Պապիկ եւ թոռնիկ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Fiction  Pedagogy  
ԺԴ. ՁՄԵՌՆ ԵՒ ԱՆԱՍՆՈՑ ԴԱՐՄԱՆ
      
       Երբ կը վերջանան կալեր, աշուն կերթայ, ձմեռը կուգայ, ձիւներ կը պատեն մեր դաշտեր ու լեռներ. այնուհետեւ կը դադրին մշակութեան դաշտային գործեր, բոլոր անասուններ ախոռներու մէջ կը կապուին մսուրներու առաջ` երբեմն երեք ամիս, եւ երբեմն մինչեւ չորս ամիս եւ աւելի եւս այնպէս կապուած կը մնան եւ պէտք է դարմանեմք զիրենք յարդով ու խոտով, որ իրենց աշխատութեան դուզնաքեայ բաժինն է, իսկ պատուական մասն մեզ կը մնայ, ցորեան, կաթ, մածուն, պանիր, իւղ եւ այլն։
       Բայց գիտե՜ս, Թոռնիկ, ձմեռը նախապէս լեռներուն գլուխներէն կսկսի, մի առտուն երբ վեր կելլեմք կը տեսնամք, որ լեռներու գագաթներ ձիւնով ծածկուած են, եւ այդ մի նշան է, ցոյց կուտայ մեզ թէ ձմեռը մօտ է. լեռնէն պիտի իջնայ դաշտ, պէտք է էն ժամանակ գիւղական ժողովուրդ իւր ձմերն պատրաստութիւններ տեսնայ։
       Դու գիտես, մեր գիւղացւոց տներ եւ ախոռներ, խախուտ եւ անհաստատ շէնքեր են, ամէն տարի աշնան պէտք է նորոգուին։ Կը կարծե՞ս, Թոռնիկ, որ գիւղական ժողովուրդ լաւ հասկցած է աշխարհիս ունայնութեան կեանք, սորա համար երբէք չուզեր հաստատուն բան շինել։ Ո՛չ, այդպէս մի դատեր, նախ որ իւր տնկած ու մշակած փայտ չունի. եթէ գոնէ` դրամ չունի, եթէ շինէ` շինելու կերպ չի գիտեր, եւ այս ամենուն դարձեալ պիտի խօսիմ իւր տեղը։
       Մեր բնակած երկրի ձմերան սաստիկ կլիան է, որ պատճառ տուած է անասնոց համար ախոռներ շինել։ Այս մասին անաշխատ եւ ազատ են հարաւային ջերմին գաւառներ, ուր ոչ ցուրտ կայ, եւ ոչ ձիւն. երկրագործ ժողովուրդին աշխատութիւն շատ պակաս է, ձմերան անասնոց դարմանին համար ոչ ինչ հոգ ու մտածութիւն չունին, տարին տասն երկու ամիս անոնց անասուններ կարածեն։ Ուստի երբէք պէտք չունին, ոչ ախոռ շինելու եւ ոչ անանսոց համար դարման պատրաստելու, ոչ խոտ եւ ոչ յարդ. ուստի խոտ մշակելու, քաղելու եւ դիզելու երբէք պէտք չունին. ինքնաբոյս խոտ այնչափ առատ կը բուսնի, մանաւանդ Կիլիկիոյ լայնածաւալ խորադաշտ (չուգուր օվայ) որ աշնան ժամանակ կրակ տալով կը վառեն, որով աւելի կուժովնայ հողը, եւ հետեւեալ տարին խոտաբոյսն կրկնապատիկ կը զօրանայ։
       Բայց մեր երկրի ձմերան ցուրտ եղանակն կստիպէ մեզ, անասնոց համար ախոռ եւ դարման պատրաստել։ Դու կը տեսնաս, Թոռնիկ, ի՞նչ են մեր ախոռներ եւ ի՞նչ պիտի լինի անոնց պատրաստութիւն, եթէ առիքի մի քանի գերաններ փտած են` պիտի փոխուին, եթէ մսուրներ քանդուած են` պէտք է շինուին, նոյնպէս եթէ ախոռին յատակներ դարուփոս եղած են, պէտք է սալարսով հարթել եւ այլն։
       Շինական երկրագործ միայն այսքան կարող է պատրաստել իւր անասնոց ախոռ, նա որ իւր բնական խրճիթին համար հոգ չունի, միթէ անլեզու խեղճ անասնոց համա՞ր պիտի մտածէ. եւ իրաւունք ունի, զի մարդ իւր կեանքի չափով կը չափէ ամէն բան։
       Թողունք ախոռ, Թոռնիկ, խօսենք անասնոց դարմանին վերայ, եւ թէ գիտես, մեր խեղճ անասնոց դարման` չոր յարդն է, խոտ միայն ոչխարներուն կը պահեն, թերեւս երբեմն գարնան մօտ գոմէշներուն եւ եզներուն առանձին` օրը միանգամ խոտ տան։ Իսկ մատակ գոմէշներ, կաթնտու եւ յղի կովեր, հորթեր արժանի չեն խոտ ուտելու, ահա քեզ մի զրկանք. կովերն, որ կաթ եւ իւղ կուտան մարդոց սնունդին համար, հորթեր կուտան, որ եզ կը լինին երկրագործին համար, ոչինչ նշանակութիւն ունին մեր Վանայ գիւղացւոց մօտ. գուցէ ուրիշ գաւառի գիւղացիք այսպէս չեն վարուեր։ Դու տեսեր ես, Թոռնիկ, գարնան ժամանակ մեր զրկեալ կովեր այն վիճակին կը հասնին, որ չեն կարող նստած տեղերէն վեր կենալ այլ պոչերէն բռնելով վեր կը հանեն, յղի կովեր շատ անգամ ծնելու ժամանակ դժուարածին կը լինին։ Դու տեսնաս այն ժամանակ տանտիկին խղճմտանքի կուգայ եւ մի ամանով լակ պատրաստելով կը բերէ ծննդաբեր կովուն։ Ստոյգ է որ կիներ աւելի կուզեն շահել ու դարմանել կովերը. որպէս զի աւելի կաթ առնեն, մածուն շինեն, թանապուր եփեն, որ գիւղական կերակուրն է։ Խեղճ կովեր ի՞նչ կուտեն որ կաթ տան. չոր յարդ ուտելով միայն կարո՞ղ են կաթ տալ։ Մի սակաւ յարդ մի քաշ կաթի հիւթը հազիւ ունի, եւ այս փորձած են վերլուծելով բնագէտ երկրագործք։
       Կարգն եկաւ, պատմեմ քեզ, Թոռնիկ, ես լսած եմ որ Եւրոպիոյ երկրագործներ յարդ չեն կերցուներ տաւարներուն, այլ աւելի խոտ եւ ուրիշ բուսական բաներ։ Հնարամիտ փորձերով այնպիսի գիւտեր գտած են անասուններ գիրցնելու համար, մարդ երբ լսէ կը զարմանայ եւ չի հաւատար, թէ մի եզ կամ կով մինչեւ եօթանասուն ութսուն լիտր կշռէ, այն ինչ մեր գերցած եզներ եւ կովեր շատ շատ հազիւ քսան կամ քսանհինգ քաշ կաթ կուտայ, դու մտածէ, թէ ինչ կուտեն, եւ օրը որչա՞փ քանակութեամբ բան կուտեն, ուրկից քսան քաշ միայն կաթի հիւթ կը գոյանայ։ Զարմանալին այն է, որ այդ կովեր թէ ամառ թէ ձմեռ ախոռին մէջ կապուած կը դարմանուին, կը թուի թէ այդ աշխարհ ամբողջ մշակուած երկիր է արօտավայրեր չիկան։ Է՜, Թոռնիկ, ուրեմն մեր անասուններ գոնէ ամարան շատ երջանիկ են, որ հովասուն լեռներուն վերայ, ծաղկալից հովիտներու մէջ, կանաչազարդ մարդերուն վերայ ճեմելով կը կայտռին, հապա այն պաղուկ պաղուկ ջուրեր, որ կը խմեն, իրիկուն կը լինի գեղի նախիր դաշտէն տուն կը դառնայ, կովեր ծիծերնին լցած ծանր ծանր, հպարտ հպարտ շորորալով պոռալով կը քալեն. ամէն մէկ իրեն տիրոջ տունը կերթայ. տանտիկին հարսներ կթոց կառնեն կը վազեն, կովը հանդարտ կը կենայ, եւ կսկսին կթել, խղճմտանքով տանտիկին գիտէ կթելուն չափը, բաւական բաժին կը թողու հորթկնա համար. բայց կան անխղճմտանք կիներ, որ խիստ ճմելով կը քամեն կովուն պտուկներ այնպէս, որ խեղճ որթկան շատ նւաղ բաժին կը թողուն։
       Երբեմն, ծուռ կարմիր կովեր կան, որ շատ ուղիղ դատաստան կանեն երբ տանտիկին խստութեամբ կը ճմլէ պըտուկներ. կովը կը զայրանայ կը զարնէ կը թափէ կաթն. կըթոցն էլ հետ կը կոտրէ, եւ այսպէս կը տեսնայ իւր զրկուած հորթին դատաստան։ Երանի՜ թէ մարդիկ օրինակ առնելով ծուռ կովու չափ դատաստան տեսնային։ Դու կը տեսնաս եւ գիտես, Թոռնիկ, այնչափ առատ առատ արօտներու մէջ արածելուն, որչափ կաթ կուտան, հազիւ օրական մի քաշ, կամ շատ շատ երկու քաշ։ Իսկ ձմերան երբ սոսկ յարդով կապրին, խիստ կը նուազի իրենց կաթը, ճորով հորթեր կը կշտացունեն։
       Անշուշտ, Թոռնիկ, հետաքրքիր կը լինիս իմանալ, թէ երբ մեր կովեր դրախտի երկրին մէջ ամենազան ծաղիկներով եւ խոտերով կը պարարտին, ինչո՞ւ համար Եւրոպայի կովերուն պէս կաթնաբեր չեն, եւ կամ անոնց չափ միս չեն կապեր։
       Խօսիմ քեզ, Թոռնիկ, նախ որ մեր կովեր ազնիւ ցեղերէ չեն, կը տեսնաս դու, փոքրիկ եւ գաճաճ բաներ են, մինչդեռ Եւրոպիոյ անասնապահ ամէն ջանք եւ հնարամիտ փորձեր ի գործ կը դնէ, ոչ միայն կովերուն, այլ եւ ամէն տեսակ անասնոց ցեղերը ազնուացնել, մեք ոչ այդ խելքն ունինք եւ ոչ այնչափ հոգ. մեք այնպէս կը հաւատամք թէ այդ մի բնական բան է որ մեր երկրի կովեր գաճաճ լինին։ Երկրորդ` արուեստագէտէ լսած եմ թէ արօտական շրջող անասուններ ինչպէս են կաթնտու կովերը անդադար շրջելով, ծիծերուն աւելորդ կաթը ուրիշ որակութեան կը փոխուի կամ ջուր կը դառնայ։ Արդեօք, եթէ սովորութիւն լինէր, ինչպէս ոչխարներ կէս աւուր պէրատեղ կուգան եւ կը կթուին, նոյնպէս կովերն էլ կըթուին, գուցէ ծիծերուն մէջ լցուած կաթ պարպելով մինչեւ իրիկուն կրկին անգամ քեցուէր եւ նորէն կթուէր։ Սորա փորձ շատ դիւրին է, բայց մեր անդադար աշխատաւոր գիւղական ընտանեաց վերայ, այս նոր աշխատու թիւն եւս կրնա՞նք բարդել։
       Թողունք այս, եթէ ասենք մեր գիւղացւոց, որ կթան կովերն ախոռին մէջ պահեն, գարնան կանաչ խոտ քաղելով կերցունեն եւ ամառն չոր խոտ։ Լուռ կաց, Թոռնիկ, եթէ այսպիսի մի բան խօսենք բոլոր գիւացիք կը խնդան մեր վրայ, քանի որ այնչափ ընդարձակ խոտաւէտ լեռներ, հովիտներ ունիմք, որ անմշակ մնալով միայն արօտական տեղեր են. յիմարութիւն չէ՞ այդ պատուական արօտները թողնել, զորս անասուն ինքնին իւր բերնով կարածայ առանց մեր աշխատութեան, ելնել գարնանէ խոտ կերցունել կթան կովերուն, քանզի խոտ միայն ձմերան պաշար է։ Գիւղացւոց այս դատաստան շատ իրաւացի է, եթէ Եւրոպացի անասնապահ իւր կովեր այդ եղանակաւ կը պահէ նա պատճառներ ունի, նախ որ արօտատեղ չունի, երկրորդ` կովերու առատ կաթէն մեծ շահավաճառութիւն ունի, ամէն օր ահագին քանակութեամբ կաթ կը վաճառէ, իսկ մեր գիւղացիք եթէ ունենան առատ կաթ ու՞մ պիտի վաճառեն, թէեւ կարող են իւղ շինելով քաղաքացւոց վաճառել, բայց այդ իրենց համար մի շնչին շահ է, եւ դու կը տեսնա՞ս, Թոռնիկ, շինականին, շինականին խելքն ու հաշիւ, այն ինչ պտըտուր եւ փթիր, գեղէն բառնալով կը տանի քաղաք կը ծախէ եւ մեծ շահ կը համարի։
       Դառնանք մեր առաջի նիւթին վերայ, Թոռնիկ, կաթնտու կովերու վերայ բաւական շատ խօսեցայ, եւ միտքս այն է որ ցոյց տամ քեզ, թէ մեր գիւղական ժողովուրդ անասնապահութեան մասին շատ ետ մնացած է. նա չի գիտեր, որ անասնաբուծութիւն երկրագործութեան մի կարեւոր ճիւղն է. աւելի շահաւոր եւ արդիւնաւոր, որոց փտելոյն եւ դարմանին համար այնչափ տաժանելի աշխատութիւն պէտք չէ ինչպէս հոգածութեան, իւր շահն եւս թերեւս հողագործութենէն աւելի է։ Ահաւասիկ քեզ մի կարճ հաշիւ տամ Թոռնիկ, որ աւելի լաւ համոզուիս։
       Եթէ ունենամք հինգ կով, հինգ մատակ գոմէշ, հինգ ձի եւ հինգ էշ մատակ, ամբողջ կը լինին քսան հատ չորս տեսակէն, հաւանական է, միշտ որ քսանէն տասն եւ հինգ հատ ծնին, եւ երեք տարիէն յետոյ` գործածելու կամ ծախելու վիճակին կը հասնին, եւ ամէն տարի ետեւէ ետեւ ծնելով որչա՞փ կը բազմանան նոյնչափ շահն եւս կը բազմապատկի։ Ստոյգ է որ առջի տարիներ այնչափ մեծ շահ ցոյց չիտար այս փոքր դրամագլուխ, բայց այնպիսի ինքնաճուն դրամագլուխ մի է որ երթալով կաճի, եւ քանի աճի իւր շահ կը բազմապատկէ։ Չկայ բնաւ աշխարհիս վերայ ուրիշ կերպ շահավաճառութեան այնպիսի շահ, որ հաւասարի տաւարաբուծութեան շահուն։ Օրինակ եւ ապացոյց կուզե՞ս, Թոռնիկ, տես մեր գրոցի քիւրդեր, որ քան զմեզ սրամիտ են այսմ մասին, եւ աւելի անասնապահութեան ոյժ կուտան քան սոսկ հողագործութեան, զի փորձով հասկցած են անոր արդիւնք։ Տե՛ս հազարներով ոչխար կը պահեն, հարիւրներով սեւատաւար, բազմաթիւ ելխի ըսուած ձիեր եւ այլն։ Մեք կը տեսնամք, ոչ կըզգամք եւ ոչ կը հաշուենք թէ կարգ մի ցեղապետ քիւրդերուն հարստութիւն` անասնապահութեան երեսէն է։ Ասա, Թոռնիկ, նոքա հովասուն ընդարձակ արօտատեղեր ունին, պատեհութիւն ունին եւ ի ստիպել հարկին կարող են պաշտպանել իրենց անասուններ թշնամի հրոսակներէն, այո՛, Թոռնիկ, այդ եւս մի կարեւոր դիտողութիւն է, բայց ես կը խօսիմ սկզբունքի վերայ միայն, թէ անասնոց բուրդ աւելի շահաւոր է։ Այդ ձեր ներկայի դիտողութիւն գուցէ այսօր կայ եւ վաղը կը վերջանայ. զի ժամանակ կերթայ եւ ժամանակ կուգայ, եւ կը բերէ իւր հետ խաղաղութիւն եւ ապահովութիւն շնորհիւ մեր աշխարհաշէն տէրութեան։
       Է՜, Թոռնիկ, այս դասը շատ երկար եղաւ, եւ շատ տեղեր որոշ նիւթեր իրար խառնուեցան, այժմ պիտի խօսիմ քեզ ոչխարի շահաբերութեան եւ դարմանի վերայ։