Պապիկ եւ թոռնիկ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Fiction  Pedagogy  
ԺԷ. ՄՇԱԿՈՒԹԻՒՆ ԾԱՌԱՏՆԿՈՑ
      
       Սիրելի Թոռնիկ, եթէ աստի հազար - հազար տարիներ առաջ ծնած լինէինք, պիտի տեսնայինք այս մեր բնակած երկրագունդ բովանդակ անտառներով զարդարուած։ Եւ ո՛վ էր տնկեր. Արարիչ Աստուած, որ ասաց եւ եղեւ, ոչ միայն ծառեր, այլ եւ ամենազան բոյսեր ինքնին երկրի ծոցէն վեր բուսան։ Տես այն մթնագոյն լեռներ եւ այս ընդարձակ դաշտեր, հովիտներ, ձորեր, գուցէ ժամանակով խիտ անտառներով լցուած էին։
       Կը թուի թէ հին նախադարու մարդիկ, որ միայն վայրենի որսորդութեամբ կապրէին, գուցէ մոռցած էին մեր Նախահօր մշակութեան արուեստ, որուն ասաց Տէր Աստուած գործել զերկիր ու պահել։ Էն ժամանակուան վայրենի մարդիկ որ վաղուան համար հոգալ չգիտէին, սկսեցին անխնայ կերպով ջարդել, վառել անտառները։ Բայց նախապէս հոգացող Աստուած այս մեր երկրագնդին շատ տեղեր երկրաշարժով վեր ի վար շրջեց, անթիւ անհամար անտառներ գետնի խորութեան տակ պահեց ինչպէս մի անսպառ գանձ` մարդոց ապագայ սերունդին համար։ Ներկայ խելացի սերունդ երկրագունդ քրքրելով եւ երկրին խոր ծոցեր բանալով` գանձը գտաւ, եւ ի՞նչ է այդ գանձը, գիտե՞ս, Թոռնիկ, ոչ ոսկի է եւ ոչ արծաթ, այլ սեւացեալ քարածուխ, որ ոսկիէն աւելի պատուական եւ շահեկան է։ Վասն զի աշխարհիս յառաջդիմութեան մեքենաներ շոգիի զօրութեամբ կը գործեն, եւ շոգին ջրէն կը գոյանայ վառուած քար ածուխի բորբոքող կրակէն։
       Այսպէս երբ տեսան մարդիկ, որ Աստուծոյ անկած հնադարեան անտառներ հետզհետէ կսպառին. այնուհետեւ սկսեցին ամենայն աշխատութեամբ ձեռատունկ անտառներ հասցունել եւ այսէր արեւմտեան Եւրոպիոյ աշխարհ մշակուած անտառներով լցուած է, որ լիովին փայտ կը մատակարարէ` թէ շինուածոց համար, թէ այնչափ անհամար փայտաշէն նաւերու համար, եւ թէ շոգեկառքերու հարթուած ճամբաներու պատրաստութեան համար։
       Իսկ մեր արեւելեան աշխարհ անտառներու հարստութենէն շատ աղքատ է. եթէ կան այժմ սակաւ ինչ բնական անտառներ, այն եւս անկանոն եւ անխնայ կտրուելով սպառելու վրայ են։ Ուստի պէտք է աշխատինք մեր հողագործութեան հետ նաեւ ծառատունկ անտառներ հասցունել։ Եւ գիտե՞ս թէ որչա՞փ ընդարձակ սահմաններ ունի գիւղական ժողովուրդ անտառի մշակութեան համար թէ դաշտագետին եւ թէ փխրահող բլուրներ։ Երկրագործին համար փայտին պիտանութիւն այնչափ կարեւոր է, որչափ հաց իւր կեանք պահելու համար։ Եթէ անշուք խրճիթ մի շինէ, որպէս զի իւր ընտանիք ծուարիննորա մէջ` փայտ պէտք է. հապա այն մեծ նահապետական ընտանիք, որոց թիւ կը հասնի մինչեւ քառասուն եւ յիսուն, որչա՞փ ընդարձակ շէնքերու պէտք կունենայ։ Թողունք մեր տուներու շինութիւն, որոց համար բրտի, կաղամախի եւ ուռի փայտեր պէտք են։ Իսկ մեր մշակական աշխատութեան համար ուրիշ այլ եւ այլ տեսակ ամուր փայտեր պէտք են։ Հացի փայտ պէտք է գութանի կոր էշին եւ առատամի համար. թեզի փայտ պէտք է սայլերու մածան կազմելու եւ սռնակի համար, թողունք այլ եւ այլ փոքր գործիքներ, որք առհասարակ պինդ փայտերէ կը շինուի։ Եւ ինչպէս գրեցի յառաջ, երկրագործ գիւղացին այս տեսակ փայտեր ձեռք բերելու համար որչա՞փ պարապ ժամանակ կանցունէ, մինչեւ հեռաւոր տեղեր երթալով գտնէ, բերէ, շինէ եւ գործի սկսի։
       Թողունք այս ամէն, Թոռնիկ, դու կը տեսնաս թէ ծառատունկ ունեցող գիւղեր որչա՞փ գեղեցիկ եւ զուարճալի են, եւ միանգամայն գիւղին տեսարանին մեծ շուք կուտան։ Դու գնացեր ե՞ս Արտամետու այն ճոխագոյն ծառաստան եւ մրգաստան, ուր թո՛ղ անտառային անպտուղ ծառեր, որչա՞փ զանազան պտղատու մրգաբեր ծառեր կան թէ խնձոր, թէ տանձ եւ թէ այլ բազմատեսակ անուշահամ պտուղներ, որոց մէջ ամենէն ազնուագոյն կը համարուի համով, հոտով եւ գունով չնաշխարհիկ կարմիր խնձոր, եւ այնչափ առատ, որ բովանդակ Վասպուրական երկրին բաւական կը լինի։
       Գիւղի համարծառատունկ ուրիշ օգտակարութիւն եւ հաճոյական քաղցրութիւններ ունի։ Յամարան արեւու տօթագին հովանին տարածելով, իսկ ի ձմերան հիւսիսի սաստկաշունչ քամիէն կը պատսպարէ։ Հապա որչա՞փ քաղցր կը լինի գիւղական ընտանեաց համար, որք պարապոյ ժամեր` իրենց մանկիկներով ծառերու շուքերուն տակ նստելով` ձեռագործներով աշխատին եւ զբօսնուն։ Սոխակն ու սարեակ ծառաստանէն երգեն, մանկիկներ վարէն խաղալով ճլվլան, եւ երբ գառնուկներն եւս կայառին ու մային, վա՜շ, քանի՞ անուշակ ձայնակիցներ ներդաշնակութիւն կը կազմեն գիւղական պարզ կեանքում։
       Ծառաստանք ոչ միայն` մարդոց համար իբրեւ վայելքի եւ օգուտ եւ կեանքի պիտոյքներու մասին, այլ եւ շատ կարեւոր են անասնոց համար, վասն զի ծառերու տաւ միշտ թարմ կանաչները կը բուսնին, ուր միայն պէտք է արածեն, նորածին կովերու հորթեր եւ մատակի ձագեր եւ ամարան տօթաժամուն այդ մատաղածին անասնիկներ հովասուն ծառերուն տակ կը հանգչին կանաչներու վերայ։
       Բայց, Թոռնիկ, բաւական չէ որ ծառաստանք միայն գիւղի շրջապատները զարդարեն, երանի՜ թէ մեր դաշտեր անդաստաններն եւս ծառատունկերով զարդարուին, ուր որ ջրի գնացքներ կան եւ աղբիւրներ կը բղխին. ո՜չ, քանի դիւր եւ հանգստաւէտ կը լինեն թէ աշխատաւոր մշակներուն եւ թէ լծատար խոնջած անասուններուն, որ այն ինչ կէսաւուր տօթաժամուն լծերրէն կը քակուին, իսկոյն այդ հովանուտ ծառերուն տակ կսկսին արածել եւ յետոյ կը նստին եւ կ՚որոճան, իսկ ջրասէր գումշուկներ, որ անչափ տաքութեան չեն դիմանար, լծէն արձակուելուն պէս դէպ ի ջուր կը վանե, եւ թէ ջուրն առատ է` մէջ կը նստին, հօտաղ լաւ մի կը լուանայ եւ ապա կը բերէ արօտատեղ։ Այդ պահուն խոնջած մշակներ կը նստին աղբիւրի գլուխ ծառի հովի տակ, եւ կսկսին հարցնել իրարու, արդեօք էս օր տանտիկին ի՞նչ է եփեր մեզ համար. դու գիտես մեր մշակներ շատ սիրահար են իւղալի ճաշին եւ փիլաւին, եւ տոպրակով քամած մածունին։
       Կը տեսնան, որ հացբեր կտրիճ աղջիկ շալկաւորեր կուգայ շալակ վար կը դնէ, կը բանան կը տեսնան, որ ճիշտ իրենց ուզածին պէս է կերակուրներ։ Մշակին սեղան կանաչազարդ գետինն է, ուր կը փռեն մէզար, կը շարեն վրան թաղէ հացեր, կը բանան մածնի տոպրակ, հողէ կամ փայտէ կօտին մէջ կը հարին զմածուն աղբիւրի պաղուկ ջրով, յետոյ կառնեն դգալներ, մի դգալ փիլաւ մի դգալ մածնէ թան. օ՜խ, Թոռնիկ, կերեր ես, դու գիտես թէ ո՞րչափ ախորժանօք կուտեն այդ անօթի մշակներ, կուտեն եւ կօրհնեն զտանտիկին։
       Կէսաւուր ճաշէն յետոյ, գլուխնին կը դնեն հով ծառին տակ, անուշ քուն կը քաշեն, այնպէս որ իշխան իւր ապարանքին մէջ փետրալից անկողնոյ վրայ կարող չէ այն հանգիստ եւ անդորր քուն ունենալ. դորա պատճառներ այժմ չ»գիտես դու, Թոռնիկ, բայց յետոյ կիմանաս, երբ տակաւ զարգանալով աշխարհի բաներուն հետաքրքիր լինիս։
       Այսպէս, մտացի Թոռնիկ, լաւ ուշադիր եղար թէ ծառատունկեր որչա՞փ պիտանի եւ շահաբեր են գիւղական ժողովուրդին համար։ Ուրեմն աշխատիր որ տարուէ տարի միշտ տնկելով եւ խնամելով` մեր տան սեփհական ծառատունկեր շատցունես։ Ես արդէն ի վաղուց մի դրան արտ ցանկապատելով գեղեցիկ ծառաստան մի հասուցած եմ, դու պէտք է որ իմ տնկած ծառերով չը պարծենաս, այլ աւելի քաղցր է, որ դու եւս նոր ձեռատունկեր տնկելով` մշակելով անով պարծենաս։ Գիտե՛ս, ծառատունկն եւս իրենց առանձին - առանձին խնամքներ ունին տնկելու, քշտելու, կտրելու եւ այլն։ Ծառեր դարմանելու մասին շատ երկար դասեր պէտք չեն քեզ, դու կը տեսնաս թէ ինչպէս Պապիկդ մի սղոց եւ մի կօռ դանակ առնելով կը մնայ ծառաստան, միշտ չորցած եւ աւելորդ ճիւղեր կը կտրէ, որպէս զի մնացեալ ճիւղեր աւելի աճեն։ Պէտք է մրգաբեր ծառերուն տակն երկու կամ երեք տարին անգամ փորուին. այս աշխատութիւն եւս իւր շահն ունի, նախ որ գետինն խրխրուելով ծառերուն արմատներ աւելի կը զօրանան, երկրորդ` գարի կամ այլ հնտեղէն բաներ ցանելով` ծառէն եւ ծառատակէն միանգամայն արդիւնք կստանաս։
       Կը յիշե՞ս, Թոռնիկ, քանի տարիներ առաջ Վանեցիք թըթենիի մշակութիւն սկսեցին, սկզբան շատ յաջողութեամբ յառաջ տարին։ Այսպէս վերահաս դիպուած մի եղաւ, որ Վանեցիք մի քանի տարի տարի միայն շերամի հունտ ծախելով մեծ շահեր ունեցան, այնչափ բարձրացաւ Վանայ հունտի գին, որ ոսկիին հետ հաւասար կշռելով կառնէին, վասն զի ուրիշ երկիրներուն հունտեր բոլոր աւրուեցան շերամի որդերուն մի կերպ հիւանդութենէն։
       Ցաւալի է, եթէ պատմեմ քեզ, Թոռնիկ, թէ ինչպէս Վանեցիք այդ շահաբեր ձեռնարկութիւն բոլորովին ի բաց թողին, քանզի նոքա ի սկզբան այնպէս կարծեցին ու պաշարուեցան, թէ միայն շերամի հունտ ծախեով պիտի շահին, չի կրցան գուշակել թէ այդ մի բաղդի դիպուած էր եւ անցաւ, չի կրցան նաեւ ըմբռնել թէ շերամի մշակութիւն սոսկ սերմի վրայ չէ, այլ առաւել խոզակներու վրայ է, վասն զի թթենիի մշակութեան բուն արդիւնք խոզակն է, կամ պէտք է ժամանակին խոզակ ծախել եւ կամ խոզակներէն թել քաշելով ապրշում ծախել։ Եւ որովհետեւ ապրշում ինքնին թեթեւ բան է, բայց գին ծանր, այս բան շատ ձեռնտու էր Վանեցւոց շահավաճառութեան համար, հեռի լինելով ծովեզրեայ նաւահանգիստներէն։
       Կը թուի ինձ, Թոռնիկ, որ Վանեցիք բարակ ձանձրալի եւ խնամոտ աշխատութիւններ չեն սիրեր, մի կանգուն խորութեամբ հողը շրջելով թթենի տնկել, ամէն տարի ծառատունկեր փորել, շերամատուն շինել, որդերուն աշխատութեան պատշաճ սեղաններ պատրաստել, ամեն օր թթենի տերեւներ բերելով որդեր կերակրել, իբրեւ բժիշկ սուր աչքով որդերուն վիճակ քննելով` հիւանդներ առողջներէն զատել, եւ երբ կսկսին որդեր խոզաններ հիւսել, դոցա փոքրիկ-փոքրիկ ծառի ճղիկներ պատրաստել եւ այլն եւ այլն. հապա խոզակներ կապելէն յետոյ` պէտք եղած սերմն առնել, մնացեալ խոզակներկամ այնպէս վաճառականին ծախել եւ կամ թել քաշել եւ կաժ-կաժ անելով զուտ ապրշում հանել եւ կապել, օ՜խ, ի՞նչ ձանձրալի երկարատեւ աշխատութիւն, տրտնջալ կսկսի ծոյլ, անձմես Վանեցի։
       Տես, Թոռնիկ, շերամատածութիւն ձանձրալի եւ երկար աշխատութիւն կը համարի Վանեցի, որ շատ-շատ երեք ամիս հազիւ տեւէ բոլոր աշխատութիւն եւ արդիւնք կստանայ, այն ինչ այգի տնկելով եօթը տարի կ՚սպասէ եւ ապա տընկած այգւոյն երախայրիք կընդունի։ Բայց միթէ Վանայ սոյն բազմաշատ ու հնատունկ այգիներ արդի սերո՞ւնդ տնկած է. ո՛չ, Նոյ նահապետին հարազատ այգեսէր զաւակներ` մեր նախնի Պապիկներ տնկած են եւ մենք այսօր կը վայելեմք, ինչպէս ես մի այգի տնկած եմ, ես մեռնիմ դու պիտի ժառանգես ու վայելես` է՜, գուցէ յետոյ պարծենաս ու ասես թէ այս այգին ես տնկեցի։
       Այժմէն պատուէր կուտամ քեզ, Թոռնիկ, որ ուրիշ ծառատունկներու մշակութեան հետ չմոռանաս նաեւ թթենիի մշակութիւն, որով համար շատ նպաստաւոր են մեր գիւղի շրջապատի հողեր, զի թթենիի տունկ աւազախառն հողի մէջ շատ կը յաջողի։ Բայց պէտք է գիտնաս, Թոռնիկ, որ մեր երկրագործութեան սովորական աշխատութիւն շատ բազմազբաղ է։ Ուստի դու երբ ծառատնկոց մշակութիւն յառաջ տանիլ կուզես, լաւ է որ բուն հողագործական կամ սերմնացանութեան մշակութիւն, զորօրինակ ցորեն, գարի եւ այլն, չափաւորես, որպէս զի կարենաս ծառատնկոց մշակութիւն աւելի արդիւնաւորել։
       Բաւական ընդարձակ խօսեցայ, Թոռնիկ, ծառաստանի մշակութեան մասին, դու գիտես Պապիկդ ծառն ու աղբիւր շատ կը սիրէ։ Երբեմն աշխատութենէն յոգնած կերթամ կը նստիմ մի ծառի հովանեաց տակ. կռնակս ծառի բնին կուտամ կը հանգչիմ, ծերացած եմ, Թոռնիկ, այլ եւս ինձ համար ծերութեան ցուպ եւ յենարան պէտք է։ Յակովբ նահապետ իւր մէկ սիրած որդին ցուպ ծերութեան կը կոչէր, ես էլ կասեմ քեզ թէ իմ ծերութեան ցուպն ես, մինչեւ հասնիմ վերջին հանգստարան։