Պապիկ եւ թոռնիկ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Fiction  Pedagogy  
Է. ՍԵՐՄԻ ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՍԵՐՄԱՆԱՑԱՆ
      
       Լաւ ուշադրութիւն արա, Թոռնիկ, ես համառօտ կերպով նախ նկարագրեմ քեզ, թէ ի՞նչ են այդ փոքրահատիկ սերմեր, որոց մէջ թագուն մեծ զօրութիւններ կը պարունակուին. զոր Տէր Աստուած աշխարհիս ստեղծագործութեան ժամանակ հրաշապէս միանգամ պատրաստեր եւ գրեր է մայր երկրին արգանդին ծոցն, մարդ կը զարմանայ թէ ի՞նչպէս կը յղանան հատիկներ, կը ծլին հողէն դուրս կ»ելլեն. կաճին օրըստօրէ եւ կը մեծնան ծառի չափ. ինչպէս Յիսուս իւր առակով կը խօսի մանանեխի հատիկի համար որ այնչափ կը մեծնայ, մինչեւ թռչուններ կը հանգչին նորա ոստերուն վերայ։
       Կը տեսնա՞ս մեր բնական բովանդակ երկրագունդ, Աստուծոյ արարչագործ ձեռքով ցանուած սերմերով լի է։ Բոլոր անտառներ, բոլոր պտղատու ծառեր, ծաղիկներ խոտ եւ այլ զանազան բանջարեղէն բոյսեր, եւ ամէն բուսական բաներ, սերմի հատիկներէն յառաջացած են։ Այս տեղ դու փառք տուր Աստուծոյ, համբուրէ հոգւով Նորա նախախնամ ձեռք. որ այս երկիրն իբրեւ ժառանգութիւն եւ իբրեւ անսպառ դրամագլուխ տալով մարդոյն, ամնացեղ ազգի ազգի սերմերն եւս երկրին հետ պարգեւեց։ Եթէ առանց սերմի չոր եւ անբոյս երկիր տար միայն, ի՞նչ ըթ լինէր մարդոյն վիճակը, նա այլ եւս չէր կարող ապրել, վասն զի մեր սնունդ եւ մեր կեանքն երկրի սերմնաբոյսերն են։
       Չգիտենք, Թոռնիկ, թէ հանճարեղ մարդ, ո՞ր ժամանակէն սկսեալ իւր սնունդին համար առաւել քան զամէն ցորենի սերմն ընտրեց. զայն ցանեց քաղեց, բայց յետոյ իւր ջուրի մէջ խաշելով իբրեւ հատիկ կերաւ, բայց յետոյ իւր հնարամտութեամբ երկանով աղաց, ալիւր եղաւ, ալիւրէն խմոր շաղեց գնտիկ գնտիկ շինելով կրակին վերայ եփեց պատուական հաց եղաւ, եւ այսօր բովանդակ աշխարհի մեծ մասն հացով կապրի. եթէ պակսի հաց մարդ սովամահ կը լինի, թէպէտ կան այնպիսի երկիրներ եւ ժողովուրդ, որք հացով չեն ապրիր եւ զարմանալի է, եթէ հաց ուտեն կը վնասին, այլ հացին տեղ բրինձ կուտեն եւ այլ ուրիշ բաներով կապրին։ Կը թուի թէ մարդ իւր սովորած բաներով կրնայ ապրել, ինչպէս անտառաբնակ վայրենիներ պտուղներով եւ որսի միսերով կապրին։ Այսչափ միայն ընդհանրապէս խօսելով նախապատրաստեալ սերմերու մասին. բաւ է. եւ դու տեսա՞ր, Թոռնիկ, որ մեր առօրեայ կեանք սերմերէն կախում ունի, մանաւանդ ցորենաբոյս (հացահատիկ) սերմէն։ Այժմ պէտք է խօսիմ այդ պատուական սերմի ընտրութեան համար. վասն զի յայտնի է որ ցորենի սերման հետ ուրիշ օտարոտի սերմեր կը խառնուին, որք խորթ եւ ինքնաբոյս զաւակներ են մայր հողին եւ կը բուսնին առանց ցանելու եւ մշակելու. զորօրինակ որոմն ճլլեկ եւ այլն։ Սերմանացան մշակ, ոչ միայն պէտք է. այդ օտար սերմերը ցորենահատէն զատէ, այլ եւ նոյն իսկ վտիտ եւ ցամքած հատիկներ եւս որոշէ կրկին եւ կրկին մաղելով յստակելով այնպէս որ մաքուր հատիկներ մնան, գէր եւ լեցուն։
       Ցանելու համար թէպէտ արդի Եւրոպիոյ եկրագործներ այլ եւ այլ արուեստական մեքենաներ հնարած են որ շատ հաւասար կը ցանեն եւ արտին մէջ ինկած հատիկներ հաւասար չափով իրարմէ հեռու կը լինին, որով հաւասար կերպով կը բուսնին հաւասար չափով մայրենի հողէն իրենց սնունդ կառնուն։
       Չե՞ս զարմանար, Թոռնիկ, որ արուեստին փորձը ցոյց տուած է. թէ մի հատիկին աճման համար, որչա՞փ հող պէտք կը լինի, որ սնուցանէ եւ պահէ սերմի հատիկն մինչեւ հնձելու ժամանակ։
       Բայց յայտնի է անյ արտեր որ կորդ մնալով ուժովցած են. կամ աղբով պարարտցած են, շատ աւելի սեր կարող են ընդունել եւ պահպանել, ինչպէս մի հարուստ մարդ կարող է շատ զաւակներ ճոխութեամբ պահել։ Ուստի փորձառու երկրագործը քաջ գիտնալով իւր արտին ոյժը եւ տկարութիւն ըստ այնմ կը ցանէ իւր սերմ թանձր կամ նոսր, եւ իրաւունք ունի. միթէ կաթ չունեցող մայր կարո՞ղ է մէկին տեղ երկու զաւակ սնուցանել։ Թողունք ցանելու մեխենան, Թոռնիկ, զի մեզ համար գոնէ այժմ շատ դժուարին է զայն գործածել. մեր սերմանահան մշակներու ձեռք բաւական քաջավարժ է սերմ ցանելու համար ձեռքի բուռը իւր համեմատական չափն է. երբ ուզէ թանձր ցանել բուռը չի կանէ, եւ երբ նոսր` բուռը կծկելով կ»ափոփէ։
       Է՜, Թոռնիկ, այստեղ միտքս եկաւ յիշեցի եւ պատմեմ քեզ։ Էր մի ժամանակ, որ գիւղական ժողովուրդ շատ երկիւղած էր, սերմանացանի ժամանակ, նախ կը տանէր սերմն գիւղի քահանային օրհնել կուտար եւ ապա կսկսէր ցանել։ Օրհնեալ լինին մեր նախնի եկեղեցւոյ Հայրեր, չեն մոռցած, սերմն օրհնելու համար եւս աղօթք շարադրած են Մաշտոցի կարգին մէջ։ Ես էլ շատ անգամ օրհնել տուած եմ մեր քահանային, որ աղօթք կարդալով կասէր։ «Օրհնեա՛ Տէր Աստուած զսերմն եւ զսերմանողն. որ առատատուր ես ի պարգեւս եւ դու տաս սերմն սերմանողաց. թէպէտ առանց սերման կարող ես յերկրէ հաց հանել. եւ առանց կերակրոյ զքաղցեալս լցուցանել եւայլն։ Այսպէս մերզնախնիք պարզամիտ էին ու հաւատով, սերմն, արտ, շտեմարան, այգին, հնձան եւ այլ ամէն արմտիք եւ պտղաբերութիւն օրհնել կուտային եւ տասնորդական բաժին կը հանէին քահանային նոյնպէս եւ վանքերուն։
       Թող այս սերմի օրհնութիւն. թէ պատմեմ քեզ, Թոռնիկ, պիտի զարմանաս, սերմանացան տանուտիրոջ երկիւղած ջերմեռանդութեան վերայ։ Այն օրէն երբ ցանք կսկսէր, նա այլ եւս տուն չէր դառնար դաշտէն. այլ բացօթեայ կ»մնար, իւր գիշերահանգիստ արտին ակօսն էր, մինչեւ լրանար սերմանացանի ժամանակ. դու տեսնայիր թէ ինչպէս կսկսէր ցանք. նախ եւ առաջ գօտին պինդ կը կապէր բուռն մի սերմէն առնելով շապկի սրտաբացէն կը ցանէր ծոցին երկու կողմը մինչեւ անթատակեր. յետոյ երես խաչակնքելով կսկսէր ցանել արտը։ Քսան եւ երեսուն օր կը տեւէր ցանքին աշխատութիւն մինչեւ կը ծլէին ցանուորի ծոցի հատիկներ, զի արեւ նորա բաց կուրծքին վերայ զարնելով ջերմութիւն կուտար եւ ի ներքուստ մշակին քրտինք իբրեւ ցօղ հատիկներ թրջելով ծիլեր կը հանէր։ Եւ այդ բան մի բարեգուշակ նշան կը համարուէր ցանուած արտերուն պտղաբերութեան. գիտե՜ս Թոռնիկ, ինչպէս արտավարութեան ժամանակն լծատար անասունները այսպէս եւս սերմնացան իւր խորհրդաւոր աղօթքի մրմունջներ ունի։
       Ես կը ցանեմ ո՛վ իմ Աստուած
       Դու անձրեւ տուր առատ առատ
       Չոր պատիկներ ծըլին հողէն
       Պճնին արտերս կանաչ կանայ.
       Եւ ուռճանան հասկեր կապեն
       Ատոք ցորեն կարմրահատ
       Խընդրեմ, ով Տէր. տուր մէկին տեղ
       Երսուն վաթսուն եւ հարիւր
       Որ տամ նախ ես իմ տէրութեան
       Տասանորդի տուրքն արդար
       Եւ ապա տամ պարտատիրոջ
       Տոկոսիքներ ծանր ու ծանր,
       Ապա գիւղի Եկեղեցուն
       Աղքատներուն էլ բաժին տանք
       Եւ ինչ մընայ այն է միայն
       Իմ ընտանեաց հաց եւ ճարակ
       Եւ հիւրերուն որ գան ու գնան
       Ուտեն տանեն ձրի հաց.
       Այս է օրէնք մեր աշխարհին
       Մեր նահապետ պապերէն,
       Շինականին դուռն է բաց
       Հացն ու սեղան միշտ պատրաստ։
       Կը տեսնա՞ս Թոռնիկ, թէ մեր աշխատութեան արդիւնքէն ո՞րչափ բաժիններ կը լինին. բայց դու երբէք մի վհատիք որքան բաժիններ շատ լինին, այնքան առատ կուտայ Աստուած. զի երկրագործին վաստակ լիութեամբ օրհնուած է, չի սպառեր, միայն թէ երկրագործ ժողովուրդ տէրութեան պաշտպանութիւն եւ խնամք վայելելով` կարենալ հանգիստ եւ ապահով կերպով երկիր մշակել եւ արդիւնաւորել իւր անխոնջ աշխատութեամբ։ Եւ քաջ գիտէ Տէրութիւն թէ իւր գանձարանին մեծ աղբիւրը մշակ ժողովուրդի դաշտէն կը բղխի. որչափ Տէրութեան տարածեալ թեւոց տակ, բարւոք պաշտպանի այնչափ աւելի եւս կառատանայ գանձարանին աղբիւրը։
       Չմոռնամ Թոռնիկ, քիչ մը եւս խօսիմ ցանելու ժամանակին եւ եղանակին վերայ։ Ցանքեր սովորաբար երկու եղանակին մէջ կը լինի, գարնան եւ աշնան այն է Ապրիլ եւ Սեպտեմբեր ամիսներ։ Մեր Վասպուրականի գաւառ, ինչպէս նաեւ Բարձր Հայք, Ալաշկերտ եւ Մշոյ քանի մը բարձրադիրգաւառներ ընդհանրապէս գարուն անագան կուգայ, եւ երբեմն մինչեւ Մայիս կը ձգի, որով գարնանացան չի յաջողիր վասբն զի անձրեւային եղանակներ կանցնին. երկրագործին համար մեծ բախտ է եթէ գարուն շուտ գայ, եւ ինքն կարենայ Մարտամսուն մէջ կամ Ապրիլի սկիզբը գարնանացանի գործը աւարտել, որպէս զի անձրեւներուն կարգ չանցած` սերմ հողին մէջ գըտնուելով շուտով բուսնի եւ զօրանայ։
       Մեր երկրագործներ շատ մեծ յոյս չունին գարնանացանի յաջողութեան մասին, սորա համար սակաւ կը ցանեն, միշտ ցանքին մեծագոյն մասն աշնանացանքն է, որ սովորաբար կսկսի Օգոստոս ամսոյ կիսէն, եւ այս ցանք կը տեւէ մինչեւ Հոկտեմբեր եւ մերթ եւս կանցնի։ Լաւագոյն է Սեպտեմբերէն սկսելով հերկուած արտեր ցանուին, փորձուած է որ առաջին ցանուած արտերն աւելի կը յաջողին, վասն զի շուտով կը ծլեն եւ կը բուսնին եւ արմատ ձգելով կը զօրանան, քանի որ արեւուն զօրութիւն եւս նուազած չէ բաւական կը կանաչին մինչեւ աշնան վերջ ձիւն կուգայ կը ծածկէ, եւ գարուն գալու պէս կաճին կը բարձրանան ցորենի ցօղուններ, հասկեր կը կապեն եւ գրեթէ երեք ամսէն յետոյ Յուլիսի սկիզբներ մանգաղ ի հունձ կը մտնայ. վասն զի առնանացան սերմ ամենէն շուտ կը հասնի, եւ գարնանացան ամենէն վերջի հունձքն է։
       Գարնանացանէն եւ աշնանացանէն զատ մի ուրիշ ցանք եւս կայ, զոր աշնան վերջեր կը թողուն, էն ժամանակ կը ցանեն, որ ձմեռնամուտ կը մօտենայ գետին կը սառի եւ այլ եւս սերմին հատիկներ ոչ կը ծլին եւ ոչ կը բուսնին, այլ այնպէս կը մնան հողին մէջ առանց աճման եւ գարուն գալուն պէս իսկոյն կը բուսնին գարնանացանէն առաջ, որովհետեւ արդէն ցանուած ու պատրաստ են եւ սերմեր կակղացած ու ծլած. մինչդեռ գարնանացան անձրեւներու եւ օդերու պատճառաւ ամէն տարի չի յաջողիր, որ շուտ բուսնի։
       Կարծեմ բաւական է, այսչափ միայն գրելով սերմի ընտրութեան եւ սերմանացանի մասին, այժմ պիտի խօսիմ, ջրոյ եւ արտօրէից ոռոգման վերայ որ արմտեաց առատութեան մի կարեւոր միջոցն է։