Պապիկ եւ թոռնիկ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Fiction  Pedagogy  
Ա.
       Սիրելի Թոռնի՛կ, կը տեսնաս ահա. Պապիկդ ծերացել է, եօթանասուն տարին անցուցի, դու միակ ժառանգ մնացեր ես մեր հայրենի տան։ Ես միայն մի անդրանիկ զաւակ ունեցայ, Թորոս անուն, որ շատ աննման, կտրիճ, աշխատասէր մի զաւակ էր։ Մեր տան գործեր բոլոր նա կը դարձունէր։ Ժամանակին ամուսնացուցի զինքն, աւա՜ղ, երկու տարի միայն մնաց իւր սիրական նորահարսին մօտ. թողուց գնաց Ըստանպօլ, նորա գնալէն յետոյ դու ծնար. ես թուղթ դրեցի հօրդ թէ քեզ մի որդի ծնաւ, մկրտեցին, անուն Ռուբէն գրի. Թորոս, քո հայր չտեսաւ քո ծնունդ, քո խանձարուր եւ չը համբուրեց քո մանկութեան երեսներ։ Երբ երկու երեք տարեկան եղար լեզուդ բացուեցաւ. միայն մայրիկդ եւ պապիկ կը կանչէիր. հայրիկդ չը կար որ տեսնայիր ու ճանչնայիր. որչա՞փ դառն բան է այս, երբ մայրեր աստ կը ծնեն, հայրեր Ըստամպօլէն կ՚իմանան։
       Երբեմն կան այնպիսի հայրեր, որ կամ ճախորդութեան պատճառաւ եւ կամ անխղճմտանք լինելով, տասն եւ մինչեւ քսան տարով օտարութեան մէջ մնալով` իրենց զաւակաց երես տեսած չեն։ Եւ երբեմն Հայրերն ի Պօլիս օգնութեան կը կանչեն իրենց զաւակներն, երբ պանդխտութեան խոր տղմին մէջ խրուած կարող չեն խլրտել` դուրս ելնել։ Շատ անգամ կը պատահի, որ անտէրունջ դժբախտ կին` ճար հատած իւր հասուցած միակ զաւակ` աչքին լոյս ի Պօլիս կը ղրկէ, կասէ՛ գընա տես ի՞նչ եղաւ քո հայր, քանի տարիներ եղաւ ո՛չ թուղթ կզրկէ ո՛չ դրամ։
       Բայց քո Հայր Թորոս այնպէս չէր, նա միշտ ժամանակին թուղթ եւ դրամ կզրկէր, նա շատ կը պատուէր պապիկդ եւ շատ գօրովական սիրտ ունէր դէպի իւր ամուսին։ Հապա ըզքեզ որչա՞փ կը սիրէր առանց գգուանքի եւ տեսութեան, սիրուն ու գեղեցիկ լաթեր կզրկէր քեզ։ Մայրիկդ կը հագցունէր եւ կասէր թէ` Հայրիկդ ղրկած է. դու էլ կը հարցնէիր, Մայրի՛կ, հայրիկս ե՞րբ պիտի գայ Պօլսէն, դու խեղճ միամիտ մանկիկ էիր չգիտէիր թէ Թորոս Պօլսէն չպիտի գայ։ Մի ժամանակէն յետոյ Թորոսէն թուղթ եկաւ, որ կը գրէր թէ, «հիւանդացայ, գեղացիներս զիս տարին դրին հիւանդանոց»։ Դու չե՞ս յիշեր, թոռնիկ, երբ Պապիկ Մայրիկիդ հետ կուլար ու կողբար Թորոսին մահ. դու կը հարցնէիր, թէ ինչու՞ կուլաք Պապիկ եւ Մայրիկ. մեք չուզեցինք ասել քեզ թէ Թորոս հայրիկիդ համար կուլանք, որ մեռած է ի Պօլիս։
       Դու կը կարծես Թոռնիկ թէ` միայն այն ո՞ր լացի, ո՛չ. ես երբեմն առանձնացած կը շարունակեմ նոյն ողբն ու լաց, երբ կը յիշեմ Թորոսին մահն ու յիշատակն, դու չգիտես թէ այդ քաղցր անուն ի՞նչ անցեալ բաներ կը բերէ մտքիս մէջ. իմ մեծ պապս կը պատմէր թէ ուրիշ Թորոսներ ծնած են մեր տնէն, ամէնքն եւս ժուռ ու մուռ մեռած են եւ մէկն էլ Պարսից արշաւանքն մեր գիւղի վերայ գալով գերի վարած է։
       Խոստովանիմ քեզ, Թոռնի՛կ, այդ պանդխտութեան ճամբան, նախ ես բացի մեր խեղճ Թորոսին առաջ. նա կը տեսնար թէ ի՞նչպէս քանիցս անգամ Պօլիս երթալով գալով, Աստուած յաջողութիւն կուտար բաւական գումարներ վաստակելով կը դառնայի։ Բայց դու գիտե՞ս, թէ ի՞նչ մեծ նեղութեամբ դառն քրտինք թափելով մեր պանդուխտ եղայրներ դրամ կը վաստակեն։ Մի օր չեմ մոռնար, երբ ութ հոգի կտրիճ բեռնակիրներս մի ահագին պալեա ձողիներու զարկած կը տանէինք, Պօլսոյ նոր խանի դարու վեր, քրտինք ծնծնալով մեր ճակատէն ճողճող կը վազէր, մեր երեսէն կիջնար ու կը թրջէր մեր բացուած կուրծք. տեսանք որ Հայրիկ մեր դիմաց կուգայ, պալեան վար դրինք կեցանք։ Հայրիկ ողջոյն տուաւ մեզ, հարցուց մեր որպիսութիւն. Մէջերնին ես համարձակ էի, ասի. Հայրի՛կ, ահա մեր որպիսութիւն, բեռներու տակ ընկճուած կը հեծեմք եւ կը թափեմք մեր դառն քրտինք այս քարայատակներուն վերայ։ Ես նայեցայ որ Հայրիկն աչքեր լեցուեցան, ասի մտքիս մէջ, թէ մեր վիճակին ու մեր ճակատին քրտանց դէմն` Հայրիկն իւր աչքի արտասունքով կը պատասխանէ։ Այո՛, Հայրիկ մի կարճ պատասխան տուաւ, խեղճ զաւակներս, ասաց, այդ բեռն պիտի կրէք մինչեւ կարդալ գրել սորվէք, մինչեւ ճանչնաք ձեր գեղին ու հողին արժէքը, ուր եթէ թափէիք ձեր այդ չափ աշխատութեան քրտինք, երբէք պանդխտութեան երես չէիք տեսնար։ Այսչափ խօսեց Հայրիկ, աչքեր սրբեց ու անցաւ։ Ես որովհետեւ փոքր ի շատէ կարդալ գիտէի, իրիկուն իմ ընկերներուս լաւ կերպով հասկցուցի Հայրիկին խսած բանին միտք։
       Ճշմարիտ է, Թոռնիկ, ես փորձով հասկցայ, եթէ մեք ամենայն հոգւով ու սրտով աշխատենք մշակել մեր հողերն` կապրենք ու երբէք չենք տեսնար պանդխտութեան երես։ Ինչպէս վեր խօսեցայ, քանիցս անգամ Պօլիս գնացի դարձայ. առատ առատ ստակ բերի, բայց գիտես թէ` այդ Ստապօլէն շահած դրամին մէջ խէր պէրէքէթ չը կար, կը տեսնայի որ մէկ երկու տարուան մէջ կըսպասէր, աշնան աղբիւրներու պէս շուտով կը ցամքէր։ Ափսո՜ս, երիտասարդ ծաղիկ կեանքս պանդխտութեան խորշակով թոռմեցաւ, անագան խելքս գլուխս եկաւ։ Վերջին անգամ երբ դարձայ Պօլսէն. արդէն միտքս դրած էի, որ առաջին անգամ Արճակու վանից Ս. Աստուածածնայ տաճարին ուխտ երթամ, մոմ, խունկ, կանթեղին ձէթ պատրաստեցի ու գնացի, մտայ Տաճար, գլուխս բացի, սեղանին առաջ ծունկի վերայ եկայ, աղօթք արի սիրտս փլաւ ու շատ լացի. կանչեցի Տիրամայր Աստուածածին, գործիս յաջողութիւն խնդրեցի, Քրիստոսի խաչի սեղանին առաջ ուխտեցի, որ այլ եւս չը հեռանամ գեղէն, չթողում տուն ու տեղս, արտերս ու դաշտերս։
       Ուրախ սրտով ելայ տաճարէն, մի քաջալերութիւն եկաւ վրաս. ես այն վայրկենէն հաւատացի որ Տիրամայրը իմ մուրատ պիտի տայ, եւ Քրիստոս մի բան պիտի յաջողէ։ Իսկոյն Պօլսէն բերածս դրամով երկու գոմէշ եւ վեց հատ եզ գնեցի, գութան ամբողջ գործիքներով սարքեցի, հանի չուխայ լաթեր, հագայ շալէ շալվար, վերցուցի գլխէս մեծ պուխով ալ ֆէս, դրի շինականի թախսէ քօլօզ, հանի ոտքիս ճըռվռուն կօնգօսան, հագայ չարուխ եւ կքեցի թելեր` մատանի մի եւս ունէի, էն էլ հանի մատնէս, լաթերուն հետ դրի սնդուկն. ասի պահեմ Թոռնիկիս փեսայութեանն։ Այս ամէն անելէն յետոյ երկու երեք մշակ եւս վարձեցի առի խարազան, ձգեցի Եւրոպական պաստօն, գնացի դաշտ սկսեցի գութան եւ վարուեցան, էն օրէն մինչեւ էսօր էլ ես պանդխտութեան երես չը տեսայ։
       Այսպէս, Թոռնիկ հոգւով մարմնով հողագործութեան տուի զիս վարեցի` ցանեցի, եւ Աստուած շատ հաց տուաւ, երբէք հացի կարօտ չի մնացի։ Մեր տուն մի հին նահապետական տուն է. դուռն միշտ հիւրերն անպակաս եւ ես այժմ մեր տան ծերունի նահապետն եմ, թէ մեռնիմ դու պիտի յաջորդես իմ տեղս։
       Այժմ դու սիրելի Թոռնիկ, միակ ժառանգն ես մեր տան եւ օճախին, դեռ չի մեռած, քեզ շատ բարի եւ օգտակար դասեր եւ խրատներ պիտի տամ։ Գիտե՞ս ես բաւական կարդալ գրել սորված եմ, հասակաւոր ժամանակս` ի Վարագայ վանքն, ուր երկար ժամանակ մաճկալութիւն արած եմ։ Վերջի ժամանակ երբ այն տեղ երկրագործութեան դասեր կը խօսուէր, ես շատ ուշադրութեամբ մտիկ կ»նաէի ձմեռան պարապ ժամանակ ես միշտ սորվելու կաշխատէի։
       Իսկ ամրան քանի ժամանակ աւելի կը սորվէի գործնական փորձառութեան մէջ. վասն զի Հայրիկ ոչ միայն վանահայր էր Վարագայ վանքին, եւ առանձին դպրոցի պարտէզ կը մշակէր. այլ աւելի դաշտի մշակ էր, զի գիտէր վանական բազմաթիւ ընտանիք եւ դպրոցի աշակերտներ հա՜ց կուզեն հա՜ց։ Սորա համար ինքն շատ կը սիրէր հողագործական աշխատութիւն, միշտ մտածմունքն այն էր, որ հին մշակութեան տաժանեի աշխատութիւններ դիւրացնէ, թէ մարդոց հանգիստ լինի թէ խեղճ անասնոց, եւ թէ հողն աւելի խնամով մշակելով արդիւնաբեր լինի։ Ուստի մտածելով երբեմն հնարամիտ կերպեր եւ միջոցներ ի գործ կը դնէր. իւր միակ նպատակն էր երկրագործութեան արուեստն գոնէ փոքր ի շատէ յառաջ տանել ու բարւոքել, որպէս զի հողագործութեան շահաբերութեամբ կառավարուի վանքն ու վարժարան։ Վասն զի Վարագայ վանքն բաց իւր հողային կալուածներէն ուրիշ մշտական վարձք բերող կալուածներ չունի։
       Այստեղ պէտք է խոստովանիմ, Թոռնիկ, որ ես Վարագայ վանուց մշակութեան մաճկալ լինելով, Հայրիկի փորձառական կերպերէն շատ բան սորվեցայ, եւ այժմ այդ սորված բաներս իբրեւ վարժապետ պէտք է գլուխ գլուխ դաս տալով աւանդեմ քեզ, ուշադրութեամբ մտիկ արա դասերս, վասն զի մեզ համար շատ կարեւոր է. որովհետեւ մեք գիւղացի եմք, մեր ապրուստ եւ կեանք միայն հողագործութեան վաստակն է։ Եւ ի՞նչ աւելի արդար, ազատ եւ անխարդախ վաստակ կայ աշխարհիս վերայ քան հողագործութիւն։
       Խելացի եւ ուշիմ Թոռնիկ, այժմ պիտի սկսէ Պապիկ իւր դասերն. ոչ վարժատուն պէտք է, ոչ գրասեղան, ոչ թուղթ, ոչ գրիչ ոչ մելան, դու տես թէ ո՞ւր պիտի խօսեմ դասերս։ Տան մէջ, ախոռին մէջ դաշտին մէջ, լեռներու վերայ, աղբիւրներու գլուխ, գութանին ժամանակ թէ մաճ կը բռնեմ թէ դասերս կը խօսիմ, դու լծան վրայէն ականջ անելով դասերուս լսէ, եւ ձէնովդ լծկաններ խրախուսէ։ Բացուած ակօսներուն պէս, ես էլ քո միտք պիտի հերկեմ ու բանամ։ Սերմանացանի ժամանակ վա՜շ. ի՞նչ սիրուն է. մի կողմէն ցորենի հատիկներ եւ միւս կողմէն դասերս մտքիդ մէջ պիտի ցանեմ։ Հունձքի ժամանակ երբ սարակներ դէպի հովի տակ նստած մանգաղներ կը սրեն, եւ էլ կը նստեմ քո դաս կը խօսեմ եւ կը սրեմ քո գուլ միտք։ Կալատեղն էլ ի՞նչ յարմար դասարան է. երբ դու կամնասայլին վերայ կը կենաս, ես քառէշտ ձեռքս կը շրջեմ կալին բոլոր, մի կողմէն օրան կը դարձնեմ եւ օրանիս հետ դասերս կը խառնեմ եւ կասելով ցորեն յարդէն կը ջոկեմ, դու լից ու պահէ զայն միտքդ շտեմարանին մէջ։
       Ես այժմ պիտի սկսեմ հողագործութեան բնական եւ դիւրին դասերը տալ քեզ, որչափ լսած եմ եւ որչափ փորձառութեամբ սորված եմ։ Խելացի Թոռնիկ, բոլոր ուշքդ ինձի դարձուր. լաւ ըմբռնէ դասերս եւ ամփոփէ մտքիդ մէջ։ Ժամանակ հասած է, եթէ Պապիկդ մեռնի, գոնէ իմ դասերս եւ խրատներս քեզ ժառանգութիւն կը մնան. եւ գիտե՞ս դու թէ ամէն բանէն աւելի թանկագին է այս ժառանգութիւն։ Ո՛վ գիտէ դու եւս օր մի ծերանաս, ինծի նման Պապիկ դառնաս ինչ որ այսօր ինձմէ կ»ուսանիս, զայն քո թոռնիկին կաւանդես։ Բայց նայէ որ Պապկի սակաւամասն այս դասերը բաւական չը համարես, այլ պէտք է ճարտար եւ հնարամիտ լինիս, ինքնաշխատութեամբ նորանոր բաներ սորվես, ժամանակ միշտ յառաջ կը վարէ զմարդիկ, դու էլ պէտք է յառաջ երթաս, պէտք է գիտնաս որ ետ մնացող, հացի կարօտ կը լինի։ Երկիրն է որ մեզ հաց եւ ուրիշ բարիքներ կուտայ, ո՛վ որ գործէ զերկիրն այսինքն վարուցան անելով աշխատի, իւր տուն հացով ու բարութեամբ կը լեցուի, իսկ այն որ գութանի մաճն ձեռքէն կը թողու ծուլութեան ու դատարկութեան մէջ կը շրջի, նորա տուն չքաւորութեամբ կը դատարկանայ, տաշտէն հաց կը պակսի եւ ամանէն իւղ, աղքատոթիւն արագոտն սուրհանդակի պէս իւր վերայ կը հասնի, ինչպէս կը խօսի առակն։ Եւ այս ամէն ընդարձակ կերպով պիտի խօսիմ քեզ։ Լո՛ւր ուրեմն, Պոռնիկ, Պապկի դասերուն եւ բարի խրատներուն, որ պիտի սորիս թէ ի՞նչ է երկիր եւ իւր բնակիչներ, քաղաքացին ու գիւղացին. քաղաքացին իւր արուեստն ունի, գիւղացին իւր հողագործութիւն։ Թէ ի՞նչպէս այս երկու դաս ժողովուրդն իրենց աշխատութեան արդիւնքն իրարու հետ կը փոխանակեն։ Ի՞նչ է մեր արդի հողագործութեան վիճակ, որ դեռ հնութեան մէջ մնացած է։ Ի՞նչպէս կարելի է հետզհետէ հնութեան կերպեր փոխել եւ նորագոյն կերպերով մշակել երկիր, որով մեր աշխատութիւն կը դիւրանայ երկիր աւելի կ»արդիւնաւորէ` մեր շահն ու վաստակ կրկնապատիկ կը լինի։ Երկրին արդիւնաբերութեան շահ ո՛չ միայն մեզ օգուտ է, այլ եւ տէրութեան եւ բոլոր ժողովուրդին. վասն զի աշխարհիս վերայ հացի խնդիր մեծ է, զի մարդիկ հացով կապրին։
       Ա. ԵՐԿԻՐՍիրելի Թոռնիկ, պէտք է Ադամայ մեր պապէն սկսիմ, Տէր Աստուած երբ մեր յանցաւոր Նախահայր Ադամը դրախտէն դուրս հանեց, մի պատուէր տուաւ անոր, որ երկիր գործէ եւ պահէ, եւ թէ իւր երեսի քրտինքով իւր հաց ճարէ եւ ապրի։
       Լաւ ի միտ առ, Թոռնիկ, որ այս մեր բնակած երկիրը կամ հողագունդը Տէր Աստուած մարդուն ժառանգութիւն եւ կամ իբրեւ դրամագլուխ տուած է. եւ գիտե՞ս թէ որչափ ընդարձակ, որչափ անսպառ եւ անհատնում է այս ամենառատ, ամենափոխ երկրի բնական հարստութիւն։ Մտիկ արա, որ թուեմ քեզ. անծայր, անսահման ծովեր` անչափ լայնատարած ցամաք երկիրներ, որոց վերայ կը բնակին միլիոնաւոր մարդիկ եւ զանազան ազգեր, դաշտեր, լեռներ, հովիտներ, ձորեր, աղբիւրներ, գետեր, բիւրազգի բույսեր, ծառեր եւ ծաղիկներ, ծովու ձկներ, ցամաքի վայր եւ ընտանի անասուններ, եւ թչռնոց երամներ եւ այլ շատ բաներ Տէր Աստուած մարդոյն համար ստեղծեր է. եւ մարդոց տուած է, որ մարդիկ ապրին երկրի վերայ, մարդիկ վայելեն այդ բարիքներ եւ օրհնեն ստեղծողին եւ տուողին անունը։ Ուստի մարդիկ պէտք է գործեն զերկիր, զի երկիրն է իրենց կեանք պահող։
       Բայց դու կը տեսնա՞ս Թոռնիկ, թէ մարդիկ ի՞նչպէս կաշխատեն երկրի վերայ, գիւղացին իւր հողագործութեան մէջ վարած արտին ակօսներ իւր քրտինքով կը թջէ, քաղաքացին իւր արհեստով դարձեալ նոյն քրտինքը կը թափէ։ Դու տեսե՞ր ես դարբնին թափած քրտինքը, որ բորբոքուած հնոցին դիմաց կեցած կիսամերկ, ահագին եռանդով երկաթ կը ծեծէ, եւ մեր գութանին համար խոփ կը պատրաստէ։ Վաճառական` ծովու եւ ցամաքի վերայ ճամբորդելով, աշխարհէ աշխարհ կերթայ, կը տառապի եւ նոյն քրտինք կը թափէ։ Նոյն իսկ աշխարհիս վարիչներ քրինք թափելով կը վարեն զաշխարհ. Թագաւորէն սկսեալ մինչեւ յետին պաշտօնեայն նոյն քրտինքն ունին, զի վարիչ եւ կառավարող միտքն եւս իւր քրտինքն ունի, ամենայն հոգեմաշութեամբ նորա քունը վրդոված է, մինչ հնձող մշակը ցորենի խուրձ գլխուն դրած անուշ կը քնանայ բացօթեայ դաշտին մէջ եւ իւր անկողինը իւր մշակած կակուղ հողն է։ Թէպէտ քրտանց եւ աշխատութեանց մէջ մեծ զանազանութիւններ կան, հողագործ մշակ արեւուն տակ դաշտին վերայ իւր քրտինք կը թափէ, ո՜վ քանի՞ դառն, քանի՞ դժուարին աշխատութիւն է այն գործաւորաց համար, որ հինգ հարիւր կանգուն երկրի խորութեան մէջ, անլոյս անարեւ տաժանելի աշխատութեամբ քարածուխ կը հանեն, որպէս զի շոգենաւեր, շոգեկառքեր եւ բովանդակ մեքենական գործարանները բանին անդադար։
       Մեր դաշտերու ազատ մշակներ հազար անգամ երջանիկ են անոնցմէն, որ մարդերու վերայ կը շրջին, հովտաց ծաղիկներու վերայ կը ճեմեն, եւ պաղ աղբիւրի գլուխ նստած` իւրեանց հաց կուտեն. փառք տուր Աստուծոյ Թոռնիկ, որ նոյն բախտն ունես եւ քո աշխատութիւն շատ քաղցր եւ անուշ է։
       Այսպէս, աշխարհիս վերայ ամէն կարգի եւ աստիճանի մարդիկ թէ առաւել թէ նուազ քրտինք թափելու դատապարտուած են, որով Աստուածային սահմանած վճիռը անվրէպ կը տարածուի բոլոր մարդկութեան վերայ, այն է «քրտամբք երեսաց քոց կերիցես զհաց քո»։ Այսպէս մարդիկ արեւուն տակ, երկրի խորութեան տակ, ցամաքի վերայ, ծովերուն վերայ տաժանելի աշխատութեամբ իւրաքանչիւր մարդ թէ` իւր եւ թէ ի՛ւր ընտանեաց օրապահիկ հաց պիտի հայթայթէ։ Սորա համար կը խօսի իմասհուն Սողոմոն «Ամենայն ջանք մարդոյ ի բերան»։ Արդար է այն մարդ, որ միայն իւր քրտանց հացով կապրի. անիրաւ է այն մարդ, որ առանց աշխատութեան ուրիշի քրտանց հաց կուտէ լի զրկանքներով, եւ ո՞վ կարող է չափել այն բազմադիմի զրկանքներ, որ կը լինին արեւուն տակ աշխարհիս վերայ եւ զրկեալներուն դասը ամենամեծ մասն կը կազմէ։
       Եւ գիտես դու Թոռնի՛կ, այն որ գիր չգիտէ, կարդալ չը գիտէ, ուսումն չունի անկիրթ է, ռամիկ է. մէկ խօսքով աղէտ է. նորա կեանք միշտ թշուառ է աշխարհիս վերայ եւ տգէտ մարդոյն ճակատագիրն է միշտ զրկանք կրել, եւ նոյն իսկ տգիտութեան ամենամեծ զրկանք է տգէտ մարդոյն համար։ Թէպէտ երբեմն եւս ուսեալ եւ կրթեալ մարդ, հարուստ եւ զօրաւոր տգէտին ձեռքէն զրկանքներ կը կրէ։ Եւ դու մի զարմանար, զի մարդոյն ընկերական կեանքին մէջ շատ հակառակ եւ հակասական բաներ կան, զոր տեսնելով կը տարակուսիմք եւ մերթ եւս նախախնամութեան դէմ տրտունջ կը բառնամք, թէ ինչո՞ւ բարիները կը հալածուին, չարեր կը յաջողին։
       Դաւիթն եւս կը տեսնար այս բան եւ Աստուծոյ առաջ կը հանէր։ «Ահա մեղաւորք են եւ յաջողեալ է նոցա, կան ունին զմեծութիւն աշխարհի»։ Թողունք Թոռնիկ այս խնդիրը, բանի կարգէն դուրս ենք, սկսենք մեր կարեւոր դասերը։