Պապիկ եւ թոռնիկ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Fiction  Pedagogy  
Զ. ՎԱՐՈՒՑԱՆ ԵՒ ՄՇԱԿԱԿԱՆ ԱՅԼ ԱՇԽԱՏՈՒԹԻՒՆՔ
      
       Մշակական աշխատութեան գործիքներու վերայ բաւական խօսելէն յետոյ, այժմ պիտի սկսիմ Թոռնիկ, վարուցանի եւ այլ զանազան աշխատութեանց վերայ խոսել։ Մեր Վանայ գիւղական ժողովուրդ երկու կերպով գետին կը վարէ. եթէ գետին կորդ է, գութանով կը վարէ. իսկ եթէ գետին անցեալ տարի վարուած լինելով փխրած է հողը, էն ժամանակ հարօրով կը վարէ մի զոյգ գոմէշ կամ եզն լծելով։ Սովորաբար հարօր գարնան միջոցներ կը գործածուի գարի կամ այլ հնդեղէն բաներ ցանելու համար։ Երբեմն Ապրիլ ամբոյ վերջեր եւ երբ գարուն շուտ գայ, եւ երբեմն Մայիս ամսուան մէջէն կսկին գութան, եւ առաջին նուագին կաթնավար կասեն, երբ հողը կակուղ եւ դիւրավար է. եւ յետոյ հետզհետէ կը պնդանայ` մեծ մեծ կոշկոռներ կը լինին վարած ժամանակ։ Սորա համար կաճապարեն մեր գիւղացիք որ գութեան շուտ լծեն. որ կաթնավարի ժամանակ չանցնի։ Բայց Վանայ ծովու եզերք Արձկու եւ Արճիշոյ գաւառները, որոց գետին վարելու եղանակ տարբեր է եւաւելի արդիւնաւոր. եւ այդ կերպ մշակութեան` դիր կասեն, նոքա երկու անգամ կը հերկեն գետինը, առաջին անգամ սկիզբն գարնան խորունկ կերպով հարօրավար կանեն եւ կը տափեն կը մնայ այնպէս մինչեւ աշնան սկիզբն, եւ ապա կսկսին կրկին վարել դարձեալ մի տեսակ հարօրով, որուն խոփի ետեւ կցուած կան երկու տախտակներ կանգուն ու կէս երկարութեամբ եւ թզաչափ լայնութեամբ, իսկ վարի մասն մի մատի չափ բաց է տախտակներու երկարութեամբ, այնպէս որ սերմնահան այդ հարօրին ետեւէն երթալով սերմեր փոքրիկ բուռով կը ձգէ տախտակներու մէջ եւ անտի ակօսին մէջ կիյնան կարգաւ սերմի հատիկներ, ակօսի երկու կողմի հողեր թափելով կը ծածկեն սերմեր։ Դու տեսնաս բուսած ժամանակ որչա՞փ սիրուն ձեւ կունենան ուղիղ գծով ակօսէն կը բարձրանան. եւ յաջող տարին մինչեւ մէկին քսան եւ քսան հինգ կուտան։ Այդ կողմի երկրագործներ սերմէն եւս վաստակ ունեն. զի մեր ցանած մի չափի տեղ նոքա կէս չափ կը ցանեն, եւ ցանուած սերմի հատիկներ ամբողջապէս կը բուսնին այն ինչ մեր կերպով ցանուածներ մի երրորդ մասն կը կորսուին, զոր պիտի պատմեմ իւր տեղը։ Այս երկու գաւառներու մշակութեան արդիւնքը այնքան բեղմնաւոր կը լինին որ ցորենով կը լնու Վասպուրական եկիրը. ինչ տարի որ անյաջող լինին այս գաւառներու հունձքեր, այդ նշան է որ այն տարին հացի թանգութիւն կը սկսի։ Արճիշոյ եւ Արձկու գաւառներու մշակութեան մասին միայն այս չափը գրելով կը դառնամ շարունակել Թոռնիկ մեր մշակութեան կարգը։
       Կաթնավարի հերկագործութիւն շատ չի տեւեր քանի շաբաթէն յետոյ վարելիք արտեր կսկսեն պնդանալ եւ այն ժամանակ տես դու որչա՞փ դժուարութեամբ գութանը կը ճեղքէ ակօսներ, եւ որչա՞փ մեծամեծ կռէթի կոշտերը պալ պալ կը շարունակեն ակօսներու վերայ։ Մեր գիւղացիք տակաւին չեն գիտեր սորա դիւրին միջոցը. բայց Խարբերդցին քաջ գիտէ, վասն զի պնդացած եւ կարծրացած արտերը նախ կը ջրէ եւ ապա կը վարէ, որ բնաւ այլ եւս կոշկոռներ չի լիներ, որովհետեւ գութանի ժամանակ դեռ ջուրեր առատ կը լինին։
       Որչա՞փ լաւ կը լինէր Թոռնիկ եթէ մեք եւս հետեւելով այս օրինակին կարգ դնելով հետզհետէ ջրէինք պնդացած արտերը եւ այպէս վարէինք, եւ գիտե՞ս դու երկու կերպով շահաւոր կը լինի այս միջոցը։ Ո՛չ միայն արտ դիւրին կը վարի եւ կըռէթ չի տար, հապա ջուրն եւս զօրութիւն կուտայ հողին եւ կ»աւելցնէ նորա բուսական ոյժը։ Թող այս` արտ ցանուած ժամանակ երբ հերկ մեծ մեծ կոռկոռներ ունի, ցանուած սերմին մի մասն այդ խոշոր կռէթներուն տակն իյնալով կը կորսուին, մի մասն եւս հերկ ջրուած ատեն ջրատար կը լինին, եթէ հաշուենք նաեւ թէ ջրկալին ոտք որչա՞փ հատիկներ դէպ ի վար կը տանի, հապա երբ սերման ընտրութիւն չի լիներ, վտիտ եւ անշահ հատիկներ եւս անբոյս կը մնան։ Այս հաշուելով մի չափ սերմի ցորենէն` հազիւ կէսը կը բուսնին եւ կէսն ՚ի կորուստ կերթայ։
       Պէտք է հաշուենք նաեւ ջրկալներուն օրավարձք որ շատ աւելի կը լինի այդպիսի արտերուն համար մանաւանդ երբ ցանուած հերկերը առանց կորի քաշելու կը ջրեն, ինչպէս Վանայ շրջապատ քաղաքացւոց եւ ուրիշ գեղերու արտեր։ Այս մասին ես շատ ուրախ եմ Թոռնիկ որ մեր Արձակու գիւղացիք կորի քաշելու շատ վարժ են, եւ մեր արտերն եւս դուրան լինելով չորս ջրկալի տեղ` մի ջրկալ բաւական կը լինի, եւ մինչեւ մի ջրաղացի ջուր թող կուտայ մի արտի մէջ եւ կարող կը լինի կառավարել։
       Հերկելու կռէթներն մի ուրիշ սոսկալի դժուարութիւն էլ կուտան, երբ ցանուելէն յետոյ կը մանկեռէ մշակը. դու տեսեր ես մանկեռ, որ չորս կանգուն երկայնութեամբ մի հաստ թեզի կարծր եւ ծանր փայտ է, որոյ վերայ շարուած են տասն կամ աւելի փայտէ մատներ, որոյ վերայ կը կենայ մշակ չուանի մի ծայր կը բռնէ, որոյ միւս ծայր կապուած է լուծին։ Ահա ցանուած արտ մի կը մանկեռեն երթանք աչքովդ տես Թոռնիկ. որ հաւատաս թէ մշակական աշխատութեան մէջ ամենէն սոսկալի դժուարութիւն մանկեռն է, տես ինչպէս մեծ մեծ բալերուն սաստիկ զարնուելով եւ շփուելով մանկեռ մերթ ընդ մերթ կ»ոստնու յառաջ կը նետուի, մերթ եւս հուժկու կռէթներ դիմահարելով մանկեռը կը կեցունեն. բայց անխիղճ մշակին խարազան դարձեալ կը վարէ յառաջ, վերջապէս անխօսուն գոմշուկներ անհնարին չարչարանքով կ»աւարտեն մանկեռի գործողութիւն։
       Հարցուր Թոռնիկ, թէ այս անտանելի աշխատութեան մասն ինչ կերպով կը դիւրանայ։ Վերը խօսեցայ որ մի միջոցն այն է, որ կաթնավարէն յետոյ մնացած արտերը ջրեն եւ ապա վարեն. կան տակաւին ուրիշ հնարքներ, զոր ճարտար եւրոպացին հնարած է յատուկ արտերու կոշկոռներ փշրելու համար, բայց ի՞նչ օգուտ զի մեր գիւղացի աղքատ ժողովուրդ միջոց չունի այդ գործիքներ ձեռք բերելու։ Լաւ է որ մեր բնական խելքով հնարնր մտածենք։
       Ես կասեմ Թոռնիկ, ինչ հարկ կայ որ մեր գութան երկար ժամանակ տեւէ որով վերջին վարելիք արտեր պնդանան. քանի որ նոր գութանի գործածութիւն երկու զոյգ լծով կը լինի. շատ դիւրին է ուրեմն երկու գութան կը լծենք եւ քսան աւուր միջոց քառասուն ասուր գործ կը տեսնամք. եւ այսպէս կաթնավարի ժամանակ մեր գարնան հերկերու գործը կը լրացնեմք։
       Բայց այն հերկեր զոր կը վարեմք այս տարի եթէ թողումք որ ձմեռ անցնի վերայ. դու կը տեսնաս ի գարնան որ ձիւն եւ սառնամանիք այդ կոշկոռներ փշրելով ալուր են դարձուցեր, եւ աշնան սկիզբը երբ միանգամ եւս հարօրավար անելով ցանուեն շատ աւելի արդիւնաբեր կը լինեն։
       Ես լսեր եմ, պատմեմ քեզ Թոռնիկ. կասեն ՎԵՐԳԻԼԻՈՍ իւր մշակական բանաստեղծութեամբ խրատ կուտար Հռովմայեցւոց, որոյ տողե միտքս պահած եմ։
       «Այլ ըզկամըս մշակին
       Ագահութեան հերկ այն լցցէ
       Որ կրկին համբեր տօթոյ
       Եւ կրկնակի սառնամանեաց»
       Բացատրեմ քեզ. այն հերկուած արտը մշակի ցանկութիւն կը լեցնէ, որ կրկին ամարան ջերմութեան եւ ձմերան սառնամանեաց դէմ կը կենայ։ Վասն զի երկու ամարան ջերմութիւն զհողն աւելի կեփէ եւ կրկին ձմեռն եւս հողակոշտեր կը լուծէ եւ կը փխրէ։
       Չասե՞ս Թոռնիկ, դպրոցէն ես կուգամ, Վերգիլիոսէն դու կը խօսէս։ Է՜ Թոռնիկ, մի քանի տարի դպրոց մնալով կը կարծես որ Պապկի չափ բան գիտես, ես յիսուն տարի է որ լսելով տեսնելով եւ փորձառութեամբ կը սորվիմ։ Ես քեզ պէս դպրոց չեմ մտեր, բայց աշխարհի բաներ, աշխարհի մարդիկներ ինձ համար դպրոց են եւ ես դեռ կը սորվիմ այս ծերութեան ժամանակ, այն ինչ դու նոր դպրոցէն ելար կը կարծես թէ ամէն բան գիտես. դեռ քեզ շատ հաց պէտք է որ ուտես եւ Պապկի չափ բան գիտենաս։ Պապիկդ բաւական յիշողութիւն ունի, ով գիտէ քանի տարի յառաջ երբ Հայրիկ Վերգիլիոսի այդ տողերը կը բացատրէր աշակերտներուն ես մտիկ անելով միտքս պահած եմ։
       Երանի՜թէ հին Հռովմայեցւոց պէս կարենայինք մեր արտեր մշակել։ Վերգիլիոսի խրատէն այս կուսանիմք, թէ պէտք է հողն աւելի դարձնել, զի որչափ հողը տակն ի վերայ շրջուի. այնչափ աւելի պտղաբեր կը լինի, վասն զի էն ժամանակ հողն հաւասարապէս կեփի արեւուն առաջ, տակի հողեր խում չեն մնար, մանաւանդ ցուրտ կլիմաներու տակ այս դրութիւն շատ կարեւոր է։ Վանայ գիւղացիք այս մասին շան անգէտ են եւ անփորձ, մինչդեռ Խարբերդու, Կարնոյ եւ Բասենու գիւղական ժողովուրդ աւելի բանգէտ եւ փորձառու է. երբէք աշխատութիւն չի խնայեր իւր միանգամ վարած արտը երկու անգամ երեք անգամ եւ մինչեւ չորս անգամ հարօրավար անելով հողը շուռ տալ։ Կարծես թէ ինչպէս կերակուր կրակի վերայ խառնելով հաւասար կեփի, այսպէս խելացի գիւղացին փորձառութեամբ հասկցած է թէ քանի անգամ որ հողը արեւուն առաջ դառնայ եւ շրջի, այնչափ աւելի բուսական զօրութիւն կառաւելու եւ այդ աճողական զօրութիւն ցանուած սերմին կուտայ. որով կրկնապատիկ եռապատիկ արդիւնաբեր կը լինի արտն։
       Բայց դու հարցուր, Թոռնիկ, թէ ինչո՞ւ համար Վանայ գիւղացիք միանգամ միայն կը վարեն արտ եւ չեն հետեւեր միւս գաւառացւոց փորձառու օրինակին։ Դորա պատճառներ շատ յայտնի է Թոռնիկ եւ ես կուզեմ մանրամասն պատմել քեզ վասն զի այս դասը` իմ դասերուս ամենակերեւոր մասն է։
       Կը տեսնաս Թոռնիկ. որ մեր Վասպուրական երկիր յոյժ ընդարձակ է, շատ արօտական դաշտեր, լեռներ, հովիտներ, ձորեր եւ մշակելի հողեր ունի. ջուրն էլ նմանապէս շատ առատ է. սորա համար մեր գիւղական ժողովուրդ շատ հարուստ է հողով` եւ իւրաքանչիւր տուն մեծ հողաբաժիններ ունի, որ հին գիւղական օրէնքով եւ արքունի գրոց համեմատութեամբ բաժին եղած է իւրաքանչիւր ընտանեաց վերայ։
       Բայց դու` եկ տես Թոռնիկ, որ շինական ժողովուրդ այնչափ ագահ է հողին, որ չեմ կրնար պատմել, ինչպէս աշխարհիս հարուստ գանձատէրեր եթէ լեռան չափ ոսկիներ դիզեն` դարձեալ բաւ չեն ասեր, այսպէս հողագործ ժողովուրդ որչափ ընդարձակ հողեր ունենայ իւր ձեռք, հերիք չասեր միշտ անկուշտ է եւ հետամուտ է հող ունենալ։ Եթէ մի տուն քսան կամ երեսուն արտ ունենայ` դու տես գիւղացւոյն հաշիւը, կասէ ինքնին ամեն տարի տասն արտ կը ցանեմ, մնացեալներ կորդ կը թողում. որ աւելի արդիւնք տան։ Ահա քեզ առաջին պատճառ իւր ագահութեան, եւ ցաւալի է, որ մեր գիւղացիք արտ զօրացնելու համար, միայն մի միջոց գիտեն, այն է կորդ թողուլ։ Բութ է միտքը, նա չէ կարող մտածել թէ հող պարարտացնելու համար կան շատ ուրիշ զանազան միջոցներ. թողունք արուեստին սորվեցուցածը, նա իւր դրան առաջ եւ գիւղին մէջ դէադէզ եղած աղբերուն պիտանութիւն էլ չի գիտեր։ Թող այս, մեր մշակ ժողովուրդ հողի ագահութեան հետ ունի նաեւ սաստիկ տենչ, այն է շատ վարեմ շատ ցանեմ եւ շատ արդիւնք ստանամ, խեղճ տնտեսագէտ չէ, թուաբան չէ որ գիտնայ հաշուել, թէ շատ վարուցանի հետեւանքն այն է, որ աշխատութիւն բազմապատկելէն յետոյ` բազում ծախքեր եւս կը յաւելու։ Թուեմ քեզ, Թոռնիկ, վարելու աշխատութիւն, ցանելու աշխատութիւն, մանկեռի դժնդակ աշխատութիւն, աշնան եւ ամրան ջրելու աշխատութիւն, հնձելու աշխատութիւն, արտէն ի կալատեղ կրելու աշխատութիւն. բարդէ այս բոլոր աշխատութեանց վերայ մշակներուն օրավարձք։ Զարմանալին այն է որ հողագործն տանոտէր իւր տան ընտանեաց եւ զաւակաց աշխատութիւն երբէք հաշուի չի դներ։
       Եթէ գիւղացին այսպէս կը մտածէ եւ կը գործէ զարմանք չէ, Թոռնիկ. հապա մեր Հայոց վանքերու վանական եղբայրներ որ գրել կարդալ գիտեն եւ ընդարձակ հողեր ունեն մշակելու, ոչինչ առաւելութիւն ունեն գիւղացի ժողովուրդէն. նոյն խելքով եւ նոյն կերպով է իրենց երկրագործութեան եղանակ։ Որոց պարտիքն էր գոնէ փոքր ի շատէ յառաջ տանէին մշակութեան գործեր, որով կարող կ լինէին թեմական գիւղերուն օրինակ տալ։ Թէպէտ խոստովանել պէտք է, մինչեւ ցարդ չեղաւ վանօրէից համար մի վանական հաստատուն խորհուրդ որ կարենար կարդ դնել եւ ուղղութիւն տալ։
       Թողունք այս բաներ իւր տեղը. լաւ հասկցա՞ր Թոռնիկ, մեր գիւղացւոց սկզբունք. որ միշտ իւր վարուցան տարածել կուզէ, շատ վնասակար է, եւ չգիտէ եւ չուզեր ամփոփել, որ հետեւապէս ձեռնհաս լինի իւր հողերը լաւ մշակելու. փոխանակ տաժանելի աշխատութեամբ տասն արտ մշակելու` լաւագոյն եւ օգտակար չէ՞ հինգ արտ միայն մշակել եւ բարւոք մշակել, այնպէս որ հինգ արտի արդիւնք հաւասարի տասն արտին, որով թէ աշխատութիւն եւ թէ ծախս մեծապէս կը չափաւորի։
       Չասես դու, Թոռնիկ, թէ Պապիկ` հակասութիւն կանէ, վասն զի երբ տասն արտի աշխատութիւն պիտի բարդուի հինգ արտին վերայ, թէ կրկնավար անելով արտեր, թէ աղբ տալով եւ ուրիշ այլ եւ այլ աշխատութեամբ. ուրեմն նոյն կը լինի աշխատութիւն։ Ո՛չ. այդպէս չէ, այլ մեծ զանազանութիւն կայ, մշակութեան տարածման եւ ամփոփման աշխատութեան կերպերուն ժամանակի տեւողութեան մէջ եւ մանաւանդ դիւրութեան եղանակին մէջ, հարկ չէ որ մանրամասն բացատրեմ քեզ, գործնական փորձերու մէջ պիտի տեսնաս ու սորվիս։
       Հարցո՛ւր, Թոռնիկ, երբ հինգ արտ միայն բարւոք մշակելով բաւական համարինք, մնացեալ հինգ արտն անմշակ եւ ապարդի՞ւն մնայ։ Այդ մասին պիտի գրեմ իւրկարգին, այլ այժմ միայն այսչափ յիշեմ, միթէ գիւղացւոյն համար ցանելու բան կը պակսի՞, թող խոտ մշակէ, առւոյտ ցանէ, կորնկան ցանէ, վարսակ (իւլաֆ) ցանէ, փաթաթէս ցանէ, շողգամ ցանէ, ճակնդեղ ցանէ, բակլայ ցանէ, ոսպ ցանէ, սոխ ցանէ, սեխ, վարունգ, ձմերուկ եւ այլ շատ բաներ որ բոլորն եւս մեր կեանքին պիտոյքներ են։ Ափսո՜ս, որ Վանայ գիւղացիք միայն ցորեն, գարի, տարեկան (կորեկ) սովորած են ցանել, եւ ուրիշ խիստ պիտանի բաներուն կարեւորութիւն չեն տար։
       Աւարտելով հերկագործութեան դասը, այժմ պիտի խօսիմ սերմերու ընտրութեան մասին, որ շատ կարեւոր է լաւ երկրագործին համար։