճակը լաւագունին մէջ կը յարատեւէ, բարգաւաճեալները կանգուն կը մնան եւ անկեալ ընտանիքը կը բարձրանան։
       Կ»աւարտեմ այս ԴՐԱԽՏԻ ԸՆՏԱՆԵԱՑ դուզնաքեայ երկոյս վաստակը, դարձեալ նոյն բան կրկնելով ու գրելով թէ ընտանեկան տան հաստատուն հիմն` ողջամիտ կրթութիւն եւ ուղիղ դաստիարակութիւնն է. այս է աշխարհիս բարոյախօս իմաստասիրաց ցոյց տուած միակ ճանապարհ։ Իսկ քան զիմաստասիրաց ցոյց տուած միակ ճանապարհ։ Իկս քան զիմաստասերս գերեզանց` ցոյց կուտան մեզ եւս լաւագոյն ճանապարհ Սողոմոն եւ քան զՍողոմոն իմաստուն Յիսուս. մինն իբրեւ պատգամ կը վճռէ թէ` «Արդարութիւն զազգ բարձրացուցանէ, մեղք նուազեցուցանեն զազգ»։ Բայց ազգն ընտանեկան արդարութեամբ կը բարձրանայ եւ ընտանեկան մեղքով կը նուազի։ Իսկ միւսն այսինքն Յիսուս, հաւատացելոց համար ցոյց կուտայ Աւետարանի բան եւ ճշմարտութիւն, որ այն իսկ է եւ միայն համայն Քրիստոնեայ ընտանեաց կեանքն եւ յաւիտենական հիմն։ Երանի՜ որ այս հիման վերայ կը հաստատէ իւր ընտանեկան կեանք. զոր երբեք չկարեն խախտել, աշխարհիս գետեր եւ հեղեղներ։